Յօդուածներ

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (1102 – 1173)  Ս. Ներսէս Դ. Կլայեցի Կաթողիկոս (1166-1173)

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (1102 – 1173) Ս. Ներսէս Դ. Կլայեցի Կաթողիկոս (1166-1173)

Զ. Գ. Ղ. Այնճարի ամառնային «Մեծարենցեան երեկոյ»-ներու Գ. ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 օգոստոս 2023-ին: Անիկա նուիրուած էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին: Շնորհալին մահացած է 1173 թուականին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին բակին մէջ` մշակութասէր հասարակութեան ներկայութեամբ: Ներսէս Շնորհալիի կեանքն ու գործը ունկնդիրներուն ներկայացուց Այնճարի հայ կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան: Հետաքրքրական է նշել, որ...

Լիբանան

Լիբանան

Փ. ՃԵՐԱՆԵԱՆ Լիբանան, Միջերկրականեան ալիքներուդ ծովափին` ծաղկող նարինջենիներուդ բուրմունքը կար: Իմ սիրածի աչքերուն, մայրիներուդ կախարդանքին յաւերժական կանաչը կար: Այն ժամանակ կեանքը մեր տան երդիքին տակ խճանկարի մը նման էր, պատառ-պատառ դիմանկարներ կային այնտեղ, որոնց շուքին մեզ իր սիրոյ մականին տակ պատսպարող մօրս դէմքը կը լուսնար ... Մանուածապատ մայթերուդ դպրոց տանող ոտնահետքս կը մնար, ու փողոցի ծայրամասին պատանեկան տարիներուս ակումբը կար,...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Պատմական Պատասխանատու Սերունդ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պատմական Պատասխանատու Սերունդ

«Ուզո՞ւմ ես գուշակել մի երկրի ապագան, նայի՛ր նրա երիտասարդութեանը» ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Երիտասարդութեան դերի վերաբերեալ Գարեգին Նժդեհի գնահատականը կարելի է համարել անքննելի ճշմարտութիւն, աւելի՛ն, սխալ չի լինի աւելացնել, որ ինչպիսին որեւէ երկրի երիտասարդութիւնն է, այնպիսին է եւ նրա ներկան: Մենք դրա վկան ենք եղել անցած 35 տարիների ընթացքում: 1988 թ. սկսուած ազգային զարթօնքը երազանքից իրականութեան վերածող առաջատար ուժը հէնց օրուայ երիտասարդութիւնն...

Լոյս Տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2023-Ի Ութերորդ Թիւը` Նուիրուած ՀՅԴ-ի Երիտասարդական, Ուսանողական Եւ Պատանեկան Միութիւններուն

Լոյս Տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2023-Ի Ութերորդ Թիւը` Նուիրուած ՀՅԴ-ի Երիտասարդական, Ուսանողական Եւ Պատանեկան Միութիւններուն

Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ թիւը, որ առանձնայատուկ է անով, որ ամբողջովին նուիրուած է ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներուն` երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններուն գործունէութեան: Կարելի է հաստատ ըսել, որ այս թիւին մէջ լուսարձակի տակ կը բերուին անոնց գլխաւոր նպատակը, հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հայ երիտասարդութեան կատարելիքները, դաշնակցական երիտասարդութեան դերակատարութեան` անցեալին, ներկայիս ու ապագային: Այս թիւը այս նիւթին նուիրելու առիթ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՄԵՆԱԿԵԱՆ Ամէն տարի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը կ՛ոգեկոչուի Հայաստանի ու սփիւռքի զանազան երկիրներու ու քաղաքներու մէջ: Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին  մէջ վերջին երեք տարիներուն նոյնպէս կը յիշատակուի ապրիլ 24-ը: Այս տարի ոգեկոչման յայտագիրին մէջ ներառուեցաւ արեան տուչութիւնը, որ տարածուած է յատկապէս սփիւռքի մէջ: Հետեւաբար Լիմասոլի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբը կապ հաստատեց քաղաքի «Արեան տուն» կառոյցին հետ եւ անկէ խնդրեց,  որ ...

Անհամբեր Սպասուած Ամիսը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան Եւ Սփիւռք

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այսօր հայ քաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունի այն մօտեցումը, որ` «Հայրենիքը հեռուէն կարելի չէ սիրել»: Այս խօսքերը եւ նոյնանման արտայայտութիւններ ուղղակի սփիւռքի կազմակերպութիւններուն ուղղուած քննադատական սլաքներ են, որոնք անպակաս կը մնան այսօրուան հայ քաղաքական գործիչներու բերաններէն: Այս երեւոյթը աւելի եւս զարգացած է այս քանի մը տարուան ընթացքին, որովհետեւ հայկական սփիւռքը աչքերնուն  փուշ նկատելով` անոնք իրենց քաղաքական բոլոր...

Մարդիկ Գո՞հ Են Իրենց Աշխատանքէն Եւ Վճարումէն

Մարդիկ Գո՞հ Են Իրենց Աշխատանքէն Եւ Վճարումէն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հարցը միշտ հրատապ եղած է, սակայն արագ զարգացող արհեստագիտութիւններու այս ժամանակաշրջանին աւելի սուր բնոյթ ստացած է: «Պի.Պի.Սի.» անդրադարձած է այս երեւոյթին: Ն. Պաշտօնեաները աշխատատեղիին մէջ մտապէս կ՛անջատուին, եւ միայն գործատէրերը կրնան այդ երեւոյթը դադրեցնել Վատթարացող աշխատանքային շուկային մէջ բազմաթիւ պաշտօնեաներ մնացած են իրենց համար տհաճ աշխատատեղերու մէջ: Անոնք մտապէս կ՛անջատուին, եւ ընկերութիւնները մեծ դեր ունին խնդիրի լուծման գործին...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Դ.-

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Դ.-

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Վերադառնանք Հողին: Սիամանթոյի գրչին տակ Հողը կ՛ուզէ, որ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ գոյանայ իր ցանուցիր զաւակներուն միջեւ: Կը սրտապնդէ զանոնք, կը յուսադրէ: Ան կը պահանջէ, որ բոլո՜րը, բոլո՛րը միանան պայքարի գումարտակներուն, այլապէս ամոլները պիտի այրիանան, նորածինները իրենց խանձարուրներուն մէջ իսկ պիտի խեղդուին, դիակները պիտի յօշոտուին, տաճարները պիտի քանդուին ու այգեստանները պիտի մոխրանան... Ուրեմն պէտք է աճապարել` «Նիզակները ցցած ու կուրծքերը բացած»,...

Կատաղութեան Հիւանդութեան (Rabies) Ժահրը Յայտնաբերած Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան

Կատաղութեան Հիւանդութեան (Rabies) Ժահրը Յայտնաբերած Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան

Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան ծնած է 29 յուլիս 1872-ին, Պոլիս: Երկրորդական ուսումը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, 1886-91: Պատանեկան տարիներուն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գիտութեան հանդէպ ու երազած է դառնալ գիւտարար անուանի գիտնական: 1892-93 տարիներուն ուսանած է Ֆրանսայի Մոնփելիէ քաղաքի բժշկական համալսարանին մէջ: 1893-96 ուսանած է Փարիզի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ ստացած է բժշկական վկայական: 1896-1902 աշխատած...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Պիոս Թ.՝ «Անարատ Յղութեան» Եւ «Պապական Անսխալականութեան» Վարդապետական Դոգմաները Եւ Հայ Եկեղեցին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ  «Բուսաւ յԱննայէ մորենին Մարիամ, յոր վառեցաւ հուրն Աստուածային. Զոր ետես Մովսէս զօրինակ Կուսին ի Սինա լցեալ լուսովն անմատոյց Փառս տացուք Տուողին մեզ զօրհնեալն ի կանայս: Գառինքն օրինականքն Յովակիմ եւ Աննա՝ ետուն մեզ զգեղմն ընդունիչ զցօղն երկնային. Յորմէ հոսեաց անձրեւն կենաց եւ բղխեաց աշխարհի աղբիւրն իմաստից. Փառս տացուք Տուողին մեզ զօրհնեալն ի կանայս»: (Շարական Ծննդեան Ս. Աստուածածնի) Սարգիս Պիծակ, 1365-ի եւ 1374-ի միջեւ,New York...

Երկիւղածութիւն Խաչեալին Եւ Յարգանք Սրբութեանց Հանդէպ

Երկիւղածութիւն Խաչեալին Եւ Յարգանք Սրբութեանց Հանդէպ

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆ Սեպտեմբեր ամսուան առաջին այս օրերուն դարձեալ փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ հասնելու այս ամսուան, եւ թող լուսաւորուին բոլոր հոգիները անոնց, որոնք առյաւէտ բաժնուեցան երկրաւոր այս կեանքէն: Սեպտեմբեր ամիսը, ինչպէս գիտենք, կը յատկանշուի կրթական դարբնոցներու վերաբացումով եւ ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկով, Խաչվերացի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներով: Մինչեւ Քրիստոսի խաչելութիւնը խաչը պատժամիջոց էր` յանցագործները պատժելու...

Բանակումները Եւ Մենք

Բանակումները Եւ Մենք

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Դիմատետրի մէջ անցնող օրերուն կը տողանցէին աշխարհասփիւռ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարեկան բանակումներու նկարները, վիտէոներն ու ռիլերը: Ամէն ոք այդ միութիւններէն նուազագոյնը մէկուն հետ անցեալին հաւանաբար իր բաժին մասնակցութիւնն ու յիշատակները ունի, որոնք կամայ-ակամայ ազդած են իր ինքնութեան ու բնաւորութեան կազմաւորման վրայ եւ դարձած` կարեւորագոյն մէկ բաժինը իր հայկական միջավայրի հաւաքական կեանքին: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի տարեկան բանակում` «Համաչափ աշխատանքով,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ SOS ARTSAKH Հանրահաւաքներ` Տարբեր Երկիրներու Մէջ  Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով` առ ի զորակցութիւն շրջափակուած Արցախի, աշխարհի 16 երկիրներու մէջ սեպտեմբերի առաջին օրերուն տեղի ունեցան «SOS Artsakh» խորագիրով հանրահաւաքներ եւ բողոքի ցոյցեր: Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը երկիրներու նախաձեռնութիւնները:  Զուիցերիա Վերջերս զուիցերիահայ նկարիչ Միշա Պատասեան կազմակերպեց «Դադրեցուցէ՛ք շրջափակումը, բացէք ճանապարհը» խորագիրը կրող բողոքի ցոյց Արցախի շրջափակման մասին: Ան...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական.   Ոտքի` Յանուն Արցախի Հողերու Կենսագործման

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Ոտքի` Յանուն Արցախի Հողերու Կենսագործման

Շրջափակումի ահաւոր պայմաններուն մէջ, երբ ազրպէյճանական լկտիացումը հասած է իր գագաթնակէտին` պատճառելով մարդասիրական աղէտ, ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան եզրին բերած ըլլալով, Արցախի մարտնչող հայը կը պատրաստուի նշել իր անկախութեան հռչակման տարեդարձը` արեամբ ոռոգուած սուրբ հողերուն վրայ: 2 սեպտեմբեր 1991 թուականը անկիւնադարձային հանգրուան մը եղաւ հայոց նորանոր ազատագրական պայքարի հունին ընթացքին` Արցախի ժողովուրդին շնորհելով պետականութեան կազմաւորման եւ պետական սեփական իշխանութեամբ ապրելու...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

Շտապողական Ու Զգացական Քայլ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միջազգային քրէական դատարանը 17 մարտ 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալման հրաման տուաւ: 24 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը կը համապատասխանէ երկրի սահմանադրութեան: 21 յուլիս 2023-ին Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Եուրի Վորոպիով յայտարարեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները պէտք է ուսումնասիրեն երկրի Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակին միանալու հետեւանքները եւ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  «Եղէք Արցախի Կողքին, Արցախը Ունի Բոլորիս Կարիքը». ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղ ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները հետեւեալ ուղերձը յղեցին շրջափակուած Արցախէն. «Բարե՛ւ աշխարհ, ես հայ սկաուտ եմ, ես հայ եմ: Մենք ՀՄԸՄ-ի Արցախի սկաուտներն ենք, մենք հայ ենք: «Արդէն մօտ 9 ամիս է, որ մենք գտնւում ենք շրջափակման մէջ, չունենք բնական ապրելու եւ արարելու նուազագոյն պայմաններ, չունենք սնունդ, դեղորայք, վառելիք...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեգործական Ընկերութիւնները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեգործական Ընկերութիւնները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի մէջ կրթական, մշակութային եւ բարեգործական շարք մը ընկերութիւններ հիմնուեցան, որոնք բոլորանուէր գործունէութիւն ծաւալեցին, դպրոցներ բացին, գիրքեր հրատարակեցին, դասընթացքներ կազմակերպեցին եւ աշակերտներու օժանդակութիւններ տրամադրեցին ու թատերական ներկայացումներու ձեռնարկեցին: Կատարուեցան նաեւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ: * * * Դպրոցասէր հայուհեաց ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1864-ին, Շուշիի մէջ, Պետրոս Շանշեանի եւ Պերճ Պռոշեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ստեփանոս արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ: Ընկերութեան անդամագրուեցան աւելի քան քառասուն կանայք:...

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի Նիստը․ Տեսական Հնարաւորութիւններ Եւ Առկայ Իրողութիւն

Արցախեան Հիմնախնդրի Ներկայ Հանգրուանի Շարունակական Միջազգայնացման Հրամայականը․ «Քաղաքական Ապաշրջափակում»

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մինչպատերազմեայ Ժամանակաշրջան (Մինչեւ 2020) Արցախեան հակամարտութեան սկզբնական շրջանից սկսած՝ Ազրպէյճանը հետապնդել է Արցախի ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ քաղաքական եւ տեղեկատուական մեկուսացում՝ մշտապէս փորձելով հիմնախնդիրը ներկայացնել իբրեւ Ազրպէյճանի ներքին գործ։ Մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը ազրպէյճանական այս քաղաքականութեանը հայկական կողմից հակազդեցութիւնը ներառում էր բոլորովին այլ գործիքակազմ։ Միջազգային լսարաններում Արցախի վերաբերեալ առարկայական տեղեկատուութեան հանրահռչակմանը զուգահեռ, էական աշխատանք կատարուեց նաեւ Արցախի...

Արցախի Կողքին Է Զանազան Հանգրուաններու Գոյակռիւներ Շահած, Միաւորուած Եւ Միասնական Լիբանանահայութիւնը*

Արցախի Կողքին Է Զանազան Հանգրուաններու Գոյակռիւներ Շահած, Միաւորուած Եւ Միասնական Լիբանանահայութիւնը*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Այս օրերուն, աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան Արցախի զօրակցութեան տարբեր հաւաքներ, ցոյցեր, դեսպանատուներու այցելութիւններ եւ յուշագրերու յանձնումներ: Հայութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը բախէ դռներ, կ՛արձանագրէ բողոքներ, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի արդէն 9-րդ ամիսը թեւակոխած պաշարուած, շրջափակուած Արցախին: Թող թոյլ տրուի, սակայն, արձանագրել, որ տարբեր երկիրներու մէջ ծայր առած հաւաքներուն մէջ եզակի՛ է լիբանանահայութեան նախաձեռնածը` իր բնոյթով,...

Սթափելու Ժամանակը

Սեպտեմբերի Երկուքը` Նոր Դարձակէտ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին առիթը համահայկական զօրաշարժի առիթ հանդիսացաւ: Աւելի քան երկու տասնեակ վայրերու մէջ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքեան գաղութներ, հայերը մեծաթիւ հաւաքուեցան, բողոքեցին ու պահանջներ ներկայացուցին: Անմիջական շարժառիթը` Արցախի շրջափակումը եւ Լաչինի միջանցքի փակ մնալը, բնականաբար լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուց, սակայն պէտք չէ մոռնալ ինը ամիսներէ ի վեր շարունակուող ակներեւ անարդարութեան քաղաքական շարժառիթը: Ազրպէյճան վճռած...

Page 240 of 1111 1 … 239 240 241 … 1,111

Արխիւներ