Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

March 13, 2023
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ հասաւ Աթէնք (Յունաստան) եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պեզազեան, Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, թեմին մէջ ծառայող միաբան, քահանայ հայրեր ու ազգայիններ:

Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, պետութեան կողմէ տրամադրուած ինքնաշարժով վեհափառ հայրապետը եւ իր շքախումբը մեկնեցան Ազգային առաջնորդարան, ուր վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ: Վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուելէ ետք Ս. խորան` կատարուեցաւ կանոնական աղօթք: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին Յունաստանի հայոց թեմ այցելութիւնը յատուկ խանդավառութիւն եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծեց թեմին մէջ: Ան բարի գալուստի խօսքին մէջ բազմաբեղուն ծառայութեամբ լեցուն երկար տարիներ մաղթեց վեհափառին  եւ ապա հրաւիրեց հայրապետը` իր պատգամը փոխանցելու հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմին մէջ գտնուելուն առիթով` ընդգծելով, որ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդին հետ ըլլալ է, անոր ցաւերը լսել ու դիմագրաւած դժուարութիւնները ճանչնալ է: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտեց թեմին վերակազմակերպման անյետաձգելի հրամայականը: «Անցնող երկու տարիները հռչակեցինք «Սփիւռքի տարի»: Սփիւռքի մեր կեանքին մէջ թեմերը կարեւոր դեր ունին: Ուր որ գաղութ հաստատուած է` հոն եկեղեցիներ նաեւ կառուցուած են, եւ եկեղեցիներուն շուրջ` թեմական կառոյցներ գործած են: Հետեւաբար, մեր այս տարուան հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին պիտի խօսինք սփիւռքի մեր կեանքը վերակազմակերպելու ու վերակենսունականացնելու մասին: Ո՛չ միայն պիտի խօսինք, այլ ծրագրումի գործընթացներ պիտի հաստատենք», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, վեհափառ հայրապետը մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ հոգեւորականաց դասուն, առաջնորդարանի անձնակազմին եւ ազգայիններուն հետ

 

 

Նախորդը

Ուսուցիչներու Տօնը Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Կեցուածքներն Ու Կառավարութեան Ջանքերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.