Այս տարի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը, որուն նուիրուած տարբեր ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան եւ նախաձեռնութիիւններ կատարուին:
Այս առիթով «Ազդակ» յաջորդաբար կը ներկայացնէ Համազգայինի տարբեր ոլորտներուն մէջ գործած եւ միութեան մէջ ներդրում ունեցած անձնաւորութիւններու վկայութիւններն ու յուշերը:
Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան վերահսկողութեան տակ գործող Գեղարուեստական դպրոցները անկասկած կու գան ամբողջացնելու հայ մանուկներուն ու պարման-պարմանուհիներուն իրենց ընտանիքներուն ու հայկական վարժարաններուն մէջ ստացած հայեցի դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ կը գոցեն օտար վարժարաններ յաճախողներուն մօտ ստեղծուած անխուսափելի բացը:
Անոնց կատարածը, սակայն, միայն ամբողջացում մը չէ, այլ անկէ շատ աւելին` հոգեմտաւոր աշխարհի զարգացում, գեղարուեստական ճաշակի խթանում եւ ապագայ հայ արուեստագէտի մշակում: Այս բոլորը համահունչ են Համազգայինի 95-ամեայ աւանդութեան ու առաքելութեան:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ, օրինակ, ուր 1994-էն ի վեր դաշնակի ուսուցիչ եմ, եւ որոշ շրջան մը` տնօրէնի պաշտօնը վարած, հայ աշակերտը, հայկական երաժշտութեան կողքին, կը ծանօթանայ միջազգայինին, եւ եթէ նոյնիսկ չբռնէ արհեստավարժութեան անհուն ճամբան, առնուազն կը ստանայ գեղեցիկի ճանաչման, ընկալման, ճաշակման ու վայելման հիմնարար գիտելիքներն ու դաստիարակութիւնը: Անոր հիւրընկալ յարկին տակ, հայ աշակերտին կողքին, ոչ հայ աշակերտը եւս կը ծանօթանայ հայ երգին ու երաժշտութեան, ի վերջոյ` հայ մշակոյթին, եւ կը դառնայ ջատագովը այդ մշակոյթին ու բարեկամը զայն ստեղծած ու զարգացնող ժողովուրդին:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Համազգայինի 95-ամեայ հայապահպան գործունէութեան մասին կարելի է հատորներ գրել: Սակայն տարբեր բան է գրել, եւ այլ բան` մասնակցիլ եւ քու համեստ լուման ներդրել մշակութային այդ մեծ կառոյցին մէջ: Այդ հնարաւորութիւնը ինծի ընձեռնուեցաւ 2004-ին, երբ հրաւէր ստացայ ստանձնելու Համազգայինի Հալէպի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէնի պաշտօնը, ուր աշխատանքի երկար տարիներու ընթացքին երաժշտանոցը բաւական լուրջ առաջընթաց ապահովեց: Երաժշտանոցի սաները մասնակցեցան շարք մը մրցոյթներու` արժանանալով տարբեր կարգի մրցանակներու: Ցաւալիօրէն, Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Հայաստան վերադարձայ շատ ջերմ եւ միաժամանակ ցաւալի յուշերով:
Այնուհետեւ Համազգայինի հետ համագործակցութիւնս շարունակուեցաւ, երբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով եղբայրս` Աշոտը եւ ես ստանձնեցինք «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» մշակութային կեդրոններու «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէնի պաշտօնները: Պէյրութի մէջ աշխատանքները համեմատաբար դիւրին էին, որովհետեւ միասին էինք եւ բոլոր հարցերուն մէջ զիրար կ՛ամբողջացնէինք: Սակայն նաեւ աւելի պատասխանատու էր այն առումով, որ մեր վարքագիծով եւ աշխատանքով պէտք էր արժանի ըլլայինք Մուշեղ Իշխանի զարմիկներ կոչումին: Լիբանանեան բոլոր յիշողութիւնները բնականաբար կապուած են եղբօրս հետ, որուն անձնուէր աշխատանքին շնորհիւ, նոյնիսկ հիմա, իր մահէն տարիներ ետք, շատ յաճախ փողոցին մէջ անծանօթ մը կը կեցնէ զիս եւ կը յայտնէ իր ցաւակցութիւնները: Այս իմաստով խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Համազգայինի Լիբանանի վարչութեան երաժշտանոցի դասասենեակներէն մէկը Աշոտ Ճէնտէրէճեանի անունով կոչելու համար, որուն քովէն ամէն անգամ երբ անցնիմ, կը շշնջեմ. «ԳՆԱՀԱՏՈՒԱԾ ես»:
Լիբանանի Համազգայինի հետ նոյնպէս համագործակցութիւնը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Անհնար է պատկերացնել այն մեծ պատասխանատուութիւնն ու յուզմունքը, երբ ջութակի դասարանի շարք մը աշակերտներ, բարձր պահելով Համազգայինի պատիւը եւ յաղթահարելով մուտքի քննութիւններու բաւական բարձր շեմը, ընդունուեցան Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական երաժշտանոց:
Կը կարծեմ, որ Համազգայինի հետ համագործակցելու յաջողութեան գրաւականը առաջադրուած խնդիրներու լուծման սկզբունքներու համընկնումն է: Այն է` կրթել եւ դաստիարակել մտաւորական հայեցի սերունդ, որ ամբողջովին եւ խոր արմատներով կառչած ըլլալով ազգային մշակութային ակունքներուն` մրցունակ ըլլայ համաշխարհային մշակոյթի ասպարէզին մէջ:
ԱՐՄԷՆ ՃԷՆՏԷՐԷՃԵԱՆ