ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Խոտոր զարգացումներ.- Ցուրտ ու մութ տարիներուն անմիջապէս յաջորդած ապշեցուցիչ յաղթանակը եւ Արցախի Հանրապետութեան յայտարարութիւնը յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն: Ցաւօք, յառաջացուցին նաեւ անուղղայ մեծամտութիւն: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ թալանչիներու իշխանութիւնը, եւ սկսաւ ծաւալիլ շնական շուկայամոլութիւն: Այս կամ այն պատճառով յօրինուեցաւ այն հեքիաթը, թէ մենք ունինք Կովկասի ամէնէն ուժեղ բանակը: Մինչդեռ զինադադարը դասաւորուած էր արտաքին ուժերու կողմէ: Այդ թմրեցուցիչ յանկերգը շարունակուեցաւ նոյնիսկ Քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ մենք ոչ միայն արագօրէն տուինք հարիւրաւոր զոհեր, այլ նաեւ կորսնցուցինք ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող տարածք: Այդ կարճ, բայց ազդու հարուածը ցուցանիշ մըն էր ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ այլ արտաքին ուժերու տրամադրութեան: Ինչպէ՞ս բացատրել Հայաստանի ղեկավարութեան անտեսումը: Պաշտպանութիւն շարունակեց նշանակել խրամներու մէջ հրացանը ձեռին կանգնած զինուոր, մինչդեռ այդ ռազմավարութիւնը վաղուց ժամանակավրէպ դարձած էր: Խրամներու մէջ սպասող տղաքը պարզապէս «թնդանօթի միս» են, աւելի ճիշդ` «հրթիռներու միս»: Բանակը հետեւողական կերպով բարոյալքուեցաւ: Ամէնօրեայ դրութեամբ զինուորներ կը սպաննուէին «արկածի», արձակազէններու եւ կամ աւելի վատ` անձնասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Միթէ մեր զինուորները այնքա՞ն համբակ են, որ հասարակ հրացան մը իսկ գործածել չիմանան: Միթէ այնքա՞ն անմիտ են, որ շարունակեն թշնամու առաջ անպատսպար կանգնիլ: Ի՞նչն է, որ երիտասարդ զինուորը կը մղէ անձնասպանութեան: Թալանուեցաւ նոյնիսկ անոնց սնունդն ու ծածկը: Անձամբ տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս զօրանոցի մը դրան առջեւ լղար զինկոչիկներ կը փութային տոպրակ մը նպար ստանալու իրենց հարազատներէն: Վաղուց պարզ չէ՞ր, որ ձկան գլուխը նեխած է… թէ մեր թրերը ամուր չե՛ն, սուր չե՛ն, թէ մենք չե՛նք յաղթելու…
Միւս կողմէ Ազրպէյճանի մէջ կը խմորուէին վիրաւորուած արժանապատուութիւնը, քինէխնդրութիւնը եւ տեղահանուած ազրպէյճանցիներուն իսկական խոցը (1): Ազրպէյճան, որ իր թիկունքին ունի ուժեղ, յառաջացած ճարտարագիտութիւն ունեցող շարք մը պետութիւններ, ինչպէս` Թուրքիա, Իսրայէլ եւ Փաքիստան, ոչ միայն մեծ թափով կը սպառազինուէր, այլ նաեւ լայն ճակատ բացած էր քաղաքական, ընկերային
եւ մշակութային բնագաւառներու վրայ: Ասիկա ցայտուն եւ կրքոտ կերպով արտայայտուած է վերջին տասնամեակին արտադրուած բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ մօտ տասնեակ մը դիմած է միջազգային փառատօներու: Այդ փառատօները քաղաքական պատճառներով տեղ չեն տուած ե՛ւ ազերիական, ե՛ւ հայկական ժապաւէններու: Այդ անարդար է այն ժապաւէններու պարագային, որոնք ունին ոչ միայն գեղարուեստական արժէք, այլ նաեւ մարդկային խորք եւ ասք: Այստեղ կարելի է յիշել երկուքը, որոնց բներգը գրեթէ նոյնն է, թէեւ արտայայտութեան միջոցներն են շա՛տ տարբեր: Երկու առանձին ծերունիներ, որոնք կը յամառին մնալ իրենց տան մէջ, երբ ամբողջ գիւղը, ամբողջ շրջանը դատարկուած է: «Նապաթ» (Էլչին Մուսաօղլու, 2014) եւ «Վերջին բնակիչը» (Ջիւան Աւետիսեան, 2016):
Կիսաթափանց Միջնախաղեր.- Արցախի Հանրապետութեան կազմութենէն կարճ ժամանակ ետք արեւմտեան, աւետարանական կազմակերպութիւններ, որոնց քաղաքական արեւելումը դժուար է ճշդել, սկսան ֆինանսաւորել հայ-ազերի «երկխօսութեան» ծրագիրներ: Անկարելի է ամբողջական պատկեր կազմել աւելի քան տասնեակ մը կազմակերպութիւններու շուրջ, որոնց գործունէութիւնը հեռու է հրապարակայնութենէ, եւ որոնց միայն որոշ տոկոսը առնչուած է շարժապատկերի: Հանդիպած եմ «Կինոերկխօսութիւններ» (Dialogue Through Film) ծրագիրին, որ կը պատկանի «Conciliation Resources» («Հաշտեցման միջոցներ») կազմակերպութեան:
Ծրագրի ֆինանսաւորումով եւ վերահսկողութեամբ 1995-2012 շրջանին արտադրուած են մօտ 20 ժապաւէններ, որոնց մէկ մասը հայ-ազերի համագործակցութեան արդիւնք են: Կարգ մը փորձառու բեմադրիչներ, ինչպէս Լեւոն Քալանթար եւ ազերի Վիւկար Սաֆարով մասնակցած են քանի մը գործերով, որոնցմէ ոմանք համատեղ են: Բներգներուն մէջ առաջին կարգի կու գայ տեղահանուածներու (հայաստանեան բարբառով` «փախստականներու») ցաւոտ առօրեան եւ անորոշ ապագան: Այստեղ գերակշիռ են ազերի ժապաւէնները թերեւս, որովհետեւ գերակշիռ է անոնց թիւը` բաղդատած հայերու, եւ կամ որովհետեւ…
Երկրորդ հորիզոնականին վրայ կու գան անհատէ-անհատ երկխօսութեան ժապաւէնները: Այստեղ թերեւս ամէնէն խնդրայարոյցն է «Բոլոր ֆիլմերն էլ սիրոյ մասին են» վաւերագրական-խաղարկային կարճ ժապաւէնը (հեղինակ` Լուսինէ Մուսայէլեան, բեմադրիչ` Լեւոն Քալանթար, 12 վ.), ուր հայ թոշակառու Սլաւիկը եւ ազերի Էլմիրան, որոնք Խորհրդային օրերուն սիրահարած են Պաքուի մէջ, կարողացած են պահպանել երկարատեւ երջանիկ ամուսնութիւն` ի հեճուկս պատերազմին: Աւելի՛ն, անոնց դուստրը սպաննուած է հայերու կողմէ իսկ որդին` ազերիներու: Անիծեալ է պատերա՛զմը (2): Այստեղ կարելի չէ չյիշել Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկը», ուր Արամիկի հեզ ու նուրբ ազերի մայրը կը պարտադրուի հայկական գիւղը լքել եւ վերադառնալ հօրենական տուն: Ի հակադրուութիւն «Թեւանիկ»-ին իրապաշտ, ցաւոտ մօտեցումին, այս ժապաւէնի աւարտական (խաղարկային) տեսարանին մէջ երջանիկ զոյգ մը ձեռք-ձեռքի կը քալէ դէպի պայծառ հորիզոն…
Գեղարուեստական առումով կ՛առանձնանայ «Catharsis» (հեղինակ` Դաւիթ Սիմոնեան, բեմադրիչ` Լեւոն Քալանթար, 20 վ.): «Քաթարսիս», որ հին յունական թատրոնի ըմբռնումներէն մէկն է, տառացիօրէն կը նշանակէ «մաքրում»: Այս ժապաւէնին նիւթը ունի կրկնակի իմաստ: Անբաւարար պաշտպանութիւն ունեցող ականազերծողներու խումբ մը կը մաքրէ Արցախի հողը: Անոնցմէ երկուքը կուրցած է, ուրիշներ` վիրաւորուած: Այս ակներեւ գործողութիւնն է: Կայ նաեւ այլաբանականը: Փորփրուած հողէն վնասազերծուած ականներուն հետ միատեղ դուրս կու գան նետի եւ նիզակի հնամենեայ սլաքներ ինչպէս նաեւ հաւանաբար այլ հնագիտական կարեւորութիւն ունեցող մետաղեայ իրեր: Հին պատերազմներու վկայ այդ սլաքները, որոնք կը կրեն մեր նախնիներու արեան հետքերը, վստահաբար պիտի դասաւորուին պատմական թանգարանի մը դարակներուն մէջ: Անոնց հաշիւը վաղուց փակուած է: Հարկ է այժմ հաշուեփակ կատարել նաեւ ականներուն հետ: Այո՛, ծրագիրը առ երեւոյթ չափազանց լաւատես էր: Ի զուր չէ, որ Քառօրեայ պատերազմէն ետք կատարուեցաւ նախկին փուլի ամփոփում եւ որդեգրուեցաւ նոր ձեւաչափ: Աշխատանքները յանձնուած են Արցախի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համապատասխան իշխանութիւններուն:
Ներկայիս ծրագիրը կը մարզէ լրագրողներ, որոնց տեղեկատուութիւնը ըստ կարելւոյն վաւերական եւ ուսանելի է: Նման լրատուութեան կարիքը խոր ցաւով զգացինք այն օրերուն, երբ խօսափողեր «Յաղթելու ենք» կը գոռային, մինչ հազարաւոր անտէր,անպատսպար տղաք կը կոտորուէին, կը հաշմուէին, գերի կ՛ըլլային եւ կը ստորնացուէին: Անհետ կորսուած գարունները վկայ:
Նախատիպար – Հիմնադրական խոցի դրսեւորումը.- Շարժապատկերի մէջ Մեծ եղեռնի դրսեւորման բազմիցս անդրադարձած եմ, յատկապէս հարիւրամեակի առիթով արտադրուած բազում ժապաւէններուն առիթով: Այստեղ պիտի բաւականանամ շատ հակիրճ բնութագրութեամբ: Ժապաւէններու ջախջախիչ մեծամասնութեան մէջ խոցը չէ սպիացած: Կարգ մը հոլիվուտավարի ժապաւէններու համար բարեզարդ աւարտ է վերապրողներու գաղթը դէպի ամերիկեան երջանիկ ձուլարան: Հայ ֆիլմի պարագային բարեզարդ աւարտ է նոր կեանք սկսիլ Խորհրդային ծաղկող Հայաստանի մէջ (3): Ինծի ծանօթ միակ բեմադրիչները, որոնք փորձած են հոգեկան հաշուեյարդար կատարել խոցին հետ, իրենց մտաւոր պատրաստութիւնը ձեւաւորած են ոչ թէ Հայաստանի եւ կամ սփիւռքեան «կեթթօ»-ներու մէջ, ինչպէս մեզմէ շատեր, այլ Արեւմտեան ոստաններու: Այդ բեմադրիչներն են Ատոմ Էկոյեան, Ռոպեր Կետիկեան եւ Սերժ Աւետիքեան, որոնց տարիքի միջինը շուրջ 65 է, այսինքն կը պատկանին սփիւռքի երրորդ սերունդին: Երեք հեղինակային բեմադրիչներու գործերուն առանձին-առանձին նախապէս անդրադարձած եմ: Աւետիքեան իր նախնիներու մաշած քրքրուած խաչքարերը կը յանձնէ ամենամօտիկ թանգարան եւ հրաժեշտ կու տայ իր պապերու գիւղ Սէօլէօզին:
«Խելագար պատմութեան» աւարտական տեսարանին մէջ Կետիկեանի դերակատարները իրենց խելակորոյս, Եղեռնի ականատես տատիկի աճիւնը կը յանձնեն Արաքսի ափին գտնուող Մարմաշէնի հողին եւ կը հեռանան դէպի ամառնային արձակուրդ, մինչ խորապատկերի մէջ կը մնայ խոցի ամենացաւոտ յուշակոթողը` Արարատը…
Էկոյեանի «Արարատ»-ի աւարտին կը պարզուի, որ Րաֆֆիի կորուսեալ հայրենիքէն բերած սկաւառակները ոչ թէ կը պարունակեն վաւերագրական (կարդալ վաւերական) երիզներ, իմա` մասունքներ, այլ ամենավատ որակի թմրանիւթ: Ոդիսականը աւարտած է, Րաֆֆի կը վերադառնայ իր խեղուած (dysfunctional) ընտանիքին (4) Րաֆֆի անունի ընտրութիւնը կրնայ պատահական չըլլալ: Վիպապաշտ Րաֆֆիի գործերը երեւակայածին ազգայնական ասքեր են: Պարզ է, որ Էկոյանի յետարդիական մօտեցումը խոտոր է յանձնառու արուեստի ինչպէս եւ ոեւէ քաղաքական դատի:
Նոր Խոցեր.- Արցախեան աղէտին վերաբերող նկարահանուած ժապաւէններէն յատուկ արտօնութեամբ դիտած եմ երկուքը, որոնք պատրաստուած են օտարահպատակ բեմադրիչներու կողմէ եւ ունին վաւերագրական-քարոզչական բնոյթ: Ժապաւէններըը կը միտին արեւմտեան շրջանակներուն ծանօթացնել Հայաստանը եւ հայկական կողմին հանդէպ դրական կեցուածք յառաջացնել:
Ա.- «45 Days The Fight for a Nation», 95 վ. 2021: Վերնագիրը կրնայ թարգմանուիլ «45 օրեր- Պայքար յանուն պետութեան կամ ազգի մը»: (5) Բեմադրիչը` Էմիլ Ղէսսէն, որ 18 տարի ծառայած է բրիտանական նաւատորմին մէջ իբրեւ «քոմանտօ», միաժամանակ լրագրող-նկարողն է, որ Արցախ մեկնած է պատերազմի 9-րդ օրը: Արտադրիչն է Ասկօ Ակոպեան, որ արտադրիչն է նաեւ Կոմիտասի կեանքը ներկայացնող «Սողոմոնի երգերուն» ժապաւէնին (6):
Ժապաւէնը քարոզչական է այն իմաստով, որ ցոյց կու տայ հայկական կողմի կրած աւերը եւ ողբերգական վիճակը` ի դէմս ազերի-թրքական անբաղդատելիօրէն գերակայ կրակին եւ բանակավարութեան (logistics) (7):
Տեսարանները անասելիօրէն ծանր են: Մեզի ուղղակի ցոյց չի տրուիր մարմիններու բզկտում եւ մահ: Այդ մենք կը տեսնենք վերապրողներու, հաշմուածներու եւ մանաւանդ ռազմաճակատը եւ հայրենիքը լքելու պարտադրուած մարտիկներու աչքերուն մէջ: Անոնցմէ ոմանք առանց մարտական պատրաստութիւն ունենալու եկած էին Արցախ ժամանակավրէպ զէնքերով դիմակալելու անօդաչու թռչող սարքերու տորմերը: Ինծի համար ամենածանր տեսարանն էր այն, ուր ռուսական շարասիւն մը կ՛ուղղուի դէպի Արցախ, իսկ ճամբու եզրին հատ ու կենտ զինաթափ ընկճուած հայ զինուորներ մշուշին մէջ կը սպասեն պատահական ինքնաշարժի, որ զիրենք տուն փոխադրէ: Ապա Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներ կը տեսակցին զինուորական տարազ հագցուած որբացած մանուկներու հետ ա՛յն հսկայ պաստառին առջեւ, որուն վրայ կան լուսանկարները այն հայրերուն, որոնք այլեւս տուն պիտի չգան:
Բեմադրիչը ներառած է նաեւ տեսարաններ, ուր ազերիներ կը ստորնացնեն եւ կը սպաննեն գերիվարուած զինուորներ: Ներառած է նաեւ ամերիկահայ ծանօթ դէմքեր Էրիք Յակոբեանի եւ Սերժ Թանկեանի հետ տեսակցութիւններէ հատուածներ: Ժապաւէնը զուրկ չէ գեղարուեստական պատկերներէ: Տպաւորիչ է նաեւ Նարեկ Յովսէփեանի կողմէ յօրինուած ցաւոտ երաժշտութիւնը: Բեմադրիչը այժմ կը գտնուի Ուքրանիա, որ նոյնպէս յարձակման ենթարկուած է գերակայ ուժի մը կողմէ:
Գ. «Հայկական ոգին» (The Armenian Spirit) 74 վ. , 2021: Բեմագիր, բեմադրիչ եւ լրագրող Անճելա Ասատրեան, որ կիսով հայ է, մասնագիտութեամբ ընկերային ծառայող մըն է: Կ՛արտադրէ նաեւ ժապաւէններ: 2020 թուին կ՛իմանայ, որ իր հայ զարմիկը մահացած է: Ցնցումը զինք կը մղէ պրպտումներ կատարելու հայոց պատմութեան մասին: Ապա կը մեկնի Հայաստան, ուր աջակցութիւն կը ստանայ «Center for Truth and Justice» («Կեդրոն` ճշմարտութեան եւ արդարութեան», առնչուած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին) կազմակերպութեան, որ, քանի մը ամիս շարունակ տեսակցութիւններ կ՛ունենայ յատկապէս տեղահանուածներու, որդեկորոյս մայրերու, գերիվարուած զինուորներու եւ հիւանդապահուհիներու հետ, որոնք ականատես եղած են արհաւիրքին: Կը լսենք վկայութիւնը վերապրած զինուորի մը, որուն անօգնական ընկերները իր աչքերու առաջ ողջակիզուած են «քամիքազէ» անօդաչու սարքերու կողմէ: Ի տարբերութիւն Էմիլ Ղեսսէնի, Ասատրեան ցոյց կու տայ կենդանի ռմբակոծում, յօշոտուած ածխացած մարմիններ: Կը խօսի Թուրանական վտանգին մասին եւ կը մէջբերէ օտար թղթակիցներու տեսակցութիւններ Ի. Ալիեւի հետ, ուր ցայտուն կերպով կը ցուցադրուի անոր յոխորտալից շնական կեցուածքը:
Երկու ժապաւէններուն մէջբերումներուն մէջ կրկնութիւններ կան: Այդ թերեւս անխուսափելի էր, նկատի առած, որ իրարմէ անկախ աշխատած են: Զիրենք կը միացնէ խռոված ոգին: Ասատրեան աւելի յախուռն եւ զգացմունքային է, քան Ղեսսէն, որ արհեստավարժ ճակատային լրագրող մըն է այժմ:
(Շար. 1)
- Տեղահանուած ազերիներու ընդհանուր թիւին մասին ստոյգ տեղեկութիւն չկայ: Հաւանաբար աւելի մեծ է, քան Արցախի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան թիւը: Հայկական կողմը միշտ ընդդիմացած է տեղահանուածներու վերադարձէն ետք հանրաքուէ կազմակերպելու առաջարկին:
- Այստեղ կարելի չէ չյիշել Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկը», ուր Արամիկի ազերի մայրը հրեշտականման կին է: Ի դէպ, Աւետիսեան նման որեւէ ծրագիրի չէ մասնակցած:
- Ֆրունզիկ Դովլաթեանի «Կարօտ»-ը ունի ողբերգական աւարտ, բայց այդ ժապաւէնը ակնյայտօրէն ուղղուած է 50-ական թուականներուն վատահամբաւ Լ. Բերիայի գործադրած սարսափի գործելակերպին դէմ:
- Էկոյեանի ներկայացուցած ընտանիքները որպէս կանոն խաթարուած են, յաճախ նաեւ` տոհմապղծութեամբ:
- Արեւմտեան Եւրոպայի կարգ մը լեզուներու մէջ Nation բառը ունի կրկնակի իմաստ, թերեւս որովհետեւ Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք հիմնուած պետութիւնները մեծաւ մասամբ ազգային էին:
- Տես «Սողոմոնի երգերը ամերիկեան պաստառի վրայ», «Ազդակ», 18 մարտ 2021:
- Պարզ անօդաչու թռչող սարքերը ատակ են մեծ յաջողութեամբ գործելու որպէս խմբաւորում, ինչպէս մրջիւններ կամ մեղուներ: Այդ հասկնալու համար հարկ է տարրական իմացութիւն ունենալ «Ինքնակազմակերպումի» տեսութեան (Complexity & Self Organization): Այդ առանձին նիւթ է: