Երբ 2 ապրիլ 1982-ին Արժանթինի զինուորական խունթան (1976-1983) յայտարարեց, որ երկրի զինուած ուժերը ցամաքահանում կատարած են հարաւային Ատլանտեանի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մալուինեան կղզիներ` զանոնք ազատագրելու համար բրիտանական գաղութատիրական լուծէն, Լիբանանի մէջ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ երեք ամիս եւ չորս օր ետք 6 յունիս 1982-ին Իսրայէլ պիտի ներխուժէր, վեց ամիսէն Պէյրութ հասնէր, քաղաքը պաշարուած պահէր ամբողջ երեք ամիս, եւ նոյն տարուան սեպտեմբերէն ետք Միջին Արեւելքի տագնապի պատմութեան մէկ փուլին էջը պիտի դառնար:
Անգլիական հրատարակութիւններուն մէջ Ֆոլքլենտ եւ ֆրանսական հնչիւնով Մալուին անունով այդ կղզիներու պատմութեան, ինչպէս եւ Արժանթինի ու Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ ՄԱԿ-ի ապագաղութացման յանձնաժողովի օրակարգին ընդգրկուած այդ տագնապին մասին քիչ եւ ոչինչ գիտէինք Լիբանանի մէջ մեր ընկերական շրջանակին մէջ: Հակառակ որ միջազգային քաղաքականութիւնը, տագնապներն ու հակամարտութիւնները, ի մասնաւորի պատերազմները, մեր ուշադրութեան առարկայ էին նոյնքան, որքան` ֆութպոլը, Քան շարժապատկերի փառատօնը եւ Օսքարները: Համակրութիւն չկար իր քաղաքացիները «անհետացնող» արժանթինեան զինուորական խունթային նկատմամբ. իր ոճիրներուն մասին այն ատեն աւելի գաղափար ունէր միջազգային մամուլը, ուրկէ եւ կ’առնէինք մեր տեղեկութիւնները, քան` նոյնինքն արժանթինցի շարքային քաղաքացին: Բայց ամէն ինչ որ կայսերական Մեծն Բրիտանիոյ, ի մասնաւորի թաչըրեան վարչակարգին, դէմ էր, ողջունելի էր մեզի համար, որ` Հիւսիսային Իրլանտայի ազատագրական դատին զօրավիգ եւ Պոպի Սանտզի եւ իր պայքարի ընկերներուն հացադուլին մօտէն հետեւած էինք: Ատով հանդերձ, տարրական տրամաբանութիւնը կը յուշէր, թէ ի՛նչ աւարտ կրնար ունենալ պատերազմը: Միացեալ Թագաւորութիւնը ոչ միայն հիւլէական պետութիւն էր, այլ անկասկած պիտի վայելէր Միացեալ Նահանգներու ամբողջական զօրակցութիւնը: Ռոնըլտ Ռիկըն երբեք պիտի չլքէր պահպանողական յեղափոխութեան իր գաղափարակից-գործակից հոգեհարազատ Մարկարեթ Թաչըրը: Պատերազմէն ետք առաւել բացայայտ դարձաւ, որ Արժանթինի զինուորական բռնապետութեան այդ որոշումը փրկութեան լաստ եղած էր քաղաքական եւ տնտեսական շատ նուրբ վիճակի մէջ գտնուող Թաչըրին համար, որ շատ ճարպիկօրէն դրամագլուխի վերածեց յաղթանակը եւ անոր ընդոծին բրիտանական ազգային հպարտութեան զգացումը:
Հարաւային Ատլանտեանի պատերազմի, ինչպէս յաճախ այդպէս կոչուեցաւ ռազմական ճակատումը, գործողութիւններուն հետեւեցանք, որովհետեւ օրուան միջազգային լուրերու գլխաւոր թեման էր: Ամէն պատերազմի նման, հոն ալ փորձարկուեցան նոր տեսակի զէնքեր: Յատկանշական էր ի մասնաւորի ֆրանսական «Էկզոսեթ» հրթիռին առաջին գործածութիւնը պատերազմի ժամանակ, երբ արժանթինեան օդուժը խորտակեց բրիտանական ռազմանաւ մը, որ համապատասխան ռատարով չէր օժտուած, ինչպէս ֆրանսական «Սիանս Է Վի» ամսաթերթի մէկ համարին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը կը բացատրէր:
Ի տարբերութիւն մեզի, այսինքն` միջազգային լուրերուն հետեւողներուս, Արժանթինի հանրային կարծիքը այդ օրերուն կը հաւատար, որ «Յաղթելու ենք»` փոխ առնելով երեսունութ տարի եւ եօթը ամիս այլ պատերազմի մը տեւողութեան հնչած հանրածանօթ ինչ-որ բանաձեւ մը իր ամբողջ ենթախորքով, ներառեալ` դիտաւորեալ, մեղմ ըսուած, անճիշդ տեղեկատուութիւնը: Այնպէս, ինչպէս եգիպտական եւ ընդհանրապէս արաբական հանրային կարծիքը 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմին հաւատացած էր, որ «սիոնական թշնամին» կը ջախջախուէր Սինայի մէջ, Կոլանի բարձունքներու վրայ, Արեւմտեան ափի եւ Կազայի մէջ… Արժանթինցի շարքային քաղաքացին 14 յունիս 1982-ին յանկարծ կ’իմանար, որ իր երկիրը պարտուած է, եւ ազգային/հողային հարց մը, որ ՄԱԿ-ի ոլորտին մէջ յառաջընթաց արձանագրած էր առնուազն փոխհասկացողութեան ու երկխօսութեան շարունակման իմաստով, պատերազմի պատճառով վերադարձած էր զերօ կէտին: Ընդ որում, գաղութատիրական պետութիւնը յետայդու պիտի կարենար առարկել, որ չի կրնար բանակցիլ հարցերը ռազմական միջոցով լուծելու հակամէտ կողմի մը հետ:
Աւելի՛ն. ինչպէս պատերազմէն անմիջապէս ետք բարձրաստիճան զինուորական Պենխամին Ռաթենպախի պատրաստած տեղեկագիրը բացայայտեց, զինուորական խունթան նախայարձակ եղած էր` առանց համապատասխան պատրաստութեան, եւ պատերազմի ժամանակ թոյլ տրուած էին ամէն տեսակի սխալներ ու բացթողումներ, որոնք ճակատագրական եղած էին մարտերու արդիւնքին համար: Ի դէպ, պէ՞տք է յիշեցնել, որ նման տեղեկագիր տակաւին չկայ քառասունչորսօրեայ պատերազմին մասին, եւ այն, ինչ որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը «հետաքննիչ յանձնաժողով»-ի պիտակով կ’ուզէ ընել, պատերազմի մասին ճշմարտութեան աւաղաղումն է եւ ոչ թէ բացայայտումը…
Մալուինեան պատերազմի անմիջական հետեւանքը եղաւ Արժանթինի զինուորական բռնապետութեան կտրուկ վարկաբեկումը, եւ մէկ տարի յետոյ` ժողովրդավարութեան վերադարձը: Զինուորական բռնապետութիւն մը, որ «մասնագիտացած» էր իր քաղաքացիներուն բռնաճնշումին ու «անհետացման» զինուորականի համար անպատուաբեր գործերուն մէջ, որ` «պատերազմ» որակած էր ոչ միայն զինեալ ըմբոստութիւնը, այլ ընդհանրապէս ընդդիմադիր ձայները, մարդկային իրաւանց պաշտպաններն ու աշխատաւորական շարժումը լռեցնելու կոչուած իր բռնամիջոցները, կը ձախողէր պատերազմի դաշտին վրայ: Աւելի՛ն. Մալուինեան պատերազմը եկաւ Ուաշինկթընին յուշելու, որ Պաղ պատերազմի ժամանակ Փենթակոնի եւ Սի.Այ.Էյ.-ի մօտ պատրաստուած եւ յաճախ պետական քարտուղարութեան լուռ հաւանութեամբ թէ բացայայտ հովանաւորութեամբ իշխանութեան հասած զինուորականները կրնային եւ նման ինքնագլուխ որոշումներ կայացնել: Ռիկըն փոխեց ԱՄՆ-ի մօտեցումը Հարաւային Ամերիկայի նկատմամբ, դադրեցուց զօրակցութիւնը զինուորական իշխանութիւններուն, ջատագով հանդիսացաւ ժողովրդավարութեան եւ կեդրոնացաւ տնտեսական համակարգերու ազատ շուկայականացման նէօլիպերալ քաղաքականութեան տարածման վրայ:
Արժանթինի մէջ նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսին անդրդուելի մնաց բռնատիրութեան ժամանակ մարդկային իրաւանց զանգուածային բռնաբարումներու պատասխանատու զինուորականները դատի տալու իր յանդուգն որոշումին վրայ: Ի տարբերութիւն տարածաշրջանի միւս բոլոր երկիրներուն, ուր ժողովրդավարութեան անցումը 1980-ականներուն եղաւ զինուորական իշխանութիւններու հետ բանակցութեանց, անոնց ոչ միայն ներում, այլ իշխանութեան մասնակցութիւն ապահովելու գնով: Ռաթենպախի տեղեկագիրը երկար տարիներ մնաց խորհրդապահական, երբ հրապարակային եղաւ այն, արդէն կասկած չէր մնացած, որ զինուորական խունթան Մալուինեան պատերազմին որոշումը տուաւ հիմնականին մէջ իշխանութեան վրայ յարատեւելու նպատակով:
Ի տարբերութիւն Պրազիլի, Արժանթինի զինուորական խունթան երբեք չյաջողեցաւ երկրի տնտեսական համակարգը արդիականացնել, որովհետեւ փոխանակ զարգացնելու տեղական ճարտարարուեստական արտադրութիւնը եւ հետամուտ ըլլալու արտածման քաղաքականութեան` տնտեսական քաղաքականութիւնը յանձնեց Միլթըն Ֆրիտմանի մոնեթարիստ դպրոցի հետեւորդ առաջին նէօլիպերալներու ձեռքը, որոնք երկիրը մխրճեցին արտաքին պարտքի մէջ: Մալուինեան պատերազմի նախօրեակին, հակառակ զինուորական բռնապետութեան ճնշումներուն եւ, ինչպէս յետոյ պիտի բացայայտուի, ցեղասպանութեան մակարդակի ոճիրներուն, աշխատաւորական արհմիութիւնները արդէն հրապարակ ելած էին լայնածաւալ բողոքի ցոյցերով: Մալուինեան պատերազմը շահագործեց ժողովուրդին հայրենասիրութիւնը եւ փորձեց այդ ձեւով մարել ընկերային բողոքը:
Հակառակ այս ճշմարտութեան, հակառակ անոր որ 1994-ի սահմանադրական բարեփոխումը ընդգրկած է յօդուած մը, որ կը բացառէ պատերազմը` որպէս միջոց Մալուինեան հարցի լուծման, հակառակ որ Արժանթինն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը վերահաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը միջազգային բեմին վրայ, չկայ արժանթինեան քաղաքական որեւէ հատուած, ոեւէ անձնաւորութիւն, ի՛նչ ալ ըլլայ գաղափարախօսական իր թեքումը, որ հրաժարի Մալուիններէն: Ոչ ոք կը համարձակի հրապարակային կերպով ըսել, թէ մեզի պէ՞տք են ովկիանոսի մէջ կորած, ցուրտ, բնական հարստութենէ զուրկ, տնտեսական զարգացման համար անհետաքրքիր այդ քանի մը կտոր հողակոյտերը…
Ընդհակառա՛կը, քանի որ կայ ազգային դատի մը այնքան խոր գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն, որ ոչ իսկ ամենաբախտախնդիր քաղաքական անձնաւորութիւնը կը համարձակի շնականօրէն այն պարզունականացնել «պատերազմ թէ խաղաղութիւն» բնութագրումով, տարիներու ընթացքին կարելի եղած է նաեւ Մալուինեան կղզիները տեղադրել միջազգային աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մէջ հարաւային Ատլանտեանի եւ Սառուցեալ ցամաքամասի (հարաւային բեւեռ) գրաւած կարեւորութեան ծիրին մէջ եւ ՄԱԿ-ի թէ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու ուղղութեամբ բարելաւել դիւանագիտական արշաւը: Երկրի ներքին ընկերատնտեսական ճգնաժամերն ու վերիվայրումները երբեք պատճառ չեն հանդիսացած, որ քաղաքական ոեւէ պատեհապաշտ ընտրողներուն խոստանայ «լաւ կեանք» եւ վստահեցնէ, որ «Ապագայ կայ», եթէ հրաժարին այդ կղզիներուն վրայ արժանթինեան ազգային գերիշխանութեան վերահաստատման նպատակէն:
Մալուինեան կղզիներու հիմնախնդիրը Արժանթինի արտաքին քաղաքականութեան մէջ գրեթէ սկզբունքային հարցի վերածած է հողային ամբողջականութեան սկզբունքը գերադասել ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքէն: Ո՛չ երկու սկզբունքները իրարու հետ կապուած են զերոյի հաւասարման տրամաբանութեամբ, ընդ որում, մէկը միւսին անպայմանօրէն կը չէզոքացնէ, ո՛չ ալ ինքնորոշման սկզբունքը նոյն ձեւով կը հասկցուի ամէն պարագաներուն: Ատով հանդերձ, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը միշտ շատ ճարպիկ կերպով կրցած է շահագործել Մալուինեաններու հիմնախնդիրը` զայն նոյնացնելով Արցախը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան իրաւունքի իր մօտեցման հետ: Հայկական դիւանագիտութիւնը, որ 1994-էն ետք այնպէս ալ չիմացաւ ինչպէս Արցախի հարցը սթաթուս քուոյի պահպանումէն անդին բանաձեւել` բացի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ պնդելէ, միշտ ալ անյարմարութեան մէջ գտնուեցաւ Արժանթինի հետ իր երկխօսութեան ժամանակ: Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտին մէջ, իմա՛ խորհրդարանական շրջանակ եւ պատգամաւորներ, նոյնիսկ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն համար երկրագունդի հարաւը ընդհանրապէս հեռու եւ անկարեւոր նիւթ մը եղած է: Այնքան որ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու լաւ փորձառութիւն ունեցող պատգամաւոր մը հարցը կը պարզացնէր` ըսելով, որ եթէ Միացեալ Թագաւորութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Մալուինեան կղզիներու բնակիչ քելփըրներու ինքնորոշման իրաւունքին, ապա եւ այդ մէկը աւելի համահունչ է Արցախի շահերուն…
Դիւանագիտական ոլորտէն դուրս, սակայն, Մալուինեան կղզիներու եւ Արցախի հիմնախնդրի համատեղման ճիգեր եղած են, եւ` շատ յաջող: Անոնցմէ է Անա Արզումանեանի նախաձեռնութիւնը` արժանթինցի հեղինակ Մարիօ Սամփաոլեսիի «Մալուինաս» գործի հայերէնի թարգմանութեան, որ կատարեց Ալիս Տէր Ղեւոնդեանը, եւ գիրքը «Անտարես» հրատարակչատան կողմէ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ 2014-ին: Արմենիա մշակութային ընկերակցութիւնը (այդ անունով գրանցուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կառոյցը Արժանթինի մէջ) գիրքէն օրինակ մը նուիրած է Մալուինեան կղզիներու նուիրուած թանգարանին, որուն բացումը կատարուեցաւ գիրքի հրատարակման տարին:
Մալուինեան կղզիներուն թանգարանը իւրայատուկ է: Կառուցուած է ծովուժի նախկին կեդրոնին մէջ, որ բռնատիրութեան ժամանակ ընդդիմադիրներու արգելափակման, չարչարանքի եւ սպանութեան գաղտնի կեդրոններէն մէկն էր, ամէնէն տխրահռչակը` հոն տարուած «անհետացածներ»-ու քանակի իմաստով, բայց հիմա վերածուած է Յիշողութեան թանգարանի: Մալուինեան կղզիներու թանգարանին մէջ պատերազմի յատկացուած բաժնին մէջ զէնքի ցուցադրութիւն չկայ, պատերազմին ինկած նահատակներուն յիշատակը տարբեր ձեւով յաւերժացած է: Թանգարանը Մալուինեան կղզիներու պատմականօրէն արժանթինեան հող ըլլալու վկայութիւնն ու յանձնառութիւնն է, զոր պատերազմի պարտութիւնը չէ խախտած երբեք:
Ընդհակառակը, Արժանթին ամէն այցելող Էսէյսայի օդակայանէն ելածին պէս պիտի տեսնէ հսկայ պաստառ մը` «Մալուինները Արժանթին են»: Նոյն այդ պաստառին պիտի հանդիպի ամենահարաւային նահանգի` Թիերրա տէ Ֆուէկոյի Լափաթայեայի ծոցի ծովափին, ուրկէ ծնունդ կ’առնէ Պուէնոս Այրէս տանող թիւ 3 մայրուղին, կամ հոն կ’աւարտի: Լափաթայեա ծոցը ամերիկեան երկու ցամաքամասերու հարաւի զերօ կէտն է: Հոնկէ ճամբայ կ’ելլեն բոլոր անոնք, որոնք ինքնաշարժով, մոթոսիքլեթով թէ հեծանիւով կ’ուզեն հասնիլ Ալասքա` 17.848 քիլոմեթր հիւսիս: Իրենց հետ կը տանին պաստառին յիշեցումը` «Մալուինները Արժանթին են», որ շատ աւելի լուրջ կը հնչէ, քան` որեւէ ամբոխահաճոյ, անպատասխանատու, անլուրջ եւ թերեւս նոյնիսկ կեղծ նմանօրինակ յայտարարութիւն մը, որ «… ու վե՛րջ» վստահեցումով կ’աւարտէր եւ հիմա մատնուած է լռութեան…
Մալուինեան կղզիներու թանգարանին առաջին տնօրէնն էր կղզիներու պատմութեան մէջ ամենամասնագիտացած պատմաբաններէն Ֆետերիքօ Լորենց, որ 2014-ին չվարանեցաւ թանգարանին մէջ Արցախի եւ Մալուինեան կղզիներու նուիրուած համագումար մը կազմակերպել: Համագումարին հնչեց այսպիսի գաղափար մը.
Հայերուն համար Արարատն այն է, ինչ են Մալուինները արժանթինցիներուն համար: