Յօդուածներ

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք «Վանայ Ձայն»-ի 40 տարուան երթը: ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ.-  Կարելի չէ 40 տարուան երթ մը խտացնել հարցազրոյցի մը սահմաններուն մէջ: «Վանայ Ձայն» անցնող 40 տարիներուն ունեցած է աւելի քան 400 անուն յայտագիր, հարիւրէ աւելի խօսնակներ, ձայնի հաղորդավարներ եւ անձնակազմի անդամներ: Բոլորին նուիրումին, անձնազոհ աշխատանքին եւ հետեւողական ճիգին շնորհիւ ռատիոկայանը արժանացած է պատուոյ գիրերու եւ մրցանակներու, որոնցմէ ամէնէն յիշատակելին...

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

 ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ընթերցողին: «Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը`...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

2026 թ. սեպտեմբերի 1-ին Պիշքեքում` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի շրջանակներում, Փութինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը վերջինիս համար ակնյայտօրէն ձախողուած էր: Տարիներ շարունակ Փաշինեանի երկակի խաղերի դէմ աչք փակող Ռուսաստանի իշխանութիւնը յստակ հասկացնում է, որ երկու լարի վրայ խաղալու երջանիկ ժամանակն անցել է, եւ Հայաստանի ղեկավարը շատ յստակ գործողութիւններով պէտք է փաստի` ինքը Ռուսաստանի եւ ԵԱՏՄ կառոյցի՞ հետ է, թէ՞ վերջինիս...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

Սեպտեմբերեան հասարակաքաղաքական տրամադրութիւնները ամփոփուած են «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի սեպտեմբեր ամսուան թիւին մէջ, որ արդէն հրապարակուած է: Սեպտեմբերը վերջին տարիներուն որոշ յոյզեր ու մտորումներ կը յառաջացնէ, քանի որ ան մէկ կողմէ կը յուշէ Հայաստանի անկախութեան հռչակման մասին` 1991-ին եւ միւս կողմէ` ցաւալի կերպով կը յիշեցնէ, որ սեպտեմբեր 2-ը Արցախի անկախութեան հռչակման օրն է: Ոմանք ի հարկէ շատ կը փափաքէին, որ Արցախի պետականութեան...

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

40 տարիներ առաջ լիբանանահայ տուներուն մէջ գրեթէ միայն արաբերէն եւ օտար լեզուներ հնչող ձայնասփիւռներէն ամենայն անուշութեամբ եւ հարազատութեամբ կը հնչէ արեւմտահայերէնը, կը լսուին հայկական երգն ու երաժշտութիւնը` աւետելով ծնունդ «Վանայ Ձայն»-ին: 40 տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ գործող ձայնասփիւռի այս կայանը, լիբանանահայութեան համար կենսական դարձաւ, լիբանանահայուն սրտին մօտիկ էր միշտ: Բայց եւ այնպէս անոր գործունէութիւնը չսահմանափակուեցաւ Լիբանանով, այլ, օրուան ընձեռած...

«Լուսատենչ»-ը`  Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը

«Լուսատենչ»-ը` Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Հինգշաբթի, 23 յուլիս 2026-ի Պիքֆայայի խաղաղ ու երեկոյեան քաղցր  ժամերուն, Կիլիկեան դպրանոցի շրջափակին մէջ կը ճեմէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Օշական արք. Չօլոյեանը` խոկուն եւ հանդարտ: «Աստուած օգնական, սրբազա՛ն հայր» ըսելով` փափաք յայտնեցի ընկերանալու իրեն: Սովորութեանս համաձայն, հարցումներու տարափով մը խանգարեցի սրբազան հօր հանգիստը: Խօսակցութեան նիւթը դպրեվանքն ու դպրեվանեան յուշերն էին: Հաճելի եւ մտերմիկ պատումի...

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն

ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ 2 հոկտեմբեր 2026... Ահա՛ Ազգային Միացեալ վարժարանի «Հայրենի հող»-ին վրայ ենք: Ահա՛ համազգեստը ա՛յս է` միացեալականը. հայրենիքի կապոյտ երկինքը կրող, անոր կուրծքին` Հայաստանի յաւերժութեան նարնջագոյն նշանակը փայլող եւ արեան մէջ կարմիր` հայ հերոսներու ու նահատակներու արիւնը բորբոքող: Ահա՛ հայրենիքէն դուրս ուրի՛շ հայրենիք մը, որ ունի ինքնուրոյն դրօշ, ունի դպրոցական քայլերգ ու համազգեստ, ունի խրոխտ կեցուածք ու կարգապահութիւն: Ահա՛...

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները

Փաշինեանի Պայքարը Հայոց Կաթողիկոսին Դէմ

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Հայաստանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի միջեւ հակամարտութիւնը այլեւս անձնական կամ ներեկեղեցական վէճի սահմաններուն մէջ չի մնար: Ան աստիճանաբար կը վերածուի Հայաստանի պետական իշխանութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ բացայայտ քաղաքական դիմակայութեան: Եւ այս դիմակայութեան մէջ վտանգուածը միայն կաթողիկոսական աթոռը չէ: Վտանգուած է պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններու այն նուրբ սահմանը, որուն խախտումը կրնայ ունենալ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

Այս շաբաթ Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է`  յիշատակը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու բոլոր անոնց, որոնք, աստուածային օժանդակութեամբ, հինգերորդ դարէն սկսեալ իրենց մտքի ու հոգիի լոյսով շքեղօրէն զարդարեցին մեր Եկեղեցւոյ ու հայութեան կեանքը ու ազգային մշակոյթի ճամբով Ոսկեդար կերտեցին: Այս առթիւ, Հայ եկեղեցին իր սրբազան կամարներուն տակ անգամ մը եւս կը հռչակէ, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լուսեղէն տեսիլքով...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

Թարգմանչաց տօնը լոկ պատմական իրադարձութեան մը հպարտ վերյուշը կամ օրացուցային արարողութիւն չէ. անիկա տարուան բոլոր օրերուն ապրելու եւ գործադրելու ազգային-հոգեմտաւոր պատգամ է: Ե. դարուն Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսլականով սկզբնաւորուած Թարգմանչաց շարժումը սոսկ այբուբենի գիւտ կամ թարգմանչական աշխատանք չէր, այլ` հայացման, ինքնութեան կերտման եւ ազգային դիմագիծի պահպանման համազգային սրբազան պայքար: Սուրբ թարգմանիչները, իրենց աննկուն հաւատքով ու զոհողութեամբ,...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հայ սփիւռքը պէտք է տկարանայ, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանը: Արման Եղոյեան (Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ) Առաջին հայեացքով ազնիւ ընթերցողը կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ առնչութիւն ունին կրթական վերամուտնն ու Թարգմանչացը վերեւի նախադասութեան հետ, որ խորքին մէջ,  դատապարտելի ըլլալով հանդերձ,  կ՛արտացոլացնէ տուեալ անձին ունեցած ազգային թէ քաղաքակրթական մտքի կարճատեսութիւնը, ծանծաղամտութիւնը, հոգիին խեղճութիւնն ու, ցաւ ի սիրտ` դալուկ կազմաւորումը: Աւելի՛ն. կրնայ արդարօրէն...

Մեսրոպեան Շունչը  Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել

Մեսրոպեան Շունչը Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Ցեղասպանութեան վաթսունամեակ, Հալէպ: Միջճեմարանական շարադրութեան մրցանք, նիւթ` Տէր Զօրի աւազներուն վրայ այբուբեն սորվեցնող հայ մայրը: Վաղ երիտասարդութեանս օրերն էին,  երեւակայութեանս մէջ լողալով` հասայ Տէր Զօրի անապատը, տեսայ կարմիր ջարդի եւ թուրքի եաթաղանին ընդառաջ հայ մօր տիպարը, որ նահատակութեան երթին, ջուրէն եւ հացէն աւելի կարեւորելով իր մանկան մեսրոպեան այբուբենը սորվեցնելու ահազանգը, ստանձնած էր ուսուցիչի դերը: Այս պատկերի քանդակը ՀՕՄ-ի...

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Մեսրոպեան Լոյսի Պատգամը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Մեսրոպեան Լոյսի Պատգամը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Հայոց տօնացոյցին համաձայն, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը նշուի Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս տօնը սովորական յիշատակի օր մը չէ միայն: Ան մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան խորքերէն բխող սրբազան տօնն է, որ մեզ ամէն տարի կը վերադարձնէ այն մեծ լուսաւորութեան ակունքին, ուրկէ ծնած են` մեսրոպատառ հայոց լեզուն,...

Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը

Վերամուտ Մը` Լեզուի, Յիշողութեան Եւ Ապագայի Համար

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ «Արամ Ա.  Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի տեսուչ Յառաջիկայ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ը անգամ մը եւս պիտի բանայ իր դռները` դիմաւորելու 2026-2027 կրթական տարեշրջանը: Վերամուտ մը, որ սովորական ուսումնական սկիզբէ մը անդին` կը խորհրդանշէ հայագիտական կրթութեան շարունակականութիւնը, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնառութիւնը եւ նոր սերունդներու ազգային գիտակցութեան ամրապնդման առաքելութիւնը: Հիմնարկը այս տարի կը բոլորէ իր տասնչորրորդ վերամուտը:...

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

Վերածննդեան ու բարոք երաժշտութեան ամենահմուտ` աշխարհի գործող երիցագոյն ձայնային համոյթի, անգլիացի երաժիշտ խմբավար Peter Phillips-ի կողմէ 1973-ին հիմնուած Tհe Tallis Scholars-ի յիսնամեայ գործունէութեան վենետիկեան անդրանիկ համերգի, որ տեղի ունեցաւ 14 յուլիս 2017-ի Վենետիկի Սուրբ Մարկոս մայր տաճարի մէջ, կենդանի նկարահանումն ու ձայնագրութիւնը կրկնակի` Bluray եւ CD խտասալիկներով լոյս տեսաւ, գերմանական անուանի ECM հաստատութեան կողմէ: Խմբավար Peter Phillips- Համերգի գլխաւոր շարժառիթն...

Սթափելու Ժամանակը

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ազգայիններ յաճախ հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտի հայկական շահերը աժան սակարկութեան դնելու շարունակական մրցավազքը: Հայաստանի իշխող կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական պայմանագիրը յունիս 7-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ ներկայացուցած էր պետական կառավարման ծրագիր մը: Ինչպէս բոլոր նախընտրական ծրագիրները, այս ծրագիրը եւս հարուստ էր ընտրողներու սպասումները եւ ակնկալութիւնները գոհացնող խոստումներով. լաւ ապրելակերպ, տնտեսական աճ, ճամբաներ, նոր դպրոցներ...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Սողոմոնեան գերդաստանէն տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Յասմիկ Թեճիրեաններ, տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններ, տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ` իրենց զաւակներուն հետ միասին, որոշած են «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրի 160 երեխաներ հովանաւորել: Մեր ազնիւ նուիրատուները իրենց որոշումին մասին պաշտօնապէս յայտնեցին Կեդրոնական վարչութեան: Սողոմոնեան յարգարժան ընտանիքին այս նուիրատուութիւնը կը...

Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…

Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ «Այն ազգը, որ չի սատարեր եւ չի խրախուսեր իր թատրոնը, եթէ ոչ մեռած է, ապա մահամերձ է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս թատրոնը, որ ծիծաղի ու արցունքի միջոցով չ՛արտացոլացներ հասարակական ու պատմական զարկերակը, իր ժողովուրդին վիճակը, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր ու բնական միջավայրի իրական գոյները, իրաւունք չունի իրեն թատրոն կոչելու` ըլլալով ընդամէնը զուարճանքի վայր»: ՖԵՏԵՐԻՔՕ ԿԱՐՍԻԱ ԼՈՐՉԷ Լիբանանահայութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի...

Յայտարարութիւն.  Գունաւորե՛նք Եւ Պահպանե՛նք Մեր Ազգային Խորհրդանիշները

Յայտարարութիւն. Գունաւորե՛նք Եւ Պահպանե՛նք Մեր Ազգային Խորհրդանիշները

Նորահաս սերունդին հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, հոգեւոր աշխարհը, ստեղծագործ ոգին եւ ազատասիրութիւնը ծանօթացնելու եւ ազգային ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը 26 յունիս 2026-ին յատուկ հանդիսութեամբ ներկայացուց Նարինէ Մարգարեանի գծագրած «Գունաւորե՛նք մեր ազգային խորհրդանիշները» գունաւորման տետրակը, որ կազմուած է 30 պատկերներէ, որոնք կը ներկայացնեն` մեր ազգային խորհրդանիշները, մշակութային հարստութիւնը, հերոսները, հայրենի բնութիւնը եւ արժէքները: Իւրաքանչիւր պատկերի կողքին...

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն մասնագէտներ եւ մտաւորականներ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վտանգներուն մասին, եթէ այս թափով շարունակուի անոր զարգացումը: «Փոլիթիքօ», «Ճափան Թուտէյ», «Էյ. Պի. Սի.» կայքերը այս մասին յօդուածներ հրապարակած են: Ն. Արեւմտեան երկիրներու բնակիչներու մեծամասնութիւնը կը վախնայ, որ ԱԲ-ն կը կործանէ մարդկութիւնը Մարդկութեան գոյութեան սպառնացող ԱԲ-ի վտանգներու շուրջը  ծաւալած քննարկումները խորապէս մտահոգած են հանրութիւնը:...

Page 3 of 1110 1 2 3 4 … 1,110

Արխիւներ