Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Թուրքն Ալ Իր Եաթաղանով Գայ` Պիտի Մնանք Մեր Տեղը». Բեմադրիչ Քաջիկ Յարութիւնեան
Լրագրողներ զրոյցի ընթացքին հարցուցած են Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտին, Ստեփանակերտի թատրոնի դերասանին, բեմադրիչ Քաջիկ Յարութիւնեանին, թէ Արցախի մէջ ինչպէ՞ս ընդունած են նախօրէին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն` «Ազրպէյճանական կողմը իր խողովակներով փոխանցած է մեզի, որ կա՛մ կ՛ընդունիք համարկման քաղաքականութիւնը, կա՛մ առկայ հարցերուն լուծում պիտի չըլլայ»: Արցախցիները կարելի կը համարե՞ն որեւէ համարկման գործընթաց Ազրպէյճանի հետ:
Ան քաջաբար բացատրած է, որ` «Այս պարզապէս խօսակցութիւն է, որովհետեւ արցախցին միշտ կանգնած է իր դիրքորոշման վրայ, այնպէս որ, ի՛նչ ուզեն, թող խօսին, միեւնոյնն է, մենք մեր որոշումը պիտի չփոխենք, մենք մեր գիծը առաջ պիտի տանինք: Ամբողջ աշխարհն ալ մեզմէ ձեռք քաշէ, եթէ նոյնիսկ մինակ մնանք, ու թուրքն ալ իր եաթաղանովը գայ, սուրի քաշէ եւ բոլորը կոտորէ, մենք պիտի մնանք հաստատակամ մեր տեղը: Գացողներ թերեւս ըլլան, որովհետեւ ամէն տեղ ալ անհայրենասէր մարդիկ կան, բայց ընդհանուր ժողովուրդին տրամադրութիւնը մէկ է: Այնպէս որ, այդ յայտարարութիւնները լրջութեամբ ընդունող չկայ, մենք գործի կ՛երթանք կու գանք, հանդիսատես ունինք մեր ներկայացումներուն, իսկ մեր դրացի կոչեցեալները այդ սադրանքները միշտ ալ ըրած են ու պիտի շարունակեն ընել, իրենց այդ խաղաղութեան պայմանագրին ալ հաւատացող չկայ», եզրափակեց Ք. Յարութիւնեան:
«Ինքնաճանաչում. Էրեբունի». Պարգեւատրուեցան Համահայական Մանկապատանեկան Նկարչական Մրցոյթ–Փառատօնին Յաղթողները
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Հ. Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ 2022 թուականի համահայկական մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ-փառատօնի ցուցահանդէսի բացման եւ յաղթողներու պարգեւատրման արարողութիւնը: 2022 թուականին մրցոյթ-փառատօնը կրեց «Ինքնաճանաչում. Էրեբունի» խորագիրը, որ կայացաւ «էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանին հետ: Մրցոյթ-փառատօնին մասնակցեցան 6-18 տարեկան արուեստասէր եւ ստեղծագործական շնորհով օժտուած հայ մանուկներ եւ պատանիներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր տեսակի կրթօճախներու աշակերտները, պարզապէս ստեղծագործող, սակայն որեւէ մասնագիտական հաստատութիւն չյաճախող երեխաները: Ձեռնարկը կը նպատակադրէ սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նպաստել ճարտարապետութեամբ, տեղակայմամբ եւ ներկայացուող նիւթով բացառիկ «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ այնտեղ ներկայացուած Վանի թագաւորութեան հնագիտական ժառանգութեան մասին իմացութեան ճանաչման եւ ընդլայնման:
Մրցոյթ-փառատօնը իրականացուեցաւ քանի մը յաջորդական փուլերով: Առաջին` մրցոյթ-փառատօնին մասնակցելու համար արձանագրուեցան 3113 հայ երեխաներ ու պատանիներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 14 երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրիայէն, Արժանթինէն, Պելճիքայէն, Գերմանիայէն, Էսթոնիայէն, Լեհաստանէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Շուէտէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն:
Մասնագէտ դատական կազմը ցուցահանդէսի մասնակցութեան համար ընտրած է 158 աշխատանք` Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն: Մասնակիցներու նախնական գրանցումէն ետք վերակազմող, ճարտարապետ Ռուբէն Սարգսեան հինգ օր առցանց դասընթացքներ կատարեց մասնակիցներուն համար` ծանօթացնելու թանգարանին մէջ ներկայացուած նիւթին եւ պատմական այդ շերտին մանրամասնութիւններուն մասին: Առցանց դասընթացներու իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած գիտելիքներն ու տպաւորութիւնները մասնակիցները ամբողջացուցին կերպարուեստի զանազան թեքնիքներով եւ արուեստի ժամանակակից ուղղութիւններով ստեղծուած աշխատանքներու տեսքով` ներկայացնելով պատմական այդ շրջանի սեփական մեկնաբանութիւնը:
Հետագային դատական կազմը ընտրեց լաւագոյն աշխատանքները, որոնք ներկայացուեցան ամփոփիչ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ: Իսկ այս վերջիններէն ալ առանձնացուեցան յաղթողները, որոնց անուններուն կարելի է ծանօթանալ Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի կայքէն:
Իվան Անտոնեան. «Թումանեանական Մթնոլորտի Մէջ Թումանեանական Օրերը Պիտի Ըլլան Շատ»
Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ Վանաձորի «Արուեստագէտ» կրթամշակութային կեդրոնի պատուաւոր նախագահ Իվան Անտոնեան «Յովհաննէս Թումանեան-150» յուշամետալ յանձնեց Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտներու` Ռուբէն Մաթէոսեանին, Թովմաս Պօղոսեանին եւ Ստեփան Դալլաքեանին: Հանդիսաւոր արարողութեան սկիզբը Իվան Անտոնեան դիմելով թանգարանի տնօրէնութեան եւ հիւրերուն` ըսաւ. «Այսօր Յովհաննէս Թումանեանի երեւանեան օճախը իր հիւրընկալ դռները բացած է լոռեցիներուն առջեւ:
2019 թուականին Ամենայն Հայոց բանաստեղծին 150-ամեայ յոբելեանին առիթով «Արուեստագէտ» կրթամշակութային կեդրոնը, ի շարս բազմաթիւ մշակութային նախաձեռնութիւններու, կեանքի կոչեց «Յովհաննէս Թումանեան-150» յոբելենական մետալը, որ պիտի շնորհուի գրականութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ տարբեր բնագաւառներու այն մարդոց, որոնք տուեալ ոլորտին մէջ ունին մեծ աւանդ եւ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւն: Մեր կեդրոնին որոշումով այս մետալին օրինակը կ՛ուզենք առաջին հերթին սիրով նուիրել Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանին թանգարանին` պահպանութեան եւ մնայուն ցուցադրութեան»: Յուշամետալները ստանալէ ետք արուեստագէտները միասին կատարեցին Յովհաննէս Թումանեանին ձօնուած միակ` «Անմահ Թումանեան» երգը, որմէ ետք թանգարանին բակին մէջ Լոռիէն բերուած խորհրդանշական նռնենի տնկեցին:
5 Յուշարձանի Վերականգնում
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կից Գիտական մեթոտական խորհուրդի հերթական նիստին քննարկուեցան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու նորոգման, ամրակայման եւ վերականգնման առնչուող 7 ուրուագծային նախագիծներ, որոնցմէ 5-ը հաւանութեան արժանացան:
Քննարկուած եւ հաստատուած ուրուագծային նախագիծներու թիւին մաս կազմեցին` «Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Զօրաց վանքի եկեղեցւոյ, գաւիթի, պարսպապատերու եւ կցակառոյց կացարաններու ամրակայման, նորոգման աշխատանքներ եւ տարածքի բարեկարգումը», Հայաստանի Շիրակի մարզի «Մարմաշէնի վանական համալիր տանող ճանապարհի հիմնանորոգութիւնը եւ յարակից տարածքի բարեկարգումը» ենթածրագրի Մարմաշէն վանական համալիրի լուսաւորութեան տեղադրման եւ տարածքի բարեկարգումը, «Հայաստանի Լոռի մարզի Ամրակից գիւղի Ս. Նիքոլայ եկեղեցւոյ ամրակայման, վերականգնման, թանգարանացման եւ տարածքի բարեկարգումը», նաեւ` 2 ուրուագծային նախագիծներ:
Հաղորդենք, որ Գիտական մեթոտական խորհուրդը խորհրդակցական մարմին է, որ կը գործէ լիազօրուած մարմինի կազմին մէջ եւ բաղկացած է յուշարձաններու հետազօտման, պահպանութեան, վերականգնման ու օգտագործման բնագաւառներու աւելի փորձառու մասնագէտներէ:
Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Իրաւաբանական Անվճար Խորհրդատուութիւն Տրամադրուեցաւ Հայրենի Կիներու
Կիներու միջազգային օրուան առիթով, մարտ 9-10-ին Հայաստանի փաստաբանական գրասենեակները, փաստաբանները եւ Փաստաբանական ակադեմիայի ունկնդիրները անվճար իրաւաբանական խորհրդատուութիւն տրամադրեցին կիներու:
Ըստ Փաստաբաններու պալատին, նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակն էր խթանել կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ` բարձրացնել հանրային իրաւագիտակցութիւնը եւ փաստաբանին դիմելու իրաւական մշակոյթը:
Ձեռնարկին միացան 5 տասնեակէ աւելի փաստաբաններ եւ երեք տասնեակ փաստաբանական գրասենեակներ` իրենց կազմերով, ինչպէս նաեւ` Փաստաբանական ակադեմիան:
Անվճար իրաւաբանական օգնութիւն տրամադրուեցաւ ինչպէս Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի Երեւան քաղաքի մէջ տեղակայուած վարչական շէնքին, նոյնպէս ալ փաստաբանական գրասենեակներու` բոլոր մարզերուն մէջ:
«Վերնատուն» Պատկերասրահին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Մանրանկարչուհի Նարինէ Գրիգորեանի Ցուցահանդէսին
Տաւուշի կեդրոն Իջեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ մանրանկարչուհի Նարինէ Գրիգորեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսին: «Վերնատուն» պատկերասրահին մէջ ներկայացուած 54 նկարները ստեղծուած են ձեռագիր մատեանի համար եւ ցուցահանդէսէն ետք անոնք պիտի տեղադրուին համապատասխան էջերու վրայ: Աշխատանքները ցուցադրուած են նաեւ Լիբանանի մէջ: Նկարչուհին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Իջեւանի մէջ աշխատանքները պիտի շարունակուին ցուցադրուիլ մինչեւ 26 մարտ: «Ձեռագիր մատեանին մէջ տեղ գտած են նկարներու քանի մը շարք: Առաջինը «Հայոց այբուբեն» տառերու շարքն է, յաջորդը «Յաւերժութիւն» եւ «Ճակատագիր» խորագիրներով մանրանկարներն են: Ցուցահանդէսէն ետք զանոնք պիտի տեղադրեմ իմ կողմէս ստեղծուած ձեռագիր մատեանի մէջ: Մանրանկարչութեան հանդէպ սէր ունեցած եմ մանուկ հասակէս, իսկ մանրանկարչուհի քոյրս եղած է իմ առաջին ուսուցիչս: Ուսած եմ գեղարուեստի ակադեմիային մէջ, այնուհետեւ` Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ: Հիմնադրած եմ «Գրիգորեան» ազգային արուեստի ակադեմիան, որուն մասնաճիւղին բացումը կատարուեցաւ Իջեւանի մէջ 2022 թուականին, նոյն վայրին մէջ հիմնած եմ նաեւ տիկնիկային թատրոն: Գործունէութեանս նպատակն է արուեստի տարբեր ճիւղերու տարածումը, նաեւ` Տաւուշի մարզին մէջ», տեղեկացուց Նարինէ Գրիգորեան:
Հայաստան Ներկայացուած Է Euronews.Travel Կայքի Վրայ` Իբրեւ Եւրոպայի Ամէնէն Հիւրընկալ Երկիր
Ըստ Euronews.travel կայքին, Եւրոպայի մէջ ամէնէն հիւրընկալ երկիրը Հայաստանն է: Ուսումնասիրութեան համար նկատի առնուած են տարբեր հանգամանքներ` տեղացիներու բարեհամբոյր վերաբերմունքէն մինչեւ զբօսաշրջական ենթակառուցուածքներու առկայութիւնը, ինչպէս նաեւ` սահմանային ամէնէն քիչ սահմանափակումներ ունենալը: Հայերուս հիւրընկալ եւ հոգատար վերաբերմունքին մասին գիտեն շատերը, տեսարժան վայրերուն բացառիկութեան եւ անոնց կից զբօսաշրջական ենթակառուցուածքներու առկայութեան մասին կ՛արձանագրէ իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ, իսկ այցելութիւններու թիւին աւելնալուն մասին կը փաստեն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» Պոակ-ի արգելոցներ եւ արգելոց- թանգարաններ կատարուած այցելութիւններու վիճակագրութիւնը:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան վիճակագրութեան 2023 փետրուարի տուեալներով, «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան մասնաճիւղ արգելոցներու եւ արգելոց-թանգարաններու մէջ այցելութիւնները նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աւելցած են 28 առ հարիւրով: 2023 փետրուարի այցելութիւններուն ընդհանուր թիւը կազմած է 22 հազար 942, որմէ 17 հազար 852 -ը` վճարովի, իսկ 5090-ը` անվճար:
11 Մարտ 1666-ին Ոսկան Երեւանցի Սկիզբ Դրած Է Հայերէն Աստուածաշունչի Առաջին Տպագրութեան
11 մարտ 1666-ին Ոսկան Երեւանցի Ամսթերտամի մէջ սկիզբ դրած է հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան: Հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչը նախապատրաստուած է հրատարակութեան 1666 թուականին, Ամսթերտամի «Ս. Էջմիածին եւ Ս. Սարգիս Զօրավար» տպարանին մէջ, իսկ տպագրութիւնը աւարտած է 1668 թուականին:
Գրատպութեան թանգարանի Դիմատետրի էջին վրայ տեղեկացուցին, որ «Ոսկանեան Աստուածաշունչ»-ը բաղկացած է 1462 երկսիւն էջերէ (2924 սիւնակ) եւ 159 պատկերներէ: Օգտագործուած է 1295 թուականի Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորի պատուէրով ընդօրինակուած Աստուածաշունչը:
Հաղորդենք, որ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչը, «Ոսկանեան Աստուածաշունչ»-ը կը ցուցադրուի Հայաստանի Ազգային գրադարանի Գրատպութեան թանգարանին մէջ: