Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Վ. ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ Երեք ներկայացում, երեք օր լեցուն սրահ, աւելի քան 1200 հանդիսատես: 9, 10, 11 հոկտեմբեր, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Դող` սիրտը գող» կատակերգութիւնը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Անցեալ շաբաթավերջին թատրոնը կարծես կրկին գտած էր իր հին կախարդանքը: Ծիծաղ, ծափահարութիւններ, ուրախ դէմքեր եւ ներկայացումէն ետք գոհունակութեամբ տուն վերադարձող հանդիսատեսներ: Թատերական գեղեցիկ յաջողութիւն մը` անկասկած: Բայց նաեւ`...




















