Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Մարտ 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի գաղափարին ծանօթացած եմ հօրս` հանգուցեալ Կարպիս Հարպոյեանի միջոցով, երբ ան երկար տարիներ վարած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Այդ ծանօթացման շնորհիւ եւ հետագային գիտակցելով Համազգայինի նման մշակութային միութիւններու կարեւորութեան` միացայ Համազգայինի ընտանիքին:

Համազգայինը շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայասիրութեան եւ հայրենասիրութեան գործընթացին մէջ, եւ կը հաւատամ, որ այդ առաքելութիւնը յարատեւ կը մնայ, պայմանաւ որ կարենայ ձեռք բերուիլ բոլոր այդ միջոցները, որոնցմով կրնայ ներկայ սերունդին հաւատացնել, որ Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ դպրոցի կողքին, Համազգայինի նման մշակութային միութիւններն են  հայապահպանման միակ գրաւականները:

Հայրենասիրութեան եւ մշակոյթի փոխանցման առաքելութիւններու կողքին, Համազգայինը ունի նաեւ մարդակերտման եւ հայ մարդու արժանիքներու փոխանցման առաքելութիւն, որմէ պէտք է լաւապէս օգտուիլ:

ՊԵԹԻ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Համազգայինի գործունէութիւնը լայնածաւալ է: Այսօր, իր հիմնադրութենէն 95 տարիներ ետք, հայրենիքն ու սփիւռքը աւելիով կարիքը ունին Համազգայինով ամրապնդուելու, գեղեցիկը գնահատելու, վերանորոգուելու եւ տոկալու օտար հոսանքներու դէմ: Ջերմագին շնորհաւորութիւններս` այս առիթով:

«Արեգ» թատերական դպրոցը կը սերմանէ արուեստի եւ յատկապէս թատրոնի սէրը փոքր տարիքէն: Թատրոնը, որ բազմաբովանդակ արուեստ է, մեծ ներդրում ունի մանուկին եւ պատանիին մտային, զգացական եւ հոգեբանական աճման մէջ:

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցին առաքելութիւնը չափազանց կարեւոր է` պատրաստելու մանուկը, ըլլալու ապագայի այն երիտասարդը, որ հայրենասէր է, անկաշկանդ է, քննական միտք ունի եւ թրծուած է արուեստով, ունի ծառայելու ոգին` ի խնդիր հայութեան գոյատեւման եւ հայ մշակոյթի զարգացման:

Մաղթանքս է, որ այս հետեւողական երթը շարունակուի, արհեստագիտական միջոցներ ներառուին, աւելի զարգանայ` գուրգուրանքով եւ հպարտութեամբ պահպանելով արմատները:

ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

Արդէն 95-ամեակն է այն միութեան, որ սովորական միութիւն մը չէ պարզապէս, այլ` միութիւն մը, որ հայրենիք ստեղծեց հայրենիքէն դուրս: Համազգային

հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմը դրին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած խորհրդարանի անդամներէն կարեւոր դէմքեր, որոնք անհրաժեշտ եւ առաջնակարգ նկատեցին մշակոյթն ու կրթութիւնը`հայկական ինքնութեան գիտակցութիւնը բարձր պահելու համար:

95 տարիներու ընթացքին, փոխուող ժամանակներուն եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններու դիմաց, միութիւնը ինքզինք պահեց հաստատ, բայց միշտ վերանորոգման ընթացքի մէջ եւ իր գործունէութիւնը ընդարձակելով` հասաւ հեռաւոր ափեր: Իսկ 1971 թուականին, երբ հանճարեղ Պարոյր Սեւակի մահուան լուրը կը ցնցէր ամբողջ հայութիւնը, Այնճարի մէջ անլռելի զանգակատուներուն ղօղանջները մտահունչ հրաւէրներ էին հայ մեծագոյն արժէքներուն նկատմամբ, եւ ահա՛ կը հիմնուէր Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ»  մասնաճիւղը` սկսելով «Կաքաւիկ» մանկական  երգչախումբով, ապա` «Կոմիտաս»  երգչախումբ պարախումբ, «Լուսարձակ 40» թատերախումբ, «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի դպրոց, երաժշտական դպրոց, ինչպէս նաեւ կը  կազմակերպուէին` միջդպրոցական ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորահանդէսներ, յուշ-երեկոներ, գիրքերու ներկայացում, բարբառի երեկոներ եւ մշակութային գործունէութեանց առընթեր ընկերային ծրագիրներ:

Այսօր մարտահրաւէրները շատ են եւ կը բարդանան թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ ցիրուցան սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Արցախի մէջ: Այսօր պէտք ունինք մարդուժի, պէտք ունինք երիտասարդներու գործօն մասնակցութեան` միութիւններուն մէջ, ազգին հաւաքական կեանքը բարելաւելու համար:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ այդ ընել, երբ մենք չենք կրցած ներգրաւել հայ անհատը, եւ ան իր գործօն մասնակցութիւնը չէ բերած ազգի կազմակերպումին եւ ազգին հաւաքական նպատակները իրը չնկատելով` յանձնառութիւն չունի անոնց հանդէպ:

Այսօր մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ մանուկին եւ պատանիին համար ստեղծել պայմաններ, որ ան կարենայ ուսումնասիրել եւ իր քննական մտածողութիւնը զարգացնել հայկական արժէքներուն, նիւթերուն եւ հարցերուն նկատմամբ, ու այն ատեն է միայն, որ իրապէս պիտի ամրապնդուի յանձնառութիւնը, եւ ան պիտի ձերբազատի թեթեւ փառաբանական կեցուածքներէ եւ այլամերժ անհատ մը դառնալէ եւ պիտի ունենայ ազգին պատկանելու զգացումը:

Բոլորիս պարտականութիւնն է զգալ տագնապը եւ գործնական միջոցներու դիմել, որովհետեւ Համազգայինի առաջնահերթ նպատակն է մեր համազգային եւ հաւաքական գոյութիւնը պահպանելը:

Այսօր, յատկապէս` տագնապի այս օրերուն, մենք աւելիով պէտք ունինք մուսալեռցիի կամքին, վճռակամութեան եւ մարտունակ ոգիին: Մուսա Լերան շարունակութիւն հանդիսացող սփիւռքի եզակի այս գիւղը` Այնճարը, իր բնակչութեամբ օրինակն է համախմբումի, միասնութեան եւ հայկական անխախտելի դիմադրականութեան:

95-ամեակդ շնորհաւոր, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ:

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Նախորդը

Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Ընդունեց Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը Եւ Խումբ Մը Պատանիներ

Յաջորդը

Քազեմիրօ Չորս Մրցումով Պիտի Կախակայուի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In