ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վազգէնին հետ յաճախ սուրճ խմելու կ՛երթայինք, եւ ինք միշտ կ՛ուզէր «Էրզ» անունով միջինարեւելեան հսկայ նպարավաճառատան սրճարանի բաժինը երթալ:
– Վազգէ՛ն, ա՛լ ձանձրացայ այս սրճարանը գալէն, ի՞նչ համ կ՛առնես` չեմ գիտեր, – ըսի օր մը:
– Նայէ՛, երբ որ այս խանութը մտնեմ, արդէն համեմներուն բոյրերը տունս կը յիշեցնեն ինծի:
– Աստուծոյ սիրոյն, տունէն դուրս կ՛ելլես, որ տո՞ւնդ յիշես:
– Խօսքս այստեղի տանս մասին չէ, – ըսաւ նեղացած:
– Հապա Պէյրութի՞ տունդ կը յիշես:
– Ո՛չ, տուն ըսելով` Լիբանան ըսել կ՛ուզեմ:
– Հը՜մ, – ըսի եւ մօրուքս շոյեցի: Ամէն անգամ, որ ակնթարթի մը համար ըսելիք չգտնեմ, այս շարժումը կ՛ընեմ: Ակնթարթի մը համար ըսի, քանի որ շատախօս անձ մըն եմ, եւ քիչ կը պատահի, որ պապանձիմ:


Վազգէնը տխուր աչքերը պտտցուց դուրսի տեսարանին վրայ, որ Լորընս փողոցն էր, ուր կը գտնուէին «ազգագրական» շուկաները` հայկական, արաբական, պարսկական, աֆղան եւ այլազան ազգերուն պատկանող նպարավաճառներ: Եւ այդ ազգերու պատկանող ժողովուրդները այդ խանութներուն մէջ կը գտնէին իրենց կորսնցուցած ծննդավայրէն պատառիկներ: Ես անձնական փորձառութեամբ գիտեմ, որ հոտը որքան արագ յիշողութիւնը կը գրգռէ, օրինակի համար, երբ մէկը վարունգ կեղուէ, անոր հոտը ակնթարթի մը մէջ ինծի կը յիշեցնէ մանկութեանս ամառները, երբ մայրս վարունգ կը կեղուէր կամ կը մանրէր` մածունով, սխտորով եւ անանուխի փոշիով «ճաճըխ» պատրաստելու համար, բոյրը տան մէջ կը տարածուէր, կը յիշեմ նաեւ, որ անոր կեղեւները մեր ճակտին կը փակցնէինք, որպէսզի զովանանք:
– Թէեւ ֆիզիքապէս այս տեսարանը ոչ մէկ ձեւով Լիբանանին կը նմանի, բայց այս շրջանին մէջ տեսած դէմքերս ընտանի են ինծի համար, անոնց կարօտը կը քաշեմ այս բաբելոնին մէջ, ուր չտեսնուած ազգեր կան:
– Ծօ՛, եթէ Լիբանանը այդքան կը սիրես, արդէն քանի տարի է, որ քաղաքացիական պատերազմը դադրած է, չե՞ս մտածեր դարձեալ հոն հաստատուելու մասին:
– Կը կարծե՞ս, որ այդ մասին չեմ մտածած, վերջին Պէյրութ երթալուս որոշած էի, որ վերադառնալու մասին հետաքրքրուիմ, բայց չկրցայ որոշում տալ, քանի որ Պէյրութը այլեւս իմ գիտցած Պէյրութս չէր: Այս խանութը կու գամ, որովհետեւ այստեղ եկող մարդոց մեծ մասը ինծի պէս եկած է ուրիշ տեղէ մը, որ հիմա միայն իրենց երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունի, եւ ինծի կը թուի, թէ բոլորն ալ նոյն պատճառով հոս կու գան` իրենց կորսնցուցածը վերագտնելու համար, հոգ չէ թէ` անծանօթ, բայց իրենց համար ընտանի դէմքեր տեսնելով:
– Ըսածդ քիչ մը մտահոգիչ է, կարծես քեզի համար այս վայրը «Աղջամուղջային զոն» մըն է ամերիկեան հեռատեսիլի յայտագիրին նման, տեղ մը, որ իրականութեան եւ պատրանքի միջեւ կը տարածուի, ուր երբ մէկը մտնէ, իր անցեալին կը վերադառնայ, քու պարագայիդ գիտցած Լիբանանդ կը գտնես եւ կը մոռնաս, որ աշխարհի ամէնէն հզօր երկիրներէն մէկուն մէջ կը գտնուիս:
– Քանատան հզօ՞ր, հա՛հ, – ըսաւ` առանց պէտք եղած զգացումը դնելու անոր մէջ, որովհետեւ կը կարծէր, թէ ինք իրաւունք ունէր, եւ սակայն այս պարագային իրաւունք ունենալը իրեն համար առաւելութիւն մը չէր:
– Վստահ եմ, որ Նիակարայի ջրվէժը տեսած ես տարուան բոլոր եղանակներուն, քանի որ ով որ Քանատա այցելէ, ազգականներէդ կամ բարեկամներէդ, անպայման հոն պէտք է տանիս, անկէ զատ որեւէ բան տեսա՞ծ ես: Չեմ կարծեր:
– Ի՞նչ կայ տեսնելիք, – ըսաւ դառնօրէն:
– Հիւսիսայգը երբեք տեսա՞ծ ես:
– Հիւսիսայգը ի՞նչ է:
– Աշխարհի հրաշալիքներէն մէկն է, որ միայն հիւսիսային կամ հարաւային բեւեռներուն մօտ կը պատահի: Քանի՞ տարի է, որ Քանատայի մէջ կ՛ապրիս:
– Քսանմէկ տարի անցաւ արդէն:
– Քսանմէկ տարի հոս ապրած ես եւ ոչ միայն հիւսիսայգը չես տեսած, այլ նաեւ չես լսած անգամ. օտար լեզուներով անոր աուրորա պորեալիս կ՛ըսեն: Եթէ տեսած ըլլայիր, կրնամ ըսել, որ Քանատան տարբեր աչքերով պիտի տեսնէիր:
– Ինծի համար դժուար է նման բանի մը հաւատալ:
– Երեւակայէ, որ քաղաքէն հեռու կը գտնուիս, ուշ գիշերին երբ միլիոնաւոր աստղեր կը փայլփլին եւ յանկարծ երկինքէն կը կախուի կանաչ, շղարշի նման թափանցիկ, աներեւակայելիօրէն հսկայական վարագոյր մը, որ կարծես երաժշտական ռիթմով անընդհատ կը ձեւափոխուի. զայն խօսքերով նկարագրելը անկարելի է, պէտք է տեսնես, որ հասկնաս անոր վեհութիւնը եւ դուրս գաս համեմներու առթած ճղճիմ եւ կարճատեւ թմբիրէն:
– Ի՞նչ է, այս մասին դասախօսութիւ՞ն մը պատրաստած ես: Քիչ մը փոխուելու համար դուրս ելանք, քիթէս մի՛ բերեր:
– Ես անիկա տեսած եմ եւ զմայլած: Մենք յաճախ զմայլիլ բառը անիմաստ բաներու համար կը գործածենք, այս պարագային, սակայն, ճիշդ բառն է: Ինչպէս որ բանականութիւն ունեցող որեւէ մարդ երբ տեսնէ ջուրի ահռելի քանակը, որ Նիակարա ջրվէժէն կը հոսի, չի կրնար անտարբեր մնալ, սակայն հիւսիսայգը շատ աւելի հզօր է:
– Այդ բաները զբօսաշրջիկները կը հետաքրքրեն, ես իմ գործերուս հազիւ կը հասնիմ, այդպիսի ժամանցները ինծի համար չեն:
– Մենք հոս կարծես քաւարանի մէջ կ՛ապրինք, ո՛չ հոս ենք եւ ո՛չ ալ հոն, մեր ինքնութիւնը այնքան աղաւաղուած է, որ ուտելիքը մեզի համար պատկանելիութեան խորհրդանիշ դարձած է: Այս երկիրը սիրենք կամ ոչ, հոս կ՛ապրինք, բայց մեր շրջապատը մեզի համար կարծես պատրանք մըն է եւ երբեմն նոյնիսկ` մղձաւանջային ներկայութիւն, ուրեմն անկէ խուսափելու համար մեր աչքերը կը գոցենք եւ դէպի ներս կը նայինք, ազգովին անցեալի մէջ կ՛ապրինք:
– Քու այս բնաւորութիւնդ չեմ սիրեր, սատեղը նստինք սուրճ մը խմենք, ասկէ անկէ խօսինք, չ՛ըլլա՞ր: Անպայման գլո՞ւխ պիտի արդուկես:
– Քեզի օրինակ մը տամ: Ես Լիբանան ծնած եմ, քսանչորս տարեկանիս գաղթած եմ Քանատա, կրնա՞ս երեւակայել, որ Դամասկոսը չեմ տեսած, հոս գալէս ետք միայն գիտցայ, որ սխալ էր ըրածս, պատմական հին քաղաք մը կար, որ իմ ապրած տեղէս միայն երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, սակայն ես բնաւ չէի մտածած, որ երթամ ու այդ քաղաքը տեսնեմ:
– Ատիկա ճիշդ է, ես ալ նոյն բանը ըրած եմ, Եգիպտոս չեմ այցելած: Մարդիկ աշխարհի ամէն կողմերէն կու գան բուրգերը տեսնելու, շատ դիւրին պիտի ըլլար Լիբանանէն հոն երթալ, բայց բնաւ միտքէս չէ անցած, որ այդպիսի պտոյտ մը ընեմ:
– Լա՛ւ, չե՞ս կարծեր, որ նոյն սխալը հոս պէտք չէ կրկնենք:
– Նայէ՛, ես այդ մասին խօսելու փափաք չունիմ:
– Քանի մը ամիս առաջ ԹիՎի Օնթարիոյէն հիւսիսայգին մասին յայտագիր մը կար, որ արձանագրեցի: Անգլիացի դերասանուհի մը փոքր տարիքէն երազած է հիւսիսային երկիր մը երթալ եւ հիւսիսայգը տեսնել. այդ նպատակով Նորվեկիա կը մեկնի իր մանկութեան երազը հետապնդելու համար: Դէպի հիւսիս իր ճամբորդութեան ընթացքին զանազան քաղաքներ կ՛այցելէ եւ հետզհետէ կը մօտենայ հիւսիսային բեւեռին, սակայն չի կրնար փնտռածը գտնել: Երկար սպասումներէ ետք, վերջապէս, գիշեր մը հիւսիսայգը կ՛երեւի ամեհի տարածքով հրաշալի եւ անկրկնելի իր փայլքով: Այդ վայրկեանին ժապաւէնին մէջ կը սկսի Էտուարտ Կրիկի երաժշտութիւնը: Ամէն անգամ որ դիտեմ այդ բաժինը, երբ հիսիսայգը կ՛երեւի, ես ալ դերասանուհիին հետ կը յուզուիմ:
Վազգէնը մտիկ կ՛ընէր գրեթէ անտարբեր, յանկարծ դէմքը պայծառացաւ, միամտօրէն ուրախացայ, որ ըսածներս վերջապէս տեղ հասած էին, բայց սխալած էի, ան Յակոբը տեսած էր, որ մեր կողմը կու գար, եւ այդ էր իր ուրախութեան պատճառը:
– Ինչպէ՞ս ես, Յակո՛բ,- հարցուց Վազգէնը:
– Քաքի պէս,- ըսաւ Յակոբը: Վազգէնին դէմքը աւելի պայծառացաւ, իր տէրտէն հասկցող մը գտած էր:
– Պատճառ մը կա՞յ,- հարցուցի,- որ այսքան ժխտական էր պատասխանդ:
Յակոբը արհամարհական նայուածք մը նետեց ինծի եւ չպատասխանեց: Անոր երեսին վրայ գրուած էր, որ ինք հպարտ էր տխուր ըլլալուն համար եւ ոչ մէկուն թոյլ կու տար, որ զինք այդ մենաշնորհէն զրկէ: Հալածախտ մը, որ մեր ազգային յատկանիշը դարձած է, որ` օրըստօրէ աւելի կը խորանայ, որովհետեւ մեր հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները` մամուլ, գրականութիւն, հեռատեսիլ գիշեր ցերեկ Ցեղասպանութիւն կը հոլովեն եւ պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ ողբերգական դիտակով տեսնեն ամէն ինչ:
– Այս մարդը ժամ մը գլուխս տարաւ Քանատան գովելով,- ըսաւ Վազգէնը:
– Ես Քանատան չգովեցի, միայն ըսի, որ նոյնիսկ եթէ հակառակ կամքիդ հոս եկած ես, գոնէ մէյ մը շուրջդ նայէ եւ տես երկրին յատկանիշները:
– Քանատայի մասին ի՛նչ որ ալ ըսես, օգուտ չունի, որովհետեւ մեր տեղը չէ, – ըսաւ Յակոբ:
– Եթէ այդ ձեւով պիտի մտածես, աշխարհի ոչ մէկ տեղը մեր տեղն է, նոյնիսկ Հայաստանը, որովհետեւ մեր սպասածէն տարբեր է: Բայց ինչպէս որ Վազգէնը կ՛ըսէր, Լիբանանն ալ փոխուած է:
– Այդ պատճառով պէտք է որոշ աւանդութիւններ պահենք, ինչպէս` մեր ուտելիքը, երաժշտութիւնը, այսինքն այն բաները, որոնք մեզի մեր ծննդավայրը կը յիշեցնեն եւ մեզի համար դիւրին է ունենալ,- ըսաւ Վազգէն,- օրինակի համար` Շաբաթ առտուները այս սրճարանը գալ եւ ֆուլ ուտել:
– Դուն ֆուլով կը յիշես, ես ալ տարբեր միջոցներ գտած եմ իմ ինքնութիւնս պահպանելու համար, բոլորս, որ հոս կը գտնուինք` արմատախիլ եղած մարդիկ ենք, բայց ես չեմ կարծեր, որ մեր արմատները ֆուլին մէջ պիտի գտնենք:
– Լա՛ւ, դուն ի՞նչ ձեւով կը դիմանաս այս երկրին մէջ:
– Ձկնորսութեան կ՛երթամ, աւելի երիտասարդ եղած ատենս դահուկելու կ՛երթայի եւ նոյնիսկ չմշկել սորված էի, ապա թէ ոչ ձմեռը վրադ կը ճնշէ: Գալով մեր արմատներուն, ամէն անգամ, որ նոր հրատարակուած հայերէն գիրքեր տեսնեմ, մեր ազգին ապագային մասին հաւատքս կը զօրանայ:
– Ես յաճախ խտասալիկներ կը գնեմ, բայց գիրք կարդալու ժամանակ չունիմ, – ըսաւ Վազգէնը:
– Վերջին գիրքը, որ կարդացած եմ, երկրորդական վարժարանի վերջին տարին էր, ես կարդալ չեմ սիրեր, – աւելցուց Յակոբը:
– Երկուքդ ալ մեթրօ կամ օթոպիւս նստած էք գործի երթալու համար, վստահ եմ, որ նկատած էք, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը գիրք կամ թերթ կը կարդայ: Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հազարաւոր գիրքեր կը հրատարակուին ու կը ծախուին եւ աւելի կարեւորը` կը կարդացուին:
Իմ իսկ խօսքերս այնքան սին եւ արհեստական թուեցան ինծի, որ ստամոքսիս մէջ անորոշ ցաւ մը տեղաւորուեցաւ: Յաճախ կ՛ունենանք այս խօսակցութիւնները, որոնք ոչ մէկ բան կը փոխեն, եւ կարծես բոլորս ալ դատապարտուած ենք նոյն դերերը խաղալու: Մեր խօսքերը իրենց իմաստը կորսնցուցած են եւ` յանկերգի վերածուած: Իրականութեան մէջ մէկս միւսին բնաւ տալիք չունինք, հասարակաց եզր մը անգամ չունինք: Նաւաբեկուածներ ենք, որոնք նոյն կղզիին մէջ ապաստանած են, եւ իրենց միակ հասարակաց գիծը նոյն աղէտին ենթարկուած ըլլալն է:
– Ինչի՞ մասին կը մտածես կոր, – հարցուց Վազգէնը, – այնքան սուզուեր ես, որ հետդ խօսողին չես պատասխաներ կոր:
– Չես ուզեր գիտնալ, – պատասխանեցի:
– Թեթեւի առ, դուն ամէն ինչի մասին շատ կը մտահոգուիս:
– Ժառանգական հիւանդութիւն մըն է, անկէ չեմ կրնար ձերբազատիլ, բայց քեզի կրնամ վստահեցնել, որ երբեմն այդ հիւանդութիւնը ինծի այնպիսի թռիչքներ կու տայ, որ վերջին հաշուով ուրախ եմ, որ այդ արատով ծնած եմ, – պատասխանեցի:
Վազգէնը եւ Յակոբը իրարու նայեցան: Վահէն միացաւ մեզի:
– Վահէ՛, դուն այստեղի կեանքին ինչպէ՞ս համակերպած ես, – հարցուց Վազգէնը, – մենք այդ մասին կը խօսէինք, ինծի համար այս սրճարանը գալը հաճելի է, որովհետեւ ամէն ինչ ընտանի է ինծի համար:
Վահէն այս տեսակ հարցերու կարճ պատասխան չէր ունենար, կրնամ ըսել, որ ան ընդհանրապէս որեւէ նիւթի մասին երկար կը ճառէր:
– Հազար ինը հարիւր եօթանասունհինգին Լիբանանի հայութիւնը ոսկեդարի մը սեմին կը գտնուէր, թատրոններ, գրողներ նկարիչներ սկսած էին կազմաւորուիլ եւ մշակութային շօշափելի արդիւնքներ ձեռք բերել, ստեղծագործական արդիւնաբեր մթնոլորտ մը գոյացած էր, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը անգամ մը եւս ցիրուցան ըրաւ մեզ, Եղեռնէն վաթսուն տարի ետք սկսած էինք դարձեալ ծաղկիլ, բայց այդ գարունը կարճատեւ եղաւ, հիմա ընկերներէս մէկը Ֆրանսա մեկնած է, մէկը Աւստրալիա, երկու երեքը` Լոս Անճելըս, իսկ կան ուրիշներ, որոնց ո՛ւր ըլլալը անգամ չեմ գիտեր, ինծի պէս շատեր ո՛ւր որ ազգական ունէին, հոն ապաստանեցան, ես հոս եկայ, քանի որ այստեղ հաստատուած հօրեղբայր ունէի: Ինծի համար թէեւ դժուար եղաւ համակերպիլը, բայց քանի որ հոս եմ, կ՛ուզեմ կրցածիս չափ օգտուիլ տեղւոյն պայմաններէն, եթէ հետաքրքրուիս, բաներ կը գտնես, որոնք կրնան քեզի գոհունակութիւն պատճառել:
– Օրինակի համար, ի՞նչ, – հարցուց Յակոբ:
– Շատ մը բաներ, նախ` գրադարաններու հսկայ ցանց մը կայ ուրկէ կրնաս գիրքեր եւ խտասալիկներ փոխ առնել …
– Հապա, եթէ կարդալ չես սիրեր:
– Եթէ կարդալ չես սիրեր, ընկե՛րս, այն ատեն աշխարհի ամէնէն լայն դռներէն մէկը գոցուած է քեզի համար: Ինչ որ է, այդ մասին խօսիլը աւելորդ է, քանի որ մէկը չի կրնար քեզի ստիպել, որ կարդաս եւ կարդալէն հաճոյք առնես: Կ՛ուզեմ սակայն ըսել, որ հոս գալէս ետք արժեչափերս որոշ փոփոխութիւն կրեցին, օրինակի համար, Լիբանան գտնուած ատենս բնաւ չէի մտածեր նկարչութեան մասին, հակառակ որ պատանեկութեանս շրջանին ամէնէն սիրած բաներէս մէկն էր: Հիմա կը գծեմ:
– Ձեր երկուքին ըսածներէն դատելով` ուրեմն մտաւորակա՞ն պէտք է ըլլաս, որ տեղական պայմաններուն համակերպիս, – հարցուց Յակոբ Վազգէնին յատկանշական նայուածք մը նետելէ ետք, ինչ որ Վահէին աչքէն չվրիպեցաւ:
– Յակո՛բ, շատ լաւ գիտեմ, թէ դուն մտաւորական բառը ի՛նչ իմաստով կը գործածես, ինչ որ խղճալի եւ երեխայական կը գտնեմ. բայց քեզի ըսեմ, որ ամէն երկիր իր սովորութիւնները ունի, օրինակի համար, ճափոնցիները օր մը ունին, երբ անոնք հոծ բազմութիւններով կ՛երթան նոր ծաղկած կեռասենիները տեսնելու: Վստահ եմ, որ Քանատան ալ նման օրեր ունի, երբ կրնաս զանազան փորձառութիւններ եւ գիտելիքներ ձեռք ձգել:
– Մշակոյթը ընդհանրապէս փոքրամասնութեան մը հետաքրքրութեան առարկան է եւ մեր ժողովուրդին մէջ, մասնաւորաբար, շատ քիչ են այն անձերը, որոնք փափաքը, կամ աւելի ճիշդը` մարմաջը ունին մշակոյթով հետաքրքրուելու, անոր ծարաւը ունենալու,- ըսի,- եւ դժբախտաբար այդ քիչերն անգամ ճիշդ մօտեցում չունին: Վերջին քսան տարիներուն զանազան նոր ամսաթերթեր, շաբաթաթերթեր կամ օրաթերթեր հրատարակուած են, որոնք այս կամ այն եւրոպական կամ ամերիկեան հրատարակութիւններու շքեղ երեւոյթը ունին` փայլուն թուղթ, գունաւոր էջեր, հրաշալի տպագրութիւն, այսինքն` յատկանիշներ, որոնք նախապէս մեզի համար անհասանելի էին, այսօր մեզի մատչելի դարձած են, բայց անոնք կը նմանին ցուցափեղկին մէջ դրուած մանըքեններուն, որոնք աշխարհի լաւագոյն հագուստները հագած կ՛ըլլան, բայց փլասթիքէ շինուած են, – ըսի:
– Կը յիշեմ, որ Թորոնթոյի մէջ խումբ մը երիտասարդներու աշխատանքով պարբերաթերթ մը կը հրատարակէինք: Երկու փոքր գրամեքենայ ունէինք եւ` խմորատիպ մը, բայց ըսելիք ունէինք, այսօր հասարակ համակարգիչի մը մէջ նոյնիսկ հարիւրաւոր հայկական տառատեսակներ կան, հրաշալի տպագրութիւն կարելի է ընել, նոյնպէս մատչելի միջոցներով, սակայն ըսելիք չունինք: Ըսելիք ունենալու համար յանձնառու սերունդ մը պէտք է, որ իր գիտելիքը ուզէ ուրիշին հաղորդել, ոչ թէ միայն ուզէ, այլ իրեն համար ատիկա հալածախտ մը պէտք է ըլլայ, – ըսաւ Վահէն:
Մինչ այդ ուրիշներ ալ միացան մեր սեղանին, եւ խօսակցութեան նիւթը փոխուեցաւ: Ես կամաց մը սպրդեցայ եւ տանս մօտ գտնուող գրադարանը գացի, օթոյիս սնտուկէն հին գիրկի համակարգիչս հանեցի եւ սկսայ գրել: Նախապէս տան մէջ կը գրէի, սակայն այնտեղ չէի կրնար կեդրոնանալ: Գրադարանին մէջ տասնեակներով մարդիկ կան ամէն կողմ, եւ նոյն սեղանին վրայ չորս հոգի կ՛աշխատին, հակառակ ատոր` շատ դիւրութեամբ կը կեդրոնանամ:
Քովս չինացի աղջիկ մը նստած է, դիմացս, ձախին, քանատացի մարդ մը, իսկ աջին` չինացի երիտասարդ մը: Միայն մէկ անգամ քանատացի մարդուն հետ նայուածք մը փոխանակեցինք, երբ գրադարանի աշխատողներէն աչքառու մարմնով աղջիկ մը գիրքերով բեռնաւորուած կառքը հրելով մեր քովէն անցաւ: Գրադարանին պատուհանէն կ՛երեւէր աշնանային հրաշալի գոյներով զարդարուած ծառուղին: Մեկուսացայ եւ սկսայ գրել:
25 հոկտեմբեր 2010
Թորոնթօ