Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Տատրեան (Ժէ.) «Կատակե՞լ, Թէ՞ Չկատակել», Այս Է Խնդիրը

Մարտ 13, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տիգրան Տատրեան

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Փարիզ, 1977, յուլիս, «Յառաջ»-ի խմբագրատուն

Այդ տարին նոր ընդունուած էի իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Եւ որովհետեւ միջազգային կերպարուեստի մասին գիտցածս թէ՛ քիչ էր եւ թէ՛ տեսական, որոշեցի մեկնիլ Փարիզ, ուր  հնարաւորութիւն կ՛ունենայի աչքովս տեսնելու եւ ուսումնասիրելու արուեստի բոլոր շերտերը: Տեղաւորուելէ ետք մօրաքրոջս տղուն` Քրիստափորի (Պուրսալեան) բնակարանը (Saint-Denise), յաջորդ օրը գացի եւ այցելեցի «Cité universitaire»-ի Հայկական մասնաշէնքը (Մեզոն Արմէնիէն), ուր ծանօթ դասընկեր ունէի: Շէնքին տնօրէնը` Զաւէն Եկաւեանը, շատ բարեացակամ գտնուելով, թէ՛ ժամանակաւոր կացարան ապահովեց ինծի շէնքին մէջ եւ թէ՛ ընթացքին սկսաւ  ծանօթացնել հայ կերպարուեստագէտներու եւ գրողներու, որոնց շարքին նաեւ (իմ ցանկութեամբս)` բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանին: Զուլալը մուսալեռցի էր եւ հեռաւոր ազգականս: Ան յաջորդ օրն իսկ տարաւ զիս «Յառաջ»-ի  խմբագրատունը ու ծանօթացուց խմբագիրին` Արփի Միսաքեանին, որ  ջերմօրէն ընդունեց մեզ:  «Յառաջ»-ը մեզի` մուսալեռցիներուս համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Արփիին հայրը` «Յառաջ»-ի հիմնադիրն ու նախկին խմբագիրը` Շաւարշ Միսաքեանը, մեծապէս նպաստած ըլլալով Այնճարի առաջին նախակրթարանի հիմնադրութեան, իր սեփական թերթի «Յառաջ»-ի անունով մկրտուած է Այնճարի «Յառաջ» վարժարանը, ուր ստացած եմ իմ նախակրթութիւնս: Յանկարծ  բոլորովին պատահաբար Տիգրան Տատրեանը ներս մտաւ ու այս անգամ Արփին ծանօթացուց մեզ` իրար: Տիգրանը նախ տարաւ զիս իր բնակարանը, ուր տիկին Ֆրանսուազը հիւրասիրեց մեզ «սթէյք» ձիու միս եւ ապա ֆրանսական պանիրներու տեսականի: Առաջին հարցը.

– Կարմի՞ր, թէ՞ ճերմակ գինի:

– Ինծի պիտի ներէք, պարո՛ն Տատրեան, ես գինի չեմ կրնար խմել:

– Լա՛ւ, ուիսքի կ՛ըլլա՞յ, քոնիաք եւ կամ օղի՞…

– Նայէ, պարո՛ն Տատրեան, խնդիրը խմիչքի տեսակին մէջ չէ, այլ ընդհանրապէս ալքոլ չեմ կրնար խմել:

– Ի՞նչ է, ապաշխարա՞ծ ես…

– Ո՛չ, պարզապէս խմիչք չեմ կրնար խմել, պէտք է բացատրեմ…

-Ի՞նչ պիտի բացատրես, «պապամ», գինին ի՞նչ է, որ չես կրնար խմել, ես Զահլէէն եմ, գիտեմ, որ այնճարցիները խմող կ՛ըլլան: Զահլէի օղի ալ ունիմ… կ՛ուզե՞ս…

– Այո՛, ճիշդ ես, պարո՛ն Տատրեան, բայց ես ոչ թէ չեմ ուզեր խմել, այլ չե՛մ կրնար խմել… «միկրեն» ունիմ:

– Նոյնն է, առանց խմելու ի՞նչ արուեստ,  ի՞նչ արուեստաբան, ի՜նչ այնճարցի, չեղա՛ւ, այս մէկը չեղաւ…

Առանց կարծիքս առնելու` լեցուց գաւաթս ու ըսաւ.

– Ասիկա խմէ եւ գլխացաւդ կ՛անցնի: Յետոյ, «վազ» անցիր պարոնէն ու Տատրեանէն, ես քեզմէ աւելի երիտասարդ եմ, Տիգրանը կը բաւէ…

Հասկցայ, որ խօսք չհասկցող` տարօրինակ արուեստագէտի մը հետ է գործս, որուն հարկաւոր է  յարմարիլ: Հարկադրաբար սկսայ քիչ-քիչ խմել: Թէեւ տիկ. Ֆրանսուազը գլխացաւի դեղ մըն ալ տուաւ ինծի, այնուամենայնիւ «միկրեն»-ս սկսաւ, ես ձայն չհանեցի, ու շարունակեցինք զրուցել… Ծրագիրներուս տեղեկանալէ ետք խոստացաւ օգնել, սակայն մերժեց «Լուվրի» թանգարանը տանիլ` պատճառաբանելով.

– Այդ թանգարանները գերեզմանոցներ են, զիս չեն հետաքրքրեր:

– Բայց, պարո՛ն Տատրեան…

– Տիգրան…

– Լա՛ւ,  Տիգրա՛ն ջան, բայց նկատի առ, որ ես եկած եմ յատկապէս արուեստի պատմութիւնը  ուսումնասիրելու… առանց «Louvre»-ի չ՛ըլլար, «Musée d՛Orsay»-ն ալ անհրաժեշտութիւն է, չե՞ս կարծեր…

– Հոս նայէ, դուն եկեր ես արուեստը ուսումնասիրելու, եւ ոչ թէ գերեզմանոցներ այցելելու, ի՞նչ գործ ունիս  ժամանակավրէպ ու մեռած արուեստին հետ: Վաղը քեզի Փոմփիտուի կեդրոնը (Centre Beaubourg) կը տանիմ, ու կը տեսնես, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ Փարիզի, աւելի ճիշդը` աշխարհին մէջ:

Փարիզ, 1977, յուլիս, Սենթըր Պոպուր

Թէեւ ամէնէն առաջ կ՛ուզէի Լուվր այցելել ու անհամբեր էի, սակայն իր պնդումին հիման վրայ յաջորդ օրն իսկ  գացինք Սենթըր Պոպուր, որուն  բացումը տարի մը առաջ տեղի ունեցած էր ու բաւականին վէճ յարուցած` թէ՛ իբրեւ կառոյց եւ թէ՛ իբրեւ  բովանդակութիւն: Շէնքը, որ չորս  յարկանի էր, աւելի գործարանի կը նմանէր, քան` թանգարանի: Թէեւ շատեր կը մերժէին անոր արտակեդրոն տեսքը, սակայն «հիփփիական» շարժման օրեր էին, ու անոր տարօրինակութիւնը ինքնին հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, յատկապէս` երիտասարդներու մօտ, որովհետեւ հոն կարելի էր տեսնել այդ օրերու արուեստի ամենավերջին արտայայտութիւններն իսկ:

Տատրեանի հետ նախ բարձրացանք երրորդ յարկը, ուր ցուցադրուած էին տատաիզմէն ետք գոյացած գերիրապաշտ եւ վերացապաշտ արուեստի բացառիկ նմուշներ, որոնց շարքին կային երեք հայեր` Արշիլ Կորքի, Եակուլով եւ Երուանդ Քոչար: Տիգրանը հպարտութեամբ մէկ մէկ ցոյց տուաւ զանոնք ու աւելցուց.

– Այս սենթըրը աշխարհի մեծագոյն Contemporain արուեստի կեդրոնն է հիմա: Մենք ուրիշ արժանաւոր արուեստագէտներ ալ ունինք, սակայն հոս մտնելը այնքան ալ դիւրին չէ:

Իմ արուեստասէր ընթերցող, հետագայի ժամանակները ցոյց տուին, որ Տիգրանը իրաւունք ունէր: Անկէ ետք միայն Փոլ Կիրակոսեանն է, որ արժանացած է այդ պատուին:

Իւրաքանչիւր տաղաւարի մէջ տարբեր տեսակի անակնկալներ կը դիմաւորէի… Կարծէք, թէ Տիգրանը գոհ էր, որ ես շշմած ու շուարած էի` ի տես արտառոց արուեստի գործերու: Մտայղացքային (Conceptual) արուեստի ամենազարտուղի նմուշներն իսկ ցուցադրուած էին հոս: Կային զետեղումներ (Installation), որոնք այդ օրերուն շատերու համար կրնային նոյնիսկ «այլանդակ» թուիլ: Օրինակի համար, պատէն կախուած էր պարապ ու հնամաշ տոպրակ (չուալ) մը, իսկ անոր տակը դրուած էր ինքնաշարժի դատարկ ու անգործածելի մարտկոց (batterie) մը: Ձայնս չհանեցի… Սակայն աւելի զարմանալին այն էր, որ անոր դիմաց նստած էր թափթփած ու կիսամերկ պարմանուհի մը ու սիկարեթ կը ծխէր: Յոյժ հետաքրքրութենէ մղուած` կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ի՛նչ իմաստ կամ գեղարուեստական ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէին այդ «լքուած առարկաները» այս «լքուած ու անտէր» աղջկան համար, սակայն Տատրեանը զիս կանխեց ու ըսաւ.

– Արուեստը բացատրութեան պէտք չունի, արուեստի գործը ի՛նքը պիտի խօսի, դիտողը ոչ թէ պիտի հասկնայ ու մեկնաբանէ գեղանկարը, այլ պիտի դիտէ, ընկալէ ու վայելէ զայն, դասական երաժշտութեան նման:

Տիգրան-Տատրեանի-գործերէն
Տիգրան Տատրեանի ստեղծագործութիւններէն

Օրեր ետք, երբ աւելի ծանօթացայ Տատրեանին եւ անոր ստեղծագործութիւններուն, հասկցայ, որ խօսքը կը վերաբերի վերացականութեան, որուն իւրատեսակ ներկայացուցիչներէն մէկն էր ինք: Ու պարզուեցաւ, որ ան կեանքին մէջ ալ կ՛ապրի վերացական աշխարհի մը մէջ, այնպէս, ինչպէս Սալվատոր Տալին կ՛ապրէր գերիրապաշտ ոլորտներու մէջ:

Ուստի, լրջօրէն մտածելով հանդերձ անոր արտակեդրոն կարծիքներուն մասին, ի հեճուկս իր պնդումներուն, ես սկսայ այցելել Լուվր, ուր յաճախեցի շաբաթէ մը աւելի: Ամէն առտու, թանգարանին դուռը հազիւ բացուած, հոն էի: Դուրս կու գայի անկէ երեկոյեան, դարպասները փակուելէ առաջ միայն: Լուվրէն ետք տարբեր նպատակներով, տարբեր ընկերներու հետ քանի մը անգամ այցելեցի Փոմփիտու կեդրոնը, ուր օր մըն ալ անգամ մը եւս հանդիպեցայ նոյն աղջկան, որ նստած էր նոյն յղացքին դիմաց ու սիկարեթ կը ծխէր: (Այն օրերուն հանրային վայրերու մէջ սիկարեթ ծխելը տակաւին արգիլուած չէր): Իմ ֆրանսերէն չգիտնալուս պատճառով ընկերոջս` Վարդանի (Չոլաքեան) միջոցով հարց տուի աղջկան, թէ «ի՞նչ իմաստ ունէին եւ կամ գեղարուեստական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէին իրեն համար այդ «պարապ ու լքուած առարկաները»: Ամենայն լրջութեամբ պատասխանեց.

– Իմ կեանքս նման է այս պարապ Fardeau-ին ու դատարկ Batterie-ին: Ասոնք իմ հարազատներն են… կը կարօտնամ զիրենք… քովերնին կու գամ ու ինքզինքս լաւ կը զգամ…

(Ի դէպ, Fardeau-ին իմաստը ես աւելի լաւ հասկցայ, քան` Վարդանը, որովհետեւ Այնճարի մէջ այդ տեսակ տոպրակներուն մէջ, որոնք մէջտեղը կարմիր երիզ մը կ՛ունենային,  գետնախնձոր, կորեկ  կամ սոխ կը լեցնէին մէջը, «Ֆարտու» կ՛ըսէինք): Այդ պատճառով ալ անմիջպէս ըսի.

– Fardeau-ին եւ Batterie-ին  իմաստը շատ լաւ կը հասկնամ, սակայն չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ասոնք քու հարազատներդ պիտի ըլլան, ու դուն կարօտնաս զիրենք:

– Հայրս մեծահարուստ է, եւ ես ամէն ինչ ունիմ, ուսում ալ ունիմ, բայց հեռանկար  չունիմ… շուարած եմ… ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ իմաստ ունի կեանքը կամ ինչպէ՛ս պիտի իմաստաւորեմ զայն… կը տագնապիմ, որովհետեւ ներաշխարհս դատարկ է այս պարապ ու լքուած առարկաներուն պէս:

Իմ իմաստուն ընթերցող, այս աղջիկը մեծահարուստ հիփփիներու նման, «Կշտացածութեան բարդոյթէ կը տառապէր…»:

Տիգրանը անպաշտօն առաջնորդս եղաւ Փարիզի մէջ ու օր մըն ալ տարաւ զիս իր արուեստանոցը, ուր միաժամանակ աշակերտներ կ՛ընդունէր: Գեղանկարները  ցուցադրելու ընթացքին բացատրութիւններ չէր տար: Միայն ըսաւ.

– Շատեր զիս  Pointillist կը համարեն, իսկ ուրիշներ`  Tachist: Իրականութեան մէջ ես ձեւով   միայն կը յիշեցնեմ զանոնք: Եթէ կ՛ուզէք անպայման տեղաւորել իմ արուեստը ինչ որ ism-ի մը մէջ, ապա ինքզինքս Lyric Abstractionism կը համարեմ:

– Բայց դուն կեանքին մէջ այնքան ալ քնարական խառնուածքի տէր զգացական մէկը չես երեւիր:

– Էութեամբ այդպէս եմ, կը կատակեմ պարզապէս հեռանալու համար դաժան ճշմարտութենէն, որ բարդ է եւ տխուր…

– Իսկ արուեստի պարագայի՞ն…

– Արուեստը կատակ չէ: Երբ ես եւ Toile-ը առանձնանանք ու վրձինը ձեռքս առնեմ, կը մտնեմ  ներաշխարհիս մէջ ու կ՛անջատուիմ շրջապատէս: Ստեղծագործելու ընթացքին չեմ կրնար կատակել: Կեանքին մէջ կը կատակեմ հեռանալու համար տաղտկալի առօրեայէն, որ ծանր է, բարդ ու ճնշիչ…

– Բայց դուն կենսասէր մարդ ես ու հայրենասէր…

– Սպասէ՛, գիտեմ` ո՛ւր պիտի հասնինք, այնպէս որ, իմ գործերուս մէջ հայկականութիւն մի՛ փնտռեր, ամէն ինչ վերացական է քովս… ու զգացական…

– Սակայն հաւանական է, որ ենթագիտակցաբար որեւէ գուներանգ կամ արտայայտչաձեւ դրսեւորուած ըլլայ կտաւներուդ մէջ:

– Ի՞նչ  նկատի ունիս:

– Այս գործերուդ մէջ գորգարուեստի գոյներ ու ծաւալային բաժանումներ կը նշմարուին:

– Եթէ նման բաներ կան, ապա ես գիտակցաբար չեմ նկարած…

– Բայց բնաւ մտքովդ չէ՞ անցած, որ օր մը հայկական թեմաներով որեւէ բան երփնագրես:

– Մէկ վայրկեան սպասէ:

Տիգրանը արուեստանոցի անկիւններէն հանեց քանի մը նկարներ, դիմացս շարեց ու ըսաւ.

– Տես` ասոնք մեր դրօշակներն են եռագոյնը եւ երկագոյնը: Ասոնք նկարած ու Lithography-ով բազմացուցած եմ, որովհետեւ լաւ նուէր կ՛ըլլան: Կը նայիմ, թէ հիւրերս քաղաքական ի՛նչ ուղղութեան կը պատկանին, ատոր համապատասխան ալ այս Lithography-ներէն կը նուիրեմ անոնց:

Ընթացքին ան վիմատիպ եռագոյն մը զատեց, մակագրեց ու նուիրեց ինծի…

Իրականութեան մէջ Տատրեանը թէեւ իր ստեղծագործական ասպարէզը կէտապաշտութեամբ (Pointllism) սկսած է ու` հպապաշտութեամբ (Tachisme) շարունակած, այնուամենայնիւ, դուրս գալով անոնց սահմաններէն, ան ստեղծած է իր սեփական գունաշխարհը` պարուրուած իւրայատուկ գունաբծերով ու երփներանգ քնարականութեամբ: Տատրեանի ժամանակ Pointllism-ը իր դարը ապրած արուեստի ուղղութիւն կը համարուէր, իսկ Tachisme-ը ծնունդ առաւ Փարիզի մէջ, 1940-50-ական թուականներուն` իբրեւ ֆրանսական վերացապաշտութիւն: Այո՛, Տատրեանը կը տարբերի Tachisme-ի (հպապաշտութեան) միւս ներկայացուցիչներէն եւս թէ՛ իր քնարական ուրոյն խառնուածքով եւ թէ՛ գունաբծերու հարուստ ներդաշնակութեամբ: Ան թէեւ մինչեւ հիմա գնահատուած չէ նաեւ իբրեւ այդպիսին, սակայն օրը կու գայ, եւ անոր արուեստը եւս կը դրուի մեծերու կողքին, արժանաւոր պատուանդանի վրայ:

Եւ այսպէս, Տատրեանի հետ իմ կապս շարունակուեցաւ, եղանք ընկերներ, ու հետագային, կրնամ ըսել, նոյնիսկ մտերիմներ: Երբ Պէյրութ գար, անպայման կը հանդիպէինք իր փարիզեան ընկերներով ( Զ. Խտըշեան, Գր. Նորիկեան, Կիւվտէր, Յ. Թորոսեան եւ այլն): Նոյնիսկ պատահեցաւ, որ ցուցահանդէս կազմակերպենք իրեն «Նոա՛զ արք» ցուցասրահին մէջ: Գործիս բերումով երբ Փարիզ այցելէի, անպայման կը տեսնուէինք:

Եւ այսպէս, ինչպէս որ արուեստի պարագային Տիգրանը չէր կրնար կատակել, այնպէս ալ կեանքին մէջ չէր կրնար չկատակել:

Փարիզ, 2011, հոկտ.

Քանի մը անգամ Տիգրանին հեռաձայնելէ ետք, ի վերջոյ ընկալուչը վերցուց.

– Մովսէսն է… Տիգրա՛ն…

– Օ՜, ո՞ւր ես, ուրկէ՞ կը խօսիս:

– Նայէ՛, Տիգրան, հոս ենք, Փարիզ, էլոյին հետն եմ, այս անգամ կ՛ուզենք տունդ գալ… եւ…

– Տո՞ւնս… ի՞նչ գործ ունիք տունս, դուն ըսէ` ո՞ւր էք, ես կու գամ կը գտնեմ ձեզ:

– Տիգրան, օփերայի դիմացի նոյն «Օփերա» հիւրանոցը իջեւանած ենք, այս անգամ կ՛ուզենք տունդ գալ եւ պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնել քեզի… կնոջդ մահուան առիթով:

– Ի՞նչ է, դուն ալ Զաւէնին կամ Նորիկին պէս կը կարծես, թէ ես տխո՞ւր եմ… Նայէ՛, հոս գալու պէտք չկայ, ես ուրախ եմ, որ կինս մահացաւ, հիմա կու գամ եւ կը տօնենք… ցաւակցութիւնը ո՞րն է:

– Տիգրա՛ն, ինչե՜ր կը խօսիս, քիչ մը լրջացիր, խմա՞ծ ես:

– Ի՞նչ խմած, ի՞նչ բան, ես ազատ եմ հիմա, արդէն նոր ընկերուհի ունիմ: Կատաղի էգ մըն է եւ տզրուկի պէս սիրահարած է ինծի: Ի՜նչ ցաւակցութիւն, ի՜նչ բան, հիմա կու գամ եւ միասին լա՜ւ մը կը խմենք…

Թէեւ իմ չկարենալ խմելն ու Տիգրանի խմելու յարատեւ պահանջը խոտոր կը համեմատէին իրարու, այնուամենայնիւ, լաւ կը հասկնայինք զիրար: Երբ եկաւ, ձախ ձեռքը կապած էր ուսէն կախ վզնոցով մը եւ այնքան ալ գինով ըլլալու տեսք չունէր: Երբ դիտել տուի.

– Տիգրա՛ն, այդ ի՞նչ է` ձեռքդ կապած ես, կինդ ալ չկայ, որ ծեծած ըլլար քեզ:

– Հեչ մի՛ ըսեր, երէկ գիշեր նոր ընկերուհիս հրեց ու անկողնէս ձգես զիս: Ահա ձեռքս ջարդուած է: Այդ կատաղի էգը կարծես թէ կ՛ուզէր սպաննել զիս:

– Ինչո՞ւ:

– Կ՛ուզէ մեռցնել զիս, որպէսզի նկարներս միլիոններով ծախէ…

Տիգրանը այնքան բնական ու առանց ժպիտի կը խօսէր, որ դժուար էր կռահել` կը կատակէ՞, թէ՞ լուրջ կը խօսի: Յամենայն դէպս առաջքը առնելու համար որեւէ անախորժ կացութեան ըսի.

– Անօթի՞ ես:

– Առ այժմ` ո՛չ, բայց խմիչք մը կ՛առնեմ:

– Լա՛ւ, եկուր` խմիչքը վերապահենք ճաշին հետ, թէյ կամ սուրճ մը չե՞ս առներ հիմա:

– Այդ պարագային` սուրճ մը:

Մ Հերկելեան, Ս. Յակոբեան եւ Տ. Տատրեան «Լուվրի» ցուցահանդէսին ընթացքին

Եւ անմիջապէս մատուցողը կանչեց եւ «Irish coffee» մը պատուիրեց: Թէեւ զարդարուած հսկայ գաւաթով մը եկաւ սուրճը, այնուամենայնիւ, միտքս հանգիստ էր, որ եղածը սուրճ է ի վերջոյ, որ կրնայ հանդարտեցնել զինք: Մինչեւ որ մենք պահ մը լրջանանք ու ցաւակցութիւն յայտնենք, ինք հարցերու տարափ մը տեղացուց մեր վրայ: Հարցուց Զաւէնին (Խտըշեան), Նորիկին (Գր. Նորիկեան), Սոնիային (Նիկոլեան) մասին, ապա անցաւ մեզի ու սկսաւ` ինչո՞ւ եկած ենք, ի՞նչ կ՛ընենք, ո՞ւր կ՛ուզենք այցելել, զո՞վ կ՛ուզենք տեսնել, ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ եւ այլն, եւ այլն… Ի վերջոյ մոռցնել տուաւ կնոջ մահը, ու մենք չգիտցանք, թէ իսկապէ՞ս ուրախ էր իր կնոջը մահուան առիթով, թէ՞ պարզապէս կը կատակէր: Տեղեկացուցինք, որ հրաւիրուած ենք մասնակցելու նոյնինքն Լուվրի մէջ կազմակերպուած «Carrousel du Louvre» միջազգային ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկու օր ետք: Իսկ այսօր որոշած էինք այցելել քեզ…

– Վերջապէս Լուվրի տնօրէնութեան խելքը գլուխը եկաւ ու տարիներ առաջ ստեղծեցին «Carrousel du Louvre» տարեկան ցուցահանդէսը, ուր ոեւէ «աճպարար» չի կրնար մասնակցիլ: «Carrousel du Louvre»-ը վերակենդանացուց այս «գերեզմանոցը»…

– Բայց մենք պիտի ուզէինք նաեւ քու վերջին գործերդ տեսնել:

– Վերջին գործերս կը ցուցադրուին «Centre Pompidou»-ի մօտիկ ցուցասրահի մը մէջ: Այսօր կրնանք երկու տեղերն ալ այցելել:

– Շա՛տ լաւ, բայց նայէ, Տիգրա՛ն, վերջերս լսեցի, որ Ժան Գազանճեանը սեփական ցուցասրահ բացեր է, ծանօ՞թ է քեզի, տեղը գիտե՞ս:

– Կալըրիներու թաղի մը մէջ է (Place des Vosges), նոյն հրապարակին անկիւնը Վիքթոր Հիւկոյի թանգարանն ալ կայ, բայց քիչ մը հեռու է «Centre Beaubourg»-էն: Եթէ կ՛ուզէք, ուրիշ օր մը երթանք:

– «Centre Beaubourg»-ին համար առնուազն լրիւ օր մը պէտք է, եկուր` այսօր քեզի եւ Ժանին միայն յատկացնենք:

Ձախէն աջ՝ Մ. Հերկելեան Քրիսթին Արժիլէ-Գազանճեան, Էլօ Հերկելեան եւ Տ. Տատրեան, «Ժան Գազանճեան» ցուցասրահին մէջ, 2011-ին

Այդպէս ալ ըրինք: Ծանօթացանք նաեւ Ժանին կնոջ` Քրիստինին եւ տղուն: Պարզուեցաւ, որ Ժան Գազանճեանին արուեստը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է իր շուրջ Փարիզի մէջ, որովհետեւ յղացած է բոլորովին  նոր կերպարուեստի տեսակ մը, որուն հարկաւոր է առանձինն անդրադառնալ` կարենալ բացատրելու համար անոր բնոյթն ու ցոյց տալ գեղարուեստական արժէքը: Հիւկոյի տուն-թանգարանը նաեւ զիս կը հետաքրքրէր յատկապէս անոր համար, որ կ՛ուզէի Ռոտենի ծեփակերտած իր դիմաքանդակը եւս տեսնել: Տիգրանը մերժեց ներս մտնել ու ըսաւ.

– Մինչեւ որ դուք վերջացնէք Հիւկոյի «դամբարանը» դիտել, ես դուրսը այս սրճարանը կը սպասեմ ձեզի:

Երբ դուրս ելանք Հիւկոյի տուն-թանգարանէն, տեսանք, որ նստած` դարձեալ «Irish coffee» կը խմէ նմանօրինակ մեծ գաւաթով մը: Մենք ալ նստանք, եւ ես ալ նոյն «սուրճ»-էն պատուիրեցի: Սակայն մատուցողին հարցումները չհասկնալով` Էլոն թարգմանեց.

– Կ՛ուզէ գիտնալ, թէ որքա՞ն եւ ո՞ր մէկ տեսակ ուիսքին կ՛ուզես մէջը դրուի…

Զարմացած, Տիգրանին դառնալով, ըսի.

– Ուրեմն դուն մինչեւ հիմա ուիսքի՞ կը խմէիր…

– Չէ «ճանըմ», առիւծի կաթ է ասիկա, նայէ…

Վ. Հիւկոյի թանգարանի կից գտնուող սրճարանը, ուր Տատրեան դարձեալ «Irish Coffe» կը խմէ

Պարզուեցաւ, որ «Irish coffee» կոչուածը տեսակ մը ուիսքի է, որուն բովանդակութիւնն  ու քանակը դուն կ՛որոշես:

Սիրելի՛ ընթերցող, կարիք կա՞յ պատմութիւնը շարունակելու: Այսպէս էր Տիգրանը, որքան ալ հետը ընկերութիւն ընէիր ու զինք ճանչնայիր, յանկարծ կրնար նոր անակնկալներու դիմաց դնել քեզ, բայց լաւը այն էր, որ շատ դանդաղ կը խմէր, առողջութիւնը լաւ էր, ու հարբած ըլլալու տպաւորութիւն չէր ձգեր:

Ձախէն աջ՝ Մ. Հերկելեան, Գր. Նորիկեան, Զ. Խըտշեան, Տ. Տատրեան եւ Պ. Ֆազլեան, «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահին մէջ

Վերջին անգամ լուր առի իրմէ նախանցեալ տարի, երբ Սոնիա Նիկոլեանի յուղակաւորութեան առիթով հանդիպեցայ Նորիկին: Ափսոսանքով յիշեցինք, որ վերջին տարիներուն յաջորդաբար մեզմէ հեռացան արուեստագէտ մեր լաւագոյն ընկերներէն շատերը (Պերճ Ֆազլեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւվտէր, Յարութիւն Թորոսեան…), որովհետեւ Տատրեանը իննսունը անց էր արդէն, ընթացքին հարցուցի անոր մասին, Նորիկը ըսաւ.

– Այո՜, դեռ ողջ է, յարմարաւէտ հանգստավայրի մը մէջ կ՛ապրի, երջանիկ է եւ ուրախ, որովհետեւ վերջերս նոր սիրահարած է եղեր: Եօթանասունհինգ տարեկան երիտասարդ ընկերուհի մը ունի, որուն ձեռքը բռնած` կը պտտի եղեր… ծովափին:

Իսկ հիմա, ի՞նչ կը կարծես իմ իմաստուն ընթերցող, «Կատակե՞լ, թէ՞ չկատակել», այս չէ՞ խնդիրը…

Երեւան, փետրուար 2023

 

Նախորդը

Ազգային Մտաւորականութիւնը Եւ Անոր Դերը Գաղափարական Կազմակերպուածութեան Մէջ

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Զինուորները Ծնւում Են Մարտադաշտում (Հեղինակ` Յովիկ Վարդումեան)

RelatedPosts

Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

«Անտեսանելի» Հանրապետութիւնը

Փետրուար 13, 2023
Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական
Արուեստ - Մշակոյթ

Մանուկներու Ճանաչողական Շրջապտոյտ

Յունուար 20, 2023
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Պատկերապատում

Յունուար 13, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In