Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Կազմակերպական Ապակեդրոնացումը Ծուռ Հայելիներու Մէջ

Ապրիլ 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Դաշնակցականութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, նոյն հարթութեան վրայ գտնուող երեք բաղադրիչներով` Երդումը, Ծրագիրը եւ Կանոնագիրը: Իւրաքանչիւր փորձ, որ կը միտի զանոնք իրարմէ անջատել կամ մէկուն միւսէն աւելի նախապատուութիւն տալ, դաշնակցականութեան աղաւաղում է: Դաշնակցականի երդումը բոլորը զիրար կը շաղկապէ` իբրեւ խոստում «միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅԴ Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն»:

Կանոնագրային տրամադրութիւններու լոյսին տակ, մեծ առաւելութիւն է կազմակերպական ապակեդրոնացումով գործելու եղանակը, սակայն միշտ զայն պէտք է ընկալել գաղափարական կեդրոնացումին կցուած: Իսկ գաղափարական կեդրոնացումը կը նշանակէ նոյն սկզբունքներուն հաւատալ եւ նոյն ռազմավարական մեկնակէտն ու հայեցակարգը ընդունիլ: Գաղափարական կեդրոնացումի սահմանումն ու նշաձողը յստակօրէն տեղադրուած են երդման տառին ու ոգիին մէջ, Ծրագրին ու որոշումներուն հաւատարիմ ըլլալու ձեւակերպումով: Գաղափարական կեդրոնացումն է, որ Դաշնակցութեան տարբեր պայմաններու տակ ու միջավայրերու մէջ գործող միաւորներուն կու տայ նոյն կազմակերպութեան պատկանելու դիմագիծ, այլապէս արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ ՀՅ  Դաշնակցութեան անուան տակ ձեւաւորուած տարբեր կուսակցութիւններ կազմուին, որոնք տարբեր բաներու կը հաւատան եւ տարբեր սկզբունքներ ունին:

Կազմակերպական ապակեդրոնացումը, սակայն, ՀՅԴ կանոնագրային այն սկզբունքներէն է, որ եթէ ոչ չարաշահուած, բայց գոնէ` թիւր ձեւով մեկնաբանուած ու ծուռ հայելիի մէջ մատուցուած կէտերէն մէկն է: Երբեմն, սխալ մեկնաբանութեամբ, կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը տարուի բացարձակութեան, աւելի յաճախ ալ` անիշխանականութեան: Երկու պարագաներուն ալ դաշնակցականութիւնը մասնատուած ձեւով ընկալելու, կազմակերպական ապակեդրոնացումը գաղափարական կեդրոնացումէն եւ երդումէն անջատ մեկնաբանելու սխալ ընթացքով:

Ոմանք կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը մեկնաբանեն, այնպէս, որ իրենց իրաւունք կու տայ իրենց ղեկավարութեան յանձնուած շրջանին մէջ իրենց ուզածը ընել, եւ գերադաս մարմինները իրաւունք չունենան միջամտելու: Այստեղ միտումնաւոր կամ անգիտակցաբար մոռացութեան կը տրուի այն հանգամանքը, որ կազմակերպական ապակեդրոնացումով ընձեռուած գործելակերպային ազատութիւնը չի կրնար հակասել Ծրագիրով ու Ընդհանուր ժողովներու որոշումներով ձեւաւորուած գաղափարական կեդրոնացումին եւ երդման մէջ ընդգծուած` որոշումներուն հաւատարիմ ըլլալու յանձնառութեան: Կազմակերպական ապակեդրոնացումը միջոցներու յարմար ընտրութիւն կատարելու ազատութիւնն է եւ ոչ թէ` ռազմավարական պահանջներն ու որոշումները կատարելու կամ չկատարելու անիշխանականութիւն: Աւելին. այն նոյնիսկ առիթ չի տար ըստ ճաշակի որոշումներուն մէկ մասը կատարելու, իսկ միւս մասը` չկատարելու:

Կազմակերպական ապակեդրոնացման միւս ծուռ մեկնաբանութիւնը այն է, որ ոմանք կը մտածեն, թէ այնքան ատեն որ հարցը կը վերաբերի իրենց ղեկավարման յանձնուած շրջանին, ուրեմն իրենք բացարձակ ազատութիւնը ունին որոշումներ տալու` առանց նուազագոյն խորհրդակցութեան առիթ ստեղծելու: Բայց պէտք է գիտակցիլ, որ մանաւանդ քաղաքական կեանքին մէջ խնդիրներն ու յարաբերութիւնները շատ փոխշաղկապուած են: Ուստի, եթէ աշխարհաքաղաքական տարածքի մը մէջ տրուած որոշում մը իր հետեւանքներով դուրս կրնայ գալ տուեալ տարածքի սահմաններէն, կարելի չէ կազմակերպական ապակեդրոնացումը բացարձակութեան տանիլ եւ անտեսել այլ շրջանի մէջ խնդիրներ յառաջացնող հաւանական հետեւանքները: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ընկալել, որ նման պարագաներուն միշտ կարիք կայ խորհրդակցութեան ու համադրման: Այլապէս, ՀՅԴ գործելակերպային մեծ առաւելութիւն նկատուող կազմակերպական ապակեդրոնացումը կը տարուի բացարձակութեան, որ տեղ մը կառուցելու միտումով տրուած որոշում մը այլ տեղ մը կրնայ վնասել:

Անհրաժեշտ է, ուրեմն, դաշնակցականութիւնը ընկալել իր ամբողջութեան մէջ եւ չփորձել զայն մասնատել ու ըստ ճաշակի մեկնաբանել եւ կիրարկել: Ի վերջոյ, Ա. Ընդհանուր ժողովին տուած պատգամը միշտ ուժի մէջ է. «Յեղափոխական գործի մէջ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր չի կրնար ըլլալ, այլ միմիայն` բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր»:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

ՋԱՀ-իՆ ՋԱՀԸ` Երիտասարդներուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?