Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հմուտ Եւ Համակրելի Մասթըր Էտին

April 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ե. Ա.

ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ… Ստեղնաշարին գլխագիրի կոճակը սխալմամբ  սեղմուած չէ, այլ` դիտմամբ, ուրեմն անգամ մը եւս արձանագրենք. ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ:

Լսա՞ծ էք այս անձին  անունը: Տեղեա՞կ էք, թէ ո՛վ է Էտին` Եդուարդը:

Կարճ  ու կտրուկ, իր արտայայտած յստակ ու պարզ գաղափարներուն նման, Էտին համեստ հայորդի մըն է, որ մահացաւ քանի մը ամիս առաջ, մայիս 4-ին, բաւական  յառաջացած տարիքին (88), Լոս Անճելըսի մէջ:

Եթէ Արա Մածունեանին պատրաստած ժապաւէնը չըլլար, ոչ ոք պիտի ծանօթանար այս տիպարին:

Ժապաւէնին ներկայացուած, պատրաստուած եւ հրամցուած ոճն ալ իւրայատուկ է: Նոյնիսկ` ցուցադրուելու թայմինկը: Մածունեան կրցած է ամենայն հմտութեամբ նկարագրել այս տիպարը` հմուտ կօշկակար եւ հնակարկատ մասթըր Էտին եւ… անոր մահէն ետք լոյս ընծայել այս գործը:

Կիզակէտը նոյնինքն հնակարկատ Էտին է, որ Պըրպենքի կեդրոնական եւ բանուկ փողոցներէն մէկուն վրայ ունէր կոկիկ խանութ մը:  Կեդրոնական ճամբայ ըսելով` ի մտի չունինք ռոք երաժշտութեան ոլորտին մէջ հռչակ շահած Պապ Սիկըրի յիշատակելի  Main Street երգին ստեղծած մթնոլորտը:

…Ժամանակին գոյութիւն ունեցող կեդրոնական ճամբաներ`  Main Street-ներ, որոնք հետզհետէ սկսած են գոյութիւն չունենալ ամէնուրեք եւ փոխարինուած են կայքէջային ել-ճամբաներով, կամ ալ… անելներով:

Էտի տիպարը թէ՛ խօսակցութեան ոճով եւ թէ՛ շարժումներով կարելի է նկատել խառնուրդ` եօթներորդ արուեստի աշխարհին մէջ փայլած Ճոն Պելուշիի եւ Պապ Հասքինզի:

Ժապաւէնին մեծ մասը նկարահանուած է այն գործատեղիին մէջ, ուր Էտիին կ՛այցելեն բարեկամներ, ընկերներ, դրացիներ եւ անշուշտ` յաճախորդներ: Հաճելի է մթնոլորտը: Ակնդիրին համար այնքան մը հարազատօրէն ներկայացուած է պատկերը, որ երբ մասթըր Էտին կը կտրէ ու կը փակցնէ կաշին,  ապա նաեւ կը ներկէ այդ  կաշիին, ներկին եւ մածոյցին միախառնուած հոտն է, որ կը շնչէ: Պարագան նոյնն է, սակայն հոտը բոլորովին տարբեր է եւ բուրումնաւէտ, երբ իր արհեստին համար գործածած ելեկտրական ջեռուցիչին վրայ կէսօրուան դադարին ան կը տաքցնէ մսաշոթը (լահմաճուն կամ «Արմինիըն փիցցա»,  ինչպէս կը նշուի ժապաւէնին մէջ):

Գործատեղիին չափ տեղ գրաւած է խանութի մուտքին գտնուող հիւրանոց-ժողովատեղին, ուր օրուան քաղաքական թէ ընկերային հարցերը խոր վերլուծումներով կը քննուին:

Էտիին հետ ակնդիրը կ՛ունկնդրէ  նաեւ ընկերացող երաժշտութիւնը, երգերը, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ 60-ականներուն իր ապրած  պատանութեան եւ երիտասարդութեան օրերուն քաղցր հնչող Brothers Four-ի Greenfields-ը… կանաչութիւն մը, բնութիւն մը կամ «բնականութիւն» մը, որ այս օրերուն դժուար է տեսնել, նկատել եւ ըմբոշխնել:

Ճաշակաւոր էր Էտին: Գլխացաւ պատճառող կամ ռապիզ երաժշտութիւն չկար իր գործատեղիին մէջ:

Բազմիցս գործածելով Ալեն Յովհաննէսէն տպաւորիչ մեղեդիներ` Մածունեան կրցած է յաւերժացնել այս «զրոյց-գործ»-էն յիշատակելի վայրկեաններ: Իւրայատուկ է անոր ոսպնեակը, նոյնքան ազդեցիկ, որքան` իր լուսանկարները (յիշենք Պուրճ Համուտի առօրեային նուիրուած Bird՛s Nest-ը):

Հոլիվուտի քիթին տակ պատրաստուած ժապաւէնը իր ոճով մղոններով հեռու է բազմիցս աւելորդաբանութիւններով եւ անտեղի զեխութիւններով լեցուն այդ աշխարհէն:

Անկախ գործող բեմադրիչներու (Վերնըր Հերցոկ, Քեն Լէօչ եւ… Անիես Վարտա) իրապաշտ ոճը կը յիշեցնէ Մածունեանին այս գործը:

Այսպէս, թէ՛ կը գործէ եւ թէ՛ կը զրուցէ Էտին: Կը պատմէ իր կեանքին, անցեալին, ներկային եւ ապառնիին մասին:

Էտին Լիբանանէն է, եւ անշուշտ` հայահոծ Պուրճ Համուտէն:

Փոքր տարիքէն անբախտ դուրս եկած է բազմանդամ ընտանիքի անդամ Էտին. ինը տարեկան հասակին, հազիւ մանկապարտէզի ուսում ստացած, ան դաժան պայմաններու տակ եւ ստիպողաբար մուտք գործած է  արհեստի աշխարհ:

Այդ տարիքին մանուկ մը  պիտի ուզէր քաղցր տուրմով կամ շաքարահատիկով  զբաղեցնել իր ատամները, մինչդեռ Էտիի պարագային, իր շրթունքի ետին եւ ակռաներուն միջեւ կարծր ու կոշտ գամեր տեղ գրաւած էին, ու ան զանոնք կայծակնային արագութեամբ բերնէն դուրս բերելով`  մուրճով հարուածելով գամած էր պատրաստած կօշիկին:

Շուտով ընտանիք կազմած եւ զաւակներու հայր` ան  եօթանասունականներու սկիզբը Նոր աշխարհ ժամանած է.  երիտասարդ տարիքին կորսնցուցած է իր կողակիցը:

Կեանքը պէտք էր շարունակուէր Էտիին համար թէ՛ գործատեղիէն ներս եւ թէ՛ տան երդիքին տակ: Երկրորդ ամուսնութիւն մը, առաջին սէրէն պահելով դառն յուշեր, Էտին շարունակած է  գործել:

Մածունեան, որ 1998-ի վերջին քանի մը ամիսներուն  պատրաստած է այս ժապաւէնը, Էտիին այցելած է այս տարեսկիզբին եւ փորձած է հատուածներ ցուցադրել` զգալով, որ «հերոս»-ը կրնար շուտով հրաժեշտ տալ ու հասնիլ անդենական:  Ալցհայմըր հիւանդութեան վերջին փուլը «ապրող» Էտին ոչ մէկ բան յիշած է:

Այս ժապաւէնը դիտողին յիշողութեան մէջ վառ պիտի մնայ Էտին` իր  քաղաքական պարզ, իւրայատուկ  վերլուծումներով, կարծիքներով, մօտեցումներով եւ փիլիսոփայութեամբ:

Բախտի եւ անբախտութեան մասին շատ կը խօսի Էտին… Ան բախտաւոր է, որ Մածունեանին ծանօթացած է, եւ այս տպաւորիչ ժապաւէնը պատրաստուած է:

Չմոռնանք իր շրջանակին մէջ հանրածանօթ այս տիպարը` ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ կամ ՄԱՍԹԸՐ ԷՏԻՆ:

Պոսթըն – Մասաչուսեց

Նախորդը

Հայի Թմրած Հանճարը Պէտք Է Արթնանայ

Յաջորդը

Համազգային Դիմադրութեան Ծաւալման Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.