Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստղաբանութեան Ապաբնագիտութիւնը

Մարտ 14, 2023
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Մոլորակաբան» Ֆրենք Հուկըրպիթս յեղակարծ  եւ մեկուսի երեւոյթ չէ: Կը պատկանի այսպէս կոչուած «Համպուրկի դպրոցին», որուն հիմնադրական մատեանը կը տեսնենք կողքի նկարին մէջ: Դասագիրքը (339 էջ) հրատարակած է Ալպերթ Վիթթէի սան եւ ժառանգորդ Ռ. Էլփըրթին (1901 – 1988) իր ուսուցիչի… անձնասպանութենէն ետք (1941): Գիրքին նոր հրատարակութիւնը կը վաճառուի համացանցի վրայ (1):

Պատմական.- Նախքան 18-րդ դար` աստղա-բանութիւնը (Astro-logy) անջատուած չէր աստղագիտութենէն (Astronomy), որ կը համարուէր թէ՛ յարգարժան եւ թէ` անհրաժեշտ մասնագիտութիւն: Երկնային մարմինները ցոյց կու տային տարուան ժամանակը: Այդ կենսական էր ե՛ւ նստակեաց երկրագործական հաւաքականութիւններու ե՛ւ քոչուոր ցեղախումբերու համար: Երկնային մարմինները յաճախ կը նոյնացուէին դիցերու հետ: Մարդիկ կը յուսային  երկինքէն յղումներ ստանալ: Երկնային «թաքնագրուած» յղումները վերծանելու ատակ էին միայն տաճարներու մէջ պատրաստուած աստղաբանները: Իշխանաւորներ այդ մարդոց խորհուրդին կը դիմէին կարեւոր որոշումներ (ինչպէս` արշաւանք) տալէ առաջ:

Աստղաբանութիւնը ունեցած է օգտակար հետեւանքներ: Երկրակեդրոն դրութեան տէր Պտղոմէոս (100-170 ՅՔ) պատրաստած է իր ժամանակուան ամենաճշգրիտ քարտէսը, որպէսզի կարենայ որոշել, թէ տուեալ անձը ո՛ր աստղի տակ ծնած է: Աստղաբաններ էին նաեւ բազմաթիւ հետագայ ականաւոր աստղագէտներ, ինչպէս` Քեփլըր: Արեւմտեան աստղագիտութեան ակունքը Բաբելոնն է: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (2):

Եզրակացութիւնները հիմնուած էին զանազան համաստեղութիւններու, արեւու, լուսնի եւ տեսանելի հինգ մոլորակներու դասաւորումին ու շարժումներուն վրայ: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ Սեւանի աւազանին մէջ գտնուած ՆՔ 11-12 դարու պատկանող պրոնզեայ թերթ մը: Երկրի մօտիկ երկու մոլորակներ (շատ հաւանաբար` Արուսեակ եւ Հրատ) ցաւօք կորսուած են:

Աստղաբանական դրոյթները եւ բառամթերքը մշակոյթի մաս կազմած էին: Այդ կարելի է տեսնել գործերուն մէջ ականաւոր հեղինակներու, ինչպէս` Շէյքսփիր եւ Միլթըն: Աստղաբանութիւնը նոյնիսկ գրոհած է լեզուէն ներս: Լատիներէնէ սերած իտալերէնի (եւ ոչ միայն) մէջ  «disastro» (սխալ աստղ) կը նշանակէ «աղէտ»:

Միեւնոյն համաստեղութիւնը տարբեր մշակոյթներու կողմէ կ՛ընկալուի տարբեր կերպով: Կարիճի աքցանները յոյները տեսած են որպէս կշիռք: Ամերիկայի բնիկները Մեծ արջը տեսած են որպէս արօր եւ այլն:

Մոլորակներուն վերագրուած յատկութիւնները ի հարկէ որեւէ առնչութիւն չէին կրնար ունենալ անոնց ֆիզիքական կառոյցին հետ: Այժմ գիտենք, օրինակ, որ սէր եւ գեղեցկութիւն մարմնացնող Արուսեակը (Վենիւս) իսկական դժոխք մըն է, ուր իր հեղձուցիչ (ածուխի երկթթուակ CO2) մթնոլորտն ի վար մոլորակը ծածկող թանձր ամպերը  ծծումբի թթու (Sulfuric Acid) կը տեղան  եւ + 480 սելսիուս ջերմաստիճանը աւելի քան բաւարար է հալեցնելու կապարը եւ նոյնիսկ զինկը: Հրատ, որ առնչուած է պատերազմի ահեղ աստծու (Մարս, Martius) հետ, անապատային սառնամանիք թզուկ մըն է, որուն կարմրաւուն գոյնը հետեւանքն է զինք ծածկող աւազի բաղադրութեան  եւ գրեթէ չգոյ մթնոլորտի (3):

Հրատ  առնչուած է աստղագիտական արտասովոր երեւոյթի մը «յետադարձ» (retrograde) շարժումի հետ: Պարզ բացատրութիւնը այն է, որ արեւու շուրջ դառնալու մեր արագութիւնն է մօտ 30քմ/երկվարկեան, իսկ Հրատի` մօտ 24 քմ/երկվայրկեան: Երբ մենք կ՛անցնինք Հրատի կողքէն, կը թուի, թէ մոլորակը դէպի ետ կը շարժի: Այս կը պատահի մօտ 26 ամիս պարբերութեամբ (4): Մենք այդ տպաւորութիւնը յաճախ կ՛ունենանք, երբ մեր կողքի ինքնաշարժը (կամ շոգեկառքը) մեզմէ քիչ մը դանդաղ կը շարժի: Կողքի գծապատկերը պարզացուած ձեւով ցոյց կու տայ Հրատի շարժումը «անշարժ» աստղերու խորապատկերին վրայ: Աւելի հեռու մոլորակներու պարագային, այս երեւոյթը պարզ աչքով նկատելի չէ:

Երկնային մարմիններու յետադարձ շարժումը կը համարուէր չարագոյժ: Չարագոյժ կը համարուէր նաեւ խաւարումը: Ի տարբերութիւն այլ բանդագուշանքներու` այդտեղ կայ ճշմարտութեան որոշ բաժին: Խաւարումները կը պատահին երբ արեւը, լուսինն ու Երկիր մոլորակը կը գտնուին նոյն ուղիղ գիծին վրայ: Արեւու եւ լուսնի ձգողական ուժերը ուղղակի կը գումարուին: Ծանօթ է, որ արեւու խաւարումի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ աւելի բարձր մակընթացութիւն: Հաշուարկը, սակայն, կարելի չէ կատարել հասարակ թուաբանութեամբ (arithmetic), որովհետեւ երեք մարմինները պտոյտի մէջ են եւ անոնց ձգողութիւնները նաեւ կը պատճառեն ոչ միայն ձեւափոխում (ինչպէս` մակընթացութիւն), այլ նաեւ` կեդրոնաձիգ (centripetal) արագացում:

Մերօրեայ Աստղաբանը.- Ֆրանք Հուկըրպիթս իր հաշուարկներուն մէջ բնագիտական սկզբունքներ չի ներառեր: Այդ օրինաչափ է, որովհետեւ աստղաբանութիւնը փակ (hermetic) մարզ մըն է: Անոր օրինաչափութիւնները եւ սկզբունքները «անժամանցելի» են, որովհետեւ կը գտնուին գիտութենէ դուրս: Գուշակութիւնները տակաւին հիմնուած են այն հինգ մոլորակներուն վրայ, որոնք տեսանելի էին հազարամեակներ առաջ (4):

Մոլորակներու առնչուած միակ դաշտը ձգողութիւնն է: Մագնիսական դաշտը կը յառաջանայ ելեկտրական լիցքերու շարժումով: Աննշան են: Մոլորակները մեծ քանակութեամբ զուտ (net) ելեկտրական լիցք չեն կրնար ունենալ: Որեւէ լիցք  շատ արագ պիտի չէզոքացուի: Տիեզերքի եւ մեր Ծիրկաթինի մէջ դրական եւ բացասական լիցքերու քանակը հաւասար է: Հուկըրպիթս կ՛ակնարկէ մագնիսական դաշտերու հաւանաբար, որովհետեւ այդ օրերուն մագնիսականութիւնը տակաւին առնչուած էր ոգեղէն երեւոյթներու: Մարդոց վրայ մոլորակներու մագնիսական ներգործութեան շուրջ աղմուկ բարձրացուցած ամէնէն ականաւոր դէմքն է գերմանացի բժիշկ Ֆրանց Մեսմեր (1734-1815), որուն անունով մկրտուած է քնէածութիւնը (mesmerisation=hypnosis): Կողքի գծանկարին մէջ կը տեսնենք անոր ենթադրեալ ցուցադրութիւններէն մին: Թէ ինչո՛ւ ունեցած է արտասովոր յաջողութիւն եւ մեծ ժողովրդականութիւն, հարցում մըն է, որուն կարող են պատասխանել ընկերաբաններն ու հոգեբանները: Ըստ իս, տագնապներու եւ անորոշութեան մէջ տուայտացող մարդու համար գրաւիչ է երկինքէն եկող հաւաստի յղումը:

Ինչպէս վերը նշած էի, միակ երկնային մարմինը, որ ատակ է Երկիր մոլորակի մակերեսին վրայ ազդեցութիւն ունենալ, լուսինն է, որովհետեւ անհամեմատ աւելի մօտ է մեզի: Կողքի տախտակը ցոյց կու տայ մոլորակներու ձգողական ուժի բաղդատականը: Եթէ նոյնիսկ բոլոր մոլորակները դասաւորուին նոյն ուղղութեամբ (երեւոյթ մը, որ մօտաւորապէս, ոչ ճշգրտօրէն պիտի պատահի… 2492 թուին), ապա անոնց համատեղ ձգումը պիտի հաւասարի լուսնի ձգումի լոկ 1,6 առ հարիւրին, այսինքն` 60 անգամ նուազ: Մոլորակները որեւէ ֆիզիքական դեր չունին` որպէս երկրաշարժ խթանող ազդակ: Անոնք կրնան խթանել միայն ոմանց երեւակայութիւնը:

Ճարտարագիտութեան Վնասները.– Հին օրերուն հարկ էր, որ հէգ աստղաբաններ տքնէին որոշելու համար երկնային մարմիններու դիրքերը անցեալին, առաւել եւս` ապագային: Այժմ այդ գործողութիւնը կը պահանջէ քանի մը երկվայրկեան: Համացանցի վրայ ձրիօրէն հասանելի են նման կայքէջեր: Տես, օրինակ, https://www.theplanetstoday.com/: Հուկըրպիթս հաւանաբար կը գործածէ անոնց մէկ տարբերակը:

Վերի պատկերին մէջ դեղին ուղիղ գծով նշուած երեք երկնային մարմիններու (լուսին, հզօր Լուսնթագ եւ Փայլածու) համընկնումի (conjunction) յայտնաբերումը ինձմէ պահանջեց նուազ քան հինգ վարկեան: Կը մնայ վերծանել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երկնային այս յղումը, արդեօք ջրհեղե՞ղ, թէ՞ տոլարի գահավէժ անկում: Առաջինը անշուշտ որ  աւելի հաւանական է:

1755 թուականի «Halloween» իրիկուան ժամը շուրջ 10:00-ին հզօր 7+ երկրաշարժ մը կործանած է Լիզպոնը եւ խլած` քանի մը տասնեակ հազար կեանք: Երկրաշարժին հետեւած է ցունամի, որ կործանած է նաւահանգիստն ու նաւերը, ապա` համատարած հրդեհ, որ մոխրացուցած է  թանգարաններ եւ արուեստի անգին գանձեր: Յետցնցումները շարունակուած են քանի մը ամիս:

Հալոուին, ի հեճուկս «Ամենայն սրբոց» վերանուանումին, կը շարունակէ մնալ հեթանոսական դիմակաւոր ծէս «քարնավալ», ուր մարդիկ կը պայքարին այդ գիշեր ազատ սաւառնող ոգիներու դէմ: Կործանող երկրաշարժի զուգադիպութիւնը այդ օրուան չէր կրնար անտեսուիլ աստղագուշակներու կողմէ:

Միամիտ փորձ.- Ինքնազարգացումի նպատակով փորձեցի հետեւիլ այդ երկրաշարժի վերլուծումին: Հարկ է որոշել, թէ աղթարքի ո՞ր «տան» մէջ կը գտնուին տուեալ մոլորակները: Շատ արագ պարզ դարձաւ, որ արեւմտեան աստղաբանութեան մէջ «ճշգրիտ» գուշակութիւն կատարելու համար կարելի դասաւորումներու թիւը այսպիսով կը դառնայ աստղաբաշխական (5): Համացանցի վրայ կան կայքէջեր, ուր իբր թէ բացատրուած են «գիտական» աստղաբանութեան օրէնքները (6): Երեք օր տքնելէ ետք  համոզուեցայ, որ իմ ունեցած թուաբանական պատրաստութիւնը չհէգ աստղաբաններ օգներ վերծանելու «Անկիւնադարձային» կամ վտանգաւոր  երկրաչափութիւն» (Հուկըրպիթսի բարբառով critical geometry) համարուող դասաւորումներու բնոյթը: Առանց կեղծ համեստութեան` այդ կը նշանակէ, որ մարդոց աւելի քան 99,8 առ հարիւրին համար անոնք անվերծանելի, ուրեմն եւ անհասկնալի են: Կողքի գծապատկերին մէջ վտանգի աստիճանը ներկայացուած է կարմրաւուն գիծերով: Նման գծապատկեր պատրաստելու համար անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր դասաւորումի համար որոշել քանի մը քանակական արժէք (երկրաշարժ, նիւթական բարօրութիւն, պատերազմ, սէր եւ այլն): Այդ արժեւորումը ակնյայտ է ոչ մէկ աստղաբանին համար:

Ո՞ւր է թաղուած շան գլուխը.- Հանելուկին պատասխանը ստացայ պատահաբար:  Պրպտումներու ընթացքին սկսայ հանդիպիլ բազում ծանուցումներու, որոնցմէ մին տեղադրուած է նոյնինքն Հուկըրպիթսի յօրինած  աստղաբանական հաստատութեան (Solar System Geometry Survey-SSGEOS)  կողմէ: Աւելի խօսուն եւ բացայայտ են, սակայն ականաւոր աստղագէտ-աստղաբաշխ Քեփլըրի անունը կրող ընկերութիւնը եւ անոր նմանները: Անոնք մատչելի գումարներով (ինչպէս` 300 տոլար) համակարգչային ծրագիրներ, դասագիրքեր եւ դասընթացներ կը ներառեն:  Աստղաբանութիւնը փակ (esoteric) մարզ է: Ժառանգորդն է երբեմնի քուրմերու դպրութիւններուն, որոնք դիտմամբ այնպէս  մեհենագրուած էին, որ անիմանալի ըլլան հասարակ ժողովուրդին: Դպրութեան ծանօթանալու համար հարկ է աշակերտել քուրմի մը: Այս օրերուն` ի հարկէ վճարովի: Կայ այլ առիթ: Կարգ մը «գիտնականներ» պետութենէն նպաստ կը պահանջեն կատարելու համար երկրաշարժը նախատեսող ուսումնասիրութիւններ եւ սարքեր ստեղծելու համար: Իմաստուն գաղափար չէ՞ քանի մը հազար , կամ նոյնիսկ միլիոն տոլարի ներդրում կատարել` խուսաբելու համար աղէտէ մը, որ անասելի աւեր եւ թշուառութիւն կը պատճառէ:

Հուսկ բանք. Աստղաբաշխներ անմիտ մարդիկ չեն, այլ` մարդիկ, որոնք կը շահագործեն անմիտները: Ծանօթ ենք տեղացի կնոջ մը, որ ամէն Ամանորի գուշակութեան հազարաւոր հաստափոր գիրքեր կը վաճառէ: Գիրքեր, որոնց մէջ ոչ մէկ աներկբայ նախադասութիւն կարելի է գտնել: Այդ օրինաչափ է: Գուշակութիւնը երբեք յստակ եւ իմանալի չէ եղած: Բիւր մշուշապատ թելադրութիւններէն մէկն ու մէկը կրնայ հետագային թարգմանուիլ որպէս գուշակութիւն: Մեհեանները ի սկզբանէ եղած են դրամաշորթ խաբէութեան բոյներ: Ինծի ծանօթ ամէնէն վառ օրինակն է յունական Տելֆի (Ապողոն աստծու) բարգաւաճ տաճարը, որ իրարեյաջորդ վերականգնումներով գործած է աւելի քան ութ դար:

Աստղագուշակութիւնը «պիզնես» մըն է, որ կը սնանի տգէտ մարդոց սնոտիապաշտութեամբ: Ցուցափեղկի մէջ կը զետեղուին համակարգիչներ ու գծագիրներ` գիտականութեան պատրանք ստեղծելու համար: Հաղորդակցութեան  միջոցները պէտք չէ արտօնեն, որ Հուկըրպիթս եւ իր նմանները կառուցեն մերօրեայ Տելֆիի տաճար:

————————

  1. Հեղինակը անձնասպան եղած է, երբ իր անծանօթ մոլորակներու գոյութեան դրոյթը ձաղկի ենթարկուած է աստղագէտներու կողմէ: Այժմ Փղուտոնը մոլորակ կը համարեն միայն գուշակները:
  2. «Բաբելոնեան բարդ ալիքներ եւ հայկական ցաւոտ մակաբերում», «Ազդակ», 26 փետրուար 2021:
  3. Հրատի, ինչպէս եւ լուսնի զանգուածները բաւարար չեն կազերը իրենց շուրջ պահելու: Երկիրը, ցաւօք, իւրաքանչիւր օր 90 թոն օդ կը կորսնցնէ:
  4. Ոմանք կը հաւատան, որ այդ իմաստութիւնը, որ ժառանգուած է ծովամոյն Աթլանթիսի գերակայ քաղաքակրթութենէն եւ կամ նոյնիսկ բարեմիտ այլմոլորակայիններէ
  5. 9 մոլորակ x 12 ախթարքի տուն = 108 դիրք: Այդ դիրքերէն 9-ը (մոլորակներու թիւը) կարելի է իրարու հետ կապել աւելի քան 380 000 000 000 000 000 000 ձեւերով:
  6. Տես, օրինակ, https://aztro1.com/education/planetary_geometry.htm

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Բացատրել Մոսկուայի Կրաւորականութիւնը…

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Կիներու Միջազգային Օրուան Նշում

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023
Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով  -2-  Ցորենի Ամպածրար (1) Հասկը
Անդրադարձ

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով -2- Ցորենի Ամպածրար (1) Հասկը

Մարտ 31, 2023

Comments 1

  1. Հրաչ Պարսումեան says:
    2 weeks ago

    Ծանօթ.- Ձգողութիւններու բաղդատական տախտակին մէջ ԱՄ- ԱԱստղագիտական Միաւոր հաւասար է երրէն Արև հեռաւորութեան: Արեգակնային դրութեան մէջ այդ միաւորը կը գործածուի ծիրերու շառաւիղները բաղդատելու համար: Զանգուածները ևս կը տրուին բաղդատած երկրի:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In