Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նշենք Համազգայինի 95-ամեակը` նոր դժուարութիւններով եւ նոր մարտահրաւէրներով ողողուած մեր առօրեայով մտահոգ, բայց միաժամանակ` նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայ լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ հայկական աւանդութիւնները փոխանցելու եւ անոնց մէջ այս բոլորին նկատմամբ կապուածութիւն եւ սէր փոխանցելու մնայուն ճիգերու գոհունակութեամբ:

Հակառակ այլազան դժուարութիւններուն` կը տեսնենք Համազգայինի դպրոցներու զարգացման աշխատանքներ, Համազգայինի նոր գրասենեակներու եւ մասնաճիւղերու հիմնադրութիւն, մանկապատանեկան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ, հրատարակչական գործունէութիւն, բայց մանաւանդ`  վարագոյրներու ետին աշխատող այս առաքելութեան հաւատացող մեծաթիւ կամաւորներ:

95 տարեկան Համազգայինը կը շարունակէ իր լոյսը սփռել ու հանդիսանալ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի գանձերը սերունդէ սերունդ փոխանցող ամուր բազուկը:

Սերունդները պիտի փոխուին, Համազգայինի հովանիին տակ կազմաւորուած պատանիները պիտի դառնան երիտասարդներ, եւ երթը պիտի շարունակուի: Պիտի վստահինք երիտասարդ նորահաս փաղանգին, որ միացնելով աւանդականն ու այժմէականը` պիտի կարենայ ամուր եւ հաստատ քայլերով յառաջանալ եւ հպարտութիւն ներշնչել աշխարհասփիւռ համազգայնականներուն:

Հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւելեալ ճառագայթումին համար, 95 տարիներու նուիրում: Ա՛յս է Համազգայինը:

95-ամեակդ շնորհաւո՛ր:

ՓԱՈՒԼԱ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ահաւասիկ կը բոլորէ իր 95-ամեակը: Անմիջապէս մտապատկերիս կը ներկայանայ սա հարցումը. ի՞նչ պիտի ըլլար արդեօք սփիւռքի ճակատագիրը, եթէ գոյութիւն չունենար Համազգայինը: Ի՞նչ կրնար ըլլալ արդեօք սերունդներու մշակութային եւ կրթական դաստիարակութեան ուղղութիւնը, եթէ չըլլար Համազգայինը, որ ամէնօրեայ ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, երբեմն ուղղակի, երբեմն աննկատ կերպով:

Պահ մը մեր ակնարկները սեւեռենք դէպի անցեալ եւ  պիտի տեսնենք, թէ այս հսկայ միութիւնը մշակոյթի նախարարութեան մը համազօր աշխատանք տարած է սփիւռքի մէջ, իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր իր հոգածու թեւերը կը տարածէ նաեւ հայրենի եզերքներուն` ծաւալելով նոյնքան նպատակային գործունէութիւն: Նաեւ իր նորաբողբոջ ծիլերը տեսանելի են արդէն Հայաստանէն արտագաղթած եւ օտար ափերու մէջ նոր գաղութներ կազմող հաւաքականութիւններու մօտ:

Ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի քան անհրաժեշտ ներկայութիւն է անիկա մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ մշակոյթով է, որ պիտի պահպանենք մեր գոյութենական երթն ու շարունակականութիւնը. այս իսկ պատճառով որքան ուռճանայ եւ բարգաւաճի այս միութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, այնքան լաւ: Կը մնայ շնորհաւորել եւ երկար ու անխափան երթ մաղթել մեր սիրելի միութեան:

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -3-

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալ. Մրցաշարքին Իրենց Մասնակցութիւնը Պիտի Բերեն… 48 Խումբեր

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?