Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Մարտ 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինը` սփիւռքահայերուս հոգեւոր Հայաստանը, 95 տարեկան է: Գրեթէ մէկ դար աշխատանք թափուած է քանի մը սերունդի կողմէ` ՀԱՅԸ ՀԱՅ ՊԱՀԵԼՈՒ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ հայրենի հողէն պարտադրաբար հեռացուած գաղթական հայութեան համար:

Հիմնադիրները` հայոց պետականութիւնը 1918-ին վերականգնած ղեկավարներէն խումբ մը, զգալով, որ օտար հողի վրայ դժուար է պահել հայու ինքնութիւնը, հիմը դրին միութեան մը, որ առժամաբար պիտի փոխարինէր հայրենի հողը` ստեղծելով հոգեւոր Հայաստան մը` օտար ափերու վրայ ցիր ու ցան եղած հայ գաղթականութեան համար:

Եւ այսպէս, իր ճամբան բացաւ հայ կրթութեան եւ հայ մշակոյթին նուիրուած Համազգայինը եգիպտոսի մէջ 1928-ին:

Համազգայինը 95 տարի անընդմէջ գործեց սփիւռքի մէջ, եւ երբ Հայաստանը վերանկախացաւ, հայրենիքի եւ Արցախի մէջ ալ սկսաւ իր գործունէութիւնը` միշտ ի նպաստ հայ կրթութեան եւ մշակոյթին:

Դժուար է թուել Համազգայինի իրագործումները, որոնք կ՛ընդգրկեն` Ճեմարաններ, տպարան, գեղարուեստի դպրոցներ, գիտաժողովներ, երգչախումբեր, պարախումբեր, թատերախումբեր, ցուցահանդէսներ, գրական հանդիպումներ եւ այլ աշխատանքներ`  աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Իրականութեան մէջ դժուար է պատկերացնել սփիւռքահայութեան կեանքը առանց Համազգայինի: Համազգայինը, սակայն, ամէն բանէ առաջ  հայկական ոգի է ` ազգն ու հայ մշակոյթը բարձր պահելու:

Մեր պարագային, Համազգայինը «Կաքաւիկ» երգչախումբ է, «Լուսարձակ 40» թատերախումբ, «Կոմիտաս» երգ ու պարի համոյթ, աշուղական խումբ, «Ռուբէն Նաքեան» նկարչական դպրոց, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական եւ «Թորոս Ռոսլին» գեղարուեստի դպրոցներու մասնաճիւղեր, աշակերտական երգի ասմունքի շարադրութեան մրցանքներ, գրական եւ արուեստի անհամար հանդիպումներ եւ ուրիշ շա՜տ բաներ:

Այսօր անշուշտ ժամանակները փոխուած են: Մթնոլորտը, հնարաւորութիւնները աճելով հանդերձ, փոխուած է: Երիտասարդները բաւական հեռացած են մեր ազգային կեանքէն եւ ստեղծուած է մարդուժի պակաս, նախաձեռնութեան պակաս եւ ոգիի պակաս: Այսօր Համազգայինը կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Անհրաժեշտ է նոր միջոցներ գտնել երիտասարդները ներգրաւելու համար, որոնք ապագայի միակ գրաւականն են:

Ունի՞նք այս հնարաւորութիւնը. այո՛ ունինք. բոլոր մարզերուն մէջ ուսեալ, կարող եւ հայրենասէր երիտասարդներ կան, որոնք պէտք է ներգրաւել  Համազգայինի աշխատանքներուն  մէջ, բոլոր երկիրներու պարագային:

Համազգայինը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` այսօր, վաղը եւ միշտ:

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ»

95 տարի առաջ մեր պատմութեան պատգամին խորապէս գիտակից սերունդի մը կողմէ, որ ունէր տեսլական ու մտքի հզօր թռիչք` մշակոյթի տարածման, պահպանման ու ծաղկումին, հիմը դրուեցաւ Համազգայինի հայ կրթական ու մշակութային միութեան:

Հայուն գոյատեւման ու ծաղկումի գլխաւոր երաշխիքը անոր մշակոյթն է:

Մշակոյթն է, որ, լեզուի կողքին: Կ՛երաշխաւորէ ազգին ամբողջականութիւնն ու յաւերժութիւնը:

Համազգայինը հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման, ազգային պատկանելիութեան ռահվիրան եղած է տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի ողջ տարածքին` մնալով հայ ժողովուրդի ազգային մշակութային ժառանգութեան պահպանման, զարգացման եւ տարածման մշտարթուն պահակը` ջահակիրը, եւ զայն ապահով կերպով փոխանցած նոր սերունդներուն: Համազգայինը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ: Կը պայքարի ո՛չ միայն լեզուն, պատմութիւնը պահելու, այլ կը պայքարի նաեւ պահելու իր մշակութային բոլոր արժէքները, գիրն ու գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, պարարուեստը եւ թատրոնը, աւելցնելով, որ Համազգայինը այդ ամբողջութիւնն է, այդ դպրոցն է, որուն դերակատարութիւնը մեծ է հայ ինքնութեան պահպանման մէջ եւ, այսպէս, 95 տարի իւրաքանչիւրիս  մէջ դրոշմելով մշակոյթէն մասունք մը կամ ժառանգութիւն մը:

Համազգայինը մեր առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ. այդ իր գործով եւ արդիւնքով խօսուն` անկասկած բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած, բայց գիտենք, թէ համազգայնականը ինչպէ՛ս պիտի վերաբերի այս դժուար կացութեան հետ, կը շարունակէ իր երթը` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները: Աշխատանքը պէտք է շարունակել աննահանջ: Այսօր ժամանակները փոխուած են, փոքր ժողովուրդներու մշակոյթները ենթակայ են նօսրացման, երբ իր շուրջը զինք հրապուրող եւ օտարացնող պայմանները շատ են եւ հարուստ:

* * *

Ունենալով երաշխաւորներ Յովհաննէս Պէրպէրեանն ու Կարպիս Հարպոյեանը, մաս կազմեցի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղին ու սկսան ծառայութեանս առաջին քայլերը, ու հասկցայ Համազգայինի առաքելութիւնը, իսկ «Վանայ ձայն»-ի մէջ հանդիպելով համազգայնական ընկերներու, գեղարուեստի ղեկավարներու եւ ուսուցիչներու` ծանօթացայ Համազգայինի գործունէութեան: Եւ այսօր` որպէս Համազգայինի Գեղարուեստական դպրոցներու վարչական տնօրէն, կ՛ապրիմ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի մթնոլորտը` իր ծնողներով, աշակերտներով, ձեռնարկներով, փորձերով, ելոյթներով եւ հանդէսներով:

Բարի՛ երթ` Համազգայինին ու անոր առաքեալներուն:

ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ. Երգչախումբեր Եւ Պարախումբեր

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի-Լայփցիկ` 7-0. Հաալանտ Նշանակեց… 5 Կոլ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?