Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Յունիս 7, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Հակապիոթիքի Մեքանիզմի Նոր Տեսակ
– 21 Երկիրներու Մէջ Արձանագրուած Է Կապիկի Ծաղիկի 200-է Աւելի Դէպք

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 

Հակապիոթիքի Մեքանիզմի
Նոր Տեսակ

Միացեալ Նահանգների Ներուժի բաժանմունքի Պրուքհէյվընի ազգային տարրալուծարանի կենսաբանները եւ անոնց գործընկերները յայտնաբերած են շեղուած սպիտակուց մը(1) (aberrant protein), որ մահացու է պաքթերիաներու համար: PLOS ONE ամսագրի նոր հրապարակուած յօդուածին մէջ գիտնականները կը նկարագրեն, թէ ինչպէ՛ս այս սխալ կառուցուած սպիտակուցը նմանօրինակ է ամինոկլիքոզիտներուն (հակապիոթիքներու խումբ մը): Նոր յայտնաբերուած սպիտակուցը կրնայ ծառայել որպէս նախատիպ` օգնելու գիտնականներուն պարզելու համար պաքթերիաներու վրայ այդ դեղատեսակներու մահացու ազդեցութեան մանրամասնութիւնները եւ հնարաւոր չափով ցոյց տալ հակապիոթիքներու ապագան:

«Պաքթերիաներու մէջ նոր թիրախներու եւ պաքթերիաներու աճը վերահսկելու այլընտրանքային ռազմավարութիւններու յայտնաբերումը օրըստօրէ աւելի կարեւոր կը դառնայ», ըսաւ Պրուքհէյվընի կենսաբան Փոլ Ֆրէյմութ, որ կը ղեկավարէր հետազօտութիւնը: «Պաքթերիաները յաճախ դիմադրողականութիւն կը զարգացնեն օգտագործուող դեղատեսակներու նկատմամբ, եւ շատ գիտնականներ ու բժիշկներ մտահոգ են այս հակապիոթիքակայուն պաքթերիաներու կողմէ հրահրուող լայնածաւալ բռնկումներու հնարաւորութեամբ», բացատրեց ան:

«Այն, ինչ մենք յայտնաբերած ենք, տակաւին շատ հեռու է դեղատեսակ մը դառնալէ, բայց առաջին քայլը մեքանիզմը հասկնալն է, – ըսաւ Ֆրէյմութ: – Մենք յայտնաբերած ենք սպիտակուց մը, որ կը նմանակէ շեղուած սպիտակուցներու բարդ խառնուրդի մը ազդեցութիւնը, որ կը յառաջանայ, երբ պաքթերիաներուն ամինոկլիքոզիտներու կ՛ենթարկենք: Այդ մէկը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ պաքթերիաներու բջիջները սպաննող մեքանիզմը ուսումնասիրելու: Այնուհետեւ կարելի կը դառնայ կանխարգիլողներու նոր ընտանիք մը զարգացնել ու մշակել` նոյն այդ բանը ընելու համար»:

Հետաքրքրական ճիւղի մը հետազօտութիւնները

Պրուքհէյվընի գիտնականները, որոնք սովորաբար կը կեդրոնանան ներուժի հետ կապուած հետազօտութիւններու վրայ, երբ սկսան այս ծրագիրը, չէին մտածեր մարդու առողջութեան մասին: Անոնք կ՛օգտագործէին E. coli պաքթերիաները` ուսումնասիրելու բոյսերու բջիջներու պատերուն կառուցման մէջ ներգրաւուած ծիները: Այդ հետազօտութիւնը կրնայ օգնել գիտնականներուն` հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կարելի էր վերածել բուսական նիւթը (կենսակոյտը) (biomass) վառելանիւթի:

Բայց երբ անոնք ի գործ դրին բոյսին առանձնայատուկ ծինի մը արտայայտութիւնը` պաքթերիաներուն սպիտակուցը արտադրելու հնարաւորութիւն տալով, պաքթերիական բջիջները անմիջապէս դադրեցան աճելէ ու բազմանալէ:

«Այս սպիտակուցը թունաւոր սուր ազդեցութիւն ունէր բջիջներուն վրայ: Բոլոր բջիջները մահացան այս ծինի արտայայտութիւնը սկսելէն վայրկեաններ անց», ըսաւ Ֆրէյմութ:

Բջիջներու աճի այս արագ արգելակման հիմքը հասկնալը իտէալական հետազօտական նախագիծ դարձաւ Ֆրէյմութի տարրալուծարանէն ներս աշխատող ամառնային փորձավարներուն:

«Փորձավարները կրնային փորձեր կատարել եւ տեսնել անոր արդիւնքները մէկ օրուան ընթացքին», ըսաւ ան: Այդ փորձերը կրնային օգնել պարզելու, թէ ինչո՛ւ բուսական այս սպիտակուցը նման լուրջ վնաս կը պատճառէ:

Սխալ կարդացուած ծածկագիր, չծալուած սպիտակուցներ

«Այդ ատեն էր, որ փորձարկումը իսկապէս սկսաւ հետաքրքրական դառնալ», ըսաւ Ֆրէյմութ:

Խումբը պարզեց, որ թունաւոր գործօնը ամենեւին բուսական սպիտակուց մը չէ: Այդ մէկը ամինաթթուներու (սպիտակուց կազմող միաւորները) շղթայ մըն էր, որ մասնաւոր արժէք մը չունէր:

Այս անհեթեթ շարանը սխալմամբ մշակուած է, երբ պաքթերիաներու ռիպոզոմները (բջիջներու սպիտակուցներ պատրաստող սարքաւորումը) սխալ ձեւով «թարգմանած» են ծինական ծածկագիրը կազմող տառերը: Փոխանակ կարդալու ծածկագիրի մէկ կտորի երեք տառերը, որոնք կը ծածկագրեն ամինաթթուներ, ռիպոզոմը կը կարդայ մէկ կտորի միայն երկրորդ երկու տառերը եւ յաջորդ եռեակի առաջին տառը: Այդ մէկը յանգեցաւ սխալ ամինաթթուներու ծածկագրման:

«Այդ մէկը նման է կարդալու նախադասութիւն մը, որուն իւրաքանչիւր բառ կը սկսի կարդացուիլ կէսէն եւ կը շարունակուի յաջորդ բառի առաջին կէսով, որ կը յառաջացնէ խառնիճաղանճ մը», ըսաւ Ֆրէյմութ:

Շեղուած այս սպիտակուցը Ֆրէյմութին յիշեցուց հակապիոթիքներու այն խումբը, որ կը կոչուի ամինոկլիքոզիտներ: Այս հակապիոթիքները կը ստիպեն ռիպոզոմներուն` կատարելու նմանատիպ ծածկագրման սխալներ եւ այլ տեսակի սխալներ` սպիտակուցներ մշակած ժամանակ: Այս արդիւնքով, պաքթերիաներու բոլոր ռիպոզոմները կը մշակեն շեղուած սպիտակուցներ:

«Եթէ պաքթերիաներու բջիջը ունի 50.000 ռիպոզոմ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտադրէ տարբեր շեղուած սպիտակուցներ, ապա արդեօ՞ք թունաւոր ազդեցութիւնը կը բխի բնորոշուած մէկ շեղուած սպիտակուցէ, թէ՞ կարգ մը սպիտակուցներու համակցութենէ: Այս հարցը ծագած է տասնամեակներ առաջ եւ երբեք չէ յանգած լուծումի», ըսաւ Ֆրէյմութ:

Նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ միայն շեղուած մէկ սպիտակուց կրնայ բաւարար ըլլալ թունաւոր ազդեցութիւն գործելու համար:

Որպէս արդիւնք` ամինաթթուներու անհեթեթ այս շղթաները չեն կրնար պատշաճ ձեւով ծալուիլ` լիարժէք գործունեայ դառնալու համար, հակառակ անոր որ սխալ ծալուած սպիտակուցները բոլոր բջիջներուն մէջ կ՛արտադրուին պատահական սխալներով: Անոնք սովորաբար կը յայտնաբերուին եւ ամբողջութեամբ կ՛ոչնչացուին առողջ բջիջներու «որակի վերահսկման» մեքանիզմի միջոցով: Որակի վերահսկման համակարգերու փլուզումը կրնայ յանգիլ շեղուած սպիտակուցներու կուտակման` յառաջացնելով հիւանդութիւն:

Որակի խառնաշփոթ վերահսկում

Յաջորդ քայլով պէտք էր պարզել, թէ արդեօ՞ք բուսական շեղուած այս սպիտակուցը կրնայ գործուն դարձնել պաքթերիական բջիջներու որակի վերահսկման համակարգը, կամ` ձեւով մը արգելափակել այդ համակարգի աշխատանքը:

Ֆրէյմութ եւ անոր խումբը պարզած են, որ բուսական շեղուած սպիտակուցը իսկապէս մեծ դեր ունեցած է սպիտակուցի որակի վերահսկման համակարգի գործունեայ դարձնելու սկզբնական քայլին մէջ, սակայն գործընթացի հետագայ փուլերը, որոնք ուղղակիօրէն անհրաժեշտ են շեղուած սպիտակուցներու քայքայման համար, արգելափակուած են: Անոնք նաեւ պարզեցին, որ բջիջներու կեանքի եւ մահուան միջեւ երկարող ժամանակաշրջանը կախում ունի շեղուած սպիտակուցի արտադրութեան արագութենէն:

«Երբ բջիջները կը պարունակէին բուսական շեղուած սպիտակուցի համար քոտաուորող ծինի բազմաթիւ պատճէններ, որակի վերահսկման մեքենան յայտնաբերեց սպիտակուցը, բայց չկրցաւ ամբողջութեամբ քայքայել զայն,- ըսաւ Ֆրէյմութ: – Երբ կրճատեցինք ծիներու պատճէններու քանակը, այնուամենայնիւ, որակի վերահսկման մեքանիզմը կրցաւ վերացնել թունաւոր սպիտակուցը, եւ բջիջները գոյատեւեցին»:

Ան նշած է, որ նոյնը տեղի կ՛ունենայ ամինոկլիքոզիտային հակապիոթիքներու ենթամահաբեր չափաբաժիններով (sublethal doses) բուժուող բջիջներուն մէջ: «Որակի վերահսկման մեքանիզմը դարձաւ գործուն, բայց պաքթիրիական բջիջները տակաւին կրցան շարունակել աճիլ», ըսաւ ան:

Մեքանիզմի նախատիպ

Այս փորձերը ցոյց տուին, որ բուսական շեղուած այս սպիտակուցը կը սպաննէ բջիջները ամինոկլիքոզիտի նոյն մեքանիզմով, բայց բջիջներու մահուան ճշգրիտ մեքանիզմը տակաւին առեղծուած մը կը մնայ:

«Լաւ նորութիւնը այն է, որ այժմ մենք ունինք պարզուած ամինաթթուներու յաջորդականութեամբ սպիտակուց մը, զոր կրնանք օգտագործել որպէս նախատիպ` ուսումնասիրելու համար այդ մեքանիզմը», ըսաւ Ֆրէյմութ:

Գիտնականները գիտեն, որ հակապիոթիքներով բուժուող բջիջները կը դառնան «բացբերան»` թոյլ տալով, որ աղերը ներթափանցեն բջիջներէն ներս` թունաւոր չափաբաժիններով: Վարկածներէն մէկը այն է, որ սխալ ծալուած սպիտակուցները կրնան նոր ալիքներ ձեւաւորել բջիջային թաղանթներուն մէջ, կամ, որպէս այլընտրանք, փակել գոյութիւն ունեցող ալիքներու դարպասները` թոյլ տալով աղերուն եւ այլ թունաւոր նիւթերուն տարածումը բջիջային թաղանթին մէջ:

Այդ մէկը կ՛օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս ամինոկլիքոզիտային հակապիոթիքներու կողմէ յառաջացած շեղուած սպիտակուցները կը սպաննեն պաքթերիայի բջիջները, եւ կրնայ տեղեկացնել նոր դեղամիջոցներու նախագծման մասին, որոնք կրնան յառաջացնել նոյն կամ նմանատիպ ազդեցութիւնները:

(1)  Շեղուած սպիտակուց.– Թերի սպիտակուցներ, որոնք կը յառաջանան` որպէս նենգափոխումներու, սթրեսի եւ այլ գործօններու հետեւանք: Այս սպիտակուցները յաճախ թունաւոր են եւ կը յառաջացնեն մարդուն մօտ շարք մը հիւանդութիւններ:

21 Երկիրներու Մէջ Արձանագրուած Է
Կապիկի Ծաղիկի 200-է Աւելի Դէպք

 

Ըստ Հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկման եւրոպական կեդրոնի վերջին զեկոյցին, կապիկի ծաղիկի պարագաներու համաշխարհային թիւը գերազանցած է 200-ը եւ կը շարունակէ աճիլ օրական` հասնելով առայժմ 21 երկիրներու:

24 մայիսին կեդրոնը հաստատեց 219 պարագաներ` ամբողջ աշխարհին մէջ: Անոնցմէ կայ 9 պարագայ Միացեալ Նահանգներու եւ 71 պարագայ` Բրիտանիոյ մէջ: Նոյն օրը աւելի ուշ Բրիտանիան հաղորդած էր եւս 7 պարագաներու մասին` համաշխարհային ընդհանուր թիւը հասցնելով 226-ի:

Յայտարարութեան մէջ Միացեալ Թագաւորութեան Առողջապահութեան անվտանգութեան գործակալութեան գլխաւոր բժշկական խորհրդական Սիւզան Հոփքինզ ըսաւ. «Եթէ ոեւէ մէկը կասկածի, որ կրնայ ցան (rash) կամ վնասուածքներ (lesion) ունենալ իր մարմնի որեւէ մասի վրայ, յատկապէս, եթէ վերջերս նոր սեռական բարեկամ ունեցած է, ան պէտք է սահմանափակէ իր շփումը ուրիշներու հետ եւ կարելի եղածին չափ շուտ դիմէ տեղական բժշկական կեդրոնի մը»:

Եւրոպական միութեան մէջ 12 երկիր յայտնած է առնուազն մէկ դէպքի մասին, մինչ այժմ ամենաբարձր ցուցանիշը Սպանիոյ մէջ է (51 դէպք), որուն կը յաջորդէ Փորթուգալը` 37 դէպքով:

Եւրոպայի մէջ 118 դէպքերու մեծ մասը յայտնաբերուած է երիտասարդ տղամարդոց մօտ, յատկապէս անոնց, որոնք միասեռական են, երկսեռականներ կամ տղամարդիկ, որոնք սեռային յարաբերութիւններ ունին տղամարդոց հետ, ըսած է Եւրոպական CDC-ն:

Այս պարագաներէն շատ մը հիւանդներ դիմած են բժշկական օգնութեան` սեռական տարածքի վրայ կամ անոր շուրջ յառաջացած ցանի պատճառով: Բան մը, որ դիտել կու տայ, թէ ժահրի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ սեռային յարաբերութեան սերտ ֆիզիքական շփման ժամանակ: Կապիկի ծաղիկը սեռական ճամբով փոխանցուող վարակ չէ, այսինքն`  ժահրը չի փոխանցուիր սերմնաբջիջի կամ հեշտոցային հեղուկներու միջոցաւ, սակայն ժահրային կաթիլները կրնան տարածուիլ սերտ շփման ժամանակ:

Մինչեւ մայիս, պարագաները տեղաճարակային (endemic) երկիրներէ դուրս մեկուսացուած էին, կամ վերջին շրջանին ճամբորդութիւն ունեցող մարդիկն էին:

«Սա առաջին դէպքն է, ուր փոխանցման շղթաներ կը հաղորդուին Եւրոպայի մէջ` առանց յայտնի տեղաճարակային կապերու Արեւմտեան կամ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, ուր այս հիւանդութիւնը տեղաճարակ է», կը գրէ եւրոպական CDC-ն:

Առայժմ եւրոպական պարագաներու շրջանակին մէջ մահուան դէպքեր չեն արձանագրուած, եւ վարակները եղած են թեթեւ:

Հանրային առողջապահութեան ոլորտի պաշտօնեաները ամբողջ աշխարհին մէջ կը պատրաստուին աւելի շատ պարագաներու, որովհետեւ աւելի շատ կասկածելի նմուշներ կը հասնին տարրալուծարաններ: Քանատան այս շաբաթ հաստատած է եւս 11 պարագայ Քեպէքի մէջ` անոնց ընդհանուր թիւը հասցնելով 16-ի:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ աւելի շատ պարագաներ կը հաստատուին յառաջիկայ օրերուն», կ՛ըսուի Քանատայի Առողջապահութեան գործակալութեան առողջապահութեան նախարար Ժան Իվ Տուքլոսի յայտարարութեան մէջ:

Jynneos-ը` ջրծաղիկի դէմ պատուաստանիւթը, մօտ 85 տոկոսով արդիւնաւէտ է կապիկի ջրծաղիկի դէմ, ըստ CDC-ի տուեալներու: Արտադրողը` «Bavaria Nordic»-ը, մայիս 22-ին յայտարարեց, որ ստորագրած է պատուաստանիւթի մատակարարման առաջին պայմանագիրը անյայտ երկրի մը հետ: Ընկերութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ներկայիս երկխօսութեան մէջ է քանի մը երկիրներու հետ, որոնք կը փափաքին գնել պատուաստանիւթը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային առողջապահութեան պաշտօնեաները երկու դեղաչափով պատուաստանիւթը տրամադրելու գործընթացին մէջ են, պաշտպանելու համար բարձր վտանգ ունեցող այն ամերիկացիները, որոնք շփում ունեցած են ընթացիկ կապիկներու ծաղիկով հիւանդներու հետ:

Քանատան, Սպանիան եւ Բրիտանիան նոյնպէս կ՛առաջարկեն պատուաստանիւթը` կասկածելի շփում ունեցող մարդոց համար:

Աղբիւր` WebMD

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն.  Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն. Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Յուլիս 5, 2022
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ – Monkeypox

Յուլիս 4, 2022
Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Դէմքի Արտայայտութիւնները Չեն Բացայայտեր Զգացմունքները

Յուլիս 2, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In