Իրաւունք Եւ Պարտաւորութիւն` Երեսփոխանական Ընտրութեան Ճամբով
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամիս մը մնաց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Երեսփոխանական ընտրութիւնը ժողովրդավարութիւն կիրարկող երկիրներուն համար քաղաքացիներու կամքի արտայայտութեան ցուցանիշ է: Ընտրութեան միջոցով է, որ քաղաքացիները իրենց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային համոզումները գործադրելու ատակ ներկայացուցիչներով կը գոյացնեն ժողով մը, որ ճիշդ ու արդար ընտրութեան պարագային պէտք է դառնայ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքացիական հանրութեան մանրանկարը: Ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկումը յարաբերաբար դիւրին է այն երկիրներուն մէջ, որոնք...




















