Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՋԱՀ-իՆ ՋԱՀԸ` Երիտասարդներուն

April 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներու Լիբանան վեցօրեայ կեցութեան, շրջագայութեան եւ ելոյթներու կազմակերպումին ի տես` չես կրնար չյուզուիլ եւ յոյսով չներշնչուիլ:

Վերջին շաբաթներուն մեր գաղութին մէջ ոգեշնչող եռուզեռ մը տիրեց: Մարդիկ ձեւով մը զօրաշարժի ենթարկուեցան, երբ յայտարարուեցաւ, որ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ, ՋԱՀ-ի (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը հրաւիրած է Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթներ պիտի ունենան զանազան շրջաններու, հայկական դպրոցներու եւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նախ` հրաշալի է տեսիլքը, գաղափարը, ապա այդ գործնականացնելու հաւատքն ու հաստատակամութիւնը` քիփլինկեան ոգիով.

«…Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի:
…
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ»

(Թրգմ. Մ. Իշխան)

Նոյնպէս հրաշալի է իսկական խմբային աշխատանքը, որուն մաս կազմեցին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Զարեհեան դպրեվանքը, Ազգային առաջնորդարանը, հայկական դպրոցներու տնօրէնները, ուսուցիչները, աշակերտները, արցախցի պատանիները իրենց տուներուն մէջ հիւրընկալող գուրգուրոտ ընտանիքները, զանազան նուէրներ տրամադրող առատաձեռն հաստատութիւնները, վաճառատուները, անհատները, ճոխ սեղաններ սարքող հայկական ճաշարանները, դրամական նուէրներ յատկացնողները, չմոռնալով անոնք, որոնք աշխատանքի չկանչուելու պատճառով նեղուեցան, բայց օժանդակեցին:

Մեծապէս գնահատելի է այս առաքելութիւնը անվարան եւ ամբողջութեամբ վստահիլը  յանձնախումբի մը` բաղկացած գործուն երիտասարդներէ, անշուշտ` բացի մայեսթրօ Զաքարէն, որ երդում տուած է պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ միշտ ըլլալ եւ չափահաս երիտասարդ մնալ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կազմակերպական Ապակեդրոնացումը Ծուռ Հայելիներու Մէջ

Յաջորդը

Մալուիններ, Պատերազմը Եւ Դատը. Այնքան Հեռու Եւ Այնքան Մօտ (Արցախին Արարատին…)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.