Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ 16 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ եւ դիմաւորուեցաւ  հիմնարկի միաւորի վարչութեան, տնօրէնուհիին, դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան կողմէ: Հիմնարկի տնօրէնուհիին բարի գալուստի խօսքէն ետք սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց` բարձր գնահատելով հիմնարկին տարած գործունէութիւնը եւ անոր բերած յոյժ...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց զօրակցական այցելութիւնը Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, որուն կ՚ընկերակցէր Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Խաժակ Վարդանեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Մանուէլ Տէր Մանուէլեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան։...

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան եւ Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Խաժակ Վարդանեան, հալէպահայութեան տուած զօրակցական այցելութեան շրջագիծէն ներս այցելեցին նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնուհի տիկին Զեփիւռ Րէիսեանի կողմէ։ Այցելուներուն կ՛ընկերակցէին Հոգշ....

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 7 Մարտի երեկոյեան վրացական յատուկ ջոկատայինները ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ կիրարկեցին Վրաստանի խորհրդարանին դիմաց առաւօտէն ի վեր տեղի ունեցող ցոյցը ցրելու համար։ Երկու կողմերէն ալ արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ բազմաթիւ անձեր ձերբակալուեցան։ Ցուցարարները կը բողոքէին որդեգրմանը դէմ օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծի մը, որ կը վայելէր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն եղող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան ու անոր կարգ մը դաշնակիցներուն զօրակցութիւնը։...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «ԱԼԻՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Պատմական գիտութիւնների թեկնածու Երէկ Փեքինում կայացել է ԻԻՀ Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի եւ սէուտցի գործընկերոջ հանդիպումը: Չինաստանում նման հանդիպման կազմակերպումը, Շամխանիի ասութեամբ, պայմանաւորուած է եղել նրանով, որ Չինաստանի նախագահը անցեալ ամիս իր երկիր այցելած նախագահ Ռէյիսիին առաջարկել էր Ռիատի հետ 7 տարի յարաբերութիւնների դադարեցումից յետոյ, վերականգնել դիւանագիտական կապերը` ի շահ Միջին...

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՐԵԱՆ 18 փետրուար 2023  առաւօտեան սպանական Վալենսիայում կեանքից հեռացաւ մեր սիրելի գործընկեր, տաղանդաւոր լրագրող, նուիրեալ հայր ու ամուսին Արթուր Ղուկասեանը: Թէեւ վերջին տարին չափազանց ծանր էր նրա համար, սակայն արդէն կազդուրուել էր ու լաւ էր զգում: Եւ յանկարծ անսպասելի գնաց` 54-ը չբոլորած: Արթուրը ծնուել էր 1969 թուականի յունիսի 18-ին,  Ազրպէյճանի, Շամխորի շրջանում, բայց ընտանիքն անմիջապէս տեղափոխուել էր Հայաստան, բնակութիւն...

Հայ Կրթութեան Ու Մշակոյթի Ոլորտի Երախտաւորներու Պարգեւատրում

Հայ Կրթութեան Ու Մշակոյթի Ոլորտի Երախտաւորներու Պարգեւատրում

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի տօնակատարութիւններու մեկնարկը տրուեցաւ ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, Պէյրութի մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութեամբ, որուն ընթացքին, տարիներու ընկալուած աւանդութեան համաձայն, պարգեւատրուեցան հայ կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտի երախտաւորները: Համազգայինի 95-ամեակի առիթով եւ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան` լիբանանահայ հանրային, գրական եւ լրագրական ասպարէզներուն մէջ մեծ...

Յայտարարութիւններ ( 25 Յունուար 2023)

Ստացուած Գիրքեր. Նկարիչ Ստեղծագործողներ` Նահատակուած 2020 Թ. Արցախեան Պատերազմում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի «Փիւնիկ» հիմնադրամին միջոցներով 2022-ին լոյս տեսաւ «Նկարիչ ստեղծագործողներ` նահատակուած 2020 թ. Արցախեան պատերազմում» գիրքը, բաղկացած` 184 էջերէ: Ծրագիրը նախաձեռնած եւ համակարգումը կատարած է Լուսինէ Քարամեան: Պատկերագիրքը կազմած եւ հեղինակած է Արա Հայթայեան: Արա Հայթայեան կ՛ըսէ, որ պատկերագիրքին նպատակն է ներկայացնել 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած արուեստագէտներն ու անոնց ստեղծագործութիւնները: Ներկայացուած արուեստագէտներն են` Գոռ Աւագեան, Գոռ Աւետիքեան, Գէորգ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Արցախը Առանց Հայաստանի Չեմ Պատկերացներ». Ռուբէն Վարդանեան Մարտ 18-ին Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ կայացաւ հանդիպում Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ եւ քննարկուեցաւ «Ինչպէ՞ս դառնալ առաջնորդ» թեման: Ռ. Վարդանեան նշեց, որ մեր մէջ որոշում չկայացնելու, պատասխանատուութիւն չվերցնելու միտում կայ: «Կը մեղադրենք մեր ծնողները, որոնք ուղարկեցին մեզ մեր չուզած համալսարանը, ամուսնացանք...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Զօրավար Մադաթովի Մուտքը Շուշի Եւ Դէպի Ատրպատական Արշաւանքը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Զօրավար Մադաթովի Մուտքը Շուշի Եւ Դէպի Ատրպատական Արշաւանքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսական բանակին ներխուժումը Պարսկաստան Աբաս Միրզայի արշաւանքը եւ ռուս-պարսկական բանակներուն միջեւ մղուած կռիւները աւերածութեան մատնած էին Արցախը: Գիւղերը լքուած ու ամայացած էին: Ժողովուրդին մէկ մասը պարսկական բանակին կողմէ գերեվարուած եւ քշուած տարուած էր Արաքսի միւս ափը, իսկ մնացեալներն ալ լեռները փախած էին: Պարսկական արշաւանքը սկսած էր այն ժամանակ երբ հունձքը պիտի սկսէր: Հունձք չէր կատարուած, եւ ցորենի ամբողջ...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մենք` լիբանանահայ պատանիներս, կը դատապարտենք Ազրպէյճանի շրջափակումը մեր հայրենիքի կարեւոր հատուածին` Արցախին: 100 օրերէ ի վեր Արցախի պատանիները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ: Անոնք, բոլոր պատանիներուն նման, իրաւունք ունին հայրենիքին մէջ ապրելու խաղաղ, առողջ, ապահով եւ հանգիստ պայմաններու մէջ: Այս առիթով հաւաքաբար կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Արցախի պատանիներուն եւ կը հաստատենք, որ մեր քոյրերն ու եղբայրները մինակ չեն: Մե՛նք, մեր կարելիութիւններու...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Համազգային Հայ կրթական ու մշակութային միութեան հիմնադրութեան յոբելենական այս հանդիսութիւնը կատարեցինք հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն: Շրջափակման մէջ է հայրենի Արցախը: Տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներու տագնապը: Հայրենի բնակչութեան նկատառելի մաս մը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագիրին նկատմամբ: Քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ է սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն` լիբանանահայութիւնը: Նոյնպիսի կացութեան մէջ է մայր գաղութը` հալէպահայութիւնը, որ այժմ...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

 «Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներու մէջ, ինչպէ՞ս կրնայ  նոր սերունդը հայ ըլլալ եւ անկախութեան պայքար մղել: Մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է հոգիով հայ մնալ: Մայիս 28-ը անցեալ կը դառնայ, մինչ ան պէտք է ապագայի տենչ մը ըլլայ: Ո՞վ պիտի կատարէ այս դերը: Հայրենիք չկայ…: Երկու միջոց կայ` դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքները Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Իսրայէլը եւ Ազրպէյճանը  2011-ին բարձրացուցին իրենց առեւտուրը 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ հսկայական գործարքով, որ կը ներառէր «Պարաք» հրթիռներու մարտկոց` օդանաւեր եւ հրթիռներ որսալու համար, ինչպէս նաեւ «Searcher» եւ «Heron» անօդաչու թռչող սարքեր` IAI-էն: Ըսուեցաւ, որ 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի վերջին օրերուն  «Պարաք» մարտկոցը խոցած է Հայաստանի կողմէ արձակուած «Իսկենտեր» հրթիռը»: *Ինչպէս իրենք ալ վստահ չեն, այս լուրը...

Սթափելու Ժամանակը

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ասուլիսները հարուստ են անակնկալներով: Իր իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարութեան սկիզբին, ան առանձին գրառումներով կը հաղորդակցէր հանրութեան հետ: Հետագային փոքր բարելաւում մը տեղի ունեցաւ. լրագրողներու կանխաւ փոխանցած հարցումները կը խմբագրուէին իր կողմէ ընտրուած լրագրողի մը կողմէ եւ կ՛արժանանային պատասխանի: Վերջին երկու ասուլիսները տեղի կ՛ունենան ուղղակի հարց-պատասխանի ձեւով, սակայն ասուլիսին մասնակցելու հրաւէր կը ստանան ցանկալի լրատուամիջոցները...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

 Եղբայրական Հանդիպում Յունաստանի Եկեղեցւոյ Պետին Հետ Երեքշաբթի, 14 մարտ 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, աստուածաբանական տարբեր մօտեցումներ ու մեկնաբանութիւններ...

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

Աւելի քան 600.000 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «Կալա 2023»-ին, որ տեղի ունեցաւ մարտ 12-ին «Տաղլեան» սրահին մէջ եւ նշուեցաւ շրջանի հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ներկայ էին ՀՕՄ-ի` Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ երկրաշարժէն աւերուած Սուրիոյ համահայկական աշխատանքներուն զօրակցող 550 հիւրեր, ներառեալ` ընտրուած քաղաքական դէմքեր, գաղութի ղեկավարներ, ուղեկից եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի անդամներ եւ ձեռնտու նուիրատուներ:...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս լուրը եւ յօդուածը ի մասնաւորի ուղղուած է Հայաստանի այժմու անարժան իշխանութեան եւ անոնց հետեւորդներուն, որոնք Իսրայէլի հետ, որ կը զինէ թշնամի Ազրպէյճանը, միակողմանի «սիրաբանութիւն կը խաղան» եւ 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը օր առաջ յիմարօրէն դեսպանատուն բացին այնտեղ, ապա 10 օր ետք, խայտառակուած` ետ գոցեցին, երբ իսրայէլեան զէնքերը եւ շատ հաւանաբար մասնագէտները հայութեան դէմ ջարդեր սարքեցին, մինչ Իսրայէլ...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան հետ իմ կապս եղած է Պուրճ Համուտի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղի ճամբով, որուն անդամագրուեցայ 1969-ին: Մասնաճիւղը կը գործէր յանձնախումբերով` գրական, դաստիարակչական, թատերական, ընկերային, կազմակերպական: «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղը շատ բեղուն եւ լայն գործունէութիւն ունեցած է: Ան յաջողած է, այլ բաներու կարգին, որոշ չափով մշակութայնացնել Պուրճ Համուտը` կրթական այլ հաստատութիւններու եւ միութիւններու կողքին: Անվարան կրնամ հաստատել,...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

ԹԱՄԱՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Ի՞նչ է յոբելեանը: Բառարանային իմաստով ան կեանքի մը կարեւոր հանգրուանի յիշատակութիւնն է: Յոբելեաններ կը նշուին զանազան նախաձեռնութիւններով` ժողովրդային ձեռնարկ, մեծարանքներ, լսարան, համերգ, հրատարակութիւն, եւ այլն... Անցնինք բառարանային իմաստէն խորքայինին. յոբելեանները ամէն բանէ առաջ պարտաւորեցնող են: Առ այդ, շնորհաւորելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեայ գործունէութիւնը հայապահպանման բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ` սոյն գրութեամբ պիտի անդրադառնամ այս ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն...

Page 275 of 1111 1 … 274 275 276 … 1,111

Արխիւներ