Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մարտ 17, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Յունաստան 

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Յունաստանի հայոց թեմ տուած հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրը Աթէնքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Յունաստանի հայութեան:

Վեհափառը, որ ընդունուեցաւ մեծաթիւ յունահայերու կողմէ, իր պատգամին սկիզբը բարձր գնահատանքով ողջունեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ հոգեւոր դասուն, Ազգային վարչութեան եւ հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն խանդավառ ու բեղուն ծառայութիւնը:

Ան իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանին հետեւեալ տողերը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի, խաւարին մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ՛առաջնորդէ» (Յհ 8.12): Կաթողիկոսը ըսաւ, թէ լոյսը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, ինչպէս Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք: Տիեզերքի ստեղծագործութեան առաջին օրը Աստուած ըսաւ` թող լոյս ըլլայ եւ լոյս եղաւ: Ուստի, լոյսը Աստուածային յայտնութեան ու ստեղծագործութեան առաջին ու էական երեւոյթներէն մէկն է: Լոյսն է, որ տիեզերքի այլ տարրերուն իմաստ ու նպատակ կու տայ: Հայրապետը բացատրելով լոյսին քրիստոնէական հասկացողութիւնը` հաստատեց, որ լոյսը եւ խաւարը չեն կրնար գոյակցիլ: Լոյսը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ. անոր գոյաւորման աղբիւրը Աստուած է: Խաւարը լոյսին բացակայութիւնն է: Հետեւաբար, ուր լոյս չկայ, հոն խաւարը կը տիրէ: Շարունակելով իր պատգամը` կաթողիկոսը ըսաւ. «Լոյսը սոսկ ֆիզիքական երեւոյթ մը չէ, անիկա հոմանիշ է Աստուծոյ ներկայութեան: Աստուած ոչ միայն ստեղծիչն է լոյսին, այլ նաեւ անոր ներկայութիւնն է. լոյսին իմաստ ու նպատակ տուողը Աստուած Ինքն է: Երբ լոյսը բացակայ է, հոն կը տիրէ խաւարը, այլ խօսքով, ուր Աստուած բացակայ է, հոն կը տիրէ չարիք: Հին կտակարանի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդը հեռացաւ լոյսէն, այլ խօսքով Աստուծմէ` ընտրելով խաւարը եւ չարը: Ուստի, ուր խաւար կը տիրէ, հոն նաեւ չարը կը տիրէ: Ահա այս կացութեան դիմաց լոյսի աղբիւրը` Աստուած, Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի դառնայ խաւարին մէջ մնացած աշխարհին լոյսը: Քրիստոս Ինքն է ճշմարիտ լոյսը աշխարհին: Անոր առաքելութիւնը խաւարին դիմաց լոյս տարածել, մարդկային կեանքը լոյսով լեցնել էր: Աւետարանները յստակ կերպով կը պարզեն, որ Քրիստոս Իր կեանքով ու հրաշքներով ցոյց տուաւ մարդուն լոյսի ճամբան: Լոյսի ճամբան կեանքի ու փրկութեան ճամբան է, եւ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած անձը պէտք է քալէ այդ ճամբէն»:

Անդրադառնալով մեր ազգին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Պատմութեան ընթացքին յաճախ խաւարը փորձեց տիրապետող ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքէն ներս, սակայն Քրիստոսի լոյս ներկայութեամբ մենք կրցանք խաւարը վանել մեր կեանքէն, յաղթել խաւարին տիրապետութեան եւ մեր կեանքը Քրիստոս-լոյսով պայծառակերպել: Ներկայ ժամանակներուն խաւարը տարբեր կերպերով ու անուններով դարձեալ շրջապատած է հայ կեանքը ամէն տեղ` Արցախէն սկսեալ, Հայաստան եւ սփիւռք: Որպէս երկնային լոյսը ընդունած առաջին ժողովուրդ` մենք կոչուած ենք այդ լոյսով զինուած յաղթահարել ամէն տեսակ խաւարային մտածումներ, մօտեցումներ ու ծրագիրներ, որոնք կը փորձեն մեր ժողովուրդը պահել խաւարին մէջ: Մենք լոյսի՛ ազգ ենք, լուսապա՛շտ ազգ ենք, լուսաւորիչներ ծնած եւ աշխարհին լոյս սփռած ազգ ենք: Այս հաւատքով ու գիտակցութեամբ պէտք է ապրինք` մեր կեանքը շաղախելով լոյս-Քրիստոսով»:

Վեհափառին պատգամին վերջին բաժինին կեդրոնական մտածումն էր սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հայ երիտասարդութիւնը: Արդ, խօսելով իր հովուապետական այցելութեան առանցքային նպատակին մասին` կաթողիկոսը յիշեցուց, որ 2022 ու 2023 տարիները հռչակած էր «Սփիւռքի տարի» եւ այս ծիրին մէջ անդրադարձած` սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսունականացման հրամայականին: «Այս ուղղութեամբ, մեր թեմերու վերակազմակերպումը առանցքային կարեւորութիւն ունի: Մեր հովուապետական այցելութեան ընթացքին կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնանք Յունաստանի հայոց թեմի վերակազմակերպման ծրագրին եւ թեմի հոգեւոր թէ աշխարհական պատասխանատուներուն հետ միասին պիտի մտածենք, թէ ի՛նչ ձեւով կրնանք թեմական կառոյցներն ու անոնց աշխատանքը վերատեսութեան ու վերակազմակերպման ենթարկել ա՛յնպիսի մօտեցումով, որ անոնց գործունէութիւնը համապատասխանէ մեր ներկայ կեանքի պայմաններուն ու կարիքներուն: Վերակազմակերպման մեր աշխատանքին հիմնական նպատակը երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելն է: Հարկ է, որ այս ուղղութեամբ յատուկ ծրագիրներ պատրաստուին եւ Ազգային առաջնորդարանին եւ ծուխերուն կողմէ համադրուած կերպով իրականացուին` երիտասարդներուն մասնակցութեամբ: Դժբախտ երեւոյթ մըն է, որ կը դիմագրաւէ հայութիւնը ամէն տեղ: Այսօր երիտասարդութիւնը հետզհետէ կը հեռանայ մեր հաւաքական կեանքէն: Հնամաշ ու զմռսուած մօտեցումներով ու կեցուածքներով աւելի պիտի հեռացնենք երիտասարդութիւնը թէ՛ ազգային եւ թէ՛ եկեղեցական կեանքէն: Հետեւաբար պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել երիտասարդութեան հետ ու վստահիլ անոնց` փոխանակ զանոնք հեռու պահելու մեր կառոյցներէն ու ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ:

Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ծաղկեալ փիլոնի տուչութիւն թեմին մէջ ծառայող երկու քահանայ հայրերուն` Պարետ քհն. Խաչերեանին եւ Նարեկ քհն. Շահինեանին: Ապա հայրապետը, իբրեւ գնահատանք թեմէն ներս կատարուած ծառայութեան, Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին նուիրեց լանջախաչ: Յիշեալ արարողութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն եւ աջահամբոյր, որուն յաջորդեց պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին թեմական ու համայնքային պատասխանատու մարմինները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Յունաստանի Հայ Գաղութի
Մարմիններու Ու Կազմակերպութիւններու Ժողովին

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ի յետմիջօրէին Աթէնքի «Զաւարեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ ժողով մը` քննարկելու սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացը: Ժողովին մասնակցեցան Յունաստանի հայոց թեմին Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, գաղութին մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Ժողովին բացումը կատարեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախ կարդաց կաթողիկոսին 2022 տարուան «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրէն սփիւռքի ներկայ վիճակը բնորոշող, դիմագրաւած դժուարութիւնները լուսարձակի տակ առնող եւ վերակազմակերպման ընթացքին գործօն ու ներդաշնակ աշխատանք կատարել թելադրող հատուածները: Ապա լայն շրջագծով ներկայացուց ներկայ տարուան հռչակագիրը:

Ողջունելով Յունաստանի հայոց թեմին մէջ գործող մարմիններն ու կազմակերպութիւնները` Արամ Ա. ըսաւ, որ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակն է մեր թեմերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները լսել եւ միասնաբար ծրագրել վերանորոգման գործընթաց: Խօսելով սփիւռքի վերակազմակերպման մասին` ան յայտնեց, որ վերակազմակերպում ըսելով` պէտք է հասկնալ վերանորոգում, վերակենսաւորում ու վերաշխուժացում: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ մեր թեմերը հայ գաղութներուն առանցքն են: Իւրաքանչիւր թեմ, տեղական պայմաններուն բերումով, իւրայատուկ մտածելակերպ ու գործելակերպ ունի: Կարելի չէ միատեսակ լուծում որդեգրել, այլ հարկ է, որ իւրաքանչիւր թեմ վերակազմակերպման ու վերանորոգման գործընթացը ի՛նք ծրագրէ: Վեհափառ հայրապետը Հայ եկեղեցւոյ կեդրոնական դերին անդրադառնալով, ըսաւ, որ երբ թեմ կ՛ըսենք, կը հասկնանք եկեղեցի: Հայ եկեղեցին մեր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւած է: 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ հաստատուեցաւ, նախ եկեղեցի կառուցեց եւ անոր շուրջ հաւաքուեցաւ: Հետեւաբար կարելի չէ զայն ձգել իր ներկայ վիճակին մէջ, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք եկեղեցին ներկայ պայմաններու համահունչ դարձնելը. եւ ա՛յս պատճառով սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքները պիտի սկսինք թեմերէն, ըսաւ կաթողիկոսը:

Հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց, որ սփիւռքի վերակազմակերպումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման: Ո՛չ սփիւռքը, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ Արցախը ինքնակեդրոն իրականութիւններ են, այլ, իրենց տարբերութիւններով հանդերձ, մէկ ամբողջութիւն են: Մեր տարբերութիւնները` տարբեր դերերով ու տարբեր շեշտաւորումներով, ներդաշնակութեամբ միասին պէտք է գործեն մէկ կամարի տակ: Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշակած շրջանային թէ միջազգային սերտ յարաբերութիւնները պիտի օգնեն Հայաստանին ու Արցախին:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հայու ինքնութեան հարցին` ըսելով. «Այսօր պայմանները փոխուած են: Կարելի չէ հին մտայնութեան հետեւելով` հայու ինքնութիւնը որոշել: Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը ընտրութեան հարց է: Մենք հայ մնալու համար կը տագնապինք ու կը պայքարինք: Ուստի մենք մեր ինքնութիւնը բնորոշելու համար աւելի լայն չափանիշներու պէտք ունինք»:

Կաթողիկոսը իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ արծարծուած բոլոր հարցերը ուղղակի թէ անուղղակիօրէն առնչուած են հայ երիտասարդութեան: Մեր հիմնական մտահոգութիւնը երիտասարդութիւնն է: Փաստօրէն երիտասարդութիւնը հետզհետէ կը հեռանայ մեզմէ, ամէն տեղ: Վերջին հարիւր տարիներուն երիտասարդութիւնը կազմակերպեցինք, սակայն այսօր պայմանները տարբեր են. մեր երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները փոխուած են: Ուստի մեր կառոյցները պէտք է գրաւիչ դարձնել հայ երիտասարդութեան համար: Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. ըսաւ, որ այսօր մեր ժողովէն կը պակսին երիտասարդները. մեր փափաքն է, որ յառաջիկայ ժողովներուն ներկայ ըլլան անոնք, իրենց սպասումները արտայայտեն գաղութի ղեկավար մարմիններուն:

Ապա ժողովականները խօսք առին եւ ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք վերակազմակերպման աշխատանքին վերաբերեալ իրենց ունեցած պատկերացումները:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիան Ցնցած Երկրաշարժէն Մէկ Ամիս Անց

Յաջորդը

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In