Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ «Մեծանուն Հայեր. Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 125-Ամեակ» Նիւթով Նամականիշը
«Մեծանուն հայեր. Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակ» նիւթով նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ մեծանուն բանաստեղծին ձեռագիրներուն խորապատկերը: Նամականիշը, որուն վրայ նաեւ պատկերուած է «125 ԱՄԵԱԿ» գրառումը` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ապրիլ 4-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի ճեմասրահին մէջ:
Մարումը իրականացուցին` Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի պարտականութիւնները կատարող Դաւիթ Սահակեանը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեանը, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեանը եւ Ֆիլաթելիսթների հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը:
Դաւիթ Սահակեան ընդգծեց, որ մեծանուն բանաստեղծին գրական ժառանգութիւնը նուաճած է մեր ժողովուրդին սիրտը: «Հակառակ բոլոր փորձութիւններուն` Չարենց մնաց իր հայրենիքի պաշտպանութեան ազատամարտիկը, իր գրիչով պայքարեցաւ յանուն արդարութեան եւ հայրենասիրութեան: Չարենցի ձգած գրական ժառանգութիւնը, խորապէս ազգային ըլլալով, նաեւ համամարդկային արժէք է», նշեց Սահակեան եւ աւելցուց, թէ նամականիշը գիտելիքներու իւրօրինակ աղբիւր է, որ հատելով ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները` կը դառնայ մարդոց հոգեւոր ու մշակութային շփման միջոց:
Արա Խզմալեանի խօսքով, այսպիսի իւրօրինակ ձեւով անդրադառնալը հռչակաւոր մարդոց եւ իրադարձութիւններուն` եւս մէկ անգամ հանրային կարեւորութիւն կը տրուի անոնց: «Չարենց հայութեան գոյաբանական բարոմետրերէն մէկն է, կ՛ամփոփէ հայութեան ե՛ւ յոռետեսութիւնը, ե՛ւ հայրենասիրական վերելքները, ե՛ւ բառ ու բանը` բառիս ամենաբարձր իմաստով: Կը կարծեմ` ի՛նչ ալ ընելու ըլլանք, մենք դեռ Չարենցին մեր պարտքը տալու առիթներ կ՛ունենանք», շեշտեց փոխնախարարը:
«Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեան վստահ է, որ այս նամականիշով աւելի պիտի հանրահռչակեն բանաստեղծին անգնահատելի ժառանգութիւնը:
Հրապարակման օրը` 04 ապրիլ 2022
Ձեւաւորումը` Դաւիթ Տովլաթեանի
Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա
Չափերը` 30 x 40 մմ
Մէկ թերթի վրայ` 10 հ.
Տպաքանակը` 30 հազար հ.
Մարման արարողութեան յաջորդեց մեծ գրողին նուիրուած յոբելենական համերգը, որուն ընթացքին հնչեցին դասական երաժիշտներու սիրուած ստեղծագործութիւնները:
Դերասաններ` Արթուր Ութմազեան, Բաբգէն Չոպանեան, Սամսոն Ստեփանեան, Սամուէլ Թոփալեան եւ Մխիթար Աւետիսեան ներկայացուցին Չարենցի նամակներն ու բանաստեղծութիւնները: Համերգային կատարումներով հանդէս եկան Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ` Քրիսթինա Ոսկանեանի եւ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը:
Հաղորդենք, որ երեկոյի բեմադրողը Արամ Սուքիասեանն էր:
Աղաւնոյի Մէջ Մեծ Շուքով Նշեցին Ծաղկազարդը
Հայաստանէն Արցախ գացողները առաջին դիմաւորողը կ՛ըլլայ Աղաւնոյ գիւղը` Արիաւանը:
Աղաւնոն Արցախի այն հերոսական գիւղերէն է, որուն բնակիչները պատերազմի օրերուն հերոսաբար դիմադրեցին ու պաշտպանեցին գիւղը եւ առ այսօր կառչած են իրենց հողին, հակառակ անոր որ շրջապատուած են թշնամիներով, իսկ ժամանակ առ ժամանակ ստիպուած կ՛ըլլան հանդուրժելու նաեւ թշնամիին հերթափոխը:
Ապրիլ 10-ին, երբ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին նշեց Ծաղկազարդի տօնը, Աղաւնոն կրկին մարդաշատ էր: Ամէն տեղէ հիւրեր եկած էին` Ծաղկազարդը Աղաւնոյի մէջ նշելու: Այս առիթով գեղեցիկ եւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը կազմակերպած էին «Մշակութամէտ» անհատական նախաձեռնութեան կամաւորները:
Աղաւնոյի դպրոցի բակին մէջ բնակիչները ազգային տարատեսակ եւ համեղ ուտեստներով հիւրասիրութիւն պատրաստած էին իրենց հիւրերուն համար:
Ձեռնարկը սկսաւ Աղաւնոյ գետի ափին, ուր դպրոցի աշակերտներէն Նիքոլայը ներկաներուն պատմեց գիւղի ազատագրման եւ վերաբնակեցման պատմութիւնը, այնուհետեւ շրջելով գիւղի տարածքին` ներկաներուն ծանօթացուց գիւղին թաղամասերը, որոնք կը կրեն հերոսներու անունները:
Խորհրդանշական էր Մարաղայի ջարդերու օրը գտնուիլ Աղաւնոյի մէջ, որովհետեւ Աղաւնոյի ազատագրումէն ետք Մարաղայի ջարդերէն փրկուած հայերը հաստատուած են Աղաւնոյի մէջ:
Ներկաներուն ուռենիի ճիւղերով պսակներ բաժնելէ ետք դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած էր մշակութային ձեռնարկ մը` համեմուած ազգային երգ ու պարով, խաղերով եւ մրցոյթներով:
«Մշակութամէտ» նախաձեռնութեան անդամ Միրաբ Բաբայեան «Ապառաժ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ձեռնարկի կայացման միտքը նոր չէ ծագած, այլ մէկ տարիէն աւելի է, երբ այցելած են սահմանային գիւղեր:
«Մշակութամէտ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ մեր կամաւորները ամէն շաբաթ կ՛այցելեն ամէնէն հեռու գիւղերը, ուր մշակոյթի դասաւանդման կարելիութիւն չկայ, սակայն կը դասաւանդենք զայն, որովհետեւ մեր նպատակը սահմանամերձ գիւղերը սահմանապահ գիւղեր դարձնելն է: Հիմա արդէն նաեւ Արցախ կը գտնուինք, Աղաւնոյ գիւղի մէջ, եւ մեր երեք ուսուցիչները կամաւոր տեղափոխուեցան ու մէկ ամիսէն աւելի է, որ այստեղ են», ըսաւ Միրաբ Բաբայեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ նպատակ ունին մեր ազգային բոլոր տօներն ու ծէսերը վերականգնելու:
«Ասկէ առաջ Բարեկենդանը նշեցինք Տաւուշի մէջ, իսկ այսօր Ծաղկազարդը կը նշենք Աղաւնոյի մէջ եւ կը շարունակենք. սակայն այս ամէնուն հիմը հայկական մշակոյթի վերածնունդի ապահովումն է մատաղ սերունդին մէջ», նշեց ան:
Ապագային Արցախի մէջ կը սպասուին նաեւ այլ ծրագիրներ, սակայն Միրաբ Բաբայեան կը կարծէ, որ լաւ կ՛ըլլար, եթէ կառավարութեան հետ միասին իրականացուէին ծրագիրները, որովհետեւ այս պահուն բոլոր ծրագիրները կ՛իրականացուին կամաւորներու միջոցներով: Այս պահուն նախաձեռնութեան կ՛անդամակցին 100-է աւելի կամաւորներ:
Թշնամիին աչքին առջեւ հայկական մշակոյթի տարածումը Արցախի մէջ, մեր ազգային, եկեղեցական տօներու նշումը կը փաստէ, որ Արցախի մէջ կեանքը կը շարունակուի, եւ արցախցին հաւատարիմ է իր սկսած պայքարին, պատրաստակամ` հայկական պահելու սրբագործուած իր հողը եւ պայքարելով վաստակիլ այնտեղ ազատ ապրելու իր բնական իրաւունքը:
«36 Հազար Հայ` Ներքին Տեղահանուած». Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ–ի Տարեկան Զեկոյցը
Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցին անդրադարձ կատարուած է Էմնըսթի ինթըրնեշընըլի տարեկան զեկոյցին մէջ: Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յղելով 2021-ի սեպտեմբերին հրապարակուած Եւրոխորհուրդի զեկոյցը` նշած է, որ տասնեակ մը գերիներ կը շարունակեն մնալ անմարդկային պայմաններու մէջ եւ կ՛ենթարկուին արագացուած, անարդար դատավարութիւններու:
Յետպատերազմեան իրավիճակն ու հայ ռազմագերիները Էմնըսթի ինթըրնեշընըլի հրապարակած տարեկան զեկոյցին համաձայն, ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ ալ Ազրպէյճանը որեւէ յառաջընթաց արձանագրած են 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի այլ խախտումներ հետաքննելու ուղղութեամբ:
Էմնըսթի ինթըրնեշընըլի զեկոյցով քննադատած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները` ցարդ տասնեակ մը հայ գերիներ Պաքուի մէջ պահելու համար:
Թէ քանի՛ գերիի մասին է խօսքը, զեկոյցը չէ յստակեցուցած` նշելով միայն, որ նախորդ տարեվերջի դրութեամբ Ազրպէյճանի մէջ կը պահուէին աւելի քան 60 հայ գերիներ:
Տակաւին, 2021-ի սեպտեմբերին Եւրոխորհուրդը իր զեկոյցով մտահոգութիւն յայտնած էր «Տասնեակ մը հայ գերիներու` անմարդկային պայմաններու մէջ գտնուելուն եւ արագացուած, անարդար դատավարութիւններու ենթարկուելուն» փաստերու կապակցութեամբ:
Մէջբերելով Եւրոպայի խորհուրդի նախագահին խօսքերը, թէ գերիները վերադարձնելու դիմաց Երեւանը Պաքուին փոխանցած է ականապատ դաշտերու քարտէսներ, որոնց ճշգրտութիւնը Ազրպէյճանը կը վիճարկէ, զեկոյցը կը պնդէ, որ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ «հայկական կողմի տեղադրած ականներուն պատճառով» զոհուած կամ վիրաւորուած է աւելի քան հարիւր մարդ:
Տեղահանուած արցախցիներու հարցերուն վերաբերեալ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը արձանագրած է, որ պատերազմէն ետք փախստականներուն մեծ մասը վերադարձած է Ստեփանակերտ եւ Լեռնային Ղարաբաղի` հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ մնացած այլ տարածքներ, բայց այդ մարդիկը կը շարունակեն բախիլ կրթական, առողջապահական եւ կենցաղային տարբեր հարցերու:
«Մօտաւորապէս 36 հազար հայ կը շարունակէ ըլլալ ներքին տեղահանուած: Անոնցմէ 24 հազարը` երկարաժամկէտ, որովհետեւ իր տունը ձգած է այն տարածքներուն մէջ, որոնք այժմ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին», ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Անդրադառնալով ներհայաստանեան իրավիճակին` միջազգային կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ իշխանութիւններուն ջանքերով խօսքի ազատութիւնը կը շարունակէ սահմանափակուիլ Հայաստանի մէջ:
«Նախորդ տարուան մարտին Ազգային ժողովը բարձրացուց վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան համար նախատեսուած տուգանքի վերին շեմը` հասցնելով 6 միլիոն դրամի (մօտ 12 հազար տոլար): Օգոստոսին քրէականացուեցաւ հանրային գործիչներու վիրաւորանք հասցնելը»:
Զեկոյցին համաձայն, 2021-ին բողոքի ցոյցերն ու հանրահաւաքները Հայաստանի մէջ մեծ մասամբ արտօնուած եղած են` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ տարեսկիզբին գործադիրը ջնջած էր համավարակի պատճառով եւ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով ընդունուած սահմանափակումները, ինչպէս` հաւաքներու իրականացումը:
Էմնըսթի ինթըրնեշընըլի ընդգծած է, որ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնն ու իրաւապահ այլ մարմիններ ձախողած են պատերազմէն ետք շարք մը ՀԿ-ներու եւ լրագրողներու դէմ կազմակերպուած յարձակումներուն վերաբերեալ արդիւնաւէտ հետաքննութեան իրականացման գործին մէջ:
Բացայայտելով Հայկական Ինքնութիւնը. Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է «Դրուագներ Ինքնութեան. Զարդ» Ցուցադրութեան
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Դրուագներ ինքնութեան. Զարդ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը: Լայն հանրութեան համար այն բաց է ապրիլ 7-էն: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:
Ցուցահանդէսին մէջ ներառուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հաւաքածուէն ընտրուած 18-20-րդ դարերու զարդեր` ապարանջաններ, վզնոցներ, գօտիներ, գլխազարդեր եւ այլն, ինչպէս նաեւ` հայ վարպետներու աշխատանքային գործիքներ ու ազգագրական լուսանկարներ, տարազային համալիրներ:
Ցուցահանդէսը տակաւին անցեալ տարի կազմակերպուած «Դրուագներ ինքնութեան» շարքի հերթական մասն է: Այս շարքը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ նաեւ զարդարուեստի միջոցով պատկերացում կազմելու հայ ինքնութեան մասին հասարակական տարբեր շերտերու եւ մակարդակներու մէջ: Զարդերը` իբրեւ մշակութային երեւոյթ, իրենց խորհրդանշական եւ ներկայացուցչական առանձնայատկութիւններով կարեւոր դեր կը կատարեն ազգային մշակոյթի պահպանման եւ հանրահռչակման գործին մէջ եւ ցոյց կու տան ազգային գեղագիտական ընկալումները, զգացողութիւնը, ճաշակն ու ոճը:
Ցուցահանդէսին նպատակն է բացայայտել եւ ներկայացնել, թէ հայերը ինչպէ՛ս եւ ինչպիսի՛ զարդեր կը կրեն, ի՜նչ իմաստ եւ նշանակութիւն ունեցած են անոնք, ինչպէ՛ս տարածուած են հայկական զարդերը այլ երկիրներու մէջ, նաեւ ժամանակակից հայ վարպետներու ուշադրութիւնը հրաւիրել ազգային արուեստի ակունքներուն:
Ցուցահանդէսին համար հիմք ծառայած է թանգարանի աշխատակից Աստղիկ Իսրայէլեանի գիտական պատկերագիրքը, որ վերջերս լոյս տեսած է:
«Այս, նաեւ` իւրօրինակ հաղորդագրութեամբ, հետաքրքրական նուէր է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին` անցեալէն դէպի ներկայ շատ երեւոյթներու նորովի նայելու, արժեւորելու առումով», նշած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը:
Ան իրազեկած է, որ գրեթէ ամէն շաբաթ թանգարանը կը հրաւիրէ բանախօս, որ ընթացիկ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կը բացայայտէ որոշակի շերտեր` նոր դիտանկիւնէ ներկայացնելով տուեալ դարաշրջանն ու ցուցադրուող նմուշները:
Տեղեկացնենք, որ «Դրուագներ ինքնութեան» շարքի աւանդոյթը պիտի շարունակուի նաեւ այլ ցուցադրութիւններով:
NVIDIA Ընկերութիւնը Հայաստանի Մէջ Կեդրոն Կը Հիմնէ
Համաշխարհային բարձր արհեստագիտութեան առաջատարներէն` NVIDIA ընկերութիւնը, գիտական հետազօտական կեդրոն մը կը հիմնէ Հայաստանի մէջ: Այս մասին յայտնեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան:
2019-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց NVIDIA ընկերութեան կեդրոնատեղին` Սիլիքըն Հովիտին մէջ, ուր ընկերութեան հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Ճենսըն Հուանկի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեց կարելի համագործակցութիւնը NVIDIA-ի հետ:
«Այսօր ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ NVIDIA-ն կու գայ Հայաստան: Աշխարհի առաջատար արհեստագիտական հսկաներէն մէկը, որ ունի 27 միլիառ տոլար տարեկան շրջանառութիւն եւ աւելի քան 20 հազար աշխատակից ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կը բանայ իր նոր գրասենեակին դռները Երեւանի մէջ: Հայաստանեան մասնաճիւղը պիտի ղեկավարէ Ռեւ Լեբարեդեանը` Omniverse-ի եւ ձեւացումի արհեստագիտութիւններու ուղղութեամբ ընկերութեան փոխնախագահը: 1999-ին NVIDIA-ի GPU-ի գիւտը խթանեց համակարգչային խաղերու շուկայի աճը եւ վերաիմաստաւորեց ժամանակակից համակարգչային գծանկարչութիւնը: Ընկերութեան աշխատանքը արագացուած հաշուարկներու եւ արհեստական բանականութեան ոլորտի մէջ կը վերափոխէ փոխադրական միջոցները, առողջապահութիւնը եւ արտադրութիւնը եւ կը խթանէ բազմաթիւ այլ ոլորտներու զարգացումը: «NVIDIA, բարի գալուստ Հայաստան», «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ գրած է Յակոբ Արշակեան: