ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Յամառ, անգրագէտ պատեհապաշտութիւն.- Ինչպէս Մեծ եղեռնի 100-ամեակին, այնպէս եւ մերօրեայ եղեռնի առիթով գտնուեցան մարդիկ, որոնք աղէտը տեսան որպէս իրենց ապրանքը շուկայադրելու պատեհ առիթ: Ունեցանք նոյնիսկ գծագրային (animation) ներդրում (տես վերի որմազդը): Բիւր սգաւորներու զգացումներու այսպիսի շահարկումը ցաւի վրայ ցաւ կը բարդէ: Ժապաւէնները չունին ճանաչողական եւ կամ գեղարուեստական առաջադրանք: Բաւարար է ներկայացնել քանի մը նմուշ:
Ա.- «Արեան կանչը».- Բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերասան Արմէն Դալլաքեան, 2020, 85 վ.: Խաղարկային ժապաւէնը նուիրուած է 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն: Ցոյց կու տայ հայ զինուորին սխրագործութիւններ: Բեմադրիչին խօսքով` մեր պապերու թափած արիւնն է, որ կը կանչէ մեզ: Պապերուն երթը շարունակել կը նշանակէ, թէ անկիւնադարձի կարիք չկայ, թէ մենք ճիշդ ուղեգծի վրայ ենք: Ժապաւէնը, որ նախ վերնագրուած էր «Հայի պատիւ», ունի «դաստիարակչական», հայրենասիրական բնոյթ, իմա` մերկապարանոց բարոյախօսութիւն: Դալլաքեան արհեստավարժ փաստաբան մըն է, հետեւաբար օժտուած է ատենաբանական լայն փորձով: Այդ փորձը հարկ էր, որ զինք համոզէր, թէ զոհուած հարազատներու մասին տրուած վկայութիւնները պարտադրաբար դրական պիտի ըլլան, հետեւաբար աւելի վիպական են, քան վաւերական: Ցանուցիր դիակները դաժան ու տխուր պատկեր կը պարզեն:
Բ.- «Իմ խաչը».- Շաւարշ Վարդանեան, 2019, 105 վ.: Կը խօսի Սումկայիթի խժդժութիւններուն եւ ապա առաջին յաղթական պատերազմի հերոսներուն մասին: Բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց կորսնցուցած հարազատները կրնան տեսնել այդ վիպածին հերոսներուն մէջ: Այդ շահարկում է: Սոնա, որուն զաւակները իր աչքի առջեւ մորթուած են, անոնց վրէժը լուծելու համար կը միանայ ազատամարտիկներուն: Բազմաթիւ որդեկորոյս մայրեր կրնան նոյնանալ Սոնայի հետ: Այդ եւս շահարկում է: Դերակատարները յոյժ փորձուած աստղեր են, ինչպէս` Ալեքսանդր Խաչատրեան, Նարինէ Գրիգորեան եւ Սարգիս Գրիգորեան: Ժապաւէնը` «Երկար վերադարձ» վերնագրով, պատրաստուած էր քառօրեայ պատերազմի աւարտին: Այժմ կը ներկայացուի առանց հիմնական փոփոխութեան: Այո՛, յամառ, անգրագէտ պատեհապաշտութիւն:
«Գարուն ա…», Ռոման Մուշեղեան 105վ. 2022: Բեմադրիչը հեղինակն է «Որոգայթը» անհատնում «մաֆիոզամոլ» ֆիլմաշարին: Ժապաւէնը աղմկոտ մեծարանքի արժանացաւ թաւշապատ Հայաստանի մէջ: Վերնագիրը կու գայ Կոմիտասի ծանօթ երգէն, որուն մեղեդին բարձրորակ կերպով օգտագործուած է ժապաւէնի երաժշտութեան մէջ (պռաւօ՛, Արման Ալպերթ): Դէպքերը տեղի կ՛ունենան Ամատունի իշխան Հազարապետին ապարանքին … ներողութիւն, Ամատունի ունեւոր ընտանիքի տան մէջ (1, 2): Մենք կը տեսնենք իշխանազուններու հոգեփոխութիւնը` ի տես պատերազմի: Ժապաւէնը ի բնէ տաղտկալի բարոյալից ատենախօսութիւն մըն է, որ պատրաստուած էր նախքան պատերազմը: Անձնապէս չհաւատացի աչքերուս, երբ կարդացի բեմադրիչի խօսքերը.- «2020-ի պատերազմը շատ քիչ բան փոխեց սիւժէի մէջ, գրեթէ ոչինչ …»: Ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել այսքան ծանրակշիռ գոյութենական աղէտ: Որո՞ւ են հարկաւոր «հայրենասիրական» այդ տաղտկալի ատենաբանութիւնները: Ա. Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերգութեան մէջ անգամ մը եւս կը տեսնենք, որ հայրենասիրութիւնը սրիկայի վերջին ապաստանն է (3): Գերմանացի ականաւոր բանաստեղծ եւ գրաքննադատ Հայնէ (1779-1856), որուն հայրենասիրութեան շուրջ ոչ մէկ կասկած կայ, հեղինակն է «Շլեզի ջուլհակները (Die
schlesischen Weber, 1844) բանաստեղծութեան, որուն 4-րդ համարը (ըստ կարելւոյս թարգմանութեամբ) ցաւ ի սիրտ կը պոռթկայ.-
Հայրենիք մեր սուտ, անէծք մը եւ քե՛զ
Խաբեբայութեան եւ դաւի կրկէ՛ս
Ուր ամէն ծաղիկ կը խամրի կանո՛ւխ
Ուր երրն է նման կրծող որդերու՛ն
Ուր ցաւէ բացի ոչ մէկ բան կ՛աճի
Եւ մենք կը բանինք, եւ մենք կը բանինք (4):
Անէծքը հայրենիքի հողին եւ աւանդին չէ, այլ իշխանութեան, տիրող համակարգին: Ականջս ինչո՞ւ կը խժժայ:
Յոյսի շողեր.- Պաստառը ամբողջութեամբ մութ չէ: Կան արուեստագէտներ, որոնց համար առաջնահերթը մարդկայի՛նն է, այլ ոչ շուկայականը եւ կամ դիւրին ինքնագովազդը, որ նոյնպէս վերջին հաշուով շուկայական է:
«Յետ արի» Պարոյր Ներսիսեան, 15վ.: Բեմադրիչին նախորդ աշխատանքն է «Իմ տխուր խաղալիքներ» (18 վ. 2019) խաղարկային ժապաւէնը, ուր հայ զինուոր մը կը հանդիպի աւերակ դարձած եւ հրկիզուած տան մը մօտ կոտրտած խաղալիքներով ուրախացող անտէր մանուկի մը: (Տես կողքի նկարը): Ինչպէ՞ս պէտք է վարուի պատերազմիկը նման պայմաններու տակ:
Ժապաւէնը ցոյց կու տայ պատերազմի մէջ իր հարազատը կորսնցուցած կնոջ մը պայքարը` պահպանելու իր ապրելու կամքը եւ արժանապատւութիւնը: Մենք ետ կը կանչենք արժանաւոր եւ թանկագին անձերը:
Աղէտի խորապատկերով առաջին գրագէտ ժապաւէնը հաւանաբար կրկին բեմադրուի Ջիւան Աւետիսեանի կողմէ: Աւետիսեան ինծի ծանօթ միակ բեմադրիչն է, որ ունի տեսլական, որուն հետ կարելի է համաձայնիլ կամ ոչ: Նախագիծի փուլին մէջ գտնուող ժապաւէնին բներգն է խաղաղութիւնը: Այդ «կարմիր թելը» կ՛անցնի Աւետիսեանի բոլոր գործերուն ընդմէջէն (5): Խաղաղութեան հասնելու համար հարկ է գտնել մեր ինքնութիւնը: Տարբեր ազգութիւններու պատկանող հերոսներ, ինչպէս եւ հայեր (Հայաստան + Արցախ + սփիւռք) կը փնտռեն իրենց ինքնութիւնը:
Վերնագիրն է «Revival» (Վերածնունդ), որ բեմադրիչը նախընտրած է թարգմանել «Վերածնուած», թերեւս որովհետեւ ինքնութիւն գտնել համազօր կը համարէ նոր կեանք սկսելու: Ջ. Աւետիսեան կրկին կը փորձէ միջազգային դիմագիծ տալ իր գործին: Տաղանդաւոր բեմադրիչի հիմնական մտահոգութիւնը այժմ ժապաւէնի ֆինանսաւորում ապահովելն է: Անձնապէս անհամբեր կը սպասեմ տեսնելու, թէ կորուստի ընկալումը գեղարուեստական ինչպիսի ձեւաւորում պիտի ունենայ:
Ոչ օրինակելի վարք ու բարք.- Զանգուածային տեղաշարժերը զուգորդուած են բնիկներու սպանդով` եկուորներու կողմէ: Ահաւոր հաւաքական ոճիրները երկսայրի են, կը խոցեն ե՛ւ զոհ, ե՛ւ ոճրագործ հաւաքականութիւնները: Երկու կողմերուն համար ալ անհրաժեշտ է ձեւով մը ձերբազատիլ այդ անախորժ ջլատող հոգեկան բեռէն: Եգիպտոսէն այս կամ այն պատճառով դուրս եկած, եւ կամ այլապէս Քանանի մէջ յայտնուած հրեաներ անխնայ ջարդեցին բնիկները եւ տիրացան շրջանին: Այդ ոճիր չէր, այլ երկնային պատգամ: Ցեղախումբի աստուած «Եհովա» նոյնիսկ գործնական օգնութիւն բերաւ` իր ընտրեալ ժողովուրդին ջուր եւ սնունդ հայթայթելով եւ նոյնիսկ Արեւու շարժումը կասեցնելով, որպէսզի Յեսու կարենայ կոտորել կռապաշտ, անբարոյ ամոնացիները (6, 7, 8): Հանճարեղ լուծում: Երկնային զօրակցութեան դիմեցին նաեւ իսլամ եւ հրեայ տարրերէն: Այդ մեզի ծանօթ է որպէս դաժան հաւատաքննութիւն:
Եւրոպական զարթօնքէն եւ մշակոյթի աշխարհականացումէն ետք «Նոր երկրամասեր» յայտնաբերող գաղութարարներ իրենց զանգուածային ոճիրները արդարացնելու համար չէին կրնար դիմել երկնային զօրակցութեան: Ուրեմն յառաջ քաշեցին այն թեզը, թէ բնիկները լիարժէք մարդկային էակներ չեն: Հոլիվուտեան ժապաւէններուն մէջ յաճախ փառաբանուած վայելուչ տարազով «փրկարար» Միացեալ Նահանգներու հեծելազօրը (U.S. Cavalry) ոչինչ այլ էր, քան արագահարուած զէնքերով օժտուած «Համիտիէ», որուն պաշտօնն էր համակարգուած ձեւով բնաջնջել անկազմակերպ, շատ աւելի վատ զինուած բնիկ կարմրամորթ հաւաքականութիւնները:
Ուշ 60-ական թուականներուն սկսած լայնածաւալ բողոքի շարժումներէն ետք «ճիշդ քաղաքականութիւն» դարձաւ բացայայտօրէն քննադատել վարչակարգը: Բնիկներու սպանդը որպէս բներգ ունեցող ժապաւէններ, ինչպէս` «Soldier Blue» եւ «Little Big Man», խորքին մէջ այլաբանական էին հակադրուած Վիեթնամի պատերազմին: Կողքի որմազդը կ՛ըսէ` «Անմեղ արեան մէջ թափաւուած»: Ամերիկեան բնիկներու հարցը վաղուց արդէն մտահոգիչ չէր: Նոյնը ձեւով մը այժմ կը տեսնուի Թուրքիոյ մէջ, ուր Հայկական հարցը ցաւօք այլեւս լուրջ մտահոգութիւն չի պատճառեր: «Գաղտնի հայեր»-ը մեծաւ մասամբ կոտորակաւոր են (կէս, քառորդ եւ կամ նուազ), ինքնուրոյն ազգագրական կամ քաղաքական հաւաքականութիւն չեն ներկայացներ: Կարելի է վերանորոգել Ս. Կիրակոսի կտուրը, որովհետեւ լայնածաւալ եօթնախորան այդ եկեղեցին այլեւս ոչ ծուխ ունի եւ ոչ քահանայ (9): Իսկ սփիւռքի նորաստեղծ սիրտ Կլենտեյլի հոգեպէս ճարպակալած երջանիկ ռապիսերգուները չեն ծրագրեր տեղափոխուիլ դէպի Վեց Վիլայէթներ:
Մ. Նահանգներ եւ Թուրքիա գոյութենական լինել-չլինելու հարցեր չեն դիմակալեր, ընդհակառակն, անոնց տաք օրակարգի վրայ են ծաւալողական ծրագիրներ: Այդ երկիրներու մէջ հին խոցերու պրպտումը մտաւորական պերճանք է, բարոյաթոյր ցուցամոլութիւն, եւ կամ` խորամանկ կեղծիք: Կարելի է փայլուն ցցուն անուններ տալ: Մեր պարագան գլխովին տարբեր է Հայաստանէն ներս թէ դուրս: Հայաստանի եւ Արցախի ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ լրջօրէն վտանգուած է:
Հուսկ բանք.- Կովկաս ազգագրական առումով իսկական խառնարան մըն էր: Յիշենք, որ Սայաթ Նովա երգած է երեք լեզուներով: Երբ ցարական բանակը մտաւ Երեւան (1827), այդտեղ կային վեց եկեղեցիներ եւ… ութ մզկիթներ (10): Շուշին եւ Գիւմրին ծաղկեցան ցարական իշխանութեան շրջանին: Պաքուի նաւթահանքերու զգալի տոկոսը կը պատկանէր հայերու, ինչպէս` «Արքայ» Մանթաշով: Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ ոչ թէ Երեւանի, այլ Թիֆլիսի մէջ: Ռուս-թրքական պատերազմներու եւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ու վաղորդայնին տեղի ունեցան զանգուածային տեղաշարժեր եւ բախումներ: Նորակազմ երեք հանրապետութիւններուն եւ մարզերու մէջ միայն Հայաստանն ու Արցախն էին գրեթէ 100 տոկոս ազգագրական իմաստով միատարր: Այդ ի հարկէ պատահական չէր (11): Արիւնահեղութեան կուտակումները եւ հետեւանքները կը շարունակուին մինչեւ օրս: Որեւէ լուրջ պատմական բներգ ունեցող գործ հարկ է սկզբնակէտ ունենայ առնուազն 1905-6 Հայ-թաթարական (իմա` ազերական) զինեալ բախումներու նախօրեան: Ինչպէ՞ս բացատրել, օրինակ, այն երեւոյթը, որ 1915 թուին Վ. Փափազեան ոչ միայն հայկական «Կուլտուրական (մշակութային) թատերախումբ»-ին հետ է Պաքուի եւ Շուշիի բեմերուն վրայ էր, այլ նաեւ 1922-ին վեց այլ հայ դերասաններու հետ դեր վերցուցած թրքական առաջին խաղարկային ժապաւէնին մէջ (12, 13):
Թերեւս իմ անբաւարար ճիգն է մեղաւոր, բայց անձնապէս չեմ հանդիպած որեւէ գեղարուեստական գործի, որ ճակատագրական, արնաթաթախ այդ ժամանակաշրջանը դիմագրաւած է եւ մեզ մղած խորհրդածութեան:
Այստեղ ներկայացուած ժապաւէնները կը թելադրեն, որ մենք տակաւին կը գտնուինք մերժումի հոգեբանական փուլի մէջ (14): Այսինքն.- վերատեսութեան կարիք չկայ, որովհետեւ մենք յանցանք չենք գործած: Նման ժապաւէններու ցուցադրութիւնը աշխարհիկ ծէս մըն է, ուր ներկաները իրար զօրակցելով խղճի խաղաղութիւն եւ հոգեկան հանգստութիւն կը ստանան: Մինչդեռ յանձնառու արուեստի առաջադրանքը հարկ է որ ըլլայ իր հարցադրումներով հոգեկան խռովք յառաջացնել:
Մտային ծուլութիւնը հակայեղափոխական կեցուածք է, կը նպաստէ անոնց, որոնք կ՛ուզեն պահպանել իրավիճակը, իմա` առանձնաշնորհեալ տիրող դասին:
Հաւաքական խոցերու, յիշողութեան եւ ինքնութեան յարատեւ կերտումի շուրջ կայ եւ թափով կ՛արտադրուի հոգեբանական, ընկերաբանական եւ քաղաքական լայն գրականութիւն, որուն հիմնական ուղղութիւնը (ցաւօք) յետարդիական է: Կարելի էր, ուրեմն, ժամանակակից տեսութիւններու ակնոցով աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ այս ժապաւէններուն: Այս տողերը գրած պահուս, սակայն տեղի կ՛ունենար «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով քառահատոր խորհրդաժողով մը: Կարելի է ուրեմն այստեղ պահ մը կանգ առնել` սպասելով խորհրդաժողովի նիւթերու եւ քննարկումներու հրապարակման: Պէտք է յուսալ, որ ձեռնարկը կ՛արդարացնէ իր խորագիրը եւ մասնագիտական լոյս կը սփռէ ահաւոր աղէտներու գեղարուեստական դրսեւորման վրայ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
——————
(1).- Արտաշէսեան հարստութեան մէջ Ամատունի տոհմը կը վարէր հազարապետի պաշտօնը:
(2).- Բեմադրիչի մասնագիտութիւն է պատկերել «միլիոնչիկներու» զեխ կենցաղը:
(3).- «Patriotism is the last refuge of the scoundrel» ասոյթը կը պատկանի անգլիացի բանաստեղծ-թատերագիր Սամուէլ Ճոնսընի (1709-1784)
(4).- Պատկերը այլաբանական է, ջուլհակները պատանք կը բանին: Այս մասին կայ լայն գրականութիւն:
(5).- Ջիւան Աւետիսեանի «Կարմիր թել»-ը, «Ազդակ», 14 մարտ 2017:
(6).- Եհովա զօրավար Յեսուի խնդրանքով կը կասեցնէ արեւը եւ լուսինը` ի նպաստ հրեաներու:
(7).- Քրիստոս Աստծու երբեք չէ ակնարկած կամ դիմած որպէս «Եհովա»: Աստուած համայն մարդկութեան Տէրն է, ոչ լոկ հրեայ ցեղախումբերու:
(8).- Հրեաներու Եգիպտոսէն դուրս գալու վարկածը աներկբայ կերպով հաստատուած չէ:
(9).- Ի դէպ չունի նաեւ հայ ճարտարապետական ոճ:
(10).- Բացի Կապոյտ մզկիթէն, որ Իրանի իսլամական պետութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ, այժմ կայ Թաֆա-Պաշի մզկիթի աւերակը (Կոնտ): Վարդանանց փողոցի վրայ գտնուող փոքր մզկիթ մը վերացուած է 1990-ին եւ փոխարինուած է պանդոկով մը:
(11).- Այս ուղղութեամբ ուսանելի են այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Ռուբէն Մինասեանի յուշերը:
(12).- Նշան Պէշիկթաշլեան, «Թատերական դէմքեր», 1968:
(13).- «Իսթանպուլի մէջ ողբերգական սէր մը» թրքական շարժապատկերի ռահվիրայ Մուհսին Էրթուղրուլի բեմադրութեամբ: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ:
(14).- Տես «Վիշտի հինգ հանգրուանները» կոչուող Kübler-Ross տեսութիւնը: Գրագէտ կեցուածք չէ, սակայն մեքենաբար գործադրել պատրաստի տեսութիւններ: