Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերժում Անպատիւ Խաղաղութեան

Յունիս 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին պատահեցաւ ինչ որ նախատեսուած էր: Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու խմբաւորումներուն` Հայաստան եւ Պատիւ ունեմ դաշինքներուն կողմէ հրաւիրուած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը տեղի չունեցաւ, մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Մեծամասնական իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները չներկայացան ժողովին:

Ի՞նչ էր ընդդիմութեան նախաձեռնութեան պատճառը: Հայաստան աշխուժօրէն ընդգրկուած է Ազրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացի մը մէջ, որուն վերջնական նպատակը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնն է: Բանակցութեան առարկայ են թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրը եւ թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան հետագայ կարգավիճակի հարցը, Նիկոլ Փաշինեանի նախանշած հայկական պահանջներու «նշաձողի իջեցման» սկզբունքը, իր անորոշութեամբ, մեծ վտանգներու նախատեսման համար արդարացի մտահոգութեան դուռ կը բանայ:

Պատերազմներէ ետք բանակցութիւններ վարելը եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան դաշինք կնքելը բնական երեւոյթ է: Յաղթական կողմը, այդ բանակցութիւններուն ընթացքին, կը փորձէ թելադրել իր պայմանները, որոնք պարտուած կողմին համար կրնան շատ ցաւագին ըլլալ: Պարտուած կողմը, Հայաստանը ներկայ կացութեան մէջ, իր ազգային իրաւունքները պաշտպանելու պիտի ձգտի ու աշխատի զիջումներու խելամիտ ու չափաւոր սահման մը ապահովել: Մինչեւ ո՞ւր կրնայ զիջիլ Հայաստանը: Որո՞նք են այն ազգային նշաձողերը, որոնցմէ կարելի չէ հրաժարիլ, որոնց պահպանման համար պարտաւոր ենք ոգի ի բռին պայքարիլ: Այդ նշաձողերու պահպանման շնորհիւ է, որ նախատեսուած հաշտութեան պայմանագիրը ընդունելի կը դառնայ, արժանապատիւ հաշտութիւն կը դառնայ:

Բանակցութիւնները կը վարուին իշխանութիւններուն կողմէ, աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւը ընտրած է: Այս պայմաններուն մէջ, Ազգային ժողովը պէտք է վարուող բանակցութիւններու համար սկզբունքներ ճշդէ, ուղղութիւն տայ գործող իշխանութեան: Մանաւանդ որ, վարուող բանակցութիւնները չեն վերաբերիր ընթացիկ կենցաղային, տնտեսական, ընկերային կամ այլ հարցերու. անոնք կը վերաբերին պետութեան գոյութեան, ապագային, ազգային իրաւունքներու համահայկական ոլորտին: Ինչպէ՞ս կարելի է պնդել, որ ընտրութեամբ ժողովուրդը մեծամասնութիւն մը բերած է Ազգային ժողով, այդ մեծամասնութիւնը օրէնքի ուժով կառավարութիւն կազմած է, որ ժողովուրդէն ստացուած իրաւունքով (մանտաթով) երկիրը խաղաղութեան առաջնորդելու առաջադրանք ունի: Նոյնիսկ եթէ ժողովուրդը խաղաղութիւն տենչացած է, ինչ որ բնական ու արդարացի տենչանք է, արդեօ՞ք ամէն գնով, ծանրագոյն զիջումներով, պարտուողական հոգեբանութեամբ, անպատիւ խաղաղութիւն հաստատելու իրաւասութիւն տուած է իր ընտրած իշխանութեան:

Ընդդիմութեան պահանջը արդարացի է ու բնական: Ընտրութեամբ ազգին ներկայացուցչութիւնը հանդիսացող Ազգային ժողովը իրաւունք չունի հլու եւ հնազանդ ենթարկուելու գործադիր իշխանութեան կամքին: Ընդհակառակը, Ազգային ժողովը իր կամքը պէտք է թելադրէ գործադիրին, անոր վարած քաղաքականութեան համար սկզբունքներ ճշդելով, անոր առաջադրանքներ թելադրելով: Ընդդիմութիւնը, Ազգային ժողովը արտահերթ նիստի հրաւիրելով, կ՛ուզէր հանրային քննութեան առարկայ դարձնել բանակցութիւններու ընթացքին գործադիր իշխանութեան որդեգրելիք սկզբունքները, ուրիշ խօսքով` պահանջներու նշաձողը:

Կատարուելիք քննարկման իբրեւ նախամուտ, ընդդիմութիւնը պատրաստած եւ հրապարակած էր եօթը կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը, որ կը պարունակէր բոլոր այն նուազագոյն սահմանները, որոնք կարելի չէ շրջանցել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնելու ատեն:

Իշխանութիւնները, անդադար խոչընդոտելով ամէն քննարկում, կ՛ուզեն ազատօրէն հասնիլ իրենց նախատեսած խաղաղութեան, որ անպատուաբեր է, վտանգաւոր, Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը վերացնող եւ առաւել կամ նուազ հեռանկարով` նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան գոյութիւնը խաթարող:

Անընդունելի այս հեռանկարի խափանումը վարուող քաղաքական վարքագիծի արմատական փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ, իսկ այդ փոփոխութիւնը կարելի է միայն ներկայ իշխանութեան հրաժարականով ու ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կազմութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ամուսնութիւնը Գերազանցող Յարաբերութիւն. Խալիլ Ժըպրանի Եւ Մերի Հասքըլի Սիրային Սքանչելի Նամակները

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբահաւաքման Եւ Մաքրութեան Աշխատանքները Վերսկսած Են

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?