Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմա՛

April 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Դուն այլեւս երէկին մէջ չե՛ս եւ ո՛չ ալ վաղն ես, այլ` հիմա՛: Այս վայրկեան ինչ որ քո՛ւկդ է, ներկան է: Ներկա՛ն քեզի է, ուրեմն արժեւորէ զայն: Անիկա այնպէս մը ճոխացուր, որ ո՛չ երէկը ազդէ քեզի եւ ոչ ալ վաղը մտահոգէ:

Հիմայի լաւագոյն դասը Անառակ որդիէն կը քաղենք, այսպէս. «Ելլեմ` երթամ հօրս քով… Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց» (Ղկ 15.18,20): Ան վաղը երթամ չըսաւ եւ ո՛չ ալ ուրիշ օրուան սպասեց, այլ` մտածելէն անմիջապէս ետք: Կրնայ ըլլալ յաջորդ օրուան յետաձգելը իրեն արգելքներ հանդիսանային:

Կեանքի մէջ ի՜նչ-ինչ ծրագիրներ ձախողած են, որովհետեւ «պիտի»-ով ծրագրուած են: Պիտի ընեմ, պիտի երթամ, պիտի փոխուիմ… սակայն այդ պիտին մնացած է լոկ մտածում կամ խօսք եւ ո՛չ գործ: Մեծութիւն ըլլալիք մարդիկ մնացած են նոյն տեղը` տեղքայլի մէջ, որովհետեւ դարձեալ պիտիով փորձած են ապրիլ: Միասնաբար սկսինք հիմային հաւատալ` ներկային:

Հիմա՛ է պահը Աստուծոյ վերադառնալու: Պահեցողութեան նպատակներէն մին ալ այս է: Աստուծոյ վերադառնալու մտածումդ նոյնինքն Իրմէ է, ուստի Աստուծոյ հրաւէրները յետաձգելի չեն: Հիման Աստուծմէ է, իսկ վաղն` չարէն: Պօղոս առաքեալ յստակօրէն կը յորդորէ մեզ` ըսելով. «Ահա հիմա՛ է այդ յարմար ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը» (Բ.Կր 6.2):

Սիրելի՛ ընթերցող, երբ դուն հարազատ մը կորսնցուցած ըլլաս նոյն վայրկեանին անոր վերադարձին չե՞ս սպասեր: Բնականաբար` այո՛: Նմանապէս Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին վերադարձը կը սպասէ: Ինչպէս որ փաթթուեցաւ Անառակ որդիին, նմանապէս պիտի փաթթուի մեզի եւ համբուրէ մեզ, եւ աւելի՛ն. պիտի հագցնէ լաւագոյն պատմուճանը ու պիտի անցընէ մատանի եւ տայ կօշիկ ոտքիդ (Հմմտ. Ղկ 15.22-23): Վերադառնա՛նք Անոր, քանզի Ան մեզ կը սպասէ:

Չկարծե՛նք, թէ աշխարհը մեզի օր մը լաւագոյն պատմուճան մը պիտի նուիրէ կամ մնայուն մատանի մը անցընէ: Երբե՛ք: Աշխարհը կու տայ, որովհետեւ անոր դիմաց սպասելիք մը, առնելիք մը կ՛ունենայ: Սակայն Աստուած ապաշխարութիւնդ կը սպասէ, որպէսզի քեզի յաւիտենական կեանքը տայ: Աստուած միա՛յն կու տայ եւ աւելին ու լաւագոյնը կու տայ:

Դուն լաւագոյնին արժանի ես, ուրեմն դուն Աստուծոյ վերադառնալու պէ՛տք ունիս: Դուն քեզ այդ պարգեւէն մի՛ զրկեր: Հիմա՛, ե՛լ եւ Տիրո՛ջ վերադարձիր, որովհետեւ հիմա Ան գրկաբաց քեզ կը սպասէ: Գնա՛ ու Տիրոջդ հետ փաթթուէ՛:

Անթիլիաս, 17 մարտ 2022

 

 

 

Նախորդը

2022 Սփիւռքի Տարի – Գ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր

Յաջորդը

Հայի Թմրած Հանճարը Պէտք Է Արթնանայ

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.