Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը
Ա. Ա. Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւնները բնաւ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր: Մինչ ազրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն իր հռետորաբանութեան դարձեալ թափ տուած է` յայտարարելով, որ Հայաստան պէտք է նոր իրողութիւններուն ճիշդ գնահատականներ տայ, հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ տիրական է խոր տարակարծութիւնը, ինչ կը վերաբերի Հայաստան - Ազրպէյճան բանակցութիւններուն օրակարգին եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին, որ տագնապին էութիւնն է: Ընդհանուր իրավիճակին լոյսին...



















