ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ «Զինուորները ծնւում են մարտադաշտում» գիրքը, բաղկացած` 124 էջերէ: Հեղինակ` Յովիկ Վարդումեան:
Վարդումեան Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակից է եւ կը ներկայացնէ 1994-ի առաջին ամիսներու պատերազմական գործողութիւնները` Արցախի հիւսիս-արեւելեան ռազմաճակատներուն վրայ:
Հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատերազմը ոչ միայն ստոյգ մահուան վտանգ է, այլ նաեւ մարմնական ծանր աշխատանք: Զինուոր ըլլալը մասնագիտութիւն է: Բայց այլ բան է հայրենիքի պաշտպանութեան համար կռուիլ: Այստեղ յառաջ մղող ուժը հայրենիքի հանդէպ ունեցած մեծ սէրն է: Հայրենասիրութիւնը աստուածային պարգեւ է, որ բոլորին չէ տրուած:
Այս փոքրաթիւ մարդիկ «խելագարներ» են, որոնց չեն կրնար հասկնալ սովորական մարդիկ:
1993-ի աշնան ռազմաճակատներուն վրայ շրջադարձ կատարուեցաւ յօգուտ հայերուն: Թուրքերու յարձակողական թափը կասեցաւ, եւ հայկական ուժերը անցան յարձակման ու վերագրաւեցին կորսնցուցած տարածքները:
Հայկական բանակի եւ կամաւորական ջոկատներու միացեալ ուժերը բաւարար չէին մեծ ծաւալներ ընդգրկող մարտական գործողութիւններու համար: Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ վաշտեր կը կազմաւորուէին եւ ճակատ կ՛ուղարկուէին:
Հիւսիս-արեւելեան ռազմաճակատ մեկնած Վարդումեան կ՛ըսէ, որ անչափելի չարչարանքով ու վախով մկրտուելով ծնաւ զինուորը, հայրենիքի համար մարտնչող զինուորը: Անոնք ազատագրեցին շարք մը գիւղեր:
Հեղինակը կը նշէ, որ յարձակումը աւելի լաւ է պաշտպանութենէն ու սպասելէն: Պատերազմը, մահուան վտանգէն բացի նաեւ ծանր աշխատանք է:
Յովիկ Վարդումեան կը շարունակէ` ըսելով, որ խրամատին մէջ նոր մարդ ծնաւ, նոր ընկերութիւն: Միայն այդպիսի անկեղծ, անշահախնդիր ընկերութեամբ կրնայինք յաղթել մեզմէ մեծաթիւ ու լաւ զինուած թշնամիին: Եւ կը յաղթէինք. տարածքներ ազատագրելով` հասեր էինք հոն, ուրկէ կը սկսի թշնամի պետութեան կործանումը:
Ռազմաճակատներուն վրայ անտանելի ռմբակոծում էր: Թուրքերը զինամթերք չէին խնայեր. կը կրակէին գիշեր-ցերեկ, տեղի-անտեղի:
Հայկական ուժերը կը շարունակէին յառաջանալ: Հայեր հայրենիքի ազատութեան համար կը կռուէին, իսկ թուրքերը` ուրիշի հայրենիքը գրաւուած պահելու համար: Ազրպէյճան առաջին գիծ կը մղէր առաւելաբար թալիշները, լեզգիները եւ ազգային այլ փոքրամասնութիւններ: Թուրքերը ինչո՞ւ իրենց կեանքը պիտի զոհաբերեն ինչ-որ անհասկնալի Ազրպէյճան պետութեան համար:
Կեանքի օրէնք է` իւրաքանչիւր կայսրութիւն, փոքր թէ մեծ, յատկապէս արհեստականօրէն սարքուած, վաղ թէ ուշ պիտի քայքայուի: Այսպէս պիտի ըլլայ նաեւ Ազրպէյճանի պարագային:
1994 մայիսին զինադադար հաստատուեցաւ: Զինադադարի լուրը տարածուեցաւ ռազմաճակատով մէկ: Հայ կամաւորները սկսան երգել, պարել ու լուսնածիր գնդակներով երկինքի վրայ խաչ նկարել:
Մեծ ուրախութիւն էր նաեւ թուրքերուն մօտ: Ուրախ էին, որ հայոց սրընթաց յառաջխաղացքը հզօր ձեռքով մը կասեցուած էր: Եթէ պատերազմը շարունակուէր, Ազրպէյճան պետութեան գոյութիւնը կասկածի տակ պիտի դրուէր:
Յովիկ Վարդումեան կ՛աւելցնէ, որ այո, զինուորները կը ծնին մարտադաշտին մէջ, խրամատներու մէջ, վիրաւոր մարտական ընկերոջ վէրքը վիրակապելով եւ կրակի գիծէն գերմարդկային ճիգով դուրս հանելով, զոհուած ընկերոջ աչքը փակելով ու անոր համար թշնամիէն վրէժ լուծելով: