Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի Կենսագրականը

Մարտ 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի Կենսագրականը
– Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեանի Հակիրճ Կենսագրականը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան

Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 4 նոյեմբեր 1893-ին: Ան զաւակն է բժիշկ Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեան ամոլին: Ունեցած է երեք եղբայր եւ երկու քոյր: Նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը` Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճէն: Իբրեւ աւարտաճառ` պատրաստած է «Քեսապ եւ իր գիւղերը» հատորը, որ արժանացած է բարձր գնահատանքի: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ եւ վկայուած է 1917-ին: Շուտով զինակոչուած է օսմանեան բանակ` ենթասպայի աստիճանով, եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ, պաղեստինեան ճակատին վրայ: Պատերազմէն ետք Հոմսի եւ Ճըսր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները փոխադրած է Քեսապ: 1920-ին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Մասաչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը, ուր իբրեւ մանկաբուժ` գործած է իր անձնական դարմանատան, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու մէջ: Անդամակցած է Մասաչուսեցի եւ ամերիկեան բժշկական միութիւններու: Ամուսնացած է 1923-ին Զապէլ Առաքելեանին հետ, բախտաւորուած են երեք դուստրերով:

Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանին հայրը` Սողոմոն Աբէլեան, ծնած է Քեսապ, 1868-ին: Ան եղած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին առաջին հայ բժիշկ շրջանաւարտը, 1890-ին: Ան աշխատած է Քեսապի մէջ եւ իր հայրենակիցներուն ծառայած է երկար տարիներ: Ան զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Վանի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ` իբրեւ զինուորական բժիշկ: Ան ամուսնացած է պեհեսնիցի Ովսաննա Առաքելեանին հետ, որ շրջանաւարտ էր Այնթապի Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանէն եւ Քեսապի մէջ վարած է ուսուցչական պաշտօն: Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան մահացած է Քեսապ, 1945-ին:

Բժիշկ Ա. Աբէլեան, տեսնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատճառով հայ ժողովուրդի թուային նօսրացումը եւ ֆիզիքական ու հոգեկան ախտավարակ երեւոյթները, որոշած է իր գիտական-բժշկական մտապաշարը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի եւ ի մասնաւորի հայ նոր սերունդի հայօրէն զարգացման, աճման, զօրեղացման եւ հզօրացման:  Իր բժշկական ասպարէզին ընդմէջէն ան փորձած է արտացոլացնել իր հայկականութիւնը` գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են աղբիւր բժշկական գիտելիքներու: Ան բժշկական գրականութեան մէջ մուտք գործած է հայերէնով եւ այդ ըրած է մեծ հաճոյքով, իբրեւ հայ բժիշկի պարտականութիւնը` հանդէպ իր արիւնակիցներուն:

Բժիշկ Ա. Աբէլեան հայերէնով լոյս ընծայած է բժշկական եւ առողջապահական հետեւեալ հատորները. «Հայ մայրերու մենտոր», «Հեքիմարան», «Մատեան մանկանց»:

«Մատեան մանկանց»

Ան չէ բաւարարուած բժշկական գրականութեամբ եւ իր միտքն ու հոգին արտայայտած է նաեւ ոչ բժշկական գրականութեամբ, ուր դրսեւորած է հայ վերապրողի իր զգացումները,  իր ներաշխարհը եւ իր անհատականութիւնը: Իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները. «Հնգամեայ զրոյցներ», «Անահիտ կամ ամերիկահայ ֆլեփփըրը», «Զմրուխտ մատանին», որոնք հրատարակուած են 1929-ին, «Վաղուան արշալոյսը», եւ «Աշգար»-ը` 1930-ին, ինչպէս նաեւ` «Քեսապ եւ իր գիւղերը»:

«Ամերիկահայ ֆլեփփըրը»
» «Զմրուխտ մատանին»
«Վաղուան արշալոյսը»
«Աշգար»

Ան բժշկագիտական եւ գեղարուեստական գրութիւններով աշխատակցած է հայ մամուլին, մասնաւորապէս` Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ Նիւ Եորքի «Նոր Աշխարհ»-ին: Կատարած է թարգմանական աշխատանք` «Թելմա», «Վենտեթթա», «Իշխանուհի Վերճինիա» եւ «Կարմիր մայրապետ»:

Իր գրչանունը եղած է «Էբիլենց»: Ունի անտիպ վէպեր` «Ամերիկահայ մտաւորականը», «Անմեղ սէրերու յուշեր», «Զինուորական յուշերէս», «Հիւանդին խոհանոցը», «Բժշկական զրոյցներ» եւ  5 արարով թատրերգութիւն մը` «Լորա»: Անգլերէնով գրած է «Tales from Armenian history» եւ «The Antiochians» վէպը, որուն միջոցով ուզած է ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնել հայը` իր կենցաղով ու մարտնչումներով, եւ թուրքին գործադրած վայրագութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ:

«Քեսապ եւ իր գիւղերը»
«The Antiochians»

Այս վէպը եղած է արժէքաւոր եւ ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մը, ուր Քեսապը մեծ տեղ գրաւած է:

1930-ին գրած է իր հայերէն վերջին գիրքը: Այդ թուականէն ետք, մինչեւ 1960, հեռու մնացած է գրելէ եւ իր ժամանակը տրամադրած է իր ընտանիքին: Ան ամուսնացած է Զապէլ Առաքելեանին հետ եւ բախտաւորուած է 3 աղջիկ զաւակներով: 1960-ին գրած է իր վերջին` «The Antiochians» անգլերէն գիրքը:

Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան  մահացած է Պոսթըն, 14 նոյեմբեր 1986-ին:

Մոնրէալ, 20 յունուար 2023

Աղբիւրներ.

  1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:
  2. Աբէլեան Ս. Ալպէրթ, «Քեսապ եւ իր գիւղերը», Պէյրութ, 2002:
  3. Չոլաքեան, Յակոբ, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004:
  4. Apelian, H. Vahe, Apelian, Albert MD, a Social Diagnostician As well, V.H. Apelian’s Blog, August 1, 2018

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած
Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեանի Հակիրճ Կենսագրականը

Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան

Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան ծնած է Քեսապ, 1868-ին: Զաւակն է քեսապցի Գէորգ Աբէլեանի: Ունեցած է երկու եղբայր եւ չորս քոյր: Իբրեւ բժիշկ` վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն, 1890-ին: Եղած է առաջին հայ շրջանաւարտ բժիշկը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն:

Վերադառնալով Քեսապ` աշխատած է մինչեւ 1901: 1901-1908 եղած է Անտիոքի քաղաքապետութեան բժիշկը: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է 1909-ին Քեսապի հայ համայնքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, թուրքերու կազմակերպած սպանդէն ետք:

1914-ին զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Վանի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ: Զինուորական ծառայութենէն ետք վերադարձած է Քեսապ եւ գործած է մինչեւ իր մահը, 1945:

Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան պաշտօնավարած է Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ բժշկապետ: Նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատած է իր փեսան` բժիշկ Աւետիս Ինճեճիքեանը` իբրեւ բանակային բժիշկ:

Իր եղբայրը` Պետրոս Աբէլեան, շնորհիւ միսիոնարուհի միս Չամպըրզի, 1907-ին կրթանպաստ ստանալով, անցած է Ամերիկա եւ Iowa Northern University համալսարանին մէջ ուսանած է աստուածաբանութիւն, դարձած է ձեռնադրեալ պատուելի:

Ան եղած է եկեղեցասէր, ուղղամիտ, արդար, ուսումնասէր եւ ազգային գործիչ: 1909-ի աղէտէն ետք մաս կազմած է Օգնութեան յանձնախումբին:

Օգնութեան յանձնախումբի անդամները: Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան` նստած, երկրորդ շարք աջէն առաջինը

Ամուսնացած է Այնթապի Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ պեհեսնիցի (*) Ովսաննա Առաքելեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու աղջիկ եւ չորս մանչ զաւակներով: Անոր Մարի անունով դուստրը ամուսնացած է քեսապցի բժիշկ Աւետիս Ինճեճիքեանին հետ: Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանը իր չորս մանչ զաւակներէն մէկն է:

(*) Պեհեսնի քաղաքը գտնուած է Մարաշ, Այնթապ, Ուրֆա եւ Մալաթիա քաղաքներուն ճիշդ կեդրոնը եւ անոնցմէ 100-150  քմ հեռաւորութեան վրայ:

Մոնրէալ, 23 յունուար 2023

Աղբիւրներ.

  1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:
  2. Աբէլեան Ս. Ալպերթ, «Քեսապ եւ իր գիւղերը», Պէյրութ, 2002:
  3. Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004:
  4. Apelian, H. Vahe, Apelian, Albert MD, a Social Diagnostician As well, V. H. Apelian’s Blog, August 1, 2018.

 

 

 

Նախորդը

Հրաշք Մանուկը

Յաջորդը

Գիրքերու Հետ. Աղօթալից Անուշաբոյր Խունկը Սրբութեան Ձգտող Մեր Կեանքին Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?