Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Ապրիլ 14, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի՞նչ Են Ուղեղի Տարբեր Ալիքներու Գործառոյթները
Ուղեղի Ալֆա Ալիքները Կրնան Կանխատեսել Յետվիրահատական Ցաւը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 

Ի՞նչ Են Ուղեղի Տարբեր Ալիքներու
Գործառոյթները

Ծանօթ է, որ ուղեղը ելեկտրաքիմիական օրկան է: Հետազօտողներ ենթադրած են, որ լիարժէք գործող ուղեղը կրնայ արտադրել մինչեւ 10 վոլթ ելեկտրական ներուժ: Աւելին. հետազօտողներ հաշուարկած են, որ եթէ 10 միլիառ փոխկապակցուած ջղային բջիջները մէկ անգամէն բեռնաթափուին (discharge), ապա մարդու գլխուն վրայ տեղադրուած մէկ ելեքթրոտը կ՛արձանագրէ հինգ միլիոներորդէն (0,000005) մինչեւ 50 միլիոներորդական վոլթ: Ուրեմն, եթէ բաւականաչափ իրարու կցուած գլխամաշկեր (scalp) ունենաք, թերեւս կրնաք վառել լուսամփոփի մը լամբը:

Թէեւ ելեկտրական այս ներուժը շատ սահմանափակ է, սակայն ան կը կայանայ շատ յատուկ ձեւերով, որոնք յատուկ են մարդու ուղեղին: Ուղեղի ելեկտրական գործունէութիւնը կը դրսեւորուի ուղեղի ալիքներու տեսքով: Ուղեղի այս ալիքները չորս տեսակ են` սկսած ամենագործունեայէն մինչեւ նուազագոյն գործունէութիւն ցուցաբերողը: Երբ ուղեղը գրգռուած է եւ գիտակից վիճակի մէջ կը զբաղի մտային գործունէութեամբ, ան կը յառաջացնէ Պեթա ալիքներ: Այս Պեթա ալիքները համեմատաբար յարակրկնուող են եւ ամենաարագն են ուղեղի չորս տարբեր ալիքներէն: Պեթա ալիքներու յաճախականութիւնը (frequency) կը տատանի 15-էն 40 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Պեթա ալիքները ուժեղ, ներգրաւուած մտքի ցուցանիշներ են: Գիտակցութեամբ խօսակցութեան մէջ գտնուող անձը պեթա տարբերակին մէջ կ՛ըլլայ, բանավիճողը` բարձր պեթա (high beta) (կամ կամա) տարբերակին մէջ: Բանախօս մը, ուսուցիչ մը, կամ մենաներկայացում մը կատարողը` բոլորն ալ պեթա փուլին մէջ կ՛ըլլան, երբ անոնք կը կատարեն իրենց աշխատանքը:

Յաջորդ ուղեղային ալիքներու տեսակը, ըստ յաճախականութեան, ալֆան է: Մինչ պեթան կը ներկայացնէ գրգռուածութիւն, ալֆան կը ներկայացնէ հակառակը` ոչ գրգռուած վիճակը: Ուղեղի ալֆա ալիքները աւելի դանդաղ են եւ աւելի լայն տարողութիւն ունին: Անոնց յաճախականութիւնը կը տատանի 9-էն 14 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Այն մարդը, որ կատարած է իր աշխատանքը եւ կը նստի հանգստանալու, յաճախ ալֆա փուլին մէջ կ՛ըլլայ, ինչպէս նաեւ` այն մարդը, որ ժամանակ կը յատկացնէ խոկալու կամ խորհրդածելու, եւ այն մարդը, որ դադար կ՛առնէ համաժողովէ մը եւ կը զբօսնէ պարտէզին մէջ:

Յաջորդը` թեթա ուղեղի ալիքներն են: Սովորաբար աւելի մեծ տարողութեամբ եւ աւելի քիչ յաճախականութեամբ, որ կը տատանի 5-էն 8 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Այն մարդը, որ դադար կ՛առնէ աշխատանքէն եւ կը սկսի բաց աչքով երազել, յաճախ կը գտնուի ուղեղի թեթա ալիքի փուլին մէջ, ինչպէս նաեւ` այն մարդը, որ կը քշէ իր ինքնաշարժը մայրուղիի վրայ եւ յանկարծ կը յայտնաբերէ, որ ինք չի կրնար յիշել իր անցած վերջին հինգ մղոնը:

Այն անհատները, որոնք շատ կը քշեն մայրուղիներու վրայ, յաճախ լաւ գաղափարներ կը ստանան այն ժամանակաշրջաններուն, երբ  կը գտնուին թեթա փուլին մէջ: Այն անհատները, որոնք յաճախ դուրսը կը վազեն, կը գտնուին ուղեղային հանգստութեան վիճակի մը մէջ, որ աւելի դանդաղ է ալֆայէն, իսկ երբ գտնուին թեթայի մէջ, անոնք հակում կ՛ունենան գաղափարներու հոսք մը ունենալու: Այս մէկը կրնայ յառաջանալ նաեւ լոգարանին մէջ կամ նոյնիսկ մազերը սափրած կամ սանրած ժամանակ: Թեթայի փուլը վիճակ մըն է, երբ աշխատանքները կը դառնան այնքան ինքնազօր, որ կրնաք մտովի անջատուիլ անոնցմէ: Մտարկութիւնը (ideation), որ կրնայ տեղի ունենալ թեթա փուլին մէջ, յաճախ ազատ հոսք մըն է եւ տեղի կ՛ունենայ առանց յանցանքի զգացումի: Այդ մէկը սովորաբար շատ դրական հոգեկան վիճակ մըն է:

Ուղեղի ալիքի վերջին տեսակը տելթան է: Այստեղ ուղեղի ալիքները ունին ամենամեծ տարողութիւնը եւ ամենացած յաճախականութիւնը: Անոնք սովորաբար կը տատանին 1,5-էն 4 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Անոնք երբեք չեն իջներ զերոյի, որովհետեւ այդ մէկը կը նշանակէ, որ անձը «ուղեղով մահացած» է: Բայց առանց երազներու խոր քունը ձեզ կը տանի ամենացած յաճախականութեան, սովորաբար` 2-էն 1 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ:

Երբ մենք կ՛երթանք քնանալու եւ քանի մը վայրկեան կը կարդանք քնանալէ առաջ, ամենայն հաւանականութեամբ մենք ցած պեթա փուլին մէջ կ՛ըլլանք: Երբ մէկ կողմ կը դնենք գիրքը, կը մարենք լոյսերը եւ կը գոցենք մեր աչքերը, մեր ուղեղի ալիքները պեթայէն յաջորդաբար կ՛իջնեն ալֆա, թեթա եւ վերջապէս, երբ քնանանք, տելթա:

Հաստատուած փաստ է, որ մարդիկ երազներ կը տեսնեն 90 վայրկեաննոց շրջանառութեամբ: Երբ ուղեղի տելթա ալիքներու յաճախականութիւնը կը բարձրանայ եւ կը դառնայ թեթա ուղեղի ալիքներու յաճախականութիւն, տեղի կ՛ունենան գործուն երազներ (active dreaming), որոնք յաճախ կը դառնան աւելի փորձառական (experiential) անձին համար: Սովորաբար, երբ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, կը նկատուի աչքի արագ շարժում, որ բնորոշ է գործուն երազներուն: Այս մէկը կը կոչուի REM (Rapid Eye Movement) եւ յայտնի երեւոյթ է:

Երբ անհատը կը պատրաստուի խոր քունէ մը արթննալու, անոր ուղեղի ալիքներու յաճախականութիւնը կը սկսի բարձրանալ ուղեղի ալիքներու գործունէութեան տարբեր փուլերու ընթացքին: Այսինքն անոնք տելթայէն կը բարձրանան թեթա, յետոյ ալֆա, եւ վերջապէս, երբ զարթուցիչը հնչէ` պեթա: Եթէ այդ անհատը արթննալով սեղմէ զարթուցիչի «յետաձգման» ընտրանքը, անոր յաճախականութիւնը կ՛իջնէ մինչեւ չգրգռուած ալֆա վիճակ, կամ նոյնիսկ` դէպի թեթա, կամ երբեմն կրկին կը քնանան` տելթա անցնելով: Արթննալու այս շրջանառութեան ընթացքին մարդիկ կրնան մնալ թեթա վիճակի մէջ երկար ժամանակ, մօտ հինգէն մինչեւ 15 վայրկեան, բան մը, որ իրենց առիթ կու տայ մտքերու ազատ հոսք մը ունենալու` երէկուան իրադարձութիւններուն կամ գալիք օրուան գործունէութեան մասին մտածելով: Այս ժամանակը կրնայ ըլլալ չափազանց արդիւնաւէտ եւ կրնայ ըլլալ շատ բովանդակալից եւ ստեղծագործ մտային գործունէութեան շրջան:

Ուրեմն, ամփոփելով, կան չորս ուղեղային ալիքային վիճակներ, որոնք կը տատանին բարձր տարողութենէն, ցած յաճախականութեան տէր տելթայէն մինչեւ ցած տարողութիւն եւ բարձր յաճախականութիւն ունեցող պեթան: Ուղեղի ալիքներու այս վիճակները կը տատանին խոր երազազուրկ քունէն մինչեւ գերգռուածութեան վիճակ: Միեւնոյն չորս ուղեղի ալիքային վիճակները իւրայատուկ են մարդուն: Բոլոր տարիքի տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ կը զգան ուղեղի նոյն բնորոշ ալիքները: Անոնք նմանօրինակ են տարբեր մշակոյթներու եւ երկիրներու միջեւ:

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, թէ հակառակ անոր որ ուղեղի ալիքներու վիճակ մը կրնայ գերակշռել որեւէ մէկ պահ, կախուած անհատի որքանով գործուն ըլլալէն, ուղեղի մնացած երեք վիճակները միշտ առկայ են ուղեղի ալիքներու խառնուրդին մէջ: Այլ խօսքով, եթէ ոեւէ մէկը գրգռուած վիճակի մէջ է եւ կը ցուցադրէ ուղեղի պեթա ալիքի կարգավիճակ, այդ մարդու ուղեղին մէջ կայ նաեւ ալֆա, թեթա եւ տելթայի բաղադրիչ:

Աղբիւր` Սայենթիֆիք Ամերիքըն

Ուղեղի Ալֆա Ալիքները Կրնան Կանխատեսել
Յետվիրահատական Ցաւը

Այն հիւանդները, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ վիրահատութենէն ետք ծանր ցաւ կրնան կրել, կարելի է յուսալիօրէն ճանչնալ Պիրմինկհամի համալսարանին մէջ մշակուած նոր թեքնիքին միջոցով:

Թեքնիքը կրնայ առիթ տալ բժիշկներուն ծրագրելու լրացուցիչ կանխարգիլող ցաւազրկիչ դեղատեսակներ` վիրահատութեան ժամանակ «խոցելի» հիւանդներուն համար: Այս մէկը կը նշանակէ, որ հիւանդները, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելի քիչ սուր ցաւ պիտի զգան վերականգնման ընթացքին, ինչպէս նաեւ աւելի քիչ հաւանական է, որ տառապին երկարատեւ ախտանիշներէ:

Նախնական հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է 5 ապրիլ 2022-ին «Պրիթիշ Ճըրնըլ Անեսթէզիա»-ի մէջ, հետազօտողներու խմբակը ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Electroencephalography (EEG)-ի (1) օգտագործել չափելու համար ուղեղի գործունէութիւնը այն հիւանդներուն մօտ, որոնք կը պատրաստուին կրծքավանդակի վիրահատութեան:

Վիրահատութենէն առաջ խմբակը չափած է հիւանդներու ալֆա ալիքները (ուղեղի ազդանշաններ, որոնք կը տատանին 8-էն 14 հերց յաճախականութեամբ): Այնուհետեւ, վիրահատութենէն աւելի քան 72 ժամ անց, հիւանդներէն խնդրեցին գնահատել իրենց ցաւը 1-10 արժեչափով: Հետազօտողները կրցած են ցոյց տալ յստակ կապ մը հիւանդի ալֆա ալիքներուն եւ ցաւի անոր արձագանգներուն միջեւ: Մասնաւորապէս անոնք պարզած են, որ այն մարդիկ, որոնց ալֆա ալիքները կ՛ըլլան 9 հերցէն ցած, շատ աւելի խոցելի են վիրահատութենէն ետք ուժեղ ցաւերու նկատմամբ:

Պիրմինկհամի համալսարանի Մարդկային ուղեղի առողջութեան կեդրոնի եւ հոգեբանութեան դպրոցի բժիշկ Ալի Մազահերի հետազօտութեան աւագ հեղինակն է: Ան ըսաւ. «Ցաւի զգացումը բարդ է եւ ենթակայական, բայց պարզ է, որ այս ալֆա ալիքները յուսալի ցուցանիշ են անհատին որքանով ուժեղ ցաւ զգալուն: Այդ մէկը կը դառնայ բժիշկներուն համար իսկական արժէքաւոր ցուցանիշ, որ զայն կրնան օգտագործել ցաւը կանխելու համար, փոխանակ բուժելու հիւանդը` անոր իրավիճակը աւելի լուրջ, վտանգաւոր ու երկարատեւ դառնալէ ետք»:

Հետազօտութիւնը կատարուած է Սամանթա Միլարտի կողմէ` Մարդու ուղեղի առողջութեան կեդրոնին մէջ` համալսարանի բորբոքման եւ ծերացման հիմնարկի հետազօտողներու համագործակցութեամբ: Անոր մասնակցած են 16 հիւանդներ, որոնք կը պատրաստուէին թոքերու վիրահատման` քաղցկեղէ բուժուելու համար:

Վիրահատութենէն առաջ չափուած ալֆա ալիքները կրցած են 100 տոկոս ճշգրտութեամբ կանխատեսել, թէ ո՛ր հիւանդները վիրահատութենէն ետք 7/10 կամ աւելի բարձր արժեչափ պիտի յայտնեն:

Այս աշխատանքը կ՛ընդլայնէ բժիշկ Մազահերիի եւ դոկտոր Տէյվիտ Սեմինովիչի (Ուեսթըրն համալսարան, Քանատա) երկարամեայ համագործակցութեան արդիւնքները, որոնց մէջ բժիշկ Էնտրիու Ֆուրմանի (Մերիլանտ Պալթիմորի համալսարան) ղեկավարած աշխատանքը ցոյց տուած է, որ այս մէկը ցաւի զգացողութեան յուսալի կանխատեսող է: Նոր ուսումնասիրութիւնը կարեւոր մէկ մասը կը դառնայ այս ծիրին մէջ` յայտնաբերելով ցաւի զգացողութեան առաջին ցուցանիշը:

Թէեւ աւելի աշխատանք կը պահանջուի ալֆա ալիքներու եւ ցաւի միջեւ կապի ճշգրիտ բնոյթը որոշելու համար, սակայն խումբը կը կարծէ, որ այդ մէկը կապուած է ուղեղի յատուկ նրբուղիներու (pathway) հետ, որոնք ծանօթ են զգայական հաղորդագրութիւններ փոխանցող թալամուսէն: Որովհետեւ ալֆա ալիքները մասամբ կը կարգաւորուին թալամուսի կողմէ, խումբը կը կարծէ, որ անոնց յաճախականութիւնը ուղղակիօրէն կ՛արտացոլացնէ հաւասարակշռութիւնը նրբուղիներու միջեւ, եւ այդպիսով կը դառնան ցաւի ազդանշան:

Ֆան Կաօ-Սմիթ` Պիրմինկհամի համալսարանի բորբոքման եւ ծերացումի հիմնարկի անզգայացման, ճգնաժամային խնամքի եւ ցաւի գծով փրոֆեսէօր եւ հետազօտութեան համահեղինակը, ըսած է. «Ալֆա ալիքները առանձնայատուկ էին եւ ճշգրիտ: Այս թեքնիքը օգտագործելով` յառաջընթաց կ՛արձանագրենք ցաւի կառավարման ոլորտին մէջ, ոչ միայն վիրաբուժութեան, այլ նաեւ այլ բուժումներու, ինչպէս` քիմիական բուժումը: Բան մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ թէ՛ բուժաշխատողներուն եւ թէ՛ հիւանդներուն աւելի տեղեկացուած ընտրութիւն կատարելու»:

Պապու Նատու, որ նաեւ համալսարանի բորբոքման եւ ծերացման հիմնարկին մէջ եւ «Քուին Էլիզապէթ հոսփիթալ»-ի, Birmingham NHS Foundation Trust-ի համալսարանական հիւանդանոցին մէջ կրծքային վիրաբուժ է, ակադեմական խորհրդատու եւ հետազօտութեան համահեղինակ, ըսաւ. «Երկարատեւ ցաւը համեմատաբար տարածուած է այն հիւանդներուն մօտ, որոնք վիրահատութենէ ետք սուր ցաւ կը զգան: Ներկայիս ուղեցոյցները այս վիճակին մէջ գտնուող մարդոց խորհուրդ կու տան հակաընկճուածութեան դեղեր առնելու: Եթէ մենք սահմանափակենք սուր ցաւը վիրահատութենէն անմիջապէս ետք, կայ իրական հաւանականութիւն, որ երկարատեւ ախտանիշներ չզարգանան»:

Ուսումնասիրութիւնը տեղի ունեցած է Քաղցկեղի փորձարարական բժշկութեան կեդրոնի ֆինանսաւորումով: Իր յաջորդ փուլին մէջ խումբը յոյս ունի փորձարկելու այս թեքնիքը հիւանդներու աւելի մեծ խումբեր ներառելով եւ կը շարունակէ ուսումնասիրել ալֆա ալիքներու միջեւ կապը, եւ թէ ինչպէ՛ս ուղեղը կը վերամշակէ ցաւը:

Համապատասխան աշխատանքի մէջ «Իմփաուըր Թերափօթէքս»-ը, Պիրմինկհամի եւ Մարիլանտի Պալթիմորի համալսարանները, կ՛օգտագործեն այս մտաւոր սեփականութիւնը` մշակելու թուային բուժիչ միջոց` նուազեցնելու համար ցաւի զգացողութիւնը եւ թեթեւցնելու երկարատեւ ցաւը` ստեղծելով սարք մը, որ կրնայ չափել եւ փոփոխութեան ենթարկել ցաւի զգացողութիւնը: «Իմփաուըր» նպատակ ունի ընդլայնել երկարատեւ ցաւի տնային կառավարման տարբերակները:

Աղբիւր` «Սայընս Տէյլի»

 

 

Նախորդը

«Բժիշկին Ե. Խօսք»-ին Հրատարակութեան Առիթով

Յաջորդը

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. Խոչընդոտներու Հարթումին Եւ Հակադիր Կողմերու Միջեւ Ձիւնհալի Ճիգերը Կը Շարունակուին Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն.  Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն. Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Յուլիս 5, 2022
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ – Monkeypox

Յուլիս 4, 2022
Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները

Յուլիս 2, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In