Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 16, 2023
| Գաղութէ Գաղութ, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Երկրաշարժէն Ետք Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնը Ծովափնեայ Շրջան

Երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ անոնց յաղթահարման համար տարուող աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու համար ուրբաթ, 10 մարտ 2023-ին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան հովուական այցելութիւն տուաւ ծովափնեայ շրջան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի եւ ազգային Վրէժ Եագուպեանի:

Սրբազան հայրը նախ այցելեց Լաթաքիա եւ հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեանի եւ անդամներուն, Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ պատկան մարմինին հետ: Ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժին պատճառով յառաջացած նիւթական վնասներով, իրազեկ դարձաւ երկրաշարժի հետեւանքներու դիմագրաւման համար տարուող աշխատանքներուն, գօտեպնդեց, աղօթեց, ուժ եւ կորով մաղթեց ազգայիններուն` ծառայելու համար ժողովուրդին:

Ապա սրբազան հայրն ու ազգայինները հանդիպեցան Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանի աշակերտութեան հետ` հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան ներկայութեան: Ան խրախուսեց աշակերտները` յոյսով եւ լաւատեսութեամբ շարունակելու ուսումնական իրենց կեանքը:

Այնուհետեւ սրբազան հայրն ու ազգայինները ուղղուեցան Քեսապ, ուր այցելեցին Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան եւ ջերմապէս դիմաւորուեցան Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի, Քեսապի թաղականութեան ատենապետ Վիգէն Լնդեանի եւ թաղականութեան անդամներու, պատկան մարմինի, Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով` խրախուսեց աշակերտները, անոնց պատուիրելով, որ չվախնան երկրաշարժէն, իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն եւ աշխուժութեամբ իրենց ուսումնական կեանքը շարունակեն: Աշակերտները կենսունակութեամբ երգ մը եւ սուրիական հայրենիքի քայլերգը երգեցին, որմէ ետք սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիպումը փակուեցաւ: Սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ շրջեցաւ մանկապարտէզի դասարանները, ապա տնօրէնութեան սենեակէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի պատասխանատուներուն հետ, ուր մօտէն ծանօթացաւ Ճեմարանի պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ գօտեպնդեց Ճեմարանի պատասխանատուները` լաւատեսութեամբ շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետը սրբազան հօր նուիրեց «Հարիւրամեակ` Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան եւ նոյնանուն երկրորդական վարժարանին» եւ Հայկազ Թրթռեանի հեղինակած «Քեսապի պզտիկ հանրապետութիւնը» գիրքերը:

Անկէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հայր սուրբին եւ թաղականութեան կողմէ սրբազան հօր ցոյց տրուեցան երկրաշարժին պատճառով եկեղեցւոյ կառոյցին կրած տարբեր վնասները, եւ բացատրութիւններ տրուեցան: Ապա ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահ, ուր երկրաշարժէն ետք տեղի կ՛ունենան եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւնները:

Ապա, սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ մեկնեցաւ Արամօ գիւղ, ուր այցելեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, որ երկրաշարժէն վնասուած է: Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ համայնքի զաւակներուն կողմէ եւ բացատրութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վնասներուն մասին` ճարտարապետ Աբրահամ Ճապպուրի կողմէ: Մակար սրբազան խրախուսեց ժողովուրդը եւ աղօթեց` հայցելով Ամենակալին պահպանութիւնը: Ապա ան մեկնեցաւ Արամոյի Ս. Գէորգ պատմական մատուռ, ինչպէս նաեւ` փուլ եկած Ս. Աստուածածին ուխտատեղի:

Սրբազան հօր հովուական այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Ղընեմիէ այցելութեամբ: Տէր Մակար այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Արիճանի եւ տեղւոյն ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը գօտեպնդեց եւ քաջալերեց հաւատացեալները եւ Տէրունական աղօթքի արտասանութեամբ անվտանգ օրեր մաղթեց անոնց:

Արամօ եւ Ղընեմիէ այցելութիւններուն սրբազան հօր միացաւ  Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանը:

 Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութիւն` 132 Նուիրատուներով

ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին, եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէին 25 փետրուարին Մոնթեպելլոյի «Պաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի օրուան նուիրուած Ճաշկերոյթ: Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ հայրենի մտաւորական, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախկին անդամ, Համազգային հիմնադրամի տնօրէն, լրագրող, պատմաբան, հրապարակախօս Սպարտակ Ղարաբաղցեան:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Լարա Ռաստկէլէնեան-Գիզիրեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցելու մեր նահատակներուն յիշատակը:

Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Սալիպա ներկայացուց օրուան համար նախատեսուած ծրագիրը: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկին նպատակն էր ՀՅԴ 132-ամեակի առիթով 132 նուիրատուներ ունենալ եւ ներկաները խրախուսելու համար յայտարարեց նախապէս խոստում ստացած երեք գլխաւոր նուիրատուներուն անունները` աւելցնելով, որ ձեռնարկը հովանաւորած են Օշին Յարութիւնեան` յիսուն հազար ամերիկեան տոլարով, մի ոմն` քսան հինգ հազար ամերիկեան տոլարով, իսկ Մայք Սարեան, որ վերջերս իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած էր Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակին, սոյն ձեռնարկը եւս հովանաւորած  էր տասը հազար ամերիկեան տոլարով:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգսեան:

Աւարտին երգերու ձայնագրութեան եւ հրատարակչական հիմնարկութեան կողմէ Գառնիկ Սարգսեանի յանձնուեցաւ «Ոսկէ ալպոմ» շքանշանը, որուն արժանացած էր իր երգերուն աւելի քան մէկ միլիոն օրինակ վաճառելուն համար:

Ձեռնարկի աւարտին հանգանակուեցաւ աւելի քան 300 հազար ամերիկեան տոլար` աւելի քան 132 նուիրատուներէ:

Իրան

ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով Ժողովրդային Տօնակատարութիւն

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի յանձնախումբին, 3 մարտին Նոր Ջուղայի Հայ Մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 133-ամեակը:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան, որ նշեց, թէ Դաշնակցութիւնը պէտք է շարունակէ Հայ դատի լուծման ուղղութեամբ իր պայքարը եւ, ինչպէս միշտ, իր բոլոր հնարաւորութիւններով պէտք է պայքարի Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մեր իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղութեամբ:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը անհնար է անջատել մեր ժողովուրդի պատմութենէն, աւելցնելով, որ պայքարի ու անմնացորդ նուիրումի 133 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին ծառայելու իր առաքելութեան:

Շարունակելով իր խօսքը, բանախօսը անդրադառնալով ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն` ընդգծեց, որ այդ բոլորը յաղթահարելու համար մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ են` կամք, հաւատք, ուժ եւ պայքար: Սաղաթէլեան ըսաւ, որ մենք պէտք է ընտրութիւն կատարենք պետութենէն հրաժարելու կամ ամէն գնով մեր այդքան երազած պետականութիւնը պահպանելու, ծունկի եկած ապրելու կամ ոտքի կանգնելու, յանձնուելու կամ պայքարելու միջեւ: Մէկտեղելով մեր ուժերը` մենք ոչ միայն կրնանք դիմագրաւել թշնամիի հարուածներուն, այլեւ կրնանք դարձեալ վերածնիլ, ինչպէս ըրած ենք բազմաթիւ անգամներ: Բանախօսը շեշտեց, որ մեր համազգային կարեւորագոյն ուժը միշտ եղած է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ապահովման մէջ, աւելցնելով, որ եթէ մենք կարենանք ապահովել այս եռամիասնութիւնը, կը ստանանք բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուժը: Ասիկա հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն է: Միասնականութիւն ոչ թէ անձերու, այլ` հայրենիքը պաշտպանելու գաղափարին շուրջ: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ մենք պէտք է ապացուցենք, որ ժողովուրդն է այն գործօնը, որ կրնայ փոխել իրավիճակը: Մենք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ աւելի լայն թափով, նոր մօտեցումներով պէտք է շարունակենք մեր աշխատանքները մեր հայրենակիցներուն հետ: Բացատրենք մեզի սպասող վտանգները եւ համախմբենք ողջ հայ ժողովուրդին կարող ուժերը: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը յարատեւ պայքարի կուսակցութիւն է, եւ դաշնակցականները պայքարի համար զինուորագրուած եւ պայքարով ապրող տեսակ են: Մենք աննահանջ շարունակելու ենք մեր պայքարը` ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի եւ ի բարեկեցութիւն հայ ժողովուրդի:

Տօնակատարութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Իշխան Սաղաթէլեանի Հանդիպումը Սպահանի Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն Հետ

4 մարտին Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ծաղկեայ» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի, նոյն խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանի եւ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ու Թեմական եւ Կրօնական խորհուրդներու անդամներու եւ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու միջեւ:

Հանդիպումը սկիզբ առաւ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքով: Սրբազան հայրը, Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական եւ Կրօնական խորհուրդներու ատենապետներ` Նոէլ Մինասեան, Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան եւ Զաւէն Սիմոնեան բացատրութիւններ տուին թեմի պատմական անցեալի, պատկան ազգային մարմինի գործունէութեան եւ պարտականութիւններուն վերաբերեալ: Նոէլ Մինասեան ազգային մարմիններու անունով ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է համահայկական կարեւոր օրակարգերու ուղղութեամբ ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ լիարժէք օգտագործել հայկական ներուժը` զերծ մնալով անհատական գործողութիւններէն:

Իշխան Սաղաթէլեան դրուատանքի խօսք արտասանեց համայնքի կազմակերպուածութեան, հայկական վարժարաններուն մէջ մատուցուող ազգային դաստիարակութեան եւ ժողովուրդի հայրենասիրութեան մասին, աւելցնելով, որ այդ բոլորը զիրենք աւելի կը պարտաւորեցնեն Հայաստանի մէջ իրենց պայքարը շարունակելու համար: Սաղաթէլեան նաեւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Սպահանի համայնքին, որ բոլոր դժւարութիւններով հանդերձ, միշտ եղած է Հայաստանի եւ Արցախի կողքին:

Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Բաբայեան յայտնեց, որ հարաւային իրանահայութեան համայնքները ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս պիտի ըլլան Արցախի եւ Հայաստանի կողքին, յատկապէս` ապազգային իշխանութեան գործողութիւններու դէմ մղուող գոյապայքարին մէջ: Աւարտին  յուշանուէրներ յանձնուեցան հիւրերուն:

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան Իշխան Սաղաթէլեան, ընկերակցութեամբ Աննա Գրիգորեանի եւ ազգային մարմիններու եւ շրջանի Հայ ժատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Նոր Ջուղայի հայոց ազգային վարժարանները:

«Հայ Դատին Այսօր» 14-րդ Խորհրդաժողովը Ամփոփեց Իր Երկօրեայ Բովանդակային Եւ Ընդլայնուած Քննարկումները

3 մարտին Թեհրանի մէջ  աւարտեցաւ «Հայ դատն այսօր» 14-րդ խորհրդաժողովը «Հայաստանը, Արցախը, եւ յարափոփոխ տարածաշրջանը» խորագրով, որ նախաձեռնուած էր Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին (ՀՈՒՍԿ) կողմէ»:

Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ էին Հայաստանի, Արցախի եւ միջազգային քաղաքական, ընկերատնտեսական եւ բարոյահոգեբանական իրավիճակի քննութիւնը, տարբեր մարտահրաւէրներու գնահատումը, հայութեան զարգացման տեսլականի եւ այլ հարցերու մասին քննարկումները:

Երկօրեայ խորհրդաժողովը իր ընդլայնուած քննարկումներուն ժամանակ մասնաւորապէս, անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտուած իշխանութիւններուն վարած ապազգային քաղաքականութեան աղէտաբեր ըլլալու հանգամանքին, շարունակուող ամբոխավարական մօտեցումներու հետեւանքներուն, Արցախի հարցը անտեսելու սպառնալիքներուն, «Խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան բովանդակային սնանկութեան, սփիւռքի գործօնը անտեսելու հանգամանքին, հայ-իրանական գործակցութիւններու խորացման անհրաժեշտութեան, ազրպէյճանա-թրքական տարածաշրջանային յաւակնութիւններու մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւոր զարգացումներուն, նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցին` հայաստանեան եւ սփիւռքեան քաղաքական եւ հասարակական մտքի ընկալումներուն, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ տարածաշրջանային դերակատարութեան եւ այլ հարցերու:

Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն էին` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Ալիք»-ի խմբագիր պատասխանատու Արամ Շահնազարեան, ազգային հասարակական գործիչներ` Արթիւր Յովսէփեան, Նոէլ Մինասեան, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, ազրպէյճանագէտ Անժելլա Էլիբեկովա, իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան եւ քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք Շահնազարեան:

Խորհրդաժողովի աւարտին Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին խօսքը արտասանեց Իսակ Իւնանէսեան, ՀՅԴ Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Արամ Շահնազարեան, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը ներկայացուց Կիրօ Մանոյեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ սրբազան հայրը:

Քանատա

ՀՅԴ 132-րդ Եւ Փետրուարեան Ապստամբութեան 102-րդ Տարեդարձներու Նշում

ՀՅԴ Քեմպրիճի  «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, 4  մարտին Քեմպրիճի Հայ Կեդրոնի «Արարատ» սրահին մէջ նշուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան 132-րդ  եւ Փետրուարեան ապստամբութեան  102-րդ տարեդարձները:

Օրուան հանդիսավար Ցոլեր Փանոսեան Մկրտիչեան ներկաները հրաւիրեց  մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու ՀՅԴ-ի բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան կարեւորութեան` իբրեւ հայոց նորագոյն պատմութեան  մէջ  եզակի խորհրդանիշներէն  մէկը` Հայ ժողովուրդի ազատ  ու  անկախ ապրելու ձգտումին,  շեշտելով, որ 132 տարիներ շարունակ Դաշնակցութեան դերը  հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայ դատի հետապնդման մէջ   միշտ եղած  է ու կը մնայ առաջնահերթ, մանաւանդ` արցախեան 44 օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք, մեր հայրենիքի ապրած ծանր օրերուն:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց  44 -օրեայ պատերազէն սկսեալ Դաշնակցութեան բոլոր քայլերը` հայրենիքը փրկելու համար այն անել վիճակէն, որուն մէջ յայտնուեցան ապազգային իշխանութիւնները` շարունակական յանձնուողական արարքներով: Գարագաշեան  շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ պատնէշի վրայ` դիմակայելու օտարամուտ բոլոր դաւերն ու տիրական դարձած ներազգային ամբոխային տրամաբանութիւնն ու անկումային բոլոր տրամադրութիւնները: Հակառակ ահագնացող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, մենք, յանուն Հայաստանի ու Արցախի, պիտի մնա՛նք պատնէշի վրայ` շարունակելու դիմադրութիւնը, մեր նահատակ ընկերներու կիսատ մնացած երթը, նաեւ` ՀՅԴ-ի  34-րդ  Ընդհանուր ժողովի յայտարարած պայքարի նոր մօտեցումները կեանքի կոչելու, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամբողջապէս վերականգնելու տեսլականով:

Պատանեկան միութեան «Վարդան- Փոթորիկ» մասնաճիւղէն 17 անդամներ տուին Դաշնակցական պատանիի իրենց խոստումը` կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի: Անոնք կոչուեցան Արցախի նորագոյն նահատակներէն` «Գէորգ Հաճեան» սերունդ: Խոստումի արարողութիւնը իւրայատուկ խանդավառութիւն տուաւ տօնակատարութեան:

Ապա, մինչեւ ուշ գիշեր, ազգային յեղափոխական երգերու ընտրանի փունջով մը ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն յատուկ այս առիթով հրաւիրուած  Սամուէլ Երանեան:

5 Նորագիրներ Համալրեցին Համիլթընի ՀՅԴ Կոմիտէութեան Շարքերը

Անցնող շաբաթավերջին Համիլթընի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ հինգ նորագիրներ, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ծառայելու Դաշնակցականի երդումը տալով, միացան ՀՅ Դաշնակցութեան «Վռամեան» կոմիտէութեան շարքերուն:

Քանատահայութեան պատմութեան մէջ Համիլթընի ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան անունը առաջին անգամ յիշատակուած է 1907-ին:

1950 թուականին «Վռամեան» կոմիտէութեան ջանքերով կառուցուած է Համիլթընի առաջին «Հայ կեդրոն»-ը: 1994-ին,  կոմիտէութիւնը, համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան, գնած է նոր շէնք մը, որ վերանորոգուելով` դարձած է Համիլթընի նոր «Հայ կեդրոն»-ը, որուն բացումը կատարուած է 1995-ի նոյեմբերին:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Ապրեցէք Հայօրէն, Ժառանգեցէք Ձեր Զաւակներուն Հայ Ծնած Ըլլալու Հպարտութիւնը, Որպէսզի Ապրի Հայը Եւ Իրականանայ Հայուն Երազը», Սեդա Խտըշեան

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ. Երգչախումբեր Եւ Պարախումբեր

RelatedPosts

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը
Հայկական

Պաքու Կոչ Կ՛ուղղէ Երեւանին «Չչարաշահելու Հայաստանի Տարածքին Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Ներկայութեան Փաստը»

Մարտ 21, 2023
Պլինքըն Կ՛ընդգծէ Բերձորի Միջանցքի  Անխափան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը
Հայկական

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Են Շարունակելու Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In