Մեր Պայքարը Նաեւ Իշխանութիւններու Նոր Ազատական Քաղաքականութիւններուն Դէմ Է
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ 2018 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային շարժումի զանգուածային ցոյցերը` այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» անունին ներքեւ, հայրենաբնակ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը համակուած էր արդար եւ անկեղծ յոյսով մը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը խորացնելու, նախկին փտածութեան համակարգը արմատական բարեկարգումի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու առումներով: Դժբախտաբար, սակայն, ընկերային արդարութեան հաստատման վերաբերող...

















