Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԱ.

Մարտ 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս յօդուածաշարքը հայ ժողովուրդի մարտունակութեան, հերոսութեան եւ ռազմահնարամտութեան մասին է, որ պիտի երկարի սկիզբէն մինչեւ քսաներորդ դարու մեր կամաւորական հեծեալ գունդերը: Ա. մասը յատկացուած էր Հայաստան աշխարհի ձիաբուծութեան եւ մարտակառքերու բնօրրանը ըլլալու փաստին եւ անոր զարգացման ժամանակագրական փուլերուն` ՔԱ վեցերորդ հազարամեակէն մինչեւ ՔԵ միջնադարեան ժամանակաշրջան ակնարկն էր: Այնուհետեւ, յաջորդող  մասերով որոշ չափով ժամանակագրական կարգին հետեւեցանք, սակայն, յարատեւ պրպտումներու շնորհիւ, յաճախ դէպի հինը, կամ նորը խախտումներով:

Թէեւ մեր նպատակը հայոց պատմութիւն գրել չէ, սակայն ձիերու եւ յարակից բնակավայրերու պեղումներուն վրայ հիմնուած, ժամանակագրական խախտումները պիտի կրկնուին նախապէս փնտռտուքէս վրիպած աղբիւրներուն պատճառով, եւ միւս կողմէ` հնագիտական պեղումներու եւ գիտական զարգացումներուն եւ տարրալուծարանային զանազան նորութիւններուն բերումով:

1. Կալաւանի արշաւախումբը պեղումներու ընթացքին: 2. Կալաւանի քարէ դարու` 70 հազար տարուան հնավայրի պեղումներէն:

Օրինակ` Է. մասին մէջ (1) Հայաստանի Արտենի լերան օպսիտաքարի զինագործարանը 1 միլիոն 400 հազար տարի դէպի նախամարդու ժամանակաշրջան տարաւ մեզ: Նոր Գեղիի ուղիղ կանգնող մարդուն մասին վկայող շերտին տարիքը առնուազն 325 հազար տարի էր եւ այլն: Ուրեմն Հայաստան աշխարհը, հակառակ իր լեռնային բնութեան, առնուազն 1 միլիոն 400 հազար տարի յարատեւ բնակեցուած է նախամարդէն մինչեւ արդի ժամանակները: Սա կը նշանակէ, որ Հայկական Լեռնաշխարհը կայուն զարգացման եւ ծաւալող քաղաքակրթութեան բնօրրան եղած է: Ապրելու յարմար վայր եղած է: Ստորեւ` նախապէս վրիպածներէն յայտնութիւն մը եւս, ապա` նորութիւն մը.

Ա. «Կալաւանի մէջ յայտնաբերուած նախամարդու քարէ դարու իջեւանը գործած է շուրջ 70 հազար տարի առաջ», կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը 15 սեպտեմբեր 2018-ին (2): Խոսրով Խլղաթեան կը գրէ (ամփոփում` արեւմտահայերէն).

«Գեղարքունիքի մարզի Կալաւան (Սեւանայ լիճին հիւսիս-արեւելքը, Kalavan*) գիւղին մէջ 26 օգոստոսին հնագիտական պեղումները վերսկսան հայ-գերմանական միացեալ արշաւախումբի մը կողմէ: Աշխատանքները կը համակարգէ Ռոպերթ Ղուկասեանը եւ հայկական կողմէն պեղումները կը ղեկավարէ հնագէտ Պորիս Գասպարեանը, իսկ գերմանական կողմէն` Գերմանիոյ Մոնրեփոյի (Monrepos Archaeological Research Center and Museum for Human Behavioral Evolution*) հիմնարկի հնագէտ Արիել Մալինսքին:

«Կալաւանի հնագիտական պեղումները սկսած էին 2004-ին, հայ-ֆրանսական համագործակցութեամբ եւ աւարտած 2008-ին` շատ կարեւոր յայտնաբերումներով: Պեղումները վերսկսան 2017-ին, հայ-գերմանական խումբով: Արշաւախումբը բաղկացած է 15 գիտնականներէ` Հայաստանէն, Գերմանիայէն, Փորթուգալէն, Իսրայէլէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:

3. Արարատ 1 քարայրը` ձախ կեդրոն, սպիտակ տաղաւար: 4. 45 հազար տարուան մանր օպսիտաքարէ կեղեւանք գործիքը եւ շկահը` նետի սուր ծայրը:

Գիտնականները հաստատեցին, որ այս հնավայրը` քարէ դարու նախամարդու կացարանը, շուրջ 70 հազար տարուան պատմութիւն ունի: Յայտնաբերուած են նախամարդու կողմէ պատրաստուած քարէ գործիքներ, ինչպէս նաեւ` վայրի եզներու, ազնուացեղ եղջերուներու, վայրի ոչխարներու, այծերու եւ այլ անասուններու ոսկորներ: Յատկանշական է, որ գերմանացի աշխարհահռչակ գիտնական Հանս-Փիթըր Ուերփման (prof. Hans–Peter Uerpmann, University of Tübingen*) տես` ԺԷ. մաս (3) հնավայր պիտի այցելէ: Տեսանիւթ մը` այստեղ (4):

Բ. «Մեսէյճ թու իկըլ.քոմ գիտական-պատմական կայքէջը (MessageToEagle.com) 26 յուլիս 2022-ին կը գրէ (5). «Նախապատմական 45 հազար տարուան մանր օպսիտաքարէ կեղեւանք մը յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ», կը յայտնէ Էլըրի Ֆրամ (Ellery Frahm)` Եէյլ համալսարանի հնագէտ գիտնականը, որ տնօրէնն է (Yale) համալսարանի հնագիտական հրդեհային ու պայթուցիկ նիւթերու բաժանմունքին (6):

«Կրնայ ամենագեղեցիկ առարկան չըլլալ, որ յայտնաբերեցինք Արարատ 1 քարայրին մէջ, սակայն տարրալուծարանային քննութիւնները հաստատեցին, որ 45 հազար տարի առաջ այս օպսիտաքարը գործածուած է յղկելու համար քարէ գործիք մը,- կ՛ըսէ Ֆրամ: – Այս շեղբը բերած են 40 քմ հեռու գտնուող Գեղասարի հրաբուխէն, ուր զանազան գոյներով օպսիտաքարեր կը գտնենք` թափանցիկ, կարմիր, սրճագոյն, մոխրագոյն եւ սեւ»:

5. Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Մեծ Հայքը:  6. Հայոց 10 բարձր լեռները` Արարատ` 5165 մեթր, Սաբալան` 4811 մ, Զիլօ` 4168 մ, Արագած` 4090 մ, Սիփան` 4058 մ, Քաջքար` 3937 մ, Սիս` 3925 մ, Կապուտջուղ` 3906 մ, Գազանա` 3829 մ եւ Սիսակապար` 3826 մ:

Էլըրի Ֆրամը 21 յունուար 2023-ին վերոնշեալներուն մասին եւ, աւելի՛ն, ԱՐՓԱ (ARPA) հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած «Հայկական Լեռնաշխարհը եւ նախնադարեան որսորդներէն մինչեւ սնունդ արտադրող համայնքները» (Armenian Highlands and Early-Hunter Gatherers to Food Producing Societies) նիւթով խիստ հետաքրքրական առցանց զեկուցումը վարեց: Զեկուցաբերներն էին հնագէտներ` Պորիս Գասպարեանը, Ֆիլ Կլոպըրմանը (Phil Glauberman) եւ Ճէյսըն Փիթըր Ճիլը (Jayson Peter Gill). շուրջ 2 ժամուան տեսանիւթը` այստեղ (7):

Գասպարեան շեշտեց «Հայկական Լեռնաշխարհ» աշխարհագրական հասկացողութեան ճշգրիտ ըմբռնումը եւ կիրարկումը, որ կը ներառէ ամբողջ Մեծ Հայքը եւ աւելին (քարտէս 5), որ սխալ կերպով օտարները Կովկաս, Անդրկովկաս, Հարաւային Կովկաս, Արեւելեան Անատոլու եւ այլն կը կոչեն (դաւադրաբար նաեւ` Հայաստանի այժմու թրքահաճոյ իշխանութիւնը):

Գ. Արագածոտն մարզի Գեղարօտ գիւղի պեղումները: Գեղարօտի մասին «Պատմութեան ոտնահետքերով. Գեղարօտ» խորագիրով 7 հոկտեմբեր 2021-ին Մարի Թարեան «Մետիամաքս» կայքէջին մէջ ծաւալուն` 52 նկարներով յօդուած մը գրած է, որ կ՛արժէ առանձին կարդալ այստեղ (8): Սակայն ստորեւ պիտի անդրադառնանք «Գեղարօտի դամբարանային հողաբլուրներուն` քուրկաններու պեղումներուն, 2013-2014, Ռուբէն Պատալեանի եւ Ատամ Սմիթի ԱրԱԳԱԾ ծրագիրի նախնական տեղեկագիրին» (The Kurgans of Gegharot: A Preliminary Report on the Results of the 2013-14 Excavations of Project ArAGATS) (9), (10):

7. Արագածոտն մարզի Գեղարօտ գիւղի հնավայրերուն համայնապատկերը, աջին`  դամբարան 3:   8. Թիւ 3 դամբարանը:

Ամփոփումը. «2013-2014-ին Ծաղկահովիտի դաշտի պրոնզէ-երկաթէ դարաշրջանի վայրերու ուսումնասիրութեան ընթացքին հայ-ամերիկեան արշաւախումբը Գեղարօտ գիւղին մօտ պեղած է երկու դամբարաններ (թիւ 2 եւ 3):

«Դամբարան 2-ը կը պարունակէր երկու խցիկ, որոնցմէ մէկը մեծ թիւով իրեր կը պարունակէր` 19 խեցեղէն անօթներու մէջ զետեղուած, պրոնզէ սուր եւ 12 օպսիտաքարէ շկահներ` նետերու ծայրեր եւ այլն:

«Այս դամբարանը կարելի է վերագրել միջին եւ ուշ պրոնզէ դարերու միջեւ առաջին անցումային շրջանին (Լճաշէն-Մեծամօր մշակոյթի սկիզբը) ՔԱ 16-րդ դարու վերջին կամ 15-րդ դարու առաջին կէսին:

«Դամբարան 2-ի կեդրոնական խցիկը նախապէս եղած է հասարակ փոս մը, որ կառուցուած է ուշ պրոնզէ դարուն: Հետագային խցիկը վերաբացուած է կանուխ երկաթի դարաշրջանին (ՔԱ 1200*), պատերը քարով պատած են եւ` գերեզմանի վերածած:

«Դամբարան 3-ը նոյնպէս կը պարունակէր երկու խցիկներ: Կեդրոնական խցիկին մէջ թաղուած էր 18-20 տարեկան երիտասարդ մը, եւ լկամը բերնին մէջ` երկու ձիու գլուխներ ու սրունքներ` պրոնզէ իրերով եւ կառքի լուծի պրոնզէ մասերով, ինչպէս նաեւ վայրի խոզի պրոնզէ արձանիկ մը` խարիսխի նման ոտքով»: Թէեւ հեղինակները նշած չեն, սակայն նախնադարեան մշակոյթի թաղումի ծէսերէն` սովորութիւններէն էր, որ նշանաւոր զինուորի մը հետ կը թաղէին զոհաբերելով անոր ձին, այս պարագային` երկու ձիեր եւ զանազան իրեր:

«Երկրորդ խցիկին մէջ յայտնաբերուած են վեց անօթներ: Այստեղ մարդկային մնացորդներու կամ անասուններու ոսկորներու հետքեր չկային: Դամբարան թիւ 3-ը կարելի է թուագրել ՔԱ 15-14-րդ դարերուն (Լճաշէն-Մեծամօր մշակոյթին):

9. Թիւ 3 դամբարանէն պեղուած երկու ձիաքարշ մարտակառքի մը պրոնզէ լկամները եւ սանձի անցքերու կազմածներու ՔԱ 15-14-րդ դար:  10. Թիւ 3 դամբարանէն նաեւ լկամը բերնին երկու թաղուած ձիու գլուխներէն մէկը:  11. Նկար 9-ի պրոնզէ իրերուն կազմութիւնը իբրեւ երկու ձիաքարշ մարտակառքի կնձնիի ճիւղէ լծակի կազմածքը:

«Դամբարանները, որոնք հետազօտեցինք, կը պատկանին մեծ դիահերձարանի մը, որ ժամանակին զգալի տարածք կ՛ընդգրկէր, պրոնզէ դարու բլուրի գագաթի բնակավայրէն դէպի հարաւ- արեւմուտք, այժմու դաշտային Գեղարօտի հարաւը (նկար 7): Այս դամբարանաբլուրներուն մասին առաջին աշխատանքը կատարած է Յարութիւն Մարտիրոսեանը, 1956-ին, ապա` Ս. Ա. Եսայեանը, 1960-ին: Վերջապէս, հնագէտ Գրիգոր Արէշեանի 2003-ի վերարծարծումը պատճառ դարձաւ այժմու պեղումներուն, եւ այդ պատճառով այս աշխատասիրութիւնը նուիրուած է անոր երկարամեայ հետազօտութիւններուն»:

12. Բլուրի հնավայրէն նկարուած, այժմու Գեղարօտի համայնապատկերը:  13. Թիւ 3 դամբարանի անօթներուն մէջէն յայտնուած իրեր. վերը ձախին`  ոսկորէ քանդակուած գորտ, կապի անցքով, ոսկորէ եւ զանազան քարերէ շինուած հլուններ, շկահներ, զարդեր, իսկ վարի շարքը`  3500 տարուան պրոնզէ կոճակներ:

Դժբախտաբար այժմու բնակավայրի շինութիւններուն եւ երկրագործական աշխատանքներուն պատճառով այս տարածուն դամբարանադաշտին կարեւոր մասը հնագիտական առումով փճացած կը նկատուի:

(Շար. 19/20)
haroutchekijian.wordpress.com

 

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

  1. https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/10/15/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-11/
  2. https://armenpress.am/arm/news/947296.html
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/479380
  4. https://youtu.be/Mx-JW3-P1-U
  5. https://www.messagetoeagle.com/obsidian-flake-from-45000-year-old-tool-unearthed-in-armenia/
  6. https://archsci.yale.edu/
  7. https://www.youtube.com/watch?v=1UqkDKTaZh0
  8. https://mediamax.am/am/news/history_footsteps/44877/
  9. «Bridging Times and spaces, Papers in Ancient Near Eastern, Mediterranean and Armenian Studies, Honouring Gregory E. Areshian, on the occasion of his sixty-fifth birthday». «The Kurgans of Gegharot: A Preliminary Report on the Results of the 2013-14 Excavations of Project ArAGATS», Ruben S. Badalyan and Adam T. Smith, pp 11-28 edited by Pavel S. Avetisyan and Yervand H. Grekyan, 2017. Archaeopress Publishing Ltd. Oxford.
  10. https://www.livescience.com/49871-ancient-shrines-discovered.html
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 9 Մարտ 2023)

Յաջորդը

Հրաշք Մանուկը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?