9 մարտը հռչակուած է իբրեւ «Ուսուցչաց տօն»: 9 մարտին հայկական դպրոցները կը փակուին, իսկ նախորդ օրը` 8 մարտին աշակերտները ծաղիկներ կը նուիրեն իրենց ուսուցիչներուն եւ դպրոցներուն մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան հանդիսութիւններ: Ժամանակին տեղի կ՛ունենային նաեւ հանրային հանդիսութիւններ:
Իմ ուսուցչական երկարատեւ պաշտօնավարութեան միջոցին, ես յաճախ այս օրը դարձուցած եմ հայ դպրոցի դերին ու կարեւորութեան անդրադառնալու առիթ մը: Վերջին քսանամեակին մեր դպրոցներուն թիւը նուազեցաւ ահազանգային չափերով: Ձեւականօրէն, տնտեսական պատճառներով, բազմաթիւ դպրոցներ միացուցինք իրարու մէկ գեղեցկօրէն կառուցուած հաստատութեան մը մէջ. տասնեակ տարիներու փորձ ու աւանդութիւն ունեցող դպրոցներ, որոնք ուրոյն նկարագիր ունէին, փակուեցան: Նորերը, որոնք չկրցան ժառանգել այդ նկարագիրները, ունեցան եւ այժմ ունին աշակերտներու թիւ մը, որ նուազ է փակուածներէն միայն մէկուն աշակերտութենէն: Ոչ միայն նուազած է հայ գաղութի, ուրեմն նաեւ աշակերտական տարիքի երեխաներուն թիւը, այլ նաեւ մեծապէս աճած է օտար, ոչ հայկական վարժարաններ յաճախողներուն թիւը:
Մեծ փոփոխութիւն կայ նաեւ ուսուցչական կազմերու մակարդակին. նախորդ դարի 70-80-ականներուն կազմաւորուած ուսուցիչները գրեթէ չկան. ոմանք դադրած են տարիքի բերումով, ուրիշներ գաղթած են երկրէն: Շատ յաճախ, մասնագիտական նիւթերու համար հայ ուսուցիչներ չեն գտնուիր. դպրոցներու պատասխանատուները կը պարտաւորուին դիմելու ոչ հայ մասնագէտներու: Այդ ուսուցիչներու մասնագիտական կարողութիւնները խնդրոյ առարկայ չեն, սակայն խնդրոյ առարկայ է դպրոցի հայեցի նկարագիրը: Հայեցի դաստիարակութիւնը միայն հայոց լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդելով չի ջամբուիր, այլ նաեւ դպրոցի ընդհանուր մթնոլորտով, որ հայաբոյր պէտք է ըլլայ:
Հայոց լեզուի, գրականութեան ու հայոց պատմութեան դասաւանդութիւնն ալ… կը կաղայ: Դպրոցներ կան, որոնք այս նիւթերու պահերը, յատկապէս միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ, նուազեցուցած են մեծ չափերով: Այս նիւթերը նկատի չեն առնուիր կարգափոխութեան համար միջիններուն մէջ:
Հայերէնագիտական նիւթերու անտեսումը կարգ մը դպրոցներ կը փորձեն սրբագրել զանազան միջոցառումներով` հանդէսներով եւ տօնախմբումներով: Միաժամանակ` առատ քարոզչութեամբ, որ այս օրերուն շռայլօրէն մատչելի է ընկերային ցանցերու շնորհիւ:
Վերջին տարիներուն դպրոցները պարտադրուեցան անկատար աշխատանք տանելու համաճարակին պարտադրանքով: Հաստատուեցաւ առցանց դասաւանդութեան եղանակ մը, որ հարկադրաբար անհրաժեշտը տալով հանդերձ, յառաջացուց դասաւանդութեան որակի անկում: Այս երեւոյթը տեսանելի է, որովհետեւ աշակերտներու գիտելիքներու մակարդակի անկումը երբեմն կը դժուարացնէ բնականոն դասաւանդումը: Ժամանակ շահելու համար նիւթեր զեղչուեցան պետական քննութիւններէն, որոնք բնականաբար անտեսուեցան: Դժբախտաբար անտեսուեցան նաեւ հայերէնագիտական նիւթերը, որոնք պետական քննութիւններուն չեն առնչուիր:
Այս մռայլ պատկերը նպատակ չունի պարսաւելու դպրոցներու տնօրէնութիւնները, խնամակալութիւնները կամ հոգաբարձութիւնները: Երկրին մէջ ստեղծուած տարաժամ պայմաններուն մէջ, անոնք կը փորձեն ամէն գնով կանգուն պահել դպրոցական մեր կառոյցը, որ հպարտանքը եղած է մեր բոլորին: Ճշմարտութիւնը ծածկելով չենք կրնար առաջքը առնել այլ թաւալգլոր անկումին, որուն մատնուած է այսօր հայեցի դաստիարակութիւնը: Բարեբախտաբար կան քանի մը դրական ճիգեր, որոնք բացառութիւն կը կազմեն` հայերէնը փորձելով պահել իր արժանի բարձրութեան վրայ:
Ուսուցիչներու տօնին առիթով տագնապի ահազանգ հնչեցնելով, նպատակ ունիմ մեր համայնքային պատասխանատուներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու կրթական կալուածի բովանդակային, ոչ միայն նիւթական հարցերուն վրայ, եւ լուծումներ ակնկալել: