Յօդուածներ

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Հայ Մշակոյթին Ու Յունահայ Գաղութին Նուիրեալները

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Հայ Մշակոյթին Ու Յունահայ Գաղութին Նուիրեալները

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ի գիշերը «Լէոնտիօ» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Յունաստանի Քոմոթինի եւ Թեսաղոնիկէ շրջաններէն Աթէնք համախմբուած երիտասարդներ հրամցուցին ազգային երգերէն կտորներ ու ներկայացուցին հայ մշակութային ժառանգութենէն պարեր: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազատ Օր» թերթի խմբագրապետ Քերոբ Էքիզեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց վեհափառ հայրապետին 1996 թուականին Յունաստան կատարած հովուապետական...

Թուրքիոյ Երկրաշարժը

Թուրքիոյ Երկրաշարժը

ԿԱՐԷՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Դարեր առաջ, ճիշդ հոս, տեսայ չարչարանք ու տառապանք: Ընկերներս կ՛ապրէին աղէտալի օրեր. գուրգուրանքով լի ընտանիքս թալանեցին ու անոնց տարիներու ճակտի քրտինքով վաստակած փառքն ու վարքը տուին կրակին` դարձնելով գորշ ածուխ: Երեխաները բռնաբարուած, մորթազերծ` դիզուած անկիւն մը, անցեալին անոնց աչքերուն մէջ հրահրող կեանքը անհետացած երկինք կը նային, կարծես` խնդրելու գթութիւն: Մայրերը տեսնելով իրենց սիրով սնանած երեխաները այս վիճակին, խելագար`...

Սպասում

Աստղաբանութեան Ապաբնագիտութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Մոլորակաբան» Ֆրենք Հուկըրպիթս յեղակարծ  եւ մեկուսի երեւոյթ չէ: Կը պատկանի այսպէս կոչուած «Համպուրկի դպրոցին», որուն հիմնադրական մատեանը կը տեսնենք կողքի նկարին մէջ: Դասագիրքը (339 էջ) հրատարակած է Ալպերթ Վիթթէի սան եւ ժառանգորդ Ռ. Էլփըրթին (1901 - 1988) իր ուսուցիչի... անձնասպանութենէն ետք (1941): Գիրքին նոր հրատարակութիւնը կը վաճառուի համացանցի վրայ (1): Պատմական.- Նախքան 18-րդ դար` աստղա-բանութիւնը (Astro-logy) անջատուած...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչպէ՞ս Բացատրել Մոսկուայի Կրաւորականութիւնը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Իրերու ներկայ դրութեան մէջ հայ քաղաքական միտքը պարտաւորուած է այս հարցումին տալու իրապաշտ, խորքային, համակողմանի եւ անկեղծ պատասխան, քանի որ Ռուսաստանի դերը միշտ եղած է կենսական եւ առանցքային հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան եւ մեր ժողովուրդի գոյութեան համար: Ան կենսական է մանաւա՛նդ այսօր: Ճիշդ կամ սխալ` հայ անկախ պետականութիւնն ու ժողովուրդը դրած են շատ մեծ գրաւ մը ռուսական ուժի...

Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Ազդեցութեան Ստացած Ֆինանսական Ու Քաղաքական Իրերայաջորդ Երկու Հարուածները

Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Ազդեցութեան Ստացած Ֆինանսական Ու Քաղաքական Իրերայաջորդ Երկու Հարուածները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին, որ տուն կը կանչեն Լիբանանի մէջ իրենց դեսպանը եւ թագաւորութեան մէջ Լիբանանի դեսպանէն կը պահանջեն վերադառնալ Լիբանան: Նմանապէս, Սէուտական Արաբիան կը դադրեցնէ Լիբանանէն իր բոլոր ներածումները:  Սէուտական Արաբիան նոյն վերաբերմունքին արժանացուց լիբանանեան իշխանութեան կեցուածքին զօրավիգ քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցներն ու անձնաւորութիւնները: Նմանօրինակ կեցուածք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ  Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ հասաւ Աթէնք (Յունաստան) եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պեզազեան, Յունաստանի հայ...

Սթափելու Ժամանակը

Ուսուցիչներու Տօնը Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 9 մարտը հռչակուած է իբրեւ «Ուսուցչաց տօն»: 9 մարտին հայկական դպրոցները կը փակուին, իսկ նախորդ օրը` 8 մարտին աշակերտները ծաղիկներ կը նուիրեն իրենց ուսուցիչներուն եւ դպրոցներուն մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան հանդիսութիւններ: Ժամանակին տեղի կ՛ունենային նաեւ հանրային հանդիսութիւններ: Իմ ուսուցչական երկարատեւ պաշտօնավարութեան միջոցին, ես յաճախ այս օրը դարձուցած եմ հայ դպրոցի դերին ու կարեւորութեան անդրադառնալու առիթ մը: Վերջին  քսանամեակին...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Այս տարի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը, որուն նուիրուած տարբեր ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան եւ նախաձեռնութիիւններ կատարուին: Այս առիթով «Ազդակ» յաջորդաբար կը ներկայացնէ Համազգայինի տարբեր ոլորտներուն մէջ գործած եւ միութեան մէջ ներդրում ունեցած անձնաւորութիւններու վկայութիւններն ու յուշերը: Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան վերահսկողութեան տակ գործող Գեղարուեստական դպրոցները անկասկած կու գան...

Յայտարարութիւններ ( 23 Յունուար 2023)

Ստացուած Գիրքեր. Զինուորները Ծնւում Են Մարտադաշտում (Հեղինակ` Յովիկ Վարդումեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ «Զինուորները ծնւում են մարտադաշտում» գիրքը, բաղկացած` 124 էջերէ: Հեղինակ` Յովիկ Վարդումեան: Վարդումեան Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակից է եւ կը ներկայացնէ 1994-ի առաջին ամիսներու պատերազմական գործողութիւնները` Արցախի հիւսիս-արեւելեան ռազմաճակատներուն վրայ: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատերազմը ոչ միայն ստոյգ մահուան վտանգ է, այլ նաեւ մարմնական ծանր աշխատանք: Զինուոր ըլլալը մասնագիտութիւն է: Բայց այլ բան է հայրենիքի...

Տիգրան Տատրեան (Ժէ.)  «Կատակե՞լ, Թէ՞ Չկատակել», Այս Է Խնդիրը

Տիգրան Տատրեան (Ժէ.) «Կատակե՞լ, Թէ՞ Չկատակել», Այս Է Խնդիրը

Տիգրան Տատրեան ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Փարիզ, 1977, յուլիս, «Յառաջ»-ի խմբագրատուն Այդ տարին նոր ընդունուած էի իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Եւ որովհետեւ միջազգային կերպարուեստի մասին գիտցածս թէ՛ քիչ էր եւ թէ՛ տեսական, որոշեցի մեկնիլ Փարիզ, ուր  հնարաւորութիւն կ՛ունենայի աչքովս տեսնելու եւ ուսումնասիրելու արուեստի բոլոր շերտերը: Տեղաւորուելէ ետք մօրաքրոջս տղուն` Քրիստափորի (Պուրսալեան) բնակարանը (Saint-Denise), յաջորդ օրը գացի եւ այցելեցի «Cité universitaire»-ի Հայկական մասնաշէնքը (Մեզոն...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Ազգային Մտաւորականութիւնը Եւ Անոր Դերը Գաղափարական Կազմակերպուածութեան Մէջ

Հայ մտավորականութեան փաղանգ:  ՀՅԴ 9-րդ ընդհանուր ժողովի կազմը ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Մտաւորականութիւնն է, անկասկած, հանրային միտքեր, զգացումներ, մտահոգութիւններ արտայայտողը, գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի, համոզման շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Պատմութեան մէջ թագաւորներու, իշխաններու եւ երկիրը ղեկավարողներուն մէջ կը տեսնենք մտաւորականութիւնը. այսօր անոնք բացակայ են թէ՛ քաղաքականութենէն եւ թէ՛ մեր կեանքէն: Ի զուր չէ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ առաջին...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Մեծերը Մատներու Արանքէն Կը Նային Եւ Չեն Տեսներ, Որ Իրենցմէ Քարընկէց Մը Հեռու Արդէն Սկսած Է Կրօնական-Քաղաքակրթական Մեծ Պատերազմը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսական հեռատեսիլի լրագրող մը խօսեցաւ Շուշիի Ամենափրկիչ եկեղեցիի գմբէթէն խաչի վերացման մասին, նաեւ` ժողովուրդի մը կրօնական-մշակութային հետքի ջնջման, քանի որ պատերէն ջնջուած են հայատառ բոլոր արձանագրութիւնները, եւ ըսաւ, որ այս մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմ է: Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ ենթադրելու, որ Ամենափրկիչ կամ Աղաւնոյի եկեղեցիի ինքնութեան եւ պատկանելիութեան դէմ գործուած նախայարձակումը (ուրիշ բառ չկայ բնորոշելու այն,...

Արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքը` Անվիճելի

Արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքը` Անվիճելի

Ա. Ա.    Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի` Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին մասին կատարած  յայտարարութենէն մինչեւ Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի Ազրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան այցելութիւնները ցուցանիշ են, որ հակառակ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն այն պնդումներուն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած է եւ անիկա անցեալին կը պատկանի, միջազգային ընտանիքը տակաւին ունի...

Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Տնտեսի Կիրակի

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Տնտեսի Կիրակի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծ Պահքի չորրորդ կիրակին կը կոչուի Տնտեսի: Այդ օր կարդացուող ճաշու Աւետարանին մէջ կը յիշատակուի անիրաւ տնտեսի առակը: Անիրաւ տնտեսի առակը յիշատակած է Ղուկաս Աւետարանիչ: Կար մեծահարուստ տանուտէր մը, որ տնտես մը ունէր եւ իր բոլոր գործերը անոր վստահած էր: Օրին մէկը տնտեսին մասին ամբաստանութիւն եղաւ, որ հաւատարիմ չէ եւ կը վատնէ իր տիրոջ ունեցուածքը: Տանուտէրը կանչեց զայն...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Անարիւն Պատերազմ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հաւանաբար այս տողերը շատերուն համար քիչ մը տափակ «հնութիւններ» թուին: Բայց անպայման կ՛ուզեմ ըսել, որ թէեւ կ՛ապրինք քսանմէկերորդ դարու մէջ, սակայն տակաւին իր քառորդին չհասած` արդէն ան մեզ ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ կամ ճանչցնել` տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ պատերազմն ու կոտորածը: Սարսափելի է: Բայց ամէնէն սարսափելին այն է,...

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Ազատութիւն` Ազատականութենէն Անդին

Patrick J. Deneen, WHY LIBERALISM FAILED, Yale University Press, New Haven and London, paperback edition, 2019, 225 pp ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ճիշդ ատենին լոյս տեսած գիրք մը, որ ցոյց կու տայ «ազատութիւն» վեհ յղացքին վրայ հիմնուած «ազատականութիւն» հասկացողութեան իմաստազրկումը եւ կը նախատեսէ անոր վերջը: Հեղինակը քաղաքական գիտութիւններու դասախօս է եւ ղեկավարը` Նոթր Տամ համալսարանի սահմանադրական ուսմանց ամպիոնին: Գրած ու խմբագրած է բազմաթիւ...

Գիրքերու Հետ.  Աղօթալից Անուշաբոյր Խունկը Սրբութեան Ձգտող Մեր Կեանքին Մէջ

Գիրքերու Հետ. Աղօթալից Անուշաբոյր Խունկը Սրբութեան Ձգտող Մեր Կեանքին Մէջ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Հայ քրիստոնեան երբ Հայ եկեղեցիէն դուրս կ՛ելլէ, իր ամէնօրեայ կեանքը իմաստաւորելու համար բազմաթիւ հոգեւոր-ազգային ապրումներ կը տանի իրեն հետ: Ասոնցմէ երկուքը համամարդկային եւ տիրական են` ԱՂՕԹՔ եւ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ, որոնք մեր սիրտէն կը բարձրանան Աստուծոյ եւ որպէս աստուածատուր օրհնութիւն ու շնորհ, խորհրդաւոր ետդարձով, մեր սիրտը կը լեցնեն մտածումով, խօսքով եւ գործով Աստուած փառաբանելու եւ աստուածահաճոյ կեանք ապրելու համար:...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի Կենսագրականը

- Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի Կենսագրականը - Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեանի Հակիրճ Կենսագրականը ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 4 նոյեմբեր 1893-ին: Ան զաւակն է բժիշկ Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեան ամոլին: Ունեցած է երեք եղբայր եւ երկու քոյր: Նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը`...

Հրաշք Մանուկը

Հրաշք Մանուկը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Տէյվիտ Պալոկան Ուրախալի երեւոյթ է, երբ իննամեայ տղեկ մը կ՛ունենայ անհաւատալի թուացող մտային կարողութիւններ: Այս պարագային, իննամեայ Տէյվիտ Պալոկան է, որ... համալսարան կը փնտռէ: Ամերիկեան եւ անգլիական կայքեր (յատկապէս` «Կարտիըն» եւ «Ինսայտըր») յատուկ յօդուածներով անդրադարձած են այս երեւոյթին: Անկախ անոնցմէ` ժամանակ մը առաջ պատմուած է 10-ամեայ հայ տղեկի մը մասին, որ ուղարկուած է Մոսկուայի համալսարանի ուսողութեան բաժանմունքի առաջին...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԱ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս յօդուածաշարքը հայ ժողովուրդի մարտունակութեան, հերոսութեան եւ ռազմահնարամտութեան մասին է, որ պիտի երկարի սկիզբէն մինչեւ քսաներորդ դարու մեր կամաւորական հեծեալ գունդերը: Ա. մասը յատկացուած էր Հայաստան աշխարհի ձիաբուծութեան եւ մարտակառքերու բնօրրանը ըլլալու փաստին եւ անոր զարգացման ժամանակագրական փուլերուն` ՔԱ վեցերորդ հազարամեակէն մինչեւ ՔԵ միջնադարեան ժամանակաշրջան ակնարկն էր: Այնուհետեւ, յաջորդող  մասերով որոշ չափով ժամանակագրական կարգին հետեւեցանք, սակայն, յարատեւ պրպտումներու...

Page 277 of 1111 1 … 276 277 278 … 1,111

Արխիւներ