Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2022 Սփիւռքի Տարի – Գ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր

Ապրիլ 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Դարերու ընթացքին, նախապատմական օրերէն իսկ, վաճառականութեան համար Հայկական Լեռնաշխարհի բնիկները` հայութիւնը,  տարածուած է աշխարհի չորս կողմը: Հայաստանէն մինչեւ ծայրագոյն Եւրոպա, ծայրագոյն, հիւսիսային (տես` Ա. մաս) եւ հարաւային Ասիա եւ Ափրիկէ` երբեմն հիմնելով հզօր գաղութներ, ինչպիսիք էին Լեհաստանի ու Հնդկաստանի գաղութները, հասնելով բարձր դիրքերու, որոնցմէ էր հնդիկ ազգային հերոս Կորկին Խանը (Gorgin Khan, Petrus Arathoon)` Պետրոս Յարութիւնեան 1730-1777 (1), (2) որուն անունով քաջութեան հրապարակ կայ մայրաքաղաք Նոր Տելհիի մէջ: Սակայն բռնագաղթեր ալ տեղի ունեցած են. օրինակ` Շահ Աբբասի կողմէ 1603-1604-ին, Նախիջեւանէն եւ Արեւելեան Հայաստանէն 300-500 հազար հայեր դէպի Սպահան տեղահանած են, ուր կը հիմնուի հայկական Նոր Ջուղա քաղաքը` համայնքը:

1. Հնդկաստանի հերոս Կորկին Խանը (Gorgin Khan, Petrus Arathoon, 1730-1777): 2. Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի հայ սկաուտներ` 1915-1916:

Երկրորդ օրինակն է` Անիէն Խրիմ հաստատուած հայերուն բռնագաղթը Եկատերինա Բ. ցարուհիին կողմէ` «հրաւէրը» 1778-1779-ին, դէպի Ռոստով, հիմնելով Նոր Նախիջեւան հայկական քաղաքը իր գիւղերով: Այս երկու պարագաներուն, սակայն, գոնէ բռնագաղթ պարտադրող իշխանութիւնը ազգային, կրթական եւ կրօնական ազատութիւններ, նաեւ գիւղեր, հողեր եւ հարկային ու այլեւայլ դիւրութիւններ տրամադրած էր բռնի գաղթած մեր ժողովուրդին:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան (1882-1969) Նոր Նախիջեւանի Նոր Սալա գիւղը ծնած էր, եւ ռուսական գիւղի մը մէջ տնտեսական շատ լաւ պայմաններով մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցընելէ եւ հայերէնը գրեթէ մոռնալէ ետք, շնորհիւ մօրը պնդումին, տնտեսական աւելի խեղճ պայմաններով, հայկական վարժարան ունեցող իրենց գիւղը կը վերադառնան, որպէսզի ռուսացումի վտանգէն ազատին, եւ մօրը խօսքով, ինք եւ քոյրը «խայ»` հայ մեծնան, «հայնակ չմոռնան»` հայերէնը չմոռնան (2):

Վրացեան կը գրէ. «Նոր Նախիջեւանը կոկիկ, մաքուր ու բարեկարգ քաղաք էր` հայկական վարչութեամբ: Ունէր` 7 հայ եւ մէկ ռուս եկեղեցիներ, թեմական դպրոց, արական եւ իգական միջնակարգ վարժարաններ, քաղաքային արհեստանոց (արհեստից վարժարան)` ինչպէս նաեւ, ծխական դպրոցներ, քաղաքային մեծ թատրոն, ձմեռնային եւ ամառնային ակումբներ, հանրային ու բարեգործական ընկերութիւններ: Իր վարչակազմով ու բարեշինութեամբ Ռուսիոյ առաջնակարգ քաղաքներէն էր»: «Իմ ժամանակ Նոր Նախիջեւանը շուրջ 30 հազար բնակչութիւն ունէր, որոնց կէսէն աւելին հայեր էին»: Որքա՜ն նմանութիւններ ունի մեր Պուրճ Համուտին հետ:

3. Լեհաստանի (այժմ` Ուքրանիոյ արեւմտեան սահմանին մէջ) Լվիվ քաղաքի Ս. Աստուածածին հայկական վանքը, կառուցուած` 1356-1363-ին (4): 4. Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ եկեղեցին այժմ, կառուցուած` 1786-1792:

Հայրս 12 տարեկանին, եւ իրեն նման միլիոնաւոր հայեր, թուրքին կողմէ բռնի կերպով իրենց երկրէն, քաղաքներէն եւ տուներէն հեռացուեցան դէպի արաբական անապատները: Անոնց մեծ մասը ծրագրուած կերպով ճամբուն վրայ սպաննուեցաւ, եւ ողջ մնացողները կազմեցին հայկական նոր սփիւռք մը: Այս ցեղասպան թուրքը (4) ոչնչացնելու նպատակով Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն տեղահան ըրաւ հայ ժողովուրդը, հայրենազուրկ դարձուց մեզ, սակայն` ո՛չ թէ այլ շրջան մը շէնացնելու նպատակով: Նոր Ջուղայի կամ Նոր Նախիջեւանի նման գիւղեր, հողեր, բնակավայրեր եւ դիւրութիւններ չտրամադրեց ցեղասպան թուրքը, այլ սովամահ ժողովուրդը հետիոտն արաբական անապատները քշեց, որպէսզի ոչնչանայ:

Մեծ հայրս եւ հայրս երկրին մէջ ծնած մեծցած էին, եւ հայրս պատանի դարձած էր պարսպապատ բակով, երկյարկանի եւ մառանով տան մը մէջ, եօթը քոյր եղբայրներով: Տարիներ գաղթականի եւ Հալէպի քեմփի` հիւղաւանի կեանքը` թշուառութիւն, մահամերձ հիւանդութիւն եւ բազում դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, 1930-ին առանձինն Պէյրութ կը հաստատուի ու ոսկերչութեամբ կը զբաղի:

1943-ին հայրս Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանի մեր բնակարանը վարձած է տարեկան 1600 լիբանանեան ոսկիի (վարձակալագիրը պահուած է), հաւանաբար այդ թուականին Լիբանանի ամենասուղ բնակարանի վարձքն էր: Հայրս մերժած էր հողեր գնել, երբ իրեն առաջարկուած է մեթրը 15 դահեկանի, այն ատեն դատարկ` մեր տան շրջապատի հողերը գնել, որ մէկ տարեկան վարձքին գումարով կրնար 10 հազար մեթրէն աւելի հողի տէր դառնալ: Ինչո՞ւ մերժած էր. քանի որ ինք եւ իրեն նման շատեր երկիր պիտի վերադառնային` իրենց պապենական հողերը, կալուածները, տուները: Սակայն, աւա՜ղ, այդպէս ալ մնացինք վարձուոր:

5. Ղազիրի բռնի թրքացման ենթակայ որբացած հայ աղջիկները եւ իրենց հիւսած շատ մը գորգերէն, երկրորդին ալ ծայրը կ՛երեւի (նկարը` Պարքլի Աչիսընին): 6. Հալէպի Համիտիյէ հայկական հիւղաւանէն փողոց մը:

Մեծ հօրս սերունդը այլասերելու կամ ձուլուելու վտանգին բնա՛ւ չէ ենթարկուած: Անոնց մեծ մասը ապրած է մինչեւ 1950 առաւել կամ նուազ 10 տարի: Իսկ հօրս նման երկիր ծնած ու մանուկ տարիքին տեղահանուած սերունդը, որ կազմաւորեց ու կազմակերպեց սփիւռքը, ապրեցաւ մօտաւորապէս մինչեւ 2000 թուական` առաւել կամ նուազ 10 տարի: Այս սերունդը նոյնպէս, ընդհանուր առմամբ, հայ մնաց, բացի այն որբերէն, որոնք առեւանգուեցան, բռնի կերպով կրօնափոխ դարձան ու թրքացան, օրինակ` Ղազիրի թրքական որբանոցի որբերը, ուրիշներ քրտացան, արաբացան եւ այլն:

Ճիշդ է, որ մեծ հօրս եւ հօրս սերունդը չայլասերեցան, սակայն անոնցմէ ընդհանրապէս ունեւոր դարձածներէն ոմանք ըսին. «ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ, ԱՇԽԱՐՀԸ ՉՎԱՅԵԼԵՑԻՆՔ, ԹՈՂ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ, ԹՈՌՆԵՐԸ ՎԱՅԵԼԵՆ»: Այսինքն սանձարձակ ու անհոգ, եսակեդրոն, անպատասխանատու կեանք մը ապրին: Ճի՛շդ այսպիսիներուն մօտեցումն ու քաջալերանքն էր, որ այլապէս կազմակերպ հայկական սփիւռքին ձուլումին ընթացք տուաւ, յոռի բարքերով, օտարոտի, հայութենէ խորթ անհատներ յառաջացուց, հայութենէն ամչցողներ…

Այս կեցուածքն էր եւ է, որ անուղղակի կերպով ազգին զաւակներէն ոմանք կը հեռացնէ հայկական տոհմիկ միջավայրէն դէպի օտար վարժարաններ, քաղքենիացում, օտարացում, աշխարհաքաղաքացիութիւն, օտարի հետ ամուսնութիւններ եւ այլն: Այս տեսակին համար կարծես «վայելքը» մի՛այն օտարներուն շրջանակին մէջ` օտարանալով է, որ կ՛իրականանայ: Այս օտարացումը, օտար ամուսնութիւնները նորութիւն մը չեն. մեր մէջ հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունի, սակայն հին օրերուն անոնք թիւով քիչ, բացառութիւններ էին, ամբողջ ժողովուրդը կը ճանչնար զանոնք եւ մատնացոյց կ՛ընէր, սակայն այժմ ահազանգային կերպով անհամար է անոնց թիւը: Միւս կողմէ, սակայն, հեգնօրէն, օտարին աչքին այսպիսիները իբրեւ հայ կը ճանչցուին եւ երբե՛ք` իրենցմէ մէկը…

Ինծի տարեկից, լիբանանցի մարոնի, նախկին գործատեղիիս դրացի` Հ. Ա. ի՛նք ինծի ըսաւ, որ ՀԱՅ ՕՐԻՈՐԴԻ ՄԸ ՀԵՏ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ Է, ՈՐՊԷՍԶԻ ԽԵԼԱՑԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱՅ. ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ, ԻՐՄԷ ԳԱԼԻՔ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱՅ…

Վրացեանին մայրը Հայաստան աշխարհին մէջ չէր ծնած: Անոր նախահայրերը 1319-ի երկրաշարժէն եւ Անիի կործանումէն ետք, շուրջ 1200 քմ գաղթելով` հասած էին հեռաւոր հիւսիս` Խրիմ, ապա 1778-ին կրկին գաղթած, շուրջ 700 քմ հիւսիս-արեւմուտք եւ հաստատուած` Նոր Նախիջեւանի մէջ: ԱՆՈՆՔ 600 ՏԱՐԻ ՕՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՆԱՑԱԾ ԷԻՆ, այն աստիճան, որ Ռուսիոյ Տիմաշովկա գիւղի փարթամ կեանքը լքեցին ու իրենց համեստ հայկական գիւղը վերադարձան, որպէսզի իրենց զաւակները` Սիմոնը եւ Շուշանիկը հայկական վարժարան յաճախեն եւ հայ մեծնան:

Նոր Նախիջեւանը իր գիւղերով կարեւոր դեր ունեցած է հայութեան ազգային-մշակութային կեանքին մէջ, Վրացեանի կողքին, տալով նշանաւոր դէմքեր, ինչպէս` Միքայէլ Նալպանտեանը, Ռափայէլ Պատկանեանը (Գամառ Քաթիպա) Գաբրիէլ ու Քերովբէ Պատկանեանները, ակադեմիկոս,  ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը, Մարտիրոս Սարեանը, Ալեքսանդր Միասնիկեանը, Գէորգ Զ. կաթողիկոս Չէօրէքճեանը եւ ուրիշներ: Անոնց հայ մնալուն գաղտնիքը ի՞նչ էր: Ինչպէ՞ս 600 տարի հայկական լեռնաշխարհէն հեռու ապրելով` ՈՉ ԹԷ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ՄՆԱՑԻՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԶԱՐԳԱՑՈՒՑԻՆ:

Պատասխանը շատ յստակ է.

  1. Վրացեանին մօր եւ անոր նման բոլոր մայրերուն ու մեծ մայրերուն, հայրերուն եւ մեծ հայրերուն` իրենց զաւակներն ու թոռները հայ մեծցնելու, սերունդէ սերունդ ներքուստ մարմաջն ու ժառանգած աւանդն էր:
  2. Հայկական դպրոցն ու եկեղեցին էին, որ հայ ընտանիքին մէջ ծնածները հայու լեզուով, լեզուամտածողութեամբ, աւանդութիւններով, արժանիքներով եւ հաւատքով թրծեցին, կրթեցին:
7. Ռուզաննա Կարապետեան` Նոր Նախիջեւանի իր աշակերտներով, 2020: 8. Այլ դասարան մը` 2020-ին:

Ի՞նչ մնացած է Վրացեանի Նոր Նախիջեւանէն

Նոր Նախիջեւանի մէջ` Ռոստով, այժմ ունինք հայկական մեծ գաղութ, որ 2011-ին օժտուեցաւ Սուրբ Յարութիւն նորակառոյց (2005-ին սկսած) վեցերորդ եկեղեցիով, այժմ` Վրացեանին նշած եօթէն մէկ եկեղեցի նուազ: «Ազդակ»-ի 27 յունուար 2020-ի համարին մէջ Ռոստովի հայկական համայնքի ուսուցչուհի Ռուզաննա Կարապետեան կ՛ըսէ. «Սփիւռքում ամենամեծ մարտահրաւէրը հայ ինքնութեան կորուստն է» (5): Հարցազրոյցէն կը մէջբերեմ.

«Այսօր ալ կ՛ապրի Նոր Նախիջեւանի հայկական գաղութը: Կ՛ապրի իր մշակութային կեանքով` անցեալի ժառանգութիւնը պահպանելու, իր առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրով: Այդ նուիրեալներէն են համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Տիրան քհնյ. Աւագեանը, երէցկին Անուշ Գրիգորեանը, որոնց անխոնջ, անմնացորդ նուիրումին շնորհիւ կը գործեն` «Հայորդեաց տուն»-ը, «Զուարթնոց» պարային համոյթը, «Նախիջեւան» երգչախումբը, ՀԵԵՄ-ը եւ Հայկական դասարանը: Տիրան քհնյ. Աւագեանի նուիրական ջանքերով Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ կից վերաբացուեցաւ թիւ 14 վարժարանի Հայկական դասարանը: «Հայորդեաց տուն»-ին մէջ այսօր կ՛ուսանի շուրջ 300 աշակերտ: Երախտագիտութեամբ կրնանք ըսել, որ տէր հայրը կրցած է վերակազմել ազգային-հոգեւոր կեանքը` ստեղծելով փոքրիկ Հայաստան մը:

29 յունուար 2022
(Շար. 3)

(1)  Gorgin Khan: The Armenian Minister and Commander-in-chief of Nawab Mir Kasim of Bengal from 1760-1763, Mesrovb Jacob Seth, 1928:  https://books.google.com.lb/books/about/Gorgin_Khan.html?id=YkG5XwAACAAJ&redir_esc=y

(2)  http://thisweekinarmenianhistory.blogspot.com/2017/08/

(3) «Կեանքի ուղիներով», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, երրորդ տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարան, 2007, Պէյրութ, էջ 8-18:

(4)  https://lia.lvivcenter.org/en/objects/armenian-cathedral/

(5)  https://www.aztagdaily.com/archives/462381

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Հիմա՛

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?