Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Մանուչարեանի Հերոսական Խոյանքները

Մարտ 15, 2023
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գանձակի Ճակատամարտը Եւ
Պարսկական Բանակին Հեռացումը Արցախէն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գրիգոր եպիսկոպոս Մանուչարեան

Նոր Վարագավանքի վանահայր Գրիգոր եպիսկոպոս Մանուչարեան ռուսական բանակի 1804-ի երեւանեան արշաւանքին ժամանակ Շամշադինէն եւ Ղազախէն հայ կամաւորներ հաւաքագրած եւ ռուսական բանակի կողքին պարսիկներուն դէմ կռուած ու իր քաջագործութիւններով հռչակաւոր դարձած էր: 1808-ին ան իր կամաւորներով մասնակցած էր ռուսական բանակին կողմէ Նախիջեւանի գրաւման եւ վիրաւորուած ու հազիւ մահէ ազատած էր:

Հեզ ու համեստ հոգեւորականը պատերազմի դաշտին վրայ, սուրը հանած միջոցին սարսափելի կը դառնար:

Պատերազմը աւարտելէն ետք ան իր վանքը քաշուած եւ աշխարհէն մեկուսացած էր: Երբեմն միայն, երբ լսէր որ թուրք աւազակներ հայերէն տաւար գողցած կամ մարդ սպաննած են, իսկոյն վեղարի փոխարէն փափախ կը դնէր եւ ձի հեծնելով կը թռչէր չարագործներու ետեւէն:

Գրիգոր եպիսկոպոս թուրքերուն վրայ սարսափ ձգած էր:

Պարսկական բանակը 1826-ի ամրան յարձակման անցած էր եւ ռազմական գործողութիւնները մօտեցած էին Հաղբատի:

Թուրք հրոսակախումբեր կը վխտային ամէն կողմ եւ բռնած էին դէպի Թիֆլիս ճանապարհը:

Թուրքեր Հաղբատի վանքին մէջ մեկուսացած Եփրեմ կաթողիկոսը կրնային փախցնել, կրնային նոյնիսկ սպաննել:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի փութաց օր առաջ կաթողիկոսը իր մօտ` Թիֆլիս փոխադրելու կարգադրութիւն ընել, եւ այդ դժուարին գործը Գրիգոր եպիսկոպոսին յանձնեց:

Գրիգոր եպիսկոպոս քառասուն ձիաւորներով ճամբայ ելաւ դէպի Հաղբատ: Վանք հասնելով ան ծերունի կաթողիկոսը իր հետ առաւ եւ ոլոր-մոլոր ճանապարհներով բռնեց Թիֆլիսի ուղղութիւնը:

Հակառակ ամէն տեսակ նախազգուշութիւններուն, Բորչալուի դաշտին մէջ, Խրամ գետի ափին պարսկական հեծելագունդ մը կտրեց անոնց ճանապարհը:

Սկսաւ անհաւասար կռիւը: Սուինամարտը տեւեց շուրջ կէս ժամ: Գրիգոր եպիսկոպոսի տակի ձին ինկաւ, բայց ան այլ ձիու մը վրայ թռաւ եւ շարունակեց գօտեմարտը:

Գրիգոր եպիսկոպոս բացառիկ խիզախութեան դիմեց. ան գրոհի անցաւ թիւով գերազանց թշնամիին վրայ եւ ինը զոհ տալէ (որոնց երկուքը իր մօտիկ ազգականներն էին) եւ բաւական պարսիկներ կոտորելէ ետք ճեղքեց ամրակուռ օղակը:

Պարսիկներ, սարսափած քաջարի եպիսկոպոսի խիզախութենէն, չհամարձակեցան հետապնդել զայն:

Գրիգոր եպիսկոպոսի քաջագործութեան եւ կաթողիկոսին հետ անոր Թիֆլիս հասնելուն լուրը Ներսէս արքեպիսկոպոս փոխանցեց կառավարչապետ Երմոլովի:

Երմոլով Գրիգոր եպիսկոպոսէն խնդրեց Շամշադին երթալ, տեղացի թուրքերուն ապստամբութիւնը զսպել եւ պարսիկներուն գերի տարած քանի մը հարիւր տուն հայ գիւղացիները վերադարձնել:

Գրիգոր եպիսկոպոս հինգ հարիւր կտրիճներ հաւաքեց եւ ամենայն արագութեամբ ու անձնուիրութեամբ ի կատար ածեց կառավարչապետին ցանկութիւնը: Ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ եւ գերիները իրենց գիւղերը վերադարձան:

Գրիգոր եպիսկոպոս թուրքերուն համար «Տէլի քէշիշ»` խենթ քահանայ էր, առասպելական հերոս մը, որուն դիմադրելը անոնք անկարելի կը նկատէին:

Հասան-սու գետակին մօտ Երմոլով անձամբ ականատես եղաւ Գրիգոր եպիսկոպոսի խոյանքներուն, գրկեց զայն եւ համբուրեց` խնդրելով յայտնել իրեն թէ ինչո՞վ կրնայ վարձատրել:

Գրիգոր եպիսկոպոս ըսաւ, որ ինք ոչինչի կարօտ է, բայց անօրինութիւն կը նկատէ որ թուրք աղաներ եւ բէկեր տէր դարձած են հայոց գիւղերուն եւ ծանր տուրքերով կը կեղեքեն հայ ազգաբնակչութիւնը, այն ալ` ներկայ քրիստոնեայ իշխանութեան ժամանակ:

Երմոլով ընդառաջեց եւ Շամշադինի հայերը թուրքերու իրաւասութենէն արձակելով, արձանագրեց իբրեւ արքունի գիւղացիներ:

Նոյն օրերուն Գրիգոր եպիսկոպոս իր հինգ հարիւր ձիաւորներով զօրավար Վալերիան Մադաթովի բանակին միացաւ:

* * *

Նիկոլայ Ա. կայսր, պարսկական բանակի ներխուժումի եւ ռուսական բանակի կրած անյաջողութիւններու պայմաններուն տակ Կովկաս ուղարկեց իր վստահութիւնը վայելող զօրավար Իվան Պասկեւիչը, թէ՛ պատերազմական դրութիւնը տեղւոյն վրայ քննելու եւ իրեն զեկուցելու, եւ թէ գործող բանակի հրամանատարութիւնը ստանձնելու համար:

Պասկեւիչ Պոլտաւայի շրջանի զափորոժեան կոչակ էր, ծնած` 1782-ին: 1800-ին` պալատական սպայ,  Նափոլէոնի եւ օսմանցիներու դէմ պատերազմներու մասնակցած, 1811-ին` զօրավար, ան մօտիկ եղած էր Ալեքսանդր Ա. կայսրին: Նիկոլայ Ա. կայսեր թագադրութեան ուղեկցած եւ անոր սիրելին դարձած էր: Ան Թիֆլիս հասաւ այն օրերուն, երբ  Գանձակ գրաւուած էր պարսիկներու կողմէ եւ Մադաթով Թիֆլիս կանչուած էր:

Կառավարչապետ զօրավար Ալեքսի Երմոլովի համար Պասկեւիչի նշանակումը հաճելի չէր: Ան ըմբռնեց, որ կայսրը իրեն չի վստահիր եւ իր գլխուն վրայ վերահսկիչ կարգած է:

Իր կարգին Պասկեւիչ որոշեց, որ ինք Երմոլովի հետ միասին չի կրնար ծառայել եւ պէտք է աշխատանք տանիլ զայն հեռացնելու եւ տեղը անցնելու համար: Պէտք էր չէզոքացնել նաեւ Երմոլովի կողմնակիցները եւ առաջին հերթին` զօրավար Մադաթովը:

Պասկեւիչի համար հաճելի չեղաւ Շամքորի ճակատամարտին (3 սեպտեմբեր 1826) Մադաթովի տարած փայլուն յաղթանակը:

* * *

Վալերիան Մադաթովի անունը սարսափ ազդած էր պարսիկներուն եւ թուրքերուն մէջ: Հայազգի զօրավարը ահագին սայլ մը սարքած էր, որուն վրայ թնդանօթներ զետեղուած էին, եւ որոնք ահագին դղրդիւնով ռումբեր կ՛արձակէին: Պարսիկներ կը կարծէին, որ սայլը վիթխարի հրէշ մըն է, որուն բերնէն անընդհատ կրակ ու գնդակ կը հոսի:

Անգամ մը, երբ պարսիկներ հրետանային կրակ բացին ռուսական զօրքերուն վրայ, Մադաթովի համհարզը, զօրավարին դիմելով ըսաւ. «Ձեզ կը տեսնեն, թաքնուեցէք»: Մադաթով պատասխանեց. «Աւելի լաւ, որ կը տեսնեն, ուրեմն շուտով կը փախչին»:

Շամքորի ճակատամարտին պարտուած դուրս եկած պարսկական բանակը Աբաս Միրզայի որդի Մոհամէտ Միրզայի գլխաւորութեամբ խուճապահար բռնած էր նահանջի ճամբան:

Գանձակի ճակատամարտ

Մադաթով, մտածելով որ պարսիկներ կրնան կանգ առնել Գանձակի մէջ եւ տեղացի հայերուն վնաս հասցնել, արագօրէն սկսաւ հալածել թշնամին:

Մադաթովի զօրքը սեպտեմբեր 4-ին հասաւ Գանձակի պարիսպներուն մօտ: Քաղաքի հայ բնակչութիւնը մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ դիմաւորեց զօրավարը եւ շնորհաւորեց անոր փայլուն յաղթանակը: Ժողովուրդը սկսաւ անոր անունով յօրինուած երգեր երգել:

Աբաս Միրզայի զօրապետներէն Նազար Ալի խան 1500 կռուողներ ձգած էր Գանձակի բերդի պաշտպանութեան համար: Նազար Ալի խան մտադրած էր առաջին հերթին կոտորել տեղացի հայերը, բայց երբ իմացաւ Մադաթովի յաղթական յառաջխաղացքի լուրը, փութով փախուստ տուաւ Գանձակէն:

Պարսիկ մոլլաներ տեղացի իսլամներուն կրօնական զգացումները գրգռելով զանոնք կռուի դաշտ կ՛ուղարկէին: Պարսկաստանէն Գանձակ հասած էր կրօնական առաջնորդ իմամ Հիւսէյն. ան կը հաւաստիացնէր ըսելով որ իր  աղօթքներուն զօրութեամբ ռուսերուն գնդակները չեն կրնար վնասել իրենց:

Մադաթով յաղթականօրէն մտաւ Գանձակ: Առաջին հերթին ան բռնել տուաւ իմամ Հիւսէյնը եւ խեղդամահ ընել տուաւ:

Զօրավար Մադաթով կը պատրաստուէր Շուշիի վրայ քալելու եւ պաշարուած բերդաքաղաքը ազատելու, երբ յանկարծ Պասկեւիչէն հրաման ստացաւ Գանձակի մէջ իրեն սպասելու:

* * *

Շուշիի հերոսական պաշտպանութիւնը, ռուս զօրքին եւ հայ կռուողներու կողմէ, գնդապետ Իոսիֆ Ռէուտի հրամանատարութեամբ, կը շարունակուէր: Շուշի իրեն գամած էր պարսկական բանակին գլխաւոր ուժերը:

Գնդապետ Ռէուտ հրաման ստացած էր Շուշին պաշտպանել մինչեւ վերջին մարդը եւ իր գլուխով պատասխանատու էր բերդը յանձնելու պարագային:

Գնդապետ Ռէուտ հետագային պատրաստած իր զեկուցագիրին մէջ կը գրէր. «Բերդը պաշտպանող հայերուն վերաբերեալ պարտքս կը նկատեմ բացատրել, որ անոնց ծառայութիւնը արժանի է ուշադրութեան, որովհետեւ անոնք բոլորը կը գործէին գերազանց քաջութեամբ, դիմացան բազմաթիւ գրոհներու, ետ մղեցին թշնամին խոշոր կորուստներով, կ՛արհամարհէին պարէնի պակասը եւ բնաւ չէին մտածեր բերդը յանձնելու մասին, թէեւ վրայ հասած էր կատարեալ սովը»:

Շուշեցի հայերը կը կռուէին ճակատի առաջին գիծերուն վրայ, միաժամանակ սննդամթերք կը հայթայթէին, վառօդ կը պատրաստէին եւ կը նորոգէին բերդին փլած պատերը: Կանայք եւ երեխաներ փամփուշտ, հաց եւ ջուր կը մատակարարէին զինուորներուն եւ կը խնամէին վիրաւորները:

Ռուս սպաներու վկայութեամբ, առանց հայերու օգնութեան Շուշիի կայազօրը չէր կրնար դիմանալ պաշարման:

* * *

Ռուսական հրամանատարութեան Թիֆլիսէն հրապարակուած հրաման

Աբաս Միրզա, Շամքորի մէջ պարսկական բանակի ծանր պարտութեան եւ ռուսական բանակին Գանձակ հասնելու պայմաններուն տակ, 5 սեպտեմբեր 1826-ին քակեց Շուշիի պաշարումը եւ դաշտ իջնելով շարժեցաւ դէպի Գանձակ, ռուսերուն հանդիպելու համար:

Մադաթով նոր ճակատամարտի եւ դէպի Շուշի շարժելու կը պատրաստուէր, երբ Թիֆլիսէն նոր զօրքերով եւ արագ ընթացքով սեպտեմբեր 11-ին Գանձակ հասաւ զօրավար Պասկեւիչ եւ ձեռք առաւ բանակի հրամանատարութիւնը: Գանձակի մօտ, քաղաքէն քիչ հեռու, ճակատի գիծին վրայ ուժերու յարաբերակցութիւնը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր: Ռուսեր կեդրոնացուցած էին վեց վաշտ հետեւակ եւ երեք ջոկատ ձիաւոր` բոլորը ութ հազար զինուոր, քսանչորս թնդանօթներով: Պարսիկներ կեդրոնացուցած էին տասնհինգ հազար հետեւակ եւ քսան հազար ձիաւոր` քսանվեց թնդանօթներով:

Ուժերու յարաբերակցութիւնը նկատի ունենալով, Պասկեւիչ մտածեց որ պարսից զօրքի գերակշռութեան պայմաններուն տակ կարելի չէ յարձակողականի դիմել եւ միայն պաշտպանողական դիրք կարելի է պահպանել: Բայց Մադաթով ըսաւ, որ թշնամիին ժամանակ տալով անոր զօրութիւնը պիտի բարդուի, տեղացի իսլամները պիտի միանան անոր, եւ բացի այդ, ասիացիներու հետ պատերազմելու համար զօրքերուն թիւը այնքան նշանակութիւն չունի, որքան համարձակ եւ վճռական յարձակումը: Պասկեւիչ համոզուեցաւ:

Սեպտեմբեր 13-ի գիշերը պարսկական բանակէն փախչելով ռուսերուն կողմը անցան երկու հայեր: Անոնցմէ մէկը` Ասրի բէկ, որ Դաւիթ բէկի զինակից Բայանդուր իշխանի սերունդէն էր, իբրեւ ռուսերէն լեզուի թարգման կը գտնուէր Աբաս Միրզայի մօտ եւ ժամանակին Մադաթովի տան մէջ ծառայած էր:

Ռուսական կողմը անցած երկու հայերը թախանձանօք խնդրեցին զիրենք զօրավար Մադաթովի ներկայացնել:

Ասրի բէկ եւ իր ընկերակիցը Մադաթովի ըսին որ պարսկական բանակը գիշերուան մթութեան քօղին տակ սկսած է յառաջանալ` առաւօտուն յանկարծակի ռուսական դիրքերուն վրայ յարձակելու համար:

Զինուորական խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ եւ վճռուեցաւ կռուիլ: Մադաթով ստանձնեց առաջին գիծի հրամանատարութիւնը:

Սեպտեմբեր 14-ի առաւօտուն պարսկական բանակը կիսաշրջանաձեւ դասաւորուելով գրոհի անցաւ, նպատակ ունենալով շրջապատել ռուսական բանակը: Մադաթով զօրքին հրամայեց թոյլ տալ թշնամիին յառաջանալու: Եւ երբ պարսիկներ ռուսական դիրքերէն հարիւր քայլի հեռաւորութեան վրայ հասան, Մադաթով հրամայեց ուժգին կրակ բանալ, յարձակիլ եւ  կատաղի կռիւ մղել: Պարսիկներ, ռուսական զօրքի կատաղի թափին առջեւ անակնկալի եկան եւ չկրցան լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տալ: Կարճ ճակատամարտէ մը ետք պարսկական բանակը ջախջախուեցաւ եւ հրետանին ու գումակները ձգելով սկսաւ փախուստ տալ:

Ռուսական բանակը շարժեցաւ դէպի Ղարաբաղ: Աբաս Միրզա սեպտեմբեր 15-ին անցաւ Արաքս գետը: Երկու օր ետք, 17 սեպտեմբեր 1826-ին պարսկական ջախջախուած զօրքերը խուճապահար անցան Արաքսի միւս ափը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 14 Մարտ 2023)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Զօրավար Մադաթովի Մուտքը Շուշի Եւ Դէպի Ատրպատական Արշաւանքը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Զօրավար Մադաթովի Մուտքը Շուշի Եւ Դէպի Ատրպատական Արշաւանքը

Մարտ 22, 2023
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը  Շամքորի Ճակատամարտը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը Շամքորի Ճակատամարտը

Մարտ 8, 2023
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Պարսկական Բանակին Ներխուժումը Եւ Շուշիի Պաշարումը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Ներխուժումը Եւ Շուշիի Պաշարումը

Մարտ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In