Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խորհրդարանի Համապատկեր Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Յունիս 3, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանը ընտրեց իր նախագահը, փոխնախագահն ու դիւանը: Խորհրդարանական նախկին մեծամասնութեան դիմագիծը պահպանուած է ընդհանրապէս:

Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրեակին խորհրդարանական ընդդիմութեան որոշ շրջանակներու ներկայացուցիչներ շտապեցին յայտարարելու, որ շրջուած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Յայտարարութիւնը աւելի քարոզչական բնոյթ ունէր, պարզ այն պատճառով, որ ընտրուած թեկնածուներու պատկանելիութիւններու կամ քաղաքական արեւելումներու ճիշդ հաշուարկը չէր կատարուած:

Խնդիրը այս պարագային այն էր, որ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ամէնէն ցայտուն ներկայացուցիչները կը կրկնօրինակէին այդ յայտարարութիւններուն վերաբերող լրատուութիւնները` առանց սպասելու առաջին նիստի քուէարկութեան արդիւնքներուն:

Արագ ընկալելիութեան եւ լիբանանեան ընդդիմութեան կատարած յայտարարութիւններուն համահունչ թողարկումներ կատարելը որոշ քաղաքական մեկնաբանութեան դուռ կը բանայ անշուշտ: Միջազգային ընտանիքի խօսափող նկատուած լրատուամիջոցները փաստօրէն որոշ պետութիւններու առաջադրանքին ընդառաջ կը շեփորէին ակնկալուած փոփոխութեան մասին:

Այս բոլորը արձանագրելով սակայն,  պէտք է նկատել, որ եթէ մեծամասնութեան դիմագիծի փոփոխութիւն չէ կատարուած, այդուհանդերձ իրավիճակ փոխուած է: Նախկին առաւելութիւնները չկան քուէներու իմաստով. կայ նաեւ յաւելեալ համարձակութիւն ըսելիք ունենալու, սահմանադրականութիւն ճշդելու կամ նոյնիսկ քուէներու հաշուարկի ընթացքին կատարուող յայտարարութիւններու ձեւին մասին ըսելիք ունենալու:

Խորհրդարանի նախագահի եւ խորհրդարանի նախագահի տեղակալի ընտրութեան արձանագրած քուէներու համապատկերներուն միջեւ կան երանգային տարբերութիւններ: Եթէ առաջինի պարագային նախագահի ընտրութիւնը կանխորոշուած էր, հետեւաբար կարգախօսային քուէներով ընդդիմութիւն դրսեւորելու ընտրաեղանակ կար, ապա երկրորդին պարագային թեկնածու յաջողցնելու մարտավարութիւն: Փաստօրէն, երկրորդի պարագային սակաւաթիւ էր ճերմակ քուէն կամ անվաւերը:

Հետեւաբար փոխնախագահի ընտրութեան պատկերը երկբեւեռ խորհրդարանի  բնութագիրը կ՛ընդգծէ. ընդ որում` իրար մօտեցող համեմատութեամբ: Այս կը նշանակէ, որ ընտրուած խորհրդարանը թէժ քննարկումներու, որդեգրելի օրինագիծերու հակոտնեայ դիրքորոշումներու հետեւողական դիպաշարները պիտի հրամցնէ լիբանանցիներուն:

Հիմա` հայկական ոսպնեակով: Համայնքային-ապահամայնքային կարգախօսին տակ արձանագրուող բանավէճերուն եւ դիրքորոշումներուն շարքին մէջ հայկական դիրքորոշումը ունի հետեւեալ շարժառիթները:

Նախ միշտ յայտարարուած է հանգամանօրէն, որ դէպի ապահամայնքայնացում կամ քաղաքացիական համակարգի անցում, համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւններու սկզբունքը անշրջանցելի է միջհամայնքային դրութեամբ ղեկավարուող երկրին մէջ: Այս պարագային շիի համայնքը կատարած է իր ընտրանքը` խորհրդարանի նախագահութիւնը վերստին վստահելով համայնքի կարեւորագոյն ուժերու միացեալ թեկնածուին:

Երկրորդ. հայկական հարցերու գծով  անձնապէս ինքն ու իր ներկայացուցած ուժի շրջապատը սատար հանդիսացած են մեր իրաւունքներու պահպանման` համայնքային թէ համազգային առումներով: Այս տեսակէտէն ալ կը բացատրուի խորհրդարանի դիւանի հայ երեսփոխանին համայնքային ներկայացուցիչի հանգամանքի յարգումը եւ ատոր համար դրսեւորուած խորհրդարանի նախագահին նեցուկը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման երկու բանաձեւ քուէարկած է Լիբանանի խորհրդարանը. երկուքն ալ` իր նախագահութեան օրով: Երկուքի պարագային  սատար հանդիսանալէն աւելի, որոշ նախաձեռնութիւն ալ ցոյց տուած է ան, յատկապէս լիբանանեան տարբեր կողմերու հետ բանակցելու եւ բանաձեւը միաձայնութեամբ քուէարկելու ուղղութեամբ:

Յատկապէս 2000-ի բանաձեւի օրերուն այս իմաստով սկսած էին դժուարանալ պայմանները: Անգարան սկսած էր տարածաշրջանին մէջ աշխուժանալ եւ սերտ կապեր ստեղծել լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական շրջանակներու հետ: Խորհրդարանի նախագահին դերը անուրանալի է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման աշխարհի բանաձեւերուն ամէնէն սուր եւ քննադատական բովանդակութեամբ ապահովման գործին մէջ: Աւելի՛ն. Լիբանանի բանաձեւը միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ ո՛չ միայն ճանչնալ, այլ նաեւ դատապարտել Օսմանեան կայսրութեան այսօրուան ժառանգորդ Թուրքիան:

Փոփոխութիւնը, նոր դէմքեր տեսնելու առաջադրանքը, համակարգային արմատական յեղաշրջումի կոչերը կրնան գրաւիչ թուիլ ամբոխային տրամաբանութեամբ: Քաղաքական հայեացքը այլ համեմատութիւններ եւ կշռադատումներ կը պահանջէ. առաւել եւս այդ բոլորին մէջ ազգային բաղադրիչի նկատառումը հրամայական է ո՛չ միայն համայնքային, այլ նաեւ համազգային առումներով:

«Ա.»

Նախորդը

15 Ուժեր Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Յայտարարութեան

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Մայիս Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?