Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Հայ Մշակոյթին Ու Յունահայ Գաղութին Նուիրեալները

Մարտ 14, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ի գիշերը «Լէոնտիօ» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Յունաստանի Քոմոթինի եւ Թեսաղոնիկէ շրջաններէն Աթէնք համախմբուած երիտասարդներ հրամցուցին ազգային երգերէն կտորներ ու ներկայացուցին հայ մշակութային ժառանգութենէն պարեր:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազատ Օր» թերթի խմբագրապետ Քերոբ Էքիզեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց վեհափառ հայրապետին 1996 թուականին Յունաստան կատարած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին արտասանած խօսքին վրայ, ուր կաթողիկոսը կոչ կ՛ուղղէր սփիւռքահայութեան` վերակազմակերպելու ու վերականգնելու հայ գաղութները: Էքիզեան անդրադառնալով հայրապետին 2022 եւ 2023 թուականները սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն նուիրելուն` ըսաւ, որ ան իր գահակալութեան առաջին իսկ օրերէն, ուր որ գտնուեցաւ, Անթիլիասի մայրավանքի սրբազան խորանէն մինչեւ Հայաստանի ամէնէն պաշտօնական բեմերը, ահազանգեց ու խօսեցաւ սփիւռքի մասին` մանաւանդ արտասանելով «Հայրենիքը կը պարպուի, սփիւռքը կը մաշի» ծանրակշիռ խօսքը, որուն հրատապութիւնը կը շարունակէ յատկանշել հայ կեանքը իր ամբողջութեամբ: Ան լուսարձակի տակ բերաւ Արամ Ա.-ի միջեկեղեցական նպաստը, եւ յառաջիկայ օրերուն ունենալիք միջեկեղեցական հանդիպումները նկատեց իբրեւ պերճախօս վկայութիւն` անոր միջեկեղեցական հանգամանքին: Էքիզեան իր խօսքին մէջ նաեւ յիշեց, որ վեհափառը ոչ միայն համազգային ղեկավար դէմք մըն է, այլ նաեւ` միջազգային հեղինակութիւն: Ան իր խօսքի աւարտին յիշեց Յունաստանի հայ գաղութին բերած նպասը հայ կեանքէն ներս:

Ապա խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, որուն խօսքին առանցքը կազմեց գաղութը գործօն մասնակցութեամբ վերակազմակերպելու ու վերականգնելու հրամայականը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց վեհափառ հայրապետին 28-ամեայ ծառայութիւնը: Ան կաթողիկոսը ներկայացուց իբրեւ հայ կեանքի տիտաններէն մէկը եւ Հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներուն արժանաւոր յաջորդը: Ապա առաջնորդ սրբազանը, յանուն Յունաստանի հայոց թեմին, իբրեւ ախոյեանութեան խորհրդանշան, հայրապետին նուիրեց ձիթենեաց ոսկեզօծ պսակ:

Արդարեւ, ընդառաջելով Յունաստանի հայոց թեմի փափաքին, վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Ստեփան Մաթէոսեանն ու Մաննիկ Աշըրեանը եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` Արա Մանկոյեանն ու Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէանը` հայ մշակոյթին մէջ ու գաղութի կեանքին մէջ անոնց տարիներու ունեցած ծառայական վաստակին համար: Իր հայրական խօսքին մէջ կաթողիկոսը, վեր առնելով հայ մշակոյթը, անոր բարոյական սկզբունքներն ու ազգային արժէքները, կարեւորութեամբ շեշտեց զանոնք ոչ միայն պահելու, այլ նաեւ ապրելու ու զարգացնելու հրամայականը: Արամ Ա.  ըսաւ, որ մշակոյթը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ սովորական երեւոյթ մը չէ: Առանց հայ մշակոյթին` հայ ազգը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ պիտի կորսուէր: Սակայն մեր մշակոյթին շնորհիւ մնացինք կանգուն դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն մէջ, նոյնիսկ ջարդերէն ետք: Անդրադառնալով հայ արժէքներուն` ան ըսաւ. «Մշակոյթ, բարոյական սկզբունքներ եւ հոգեւոր արժէքներ մեզի համար դարձան անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն: Հոգեւորը մեր կեանքին մէջ հայացաւ, հայը իր հոգիով ու աւանդութեամբ` քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ. բարոյականը` մեր մշակութային ու ազգային տեսլականին, ձգտումներուն, իղձերուն եւ տագնապներուն էութիւնը դարձաւ: Եւ մենք այս արժէքներով մեր ինքնութիւնը կերտեցինք»: Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. բարձր գնահատեց ձեռնարկը ճոխացնող յունահայ երիտասարդութիւնը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Երկրաշարժը

Յաջորդը

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 23, 2023
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Գաղութէ Գաղութ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Մարտ 22, 2023
Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ
Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In