Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
1960-ականներու ընթացքին Ալքատրազի բանտը մոլորակի ամէնէն մեկուսացուած եւ ամէնէն հեռաւոր բանտի համբաւը ունէր: Կղզիին դիրքը անկարելի կը դարձնէր փախչիլը: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին 36 բանտարկեալներ փորձած են փախչիլ, բայց անոնցմէ ոչ ոք ողջ մնացած կամ յաջողած է:
Բայց 1962 թուականի յունիսին այդպէս չէր:
Երեք բանտարկեալներ փորձեցին դուրս գալ «Ժայռէն»` ցատկելով Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի տխրահռչակ պաղ ջուրերը: Անոնք այլեւս չտեսնուեցան, եւ ոչ ոք գիտէր, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, մինչեւ` 2018 թուականի յունուարը, երբ ոստիկանութիւնը խորհրդաւոր նամակ մը ստացաւ…
Ալքատրազը այն վայրն է, ուր կ՛ուղարկուէին ամէնէն վատերէն վատագոյնները: Խիստ հսկողութեամբ բանտ էր, որ նախատեսուած էր ամէնէն հռչակաւոր յանցագործները եւ այլ մարդիկ հեռու պահելու համար:
Երեք բանտարկեալներ յաջողած են ձեւով մը խուսափիլ այնտեղի անվտանգութեան արդիական համակարգէն: Այս փախուստը մտած է ամերիկեան պատմութեան մէջ` որպէս ամէնէն յայտնի չբացայայտուած յանցագործութիւն: Բանտին պաշտօնեաները կը կարծեն, որ անոնք խեղդուած են, սակայն կան յուշեր, որոնք ցոյց կու տան, որ անոնք իրականութեան մէջ ողջ մնացած եւ փախած են:
2018 թուականին նամակ մը ստիպեց «Էֆ.Պ.ի Այ.»-ին` այս հետաքննութիւնը վերաբանալ:
Ֆրանք Լի Մորիս համբաւ շահած է որպէս շատ խելացի: 11 տարեկանին ան որբացած է եւ սկսած է մէկ որբանոցէն միւսը տեղափոխուիլ: Այդ տարիներուն ան սորված է անկախութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Այդուհանդերձ, ան դժուարութիւններու մէջ մտնելու հակում ունէր: Երբ 13 տարեկան էր, ան առաջին անգամ դատապարտուեցաւ յանցագործութեան համար:
Հակառակ ամէն բանի, ոչ ոք կրնար կանխատեսել, որ ան կ’ըլլայ Ալքատրազի բանտէն փախուստի ամէնէն մեծ փորձին ետին կանգնած միտքը:
Երբ ան մեծցաւ, շարունակեց մասնակցիլ յանցաւոր գործունէութեան: Ան որոշ ժամանակ անցուցած է ամբողջ երկրի բանտերուն մէջ, նոյնիսկ յայտնուած է Լուիզիանայի «Հարաւի Ալքատրազ»-ի մէջ: Կողոպուտի համար ան տասը տարի բանտարկութեան վճիռ ստացած է, բայց քանի մը տարիէն փախած է բանտէն, սակայն տարի մը ետք ոստիկանութիւնը զայն կրկին ձերբակալած է եւ …այս անգամ զայն տարած են Ալքատրազ:
Մորիս գիտէր, որ բանտէն առանձին խոյս տալը անկարելի էր: Ան պէտք էր խումբ գտնէր, որպէսզի օգնէր իրեն այս գործին մէջ: Երբ ան հասաւ «Ժայռ», անոր միացան Ալեն Վեսթ, ճոն եւ Քլարընս Անկլինները: Անկլի եղբայրները եկած էին Ճորճիայէն, բայց մեծցած` Ֆլորիտայի մէջ: Անոնց ընտանիքը երկրագործական աշխատանքով կը զբաղէր, ուր որ գործ գտնէր:
Ճոն եւ Քլարենս իրենց փոքր տարիքէն սերտօրէն իրարու կապուած էին: Անոնց ընտանիքը աշխատանքի համար յաճախ կ՛երթար Միշիկան, ուր երկու եղբայրները կը սիրէին լողալ լիճին մէջ եւ կը զարգացնէին լողալու բացառիկ հմտութիւններ: Արդեօ՞ք անոնք գիտէին, որ այս ունակութիւնները ապագային կարեւոր պիտի ըլլան: Երկուքն ալ միասնաբար սկսան դրամատուներ կողոպտել, երբ անոնք արդէն քսան տարեկան էին: Անոնք ձերբակալուած են 1956 թուականին եւ արգելափակուած են Աթլանթայի բանտին մէջ, ուրկէ բազմիցս փորձած են փախչիլ: Ի վերջոյ, պատասխանատուները մտածեցին, որ զանոնք աւելի լաւ է Ալքատրազի պէս բանտի մը մէջ պահել: Հոս է, որ եղբայրները բարեկամացան Ֆրանք Լի Մորիսի եւ Ալեն Վեսթի հետ: Անոնք չորսն ալ բանտերէ նախապէս փախած էին, կամ փորձած էին փախչիլ: Անոնք միացուցին իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները եւ սկսան ծրագիր մշակել` աներեւակայելին ընելու համար: Անոնք պիտի փախչէին Ալքատրազէն:
Ծրագիրը բարդ չէր, բայց կրնայի՞ն անոնք ատիկա իրականացնել: Կատարեալ համակարգ մը անհրաժեշտ էր, եթէ կ՛ուզէին այս աշխատանքը կատարել:
Առաջին անգամը չէր, որ բանտարկեալները կը փորձէին փախչիլ: Իրականութեան մէջ անոնցմէ առաջ աւելի քան 30 անձեր փորձած են փախչիլ «Ժայռ»-էն: Անոնցմէ ոչ ոք յաջողած է:
Խումբին չորս անդամներն ալ որոշ ժամանակ բանտարկուած էին Լուիզիանայի «Հարաւի Ալքատրազ»-ի մէջ: Հնարաւոր էր, որ անոնք զիրար արդէն նախապէս կը ճանչնային: Անոնք բախտաւոր էին, որ «Ժայռ»-ին մէջ իրենց բանտի խուցերը դրկից էին: Ասիկա օգնեց, որ աւելի դիւրանայ ծրագրելը:
Կրնայի՞ն անոնք այդքան մեծ բան մը ընել:
Այդ օրերուն Ալքատրազը, բանտ ըլլալէ բացի, գործարան էր: Բանտարկեալներուն տրուած պատիժները կը ներառէին աշխատանք: Այս է պատճառը, որ այն ժամանակ անոնց մատչելի էին շարք մը նիւթեր: Ալքատրազի բանտարկեալները այն ժամանակ կահոյք, կօշիկներ եւ հագուստ կը պատրաստէին Միացեալ Նահանգներու բանակին համար: Խումբը կազմուած էր ոչ ոճրագործ անձերէ, եւ այս հազուադէպ կը նկատուի Ալքատրազի մէջ: Այս իր կարգին կարելիութիւն տուաւ, որ անոնք աւելի նուազ կասկածելի նկատուին, քան` միւսները:
Անոնք սկսան ծրագիրը կամաց-կամաց կեանքի կոչել: Դժուար էր, բայց անոնք շատ լաւ ծրագիր ունէին: Անոնք ոչ միայն կը ծրագրէին փախչիլ այս ամրոցէն, այլ կ՛ուզէին իրենց փոխարէն խամաճիկներ ձգել: Ալքատրազէն փախչիլը բաւարար չէր, քանի որ անոնք պէտք էր ճամբայ գտնէին կղզիէն հեռանալու: Տակաւին այն ժամանակ բանտի պահակներուն յանձնարարուած էր կրակել տեղւոյն վրայ:
Ինչպէս կը տեսնենք, մարդիկը գիտէին, թէ ի՛նչ կացութեան մէջ են:
Խումբին անդամները տարբեր աշխատանք ստանձնած են: Այդուհանդերձ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք էր ելք մը փնտռէր խուցերէն դուրս գալու համար, երբ փախչելու ժամանակը հասնէր: Անկլին եղբայրները պէտք էր պատրաստէին կեղծ գլուխներ, որոնք անոնք պիտի ձգէին իրենց անկողինին մէջ: Ատոնք կը պատրաստուէին գրեթէ արտաքնոցի թուղթէ, օճառի մոմէ եւ իսկական մարդու մազերէ բանտի սափրատունէն: Մորիս պատասխանատու էր ձեռնադաշնակի նման գործիք ստեղծելու համար, որ կրնար օդ փչել լաստանաւին եւ փրկարար բաճկոններուն:
Խումբը պէտք էր միասին աշխատէր ստեղծելու համար գործիքներ որոնք անոնք կրնային գործածել խուցերէն դուրս ելլելու եւ օդանցքներու պտուտակները քակելու համար: Անոնք կը պատրաստէին բանալիներ եւ գործիքներ, այնպիսի իրերէ, ինչպիսիք են ճաշարանի դգալները եւ արհեստանոցի փայտը: Ամէն օր անոնք կ՛աշխատէին 5:30-էն մինչեւ երեկոյեան 9-ը: Անոնք իրենց խուցերուն մէջ բացին անցքեր, որոնց մէջէն կրնային դուրս գալ: Անոնք նոյնպէս հանեցին բանտի խուցերու օդանցքները եւ աւելի մեծցուցին անցքերը:
Բախտը օգնեց անոնց, քանի որ բանտը շատ վատ վիճակի մէջ էր այն ժամանակ: Պատերը մաշած էին եւ փխրուն: Խողովակներւն մէջէն հոսող աղի ջուրը ժամանակի ընթացքին դուրս հոսած եւ քայքայած էր պատերը: Աղը ի վերջոյ մաշեցուցած էր շաղախը: Բանտին իշխանութիւնները ջուրը տաք կը պահէին, որպէսզի բանտարկեալները դիմադրողականութիւն չունենան Սան Ֆրանսիսքոյի սառած ծոցի ցուրտ ջերմաստիճանի նկատմամբ:
Բայց ինչպէ՞ս կարողացան այդ ընել` առանց ոչ ոքի ուշադրութիւնը գրաւելու:
Ըստ երեւոյթին, բանտարկեալները օգտագործած են բանտային բարեփոխումները ի շահ իրենց: 60-ականներուն բանտարկեալներուն կ՛արտօնէին ամէն օր ժամ մը երաժշտութիւն ունկնդրել: Դժուար էր բան մը լսել այդ ընթացքին տեղի ունեցած աններդաշնակութեան մէջ: Մորիս ձեռնադաշնակը բարձր կը նուագէր, որպէսզի ծածկէ պատերը փորելու ձայնը: Անոնք ի վերջոյ գիտցան, որ խուցերուն ետին կայ չհսկուող միջանցք մը:
Այս միջանցքը անպաշտպան էր եւ ունէր սովորական ձողեր: Եթէ բանտարկեալները այնքան լայն անցքեր բանային, որ ներս մտնեն, անոնք կը կարողանային մինչեւ տանիք բարձրանալ: Ատկէ ետք անոնք պարզապէս պէտք էր յուսային լաւագոյնը: Անոնք ստիպուած էին քանդել տանիքի մուտքը, որ ի զարմանս իրենց` փակուած էր միայն շաղախով:
Մորիս եւ Անկլին եղբայրները յաջողեցան քանդել իրենց բանտի խուցերուն պատերը մինչեւ 1962 թուական: Անձրեւանոցները սոսնձելով եւ կարելով` անոնք ստեղծած են լաստանաւ եւ փրկարար բաճկոններ: Այս բաներուն համար անոնք գործածած են աւելի քան 50 անձրեւանոց: Այս բաները կարեւոր էին, եթէ կ՛ուզէին Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի պաղ ջուրերուն մէջ գոյատեւել:
Խումբը պատրաստ էր, ուրեմն անոնք միայն պիտի սպասէին յարմար պահու մը` իրենց փախուստը կատարելու համար:
1962 թուականի յունիսին անոնք ազդանշան ստացած են իրականացնելու ծրագիրը, սակայն այն չէ անցած այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր:
11 յունիս 1962 թուական: Ոչ ոք կը սպասէր պատահելիքը:
Անոնք անձկութեամբ կը սպասէին, որ լոյսերը մարին նախքան սկսիլը: Կրնայի՞ն անոնք իսկապէս փախչիլ «Ժայռ»-էն: Անոնք գիտէին վտանգները, բայց չէին վախնար : Եթէ այս պիտի ըլլար այն, որ անհրաժեշտ է փախչելու համար, այդպէս ալ թող ըլլար: Անոնց սրտերը կը բաբախէին Ալքատրազէն դուրս գալու միտքէն: Երբ լոյսերը վերջապէս մարեցան, անոնք դրին իրենց կեղծամները եւ սկսան անցքերէն դուրս գալ:
Անկլին եղբայրները եւ Մորիս յաջողեցան դիւրաւ դուրս գալ խուցերէն: Սակայն Ալեն Վեսթը չկարողացաւ: Ան միւսներուն ըսաւ, որ հաւանաբար սխալ հաշուած է իր անցքին չափը: Ֆրենք Լի Մորիս օգնեց անոր ընդարձակել անցքը միւս կողմէն: Բայց կարելի չեղաւ: Ժամը 9:30-ին որոշեցին, որ միակ ընելիքը զայն հոն ձգելն է:
Անշուշտ անոնց համար դժուար էր այսքան երկար աշխատելէ ետք Վեսթը լքել: Անոնք շատ տարբերակներ չունէին: Չէին ուզեր վտանգի ենթարկուիլ, պահակներու ուշադրութիւնը գրաւել` աղմուկ բարձրացնելով: Վեսթ ստիպուած` պիտի զոհուէր խումբին համար: Միւս երեքը սկսան մագլցիլ դէպի տանիք: Օգտագործելով միջանցքի խողովակները` անոնք բարձրացան շուրջ 20 մեթր եւ դուրս եկան ծխնելոյզէն:
Երեք անձերուն համար տանիք բարձրանալը բաւական դիւրին էր: Ատկէ ետք յառաջացան շուրջ 30 մեթր` իջնելը սկսելու համար: Շուրջ քսան մեթր իջնելէ ետք հասան գետին, գաղտագողի անցան պահակներուն մօտէն, ապա վերջապէս` ափ, ուր օդով լեցուցին փրկարար բաճկոններն ու լաստանաւը: Ժամը 9:30-ին անոնք սկսան նաւարկել:
Այդ օրէն ետք զանոնք այլեւս ոչ ոք տեսած է:
Բանտի ղեկավարութիւնը միայն յաջորդ առաւօտեան նկատեց, որ անոնք կը բացակայէին: Բոլոր բանտարկեալները արթնցան ձայնային ազդանշաններէն: Բոլորը շփոթած էին, որովհետեւ չէին մտածեր, որ ոեւէ մէկը կը փորձէ փախչիլ: Կը կարծէին, որ այդ անկարելի է:
Յետոյ պարզեցին, որ երեք անձերը յաջողած են ընել անկարելին:
Ալեն Վեսթ, ըստ երեւոյթին, անձնատուր չէ եղած: Ան շարունակած է անցքը լայնցնել, որպէսզի անցնի: Ան յաջողած է: Ոգեւորուած` փորձած է հասնիլ միւսներուն ետեւէն: Երբ հասած է ափ, ընկերները արդէն չկային: Ան ո՛չ լաստ ունէր, ո՛չ ալ օգնական: Ան ունէր երկու ընտրութիւն` լողալ կամ վերադառնալ իր խուցը:
Ան ուշքի եկաւ եւ որոշում տուաւ պարզապէս վերադառնալ իր խուցը: Ան գիտէր, որ առաւօտեան կը բացայայտեն փախուստը: Իշխանութիւնները խուզարկեցին բանտի իւրաքանչիւր թիզ, երբ անոնք ահազանգեցին յաջորդ առաւօտեան:
Վեսթ այլընտրանք չունէր, քան` անոնց հետ գործակցիլ: Ան ըսաւ այն, որ գիտեր, բայց յայտնի չէ, թէ իրականութեան մէջ ամէն բան յայտնա՞ծ է: Ան ըսաւ, որ կը ծրագրեն երթալ Անճըլ կղզի, ինքնաշարժ գողնալ, հագուստ առնել եւ իրարմէ բաժնուիլ:
Ոստիկանութիւնը Անճըլ կղզիին մէջ յառաջիկայ 12 օրերուն անհետացած կամ գողցուած ինքնաշարժներ չէ արձանագրած: Այս կը նշանակէ, որ Վեսթ ստած է անոնց, կամ ընկերները այլ տեղ մեկնած են` փոխելով իրենց ծրագիրները:
Խոստովանութեան ժամանակ Վեսթ ըսած է, որ մասնակցած է փախուստի ծրագիր մշակելուն: Իշխանութիւնները դիմած են Էֆ.Պի. Այ.-ի օգնութեան, որ հետաքննութիւն սկսաւ` պարզելու, թէ արդեօք բանտարկեալները ողջ մնացա՞ծ են:
Ոչինչ յայտնաբերուեցաւ:
Էֆ.Պի.Այ. վերջապէս փակեց հետաքննությունը 17 տարի ետք: 1997 թուականի 31 դեկտեմբերին անոնք եկան այն եզրակացութեան, որ երեք տղամարդիկ խեղդուած են Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցին մէջ:
2018-ի յունուարին Ալքատրազէն յայտնի փախուստը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ գլխաւոր լուրերու մէջ: Էֆ.Պի.Այ յայտարարած է գործը վերաբանալու իր ծրագիրի մասին: Ինչո՞ւ որոշեցին հնարաւորութիւն մը եւս տալ: Անոնք նոր ապացոյցներ ստացած են:
2013 թուականին Սան Ֆրանսիսքոյի ոստիկանական բաժանմունքը նամակ մը ստացած է անձէ մը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք Ճոն Անկլինն է: Ոչ ոք գիտէ, թէ ինչո՛ւ այդ նամակին մասին յայտնեցին միայն 5 տարի ետք:
Նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Իմ անունս Ճոն Անկլին է: Ես փախած եմ Ալքատրազէն 1962 թուականի յունիսին եղբօրս` Քլարանսի եւ Ֆրանք Մորիսի հետ: Ես 83 տարեկան եմ, եւ առողջական վիճակս վատ է: Ես քաղցկեղ ունիմ: Այո՛, մենք բոլորս հասանք այդ գիշեր, բայց` հազիւ: Ֆրանք մահացած է 2008 թուականի հոկտեմբերին: Անոր գերեզմանը կը գտնուի Արժանթինի մէջ` այլ անունով: Եղբայրս մահացած է 2011 թուականին»:
Ո՞ւր էր ան հիմա եւ ինչո՞ւ այս գրած է:
Նամակը կ’աւարտէր այս արձանագրութեամբ. «Եթէ պատկերասփիւռով յայտարարէք, որ ինծի կը խոստանաք նախ բանտարկել ոչ աւելի, քան տարի մը եւ բժշկական օգնութիւն տրամադրել, ես կը պատասխանեմ` ձեզի տեղեկացնելու, թէ ուր կը գտնուիմ: Այս կատակ չէ®»:
Իշխանությունները որոշեցին հետաքննել նամակը` նախքան գործարքի մասին մտածելը: Անոնք կ՛ուզեն ստուգել, թէ այդ իսկակա՞ն է:
ՆՈՎԵԼՈՃ