Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիան Ցնցած Երկրաշարժէն Մէկ Ամիս Անց

Մարտ 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն ամիս մը անցած է 6 փետրուարին Սուրիոյ Հալէպ, Լաթաքիա, Իտլիպ եւ Համա քաղաքները ցնցած ահաւոր երկրաշարժէն: Երկրաշարժէն օրեր անց այս նահանգներու վնասուած քաղաքները յայտարարուեցան աղէտեալ քաղաքներ:

Պետական պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, զոհերուն թիւը հասաւ 1414-ի, վիրաւորներունը` աւելի քան 5000-ի:Եթէ նկատի ունենանք նաեւ Սուրիոյ պետութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջանները, զոհերուն թիւը կ՛անցնի 5000-ը: Պետական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժէն վնասուած ընտանիքներուն թիւը հասաւ 91.794-ի, իսկ քաղաքացիներունը ընդհանուր առմամբ` 414.304-ի: Փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է 1553 վերապրող, 6 անհետ կորած: Փլուզուած է 292 շէնք, անբնակելի կամ անապահով յայտարարուած է 4444 շէնք: Հիմքերու վերանորոգութեան կարիք ունեցող 29.751 շէնք արձանագրուած է, իսկ նորոգութեան կարիք ունեցող, սակայն բնակելի` 30.113 շէնք:

Բնակարաններու ստուգման գործողութիւնը կը շարունակուի, իսկ երկրաշարժէն տուժածներուն համար կեցութեան նոր կեդրոններ կը հաստատուին:

Սուրիան տարիներէ ի վեր կը գտնուէր տնտեսական պատժամիջոցներու ազդեցութեան տակ, ինչ որ առաջին օրերուն դժուարացուց այլատեսակ օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը: Բարեբախտաբար տարբեր երկիրներու կոչին լոյսին տակ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու կարգ մը պատժամիջոցներ վեց ամսուան համար չեղեալ համարուեցան, ինչ որ նպաստեց տարբեր կողմերէ բժշկական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան:

Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայ համայնքները եւս մեծապէս տուժեցին այս երկրաշարժէն: Հալէպի հայ համայնքին մէջ արձանագրուեցան երկու զոհ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ: Բնակարանները եւ ազգային-կրթական-եկեղեցական կառոյցները լուրջ վնասներ կրեցին: Հալէպահայ միութիւնները, յարանուանութիւններն ու կազմակերպութիւնները փութացին ժողովուրդին օգնութեան:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնն ու մարմինները, մեր ուղեկից միութիւններն ու երիտասարդները եւս լծուեցան ժողովուրդին օժանդակութեան ծառայողական աշխատանքին:

Այս բոլոր դժուարութիւնները հարկ էր դիմագրաւել Սուրիոյ յետպատերազմեան եւ տնտեսական պատիժներու ծանր իրավիճակին լոյսին տակ:

Այդուամենայնիւ, ծառայողական աշխատանքը ընթացք առաւ:

Բերիոյ թեմի Նպաստից մարմինը արդէն իսկ պատերազմի տարիներէն ի վեր լծուած էր ժողովուրդի օժանդակութեան աշխատանքին: Երկրաշարժէն ետք եւս մարմինին գործակցութիւնը ոչ կառավարական, եկեղեցական կազմակերպութիւններու հետ շարունակուեցաւ, ու տարբեր օժանդակութիւններ յատկացուեցան մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս` նիւթական, սննդակողովներու, վերարկուներու, նորածիններու կաթի եւ խնամքի անհրաժեշտ պիտոյքներու բաշխում, ակումբներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ ապաստանողներուն ծածկոցներու, սնունդի յատկացում: Ընկերային ծառայութեան խորհուրդը եւս սննդակողովներ եւ դեղորայք յատկացուց ժողովուրդին, իսկ Սուրիահայ օգնութեան խաչը սնունդ, դեղորայք, բժշկական ծառայութիւն եւ նիւթական օժանդակութիւն յատկացուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Այս բոլորը տեղի ունեցան յաճախ կարիքներու առաջնահերթութիւնները նկատի ունենալով:

Մեր ակումբներն ու եկեղեցիները դարձան ապաստանեալ ժողովուրդին համար ապահով վայրեր` երկրաշարժի առաջին օրէն մինչեւ այսօր, նկատի ունենալով յետցնցումներու շարունակութիւնը:

Բնակարաններու նորոգութեան համար Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական արտակարգ ժողովին որոշումով յառաջացաւ երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին մը, որ երեք մասնագիտական յանձնախումբերով նախ ցանկագրեց, ապա մասնագէտ երկրաչափներ գործուղեց վնասուած հայորդիներու բնակարաններու ստուգման համար եւ նորոգութեան համապատասխան թղթածրարներ պատրաստեց:

Հետագային կազմուեցաւ Հալէպի Քրիստոնեայ համայնքներու միջեկեղեցական խորհուրդ մը, որուն մաս կազմեցին Հալէպի հայ եւ քրիստոնեայ-արաբ տասնմէկ համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ:

Այս խորհուրդին վստահուեցաւ եկեղեցական եւ ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան եւ անօթեւաններու համար ժամանակաւոր բնակարաններու վարձակալման նպաստելու աշխատանքը:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց աղէտեալ Հալէպ քաղաք, հանդիպեցաւ ժողովուրդին եւ թեմի ազգային մարմիններուն, մամլոյ ասուլիսով կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան` չեղեալ համարելու Սուրիոյ դէմ սահմանուած բոլոր պատժամիջոցները, իսկ սուրիահայութեան իր պատգամը ուղղելով` ըսաւ, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր բոլոր թեմերով, միաբաններով եւ մարմիններով զօրավիգ պիտի կանգնի սուրիահայութեան: Արդէն իսկ կաթողիկոսութեան տարբեր թեմերէ ներս սկսած են նուիրահաւաքի աշխատանքներ:

Այս իմաստով նկատառելի աշխատանք կը տանի նաեւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, որ զօրաշարժի ենթարկած է իր բոլոր մասնաճիւղերը եւ կազմակերպած է նուիրահաւաք ու արդէն իսկ իր օժանդակութիւնները սկսած է առաքել ե՛ւ սուրիահայ համայնքին, ե՛ւ Սուրիոյ ժողովուրդին:

Այս ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անմիջապէս փութաց Սուրիոյ օժանդակութեան եւ երկու անգամով մարդասիրական օժանդակութիւն, ապա նաեւ որոնողափրկարարական խումբ ուղարկեց Սուրիոյ ժողովուրդին օժանդակելու:

Սուրիոյ Դամասկոս եւ Հալէպ քաղաքներ այցելեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Հալէպի նահանգապետին հետ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւս նիւթական օժանդակութիւն յատկացուց հայկական դպրոցներու կրթական մշակներուն եւ վնասուած կրթական կառոյցներու վերանորոգութեան համար:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը վերջերս յայտարարեց նաեւ մարդահամարի իր աշխատանքին մասին` յառաջիկայ ծրագիրներու կարգաւորման եւ ժողովուրդի տարբեր կարիքներու բաւարարման համար:

Բերիոյ հայոց թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարած նուիրական աշխատանքին զօրակցութիւնը համայն հայութեան կողմէ, բնականաբար պիտի նպաստէ աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքներու յաղթահարման եւ աւելի քան տասնամեակ մը պատերազմի հետեւանքները դիմագրաւող սուրիահայութեան վերականգնումին:

Ամէն ժամանակներէ աւելի, աղէտաբեր երկրաշարժին յաջորդող այս օրերուն, համայն հայութեան զօրակցութիւնը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ յատկապէս սուրիահայութեան գոյերթի պահպանման վրայ:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան

Յաջորդը

«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In