Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Եւ Սփիւռքի Ղեկավարութիւններ Ի՞նչ Ըրած Են Եւ Կ՛ընեն «Մնացորդաց»-ին Համար

Մարտ 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հարցում. ի՞նչ գիտենք դեռ բռնագրաւուած Հայաստան ապրող ՀԱՅ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑի մասին: Կ՛ըսենք` «թաքնուած հայեր», այնպէս որ,  կարծէք անոնք տարաշխարհիկ արարածներ ըլլային, նկատի չեն առնուիր «մենք»-ի ու «մերոնք»-ի  մէջ:

Այդ «Մնացորդաց»-ը ինքզինք յիշեցուց Թուրքիան հարուածած երկրաշարժի օրերուն: Տիգրանակերտի, Մալաթիոյ, Իսկէնտէրուն-Ալեքսանտրէթի մէջ հայեր ալ զոհ գացին: Անոնք գիտցուածներն են: Եթէ զոհեր կան, ուրեմն կան այդ տարածքներուն մէջ ապրող ուրիշներ ալ կան:

Ինչպէս կ՛ըսուի, «թաքնուած հայեր» կան Թուրքիոյ տարածքին, որոնց մասին ցարդ յստակութեամբ ոչինչ գիտցանք` ոչինչ գիտենք` համրանք, տեղաբաշխում, համայնքային կացութիւն: Հատ ու կենտ տեղեկութիւններ ունինք Մուշի, Սասունի եւ այլ վայրերու մասին, «Հայրապետ» մը, «Սասուն մը»: Աւելցնենք ասդին-անդին իրենց ընդունուած ինքնութեամբ եւրոպական եւ այլ երկիրներ «գաղթած»-ները` թրքական անուններով, թուրք կիներով եւ զաւակներով, անոնք չեն զանազանուիր թուրք գաղթականութենէն: Սիսէն քիչ մը անդին, ըստ թուրք վարորդի մը վկայութեան, գիւղի մը մէջ կ՛ապրին երկու հարիւր հայ ընտանիքներ: Հայ կին մը Վանի հայկական գերեզմանատան մը մէջ թաղուած հայերու աճիւնները հաւաքած եւ կրկին թաղած էր, քանի որ տարածքը պիտի օգտագործուէր այլ նպատակի մը համար:

Պոլսոյ պատրիարքարանը, խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը, ՄԱՐՄԱՐԱ, ԺԱՄԱՆԱԿ եւ ԱԿՕՍ թերթերը ոչ ամբողջական տեղեկութիւններ ունին, լաւ է, որ այդքանն ալ ունին: Բայց ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թաքնուած հայերու թիւը: Ի՛նչ ալ եղած ըլլան պայմանները եւ անոնց ներկայի կացութիւնը, այդ թաքնուածները հայ են, հայութեան մաս կը կազմեն: Պէտք  չէ սպասել, որ անոնք հրաշքով մը վերադառնան ազգի համայնքին, այլ` գործել զանոնք վերադարձնելու ուղղութեամբ:  Հայկական պետութիւնը, կազմակերպութիւնները` քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, կրօնական, պէտք է հետաքրքրուին մնացորդացով` փորձելով ընել այնպէս, որ անոնք վերադառնան եւ մնան հայկական համայնքի մէջ, ըլլան միասին, ըլլանք միասին, այդ ընելու համար պայմաններ եւ միջոցներ պէտք են, զանոնք պէտք է ստեղծել: Ո՞վ ի՛նչ գիտէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնքներու ընծայած կարելիութիւններու մասին, Մնացորդացը կազմակերպելու համար որպէս համայնք. վերադարձնելու համար` անոնց համայնքային կալուածները` որպէս համայնքի իրաւունք, որպէսզի անոնց շուրջ յառաջանայ համայնքային կեանք:

Ի՞նչ ըրած ենք եւ կ՛ընենք, որպէսզի Պոլիս հայերէնով լոյս տեսնող երեք հայկական թերթերը հասնին նաեւ Մնացորդացին` Մուշ, Սասուն, ինչո՞ւ չնախաձեռնել հայերէն սորվեցնելու: Մուշ Տարօն-Տուրուբերան անունով կեդրոն մը կայ, ինչո՞ւ հոն հայերէնի ուսուցման կարելիութիւն չստեղծել, հոն ամառնային ճամբար չկազմակերպել` նիւթական եւ մարդկային ներդրում կատարելով: Ինչո՞ւ եկեղեցական չղրկել: Այս ընելու համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր տեսակի ղեկավարութիւնները ունենան ՀԵՌԱՆԿԱՐ եւ այդ ընելու համար յառաջացնեն կազմակերպութիւն,  ոչ թէ մրցակցելով, այլ` համագործակցելով: Ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, ինչո՞ւ իմաստուն նախաձեռնութեամբ թաքնուած հայերու զաւակները Պոլիս չբերել եւ զանոնք հայացնել հայկական վարժարաններու մէջ:

Այս բոլորին նախաձեռնողները նախ պիտի ըլլան, եղած ըլլային, կազմակերպուած եւ համազգային տեսիլք ունեցող կազմակերպութիւնները, բայց առաջին հերթին` հայկական պետութիւնը, ապա նաե՛ւ սփիւռքի կազմակերպութիւնները: Այս հայահաւաքի ապագայատես աշխատանք է: Պէտք է սկսիլ պզտիկ քայլերով, ֆրանսացի գրող Անթուան Սենթ-Էկզիւփերիի իմաստութեամբ ընելով առաջին քայլը, ապա` երկրորդ առաջին քայլը եւ այդպէս շարունակել: Թաքնուած հայերը զիրար կը ճանչնան: Զանոնք միացնող-խմբող կազմակերպութիւն պէտք է յառաջացնել` առանց տխմարաբար ըսելու, որ այդ կարելի չէ, կամ, ինչպէս տարբեր առիթով մը լեզուագարութեամբ ըսող եղաւ, որ այդ սուրի հարուած էր ջուրի մակերեսին…

Այս մտածումները բարի կամեցողութիւն կամ ցնորք կրնան համարուիլ: Անհանգստանալ չուզողները կը գաղթեն, քաղքենիական բաւարարութիւններու համար հեռաւոր երկիրներու մէջ կը ստեղծեն միութիւններ եւ կեդրոններ` փոխանակ միացնելու եւ միանալու: Թաքնուած հայերը, Ցեղասպանութենէ ճողոպրածներու յաջորդները, ծոռ ու թոռներէն շատեր, թաքնուելով հանդերձ,  գիտնալու են իրենց արմատները, գիտնալու են, թէ ի՛նչ բանի շարունակութիւն են, ընտանիքներ միշտ յիշողութիւն կը պահեն:

Պետութիւն եւ սփիւռք պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն Քեմալ-Հայրապետներու եւ Ճեմալ-Երջանիկներու, Հայրէտտին-Սասուններու հանդէպ` գերանցելով աթոռներու եւ տիտղոսներու սնապարծութիւնները:

Պետութիւն, կաթողիկոսներ, կուսակցութիւններ, մտաւորականութիւն, եթէ Մնացորդացը յայտարարեն ազգային օրակարգ, եթէ գիտնանք, թէ քանի՛ անուն կայ Մնացորդացի ցանկին վրայ, այդ, ճանաչումներէն աւելի, խորքային գիտակցութեան եւ նոր որակով միացման եւ ապագայի ճանապարհ կ՛ըլլայ:

Կորսուածը վերագտնելով` ամբողջանալու եւ գալիքը դիմագրաւելու նպատակային կազմակերպութիւն եւ պայքար, զոր նախաձեռնողներուն հանդէպ ազգը եւ անոր պատմութիւնը երախտապարտ պիտի ըլլան: Սգացուող երկու միլիոնը առյաւէտ կորսուած պիտի չըլլայ, թաքնուած հայերը երկու միլիոնի շառաւիղ են: Պատմութեան աղէտին դէմ յաղթանակ կ՛ըլլայ թաքնուած հայերու միացումը ազգին:  Եւ եթէ այդ ընենք, յաջողինք այդ ընել, չարին դէմ յաղթանակ կը տանինք: Այն ատեն Խորենացին յառնելով` կրկին պիտի ըսէ.

«Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի… եթէ «թաքնուած»ներով ամբողջանանք: Այս ընել աղմկակարութիւններէ տարբեր որակի գործ եւ յաղթանակ է, առանց զէնքի, թնդանօթի եւ հրասայլի յաղթանակ…»:

Խօսեցայ յուզում առթող թաքնուածներու մասին: Բայց մեր սփիւռքեան աչքի կապանքները վերցնելով` ինչո՞ւ իրապէս չենք տեսներ յարաճուն թիւը սոսկ «ծագումով հայ» դարձողներու: Զանոնք հայ պահելու համար արտաքին խոչընդոտներ չկան, դուրսէն խոչընդոտողներ չկան: Ի՞նչ ըրած ենք եւ կ՛ընենք, որպէսզի հայ յայտնի բարերարի թոռը չըսէ. «Մեծ հայրս հայ էր», կամ հայածնունդ երիտասարդը չըսէ, որ ինք «աշխարհաքաղաքացի է»…

Ի՞նչ ընել ազգ եւ հայրենիք վերականգնելու, անցեալ չըլլալու եւ չանհետանալու համար: Ի՞նչ կը բանին բազմանուն ղեկավարութիւնները, հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, որոնք թաղային թափահարումներէ անդին` պէտք է սեւեռեն ազգը որպէս մէկութիւն: Պէտք է խօսիլ այս մասին` առանց գոհանալու  շաբաթավերջի քաղքենիական  «հոգեպարար» հանդիսութիւններով եւ հոն հնչող ոչ մէկ տեղ հասցնող կարգախօսներով:

Տեղ մը, տեղեկագրի մը մէջ պիտի ուզէի տեսնել, թէ ի՞նչ նախաձեռնութիւններ եղած են «թաքնուած» եւ արդէն միայն «ծագումով հայ» եւ այդքանն ալ մոռցած ազգի համրանքը ազգին վերադարձնելու համար առանց տօնական գոհունակութեամբ լսելու եւ ծափահարելու սնափառութիւն ոռոքող հռչակաւորներու «ծագման» յիշեցումները:

Ինչպէ՞ս ազգին միացնել «թաքնուած»-ները եւ «ծագումով»-ները, որպէսզի թաղային-գաղութայինէ անդին, շաբաթավերջի զբօսանքներէ անդին` ըլլանք ԱԶԳ, զայն զօրացնենք: Պէտք է գործել այսօ՛ր` առանց զէնքերը վար դնելու եւ ըսելու, որ արդէն ուշ է: Նահանջ եւ պարտութիւն բարձի վերածելով եւ վրան նստելով, այս կամ այն մեծի հետ լուսանկարուելով եւ երջանկանալով` ո՛չ ազգ կը պահուի, ո՛չ հայրենիք:

Ազգի «գոյապահպանում»-ը համրանք է նաեւ: Միաւորներու համախմբում:

«Միջավայրի առօրէականութիւնը մեզ կը շրջապատէ ամէն կողմէ եւ մեզ կը հրաւիրէ մոռնալու «անցեալ դարձած բաները», ըսած է Ի. դարու ֆրանսացի իմաստասէր, Ի. Վլատիմիր Եանքելեւիչ: Այսպէս սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութիւնը, որուն մէջ մխրճուած ենք, որուն անձնատուր ըլլալով` ազգ, մշակոյթ, ինքնութիւն, հայրենիք, կը մոռնանք:

Մեր ժողովուրդին եւ անոր հայրենիքի վերականգնումին համար անհրաժեշտ է իսկական յեղափոխութիւն մը, որպէսզի ճակատ յարդարենք մեզի ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պարտադրուող «անցեալ դարձած բաները» մոռնալու չարիքներուն  դէմ, զորս իրատեսութեամբ պէտք է ախտորոշել, անոնց դէմ պայքարիլ եւ զանոնք վերացնել: Եթէ այս չընենք, մենք կը վերանանք:

«Թաքնուած» հայերը պիտի արձանագրե՞նք վերջնական կորուստներու տոմարին մէջ, ինչպէս այդ կ՛ընեն շատեր լեզուի, մշակոյթի, ինքնութեան եւ տարածքներու համար:

 

 

Նախորդը

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Դատաւորի Կիրակի Եւ Տօն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Որք Ի Սեբաստիա Կատարեցան

Յաջորդը

Գարեգին Առաջինի Հայրենաշինութեան Ուղին

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In