Հայ քրիստոնեան երբ Հայ եկեղեցիէն դուրս կ՛ելլէ, իր ամէնօրեայ կեանքը իմաստաւորելու համար բազմաթիւ հոգեւոր-ազգային ապրումներ կը տանի իրեն հետ: Ասոնցմէ երկուքը համամարդկային եւ տիրական են` ԱՂՕԹՔ եւ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ, որոնք մեր սիրտէն կը բարձրանան Աստուծոյ եւ որպէս աստուածատուր օրհնութիւն ու շնորհ, խորհրդաւոր ետդարձով, մեր սիրտը կը լեցնեն մտածումով, խօսքով եւ գործով Աստուած փառաբանելու եւ աստուածահաճոյ կեանք ապրելու համար:
Վերոյիշեալ մտածումները առաւել շեշտակիութեամբ կ՛ընդգծուին Մեծ պահքի ապաշխարութեան, ինքնասրբագրութեան եւ հոգեւոր վերականգնումի այս շրջանին, երբ 2022-ին լոյս տեսած երկու գիրքեր հոգեւոր սնունդ կը հայթայթեն այս օրերուս` դէպի Աստուած եւ ապա` վերադարձ դէպի աստուածաստեղծ աշխարհ ու մարդ ճանապարհորդութեանս:
«Աղօթքս խունկի նման թող բարձրանայ քեզի» (հաւաքեց, թարգմանեց եւ կազմեց Նիկոլ Սալխանեան) եւ «Սրբապատկեր. լռութիւնդ խօսեցաւ սրտիս» (հեղինակեց Ռուզան Սալխանեան) հատորներուն հետ մտերմութիւնս աւելի կը խորացնէ անոնց հեղինակներուն հետ քրիստոսատիպ բարեկամութիւնս (հմմտ. Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ըստ Յովհաննէսի 15.9–17) եւ կը մղէ զիս այս երկու հատորները ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնելու:
«Աղօթքս խունկի նման թող բարձրանայ քեզի» հատորը աղօթական կեանքի քաղցրութիւնը բերող խնկաման մըն է` զանազան պահերու ընթացքին եւ կարիքներու դիմաց ու հոգեվիճակներու մէջ. թուեմ քանի մը հատը` առաւօտեան, սուրբ հաղորդութեան մօտենալէ առաջ եւ յետոյ, Աստուծոյ խօսքը ընթերցէլէ առաջ, բարեխօսական, ընտանեկան, ներքին եւ ֆիզիքական բժշկութեան, մահացու հիւանդութեան, հոգեվարքի, ննջեցեալի, դիւային կապանքներէ ազատագրման, բանտարկեալներու, աղօթքով Աստուծոյ բացուելու եւ ապա Իրմով զօրացած` մեր քրիստոնէական կենցաղավարութիւնը շարունակելու համար: Գիրքը ունի նաեւ «Յիշատակուած սուրբերու վարքերը», «Յիսուսի աղօթքը. գործնական ուղեցոյց մը» եւ «Օգտագործուած աղբիւրներ եւ յաւելեալ ընթերցման համար» բաժիններ: Իսկ գիրքը կը բացուի «Ներածութիւն եւ օգտագործման ուղեցոյց» մուտքով, որ ինքզինք կը բացայայտէ արդէն:
Այս գիրքը իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի «Տէ՜ր, մեզի աղօթել սորվեցուր» (Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ըստ Ղուկասի 11.1) խնդրանքին օժանդակող ձեռնարկ մըն է` «Տէրունական աղօթք»-ին եւ Հայ եկեղեցւոյ աղօթքներուն ու շարականներուն կողքին, որոնք ե՛ւ առանձնաբար ե՛ւ հաւաքաբար կ՛աղօթենք կամ պէտք է աղօթենք ամէն օր:
«Ներածութիւն եւ օգտագործման ուղեցոյց»-ին մէջ կը կարդանք, որ այս հատորը սուրբերու աղօթքներէն հաւաքածոյ մըն է` որովհետեւ` «Երբ մենք սուրբերուն աղօթքով եւ անո՛նց հետ կ՛աղօթենք, անոնք ալ կ՛աղօթեն մեզի հետ եւ մեզի համար, եւ կը սկսինք միանալ ոչ միայն անոնց աղօթքին, այլեւ հետզհետէ փոխակերպուիլ` անոնց հետ մտերմութեամբ եւ նմանութեամբ» (էջ 19):
«Սրբապատկեր. լռութիւնդ խօսեցաւ սրտիս» հատորը մեր ֆիզիքական աչքերով սրբապատկերներուն նայելով` հոգիի աչքերով զանոնք վայելելու եւ մեր սիրտին մէջ աղօթքով անոնց մշտախօս լռութիւնը լսելու կը հրաւիրէ մեզ: Գիրքին «Նախաբանի փոխարէն»-ը այս փորձառութիւնը կը պատմէ, երբ հեղինակը օգոստոս 2017-էն ի վեր լուռ սրբապատկերին ձայնը կը փնտռէ ու վերջապէս կը գտնէ, եւ այս մասին հետեւեալը կը գրէ. «Սրբապատկերները կրօնական թեմաներով պարզ նկարներ կամ դիմանկարներ չեն, այլ հոգեւոր սուրբ պատկերներ` իրենց յատուկ աստուածաբանութեամբ: Անոնք ոչ թէ գծուած, այլ գրուած են` լոյսով, գոյներու, խորհրդանշաններու, տարբեր պատկերներու իւրօրինակ եւ խորհրդաւոր լեզուով, որոնք հաւատաւոր ժողովուրդին կ՛ընծայեն օգնութեան միջոց մը` առաւել խորանալու աղօթքի եւ աստուածապաշտութեան կեանքին մէջ» (էջ 9):
Գիրքը աղօթք եւ սրբապատկեր առնչութիւնը կը բացատրէ` լռութիւնը, խորհրդածութիւնը, խօսիլը, լսելը, արտաքին ու ներքին անապատէն անցնիլը ապրելով, ապա մեզ սրբապատկերին դուռէն ներս մտցնելով, քրիստոնէական արուեստի ու գեղեցկութեան վայելումին մասնակից կը դարձնէ` պատկերագրողին դերակատարութինը եւս մասնաւորելով:
Ան ունի նաեւ պատմական խորք, երբ սրբապատկերի զարգացումի պատմութիւնը, պատկերամարտութիւնն ու պատկերայարգութիւնը եւ Արեւելեան եկեղեցւոյ ու Բարեկարգութեան ժամանակաշրջանի սրբապատկերի ըմբռնողութեան կ՛անդրադառնայ:
Գիրքը սրբապատկերը կարդալու կերպը եւ գոյնի խորհրդաբանութիւնը բացատրելէն ետք կը թեւակոխէ քրիստոնեային կողմէ սրբապատկերը ապրելու հանգրուանը, երբ կը խօսի Յիսուս Քրիստոսի, Սուրբ Երրորդութեան, Աստուածամօր, սուրբերու ու եկեղեցւոյ սրբակեաց հայրերու, հրեշտակներու ու հրեշտակապետներու եւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի ու ահեղ դատաստանի սրբապատկերներուն մասին: Ապա գիրքը կը վերադառնայ աղօթքին` «Աղօթել սրբապատկերի օգնութեամբ» գլուխով, եւ կ՛աւարտի` «Ի՞նչ դեր եւ նշանակութիւն կարող է ունենալ սրբապատկերն այսօր» գլուխով:
Այս երկու գիրքերը իրարու զօդուած են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն, ո՛չ թէ որովհետեւ գրուած են տէր եւ տիկին Նիկոլ եւ Ռուզան Սալխանեաններուն կողմէ (թէեւ կրնամ երեւակայել երկուքին ալ համատեղ աղօթքն ու ջանքը այս գիրքերու երկնումի ընթացքին), այլ ինքնին աղօթք եւ սրբութիւն զիրար կը լրացնեն, ինչպէս Ռուզան իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ` կարծէք Նիկոլին գիրքին ակնարկելով. «Քրիստոնէական ապրելակերպի էական մասը աղօթքն ու պաշտամունքն է, մեր սիրոյ հաղորդակցութիւնը` Երկնաւոր Հօր հետ, անոր Որդիին` մարմնացած եւ տեսանելի դարձած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքով» (էջ 9), եւ Նիկոլ իր գիրքով կ՛արձագանգէ` կարծէք Ռուզանին գիրքը ի մտի ունենալով. «Աղօթագիրքը հարուստ է սրբապատկերներով: … Սրբապատկերները կ՛օժանդակեն մեզի աղօթքի պահերուն` օժտելով զանոնք առաւել կեդրոնացումով, հոգեւոր լուսաբանումով ու ներշնչումով» (էջ 23):
Այս տարի Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսի (1102-1173) վախճանումին 850-ամեակը ըլլալով, ցոյց տալու համար աղօթքին եւ սրբութեան փոշիով չծածկուող այժմէականութիւնը, այս երկու գիրքերուն պատգամը կը խտացնեմ Շնորհալիի հոգեղինած Խաղաղական ժամերգութենէն մէջբերուած հետեւեալ տողերուն մէջ.
«Թովմաս առաքեալին հետ գոչելով` Տէր եւ Աստուած կը դաւանինք Քեզ» (հմմտ. Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ըստ Յովհաննէսի 20.24–29):
«Մենք Աստուծոյ պիտի վստահինք, եւ Ինք սրբարան պիտի ըլլայ մեզի, որովհետեւ Աստուած Ինք մեզի հետ է»:
«Ո՜վ Փրկիչ, մեղքի ծանրութենէն թեթեւցուր մեր հոգիները, եւ զօրացուր մեզ, որպէսզի կամաւորաբար կրենք պատուիրաններուդ քաղցր լուծը, աղաչանքովը Սուրբ Աստուածածինին եւ բոլոր արդարներուն»:
«Անարատ ծնողիդ պատկերը միջնորդ կը ձգենք Քու առջեւդ, անոխակա՜լ Տէր. երբ Հօրը փառքով գաս խաչիդ թշնամին դատելու, ներէ մեր յանցանքները` Քու կոյս մօրդ բարեխօսութեամբ»:
«Ո՜վ Տէր, մեզ արժանի ըրէ մշտնջենաւոր հանգիստին, բոլոր սուրբերուն հետ, որպէսզի անցաւոր այս կեանքին մէջ Քեզմով առաջնորդուինք եւ հասնինք երկնային յաւիտենական թագաւորութեանդ, որ աշխարհի սկիզբէն իսկ պատրաստեցիր Քու սուրբերուդ համար»:
Անշուշտ Շնորհալի այս տողերը գրաբար գրած է. ես զանոնք աշխարհաբար արձանագրեցի` քաղելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակած «Ժամագիրք արեւագալի եւ հսկումի» հատորէն, որ կարելի է ստանալ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի գրատունէն: Իսկ «Աղօթքս խունկի նման թող բարձրանայ քեզի» եւ «Սրբապատկեր. լռութիւնդ խօսեցաւ սրտիս» գիրքերը կարելի է ստանալ «Լուսաւորչի կանթեղ» առաքելութենէն` հեռաձայնելով 03-548784 թիւին:
Նիկոլն ու Ռուզանը ասկէ առաջ քրիստոնէական հոգեւոր կրթանքը քաջալերող ուրիշ գիրքեր ալ գրած էին, եւ վստահ եմ, որ դեռ պիտի գրեն: Այդ գիրքերն ու «Աղօթքս խունկի նման թող բարձրանայ քեզի» եւ «Սրբապատկեր. լռութիւնդ խօսեցաւ սրտիս» գիրքերը իրենց արժէքաւոր բովանդակութեան եւ ընտիր հրատարակութեան հետ ժողովրդական մակարդակի վրայ հոգեւոր գրականութեան բացը գոցելու Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան սատար կը հանդիսանան:
Մեր հոգին զինելու եւ քրիստոնէական կեանքը ապրելու հասարակաց մարտահրաւէրին դիմաց, գնահատանքս կը յայտնեմ այս երկու գիրքերու հեղինակներուն, խմբագրողներուն ու հրատարակիչին` Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան: Կը հրաւիրեմ ընթերցասէր հայորդիները զանոնք կարդալով անոնց լոյս ընծայումը իմաստաւորելու եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի բարեխօսութեան դիմելով` իր բառերով կ՛ըսեմ. «Ո՜վ Աստուած, պահպանող Քու աջդ ամէն ժամանակ հովանի դարձուր մեր վրայ, որպէսզի օր ու գիշեր Քեզի փառք տանք»: