Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմ

April 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼ

«Ի՞նչ է պատերազմը», եթէ հարցնէք, քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտներ կրնան հանգամանօրէն բացատրել զայն, խօսիլ անոր տուն տուած պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին, անոր յաղթական թէ պարտեալ ելքին մասին, դաւադրութիւններու ու դաշինքներու մասին ու դեռ շատ ու շատ մանրամասնութիւններու վերլուծումներու մասին:

Բայց դուք կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ  ճիշդ ի՛նչ է պատերազմը…

Պատերազմը Բողբոջ դասարան յաճախող աղջնակի մը դպրոցական օրն էր, որ ընդհատուեցաւ իրեն համար անծանօթ, բայց մեծերուն յայտնի` սարսափազդու  ռումբի ձայներով, եւ որ յեղաշրջեց անոր կրթական ամբողջ կեանքը: Ան ստիպուեցաւ մինչեւ պատերազմի աւարտը «ժամանակաւոր կերպով» յաճախել իր թաղային դպրոցը… ուրկէ ալ ստացաւ իր աւարտական վկայականը…

Պատերազմը 5  տարեկան աղջկան մը սարսափահար դարձուցած անդադար ռմբակոծումն էր, որ այս անգամ եօթը օր անընդմէջ թիրախ ընտրած էր  Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերը… Ռմբակոծումի աւարտին,  մաղի մը նման ծակծկած անոր ընտանեկան ինքնաշարժն էր ու մանաւանդ` ռումբերու ուժգնութենէն ինքնաշարժէն դուրս թռած իր փշրուած միքի մաուսէ նոր ժամացոյցը…

Պատերազմը ընտանիքով երեք անգամ Կիպրոս ապաստանիլն էր, ու հակառակ հոն տիրող ապահովութեան ու անդորրութեան` իր մղձաւանջն էր… Պէյրութ դպրոցները վերաբացուած էին, իր ընկերները դպրոց կ՛երթային, բայց օդակայանը դեռ գոց էր … ինչպէ՞ս պիտի վերադառնային…

Պատանեկան տարիքին պատերազմը զինք իր առաջին սէրէն բաժնել սպառնացող անցարգելներն էին, ընտանիքով Այնճար ապաստանելով` իր սիրած տղայէն հեռանալն էր, անոր` հայկական թաղերու պաշտպանութեան առթած մտահոգութիւնն էր, մահուան վտանգը արհամարհելով` վիրաւոր հայորդիներ փոխադրելու ու միաժամանակ մեր շրջանները հաց հասցնելու համար գործածուող  անոր քշած հիւանդատար կառքին ճչակն էր…

Ու դեռ… պատերազմը վանող` մայրերու շրթներէն անդադար հնչող աղօթքներն էին, հայրերու` ձայնասփիւռի լուրերով մտահոգ նայուածքներն էին, արդէն իսկ փոքրիկ երկիրը մէկ երրորդի վերածած պատնէշներն էին, մթրեսի վերածուած աւազի տոպրակներն էին, օդանաւերէ արձակուող ռումբերն էին, թաղային կռիւներն էին, արձակազէններն էին… մահն էր, աւերն էր, պայթումն էր… առեւանգումն էր…

Ապաստանարաններու մութ ու խոնաւ անկիւններու մէջ կծկտած` պատանեկան  թուղթի խաղն ու ֆալն էին, կուտն էր ու թրմոսը, ու մեր  նուազագոյն ուրախութիւնը սանձող եւ այլեւս առօրեայ դարձած  բօթաբեր լուրերն էին…

Ռմբակոծումներու պատճառով ընդմիջուող, յետաձգուող ու ջնջուող բանակումն էր, ձիւնագնացութիւնն էր, խրախճանքն էր…

Խաղաղութեան հականիշն էր…

Ու երիտասարդ դարձած այդ աղջնակը երբ խաղաղութիւնը տեսաւ… կարծեց, որ ա՛լ պատերազմը աւարտած է… Շինարարութիւն էր ամէնուրեք, պատերազմի հետքերը տակաւ առ տակաւ կ՛ոչնչանային, առիթը կ՛ունենար 10452 քառ. քմ տարածութիւն ունեցող իր փոքրիկ ծննդավայրին արեւմտեան կողմն ալ այցելելու …

Շատերու նման, ան ալ  հաւատաց այս երկրի վրայ պարզուած ծիածանին, ու իր բոյնը շինեց…

Չէ՞ որ ա՛լ ռմբակոծում չկար, կրակոց չկար…

Թէեւ նաեւ ելեկտրականութիւն չկար, ջուր չկար, բայց գալիք օրերու յոյսը կար…

Ու սպասեց… սպասեց… սպասեց… ու տեսաւ, որ աւելի ու աւելի ելեկտրականութիւն չկայ, ջուր չկայ… փոխարէնը` նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը կայ… հիմա նաեւ տնտեսական կայունութիւն չկայ… պենզին չկայ, դեղ չկայ, ու այս անգամ… գալիք լաւ օրերու յոյսը կա՞յ…

Ուստի պատերազմ ու խաղաղութիւն եզրերը շփոթութեան մատնեցին այժմ երկու չափահաս զաւակներու մայր դարձած մեր աղջնակը, ու ան այլեւս չի գիտեր, ի՛նչն է պատերազմ եւ ի՛նչը` խաղաղութիւն…

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Թօթափել Պատրանքները

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.