Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Եղէք Արցախի Կողքին, Արցախը Ունի Բոլորիս Կարիքը». ՀՄԸՄ–ի Արցախի Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները հետեւեալ ուղերձը յղեցին շրջափակուած Արցախէն.
«Բարե՛ւ աշխարհ, ես հայ սկաուտ եմ, ես հայ եմ: Մենք ՀՄԸՄ-ի Արցախի սկաուտներն ենք, մենք հայ ենք:
«Արդէն մօտ 9 ամիս է, որ մենք գտնւում ենք շրջափակման մէջ, չունենք բնական ապրելու եւ արարելու նուազագոյն պայմաններ, չունենք սնունդ, դեղորայք, վառելիք եւ դրանցից բխող ամէն ինչ:
«Բայց կրկնում եմ` մենք հայ ենք, ազգ, որ յանձնուել չգիտի, որ` դարեր շարունակ պայքարում է սեփական հողում ապրելու համար, որ` ունեցել է բազում նուաճումներ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ` անկումներ:
«Դիմում ենք ձեզ, համայն հայութիւն, Հայաստան եւ սփիւռք, եղէք Արցախի կողքին, Արցախը ունի բոլորիս կարիքը»:
Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Գորգարուեստի Ընտիր Նմուշներէ Բաղկացած Հաւաքածոյի Ցուցադրութեան
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան սեպտեմբեր 2-ին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Ձայներ հաւաքական անցեալից. 19-րդ դարի հայկական գորգարուեստը. նմուշներ Ճէյմս Թուֆենքեան հաւաքածոյից» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութեան: Ցուցադրութեան կազմակերպիչը Պատմութեան թանգարանն է` «Թուֆենքեան գորգեր» ընկերութեան հետ գործակցութեամբ: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ճէյմս Թուֆենքեան: Ձեռնարկը մեկնարկեց Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով շնորհաւորանքով եւ լռութեան վայրկեանով` ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան շնորհաւորեց ներկաները` նախագիծը իրականութիւն դառնալուն առիթով: «Պետութիւնը միշտ կարեւոր կը նկատէ այսպիսի համագործակցութիւնները, եւ ես կը յուսամ, որ այս համագործակցութեամբ մեր կապը չ՛աւարտիր: Հայկական գորգերու ներկայացումը կարեւոր խթան է նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման առումով. Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկները շատ կը հարցնեն գորգերու մասին. անոնք Հայաստան կու գան` նախապէս արդէն մեր երկիրը ճանչնալով իբրեւ գորգագործութեան կարեւոր կեդրոն եւ յայտնի գորգանմուշներ ստեղծած երկիր: Այս ծիրին մէջ այս ո՛չ միայն զբօսաշրջութեան եւ այցելուներու համար կարեւոր նախագիծ է, այլեւ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ քաղաքական առումով: Վստահ եմ, որ շատ շատերը պիտի գան այս ցուցահանդէսը դիտելու», ըսաւ Ալֆրետ Քոչարեան: «Ուրախ ենք, որ Հայաստանի մայր թանգարանին մէջ կրնանք յայտարարել կարեւորագոյն համագործակցութեան մը մասին: Ցուցադրութիւնը ընդհանուր առմամբ հետաքրքրական պատգամ մը ունի իր մէջ. մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ներկայացման գաղափարին շուրջ համախմբման խորհուրդ կը պարունակէ իր մէջ այս ցուցահանդէսը: Մայր հայրենիքի մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուի Թուֆենքեանի երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնքը: Հայկական գորգարուեստի ընտիր նմուշներէն բաղկացած այս հաւաքածոն մեզի համար պիտի բացայայտէ մեր հարուստ ժառանգութեան բազմազանութիւնն ու ինքնուրոյն դրսեւորումները», ըսաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը:
Դաւիթ Պօղոսեան շնորհակալութեան խօսք յղեց Ճէյմս Թուֆենքեանին, ցուցադրութեան համադրող Նայիրի Խաչատուրեանին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան` ցուցադրութեան կազմակերպման ընթացքին ցուցաբերած աջակցութեան համար, թանգարանի աշխատակիցներուն` գործադրած ջանքերուն համար: Հաւաքածուին մէջ ընդգրկուած են Արցախ-սիւնիքեան, Լոռիի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայկական պատմական-ազգագրական տարբեր շրջաններու տիպաբանական մօտաւորապէս 30 գորգանմուշներ, մէկ մասը` արձանագիր: «Ես ունէի հաւաքածոն, կրցած էի հաւաքել գորգերը, բայց գաղափար չունէի, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն ցուցադրել: Ցաւօք սրտի, մենք ինքներս դեռ ամբողջութեամբ չենք գիտեր` որու մասին է հայկական գորգը, ինչ տեսք ունի: Այս պէտք է ըլլայ մեր ներդրումը համաշխարհային ժառանգութեան մէջ: Ես շատ երջանիկ կ՛ըլլամ, եթէ այստեղ գան դպրոցական երեխաներ` դիտելու ցուցահանդէսը: Այս գորգերը ունին այն նոյն ճակատագիրը, որ ունեցած են Ցեղասպանութեան ժամանակ գողցուած եւ թրքացած երեխաները. անոնցմէ ոմանք կրցած են իմանալ իրենց ինքնութիւնը եւ փրկուիլ: Այս գորգերն ալ ստեղծուած են հայ կիներու կողմէ, եղած են շատ կարեւոր իրենց տուներուն մէջ, բայց վերջին 150 տարիներուն սփռուած են աշխարհով մէկ, փոխուած են անոնց անունները եւ ազգային պատկանելիութիւնը: Եւ ինծի համար այս գորգերը գտնելն ու Հայաստան բերելը նման է այն նոյն երեխաներուն հայկական ինքնութեան վերադարձնելու աշխատանքին», նշեց Ճէյմս Թուֆենքեան` կարեւոր նկատելով հայկական գորգագործութեան գիտական ուսումնասիրութիւնը:
Հաղորդենք, որ ցուցադրութիւնը հանրութեան համար բաց պիտի մնայ մէկ տարի, որուն ծիրին մէջ նախատեսուած են տարբեր ձեռնարկներ:
Արցախի Կրթական Հաստատութիւններուն Մէջ Հնչեց Նոր Ուսումնական Տարին Ազդարարող Առաջին Զանգը
Սեպտեմբեր 1-ին Հանրապետութեան հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հնչեց նոր ուսումնական տարուան սկիզբը ազդարարող առաջին զանգը:
Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցին մէջ Գիտելիքի ու դպրութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկին սկիզբը հնչեց Արցախի Հանրապետութեան պետական քայլերգը:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ներկաները այս օրուան համար:
«Համոզուած եմ, որ մեր ուսուցիչները ջանք ու եռանդ պիտի չխնայեն` յագեցնելու մեր փոքրիկներուն հոգեւոր ու մտաւոր ծարաւը: 2020 թուականի չարաբաստիկ պատերազմէն ետք, ցաւօք, մենք պարբերաբար կը բախինք նոր մարտահրաւէրներու, որոնք կը ստիպեն ապրիլ եւ արարել արտակարգ պայմաններու մէջ: Շուրջ ինը ամիս տեւող ամբողջական շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ, որ իր անմիջական անդրադարձը ունեցաւ եւ կ՛ունենայ Արցախի Հանրապետութեան գիտական, կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական աշխատանքները պատշաճ կերպով կազմակերպելու եւ իրականացնելու գործին մէջ: Այնուամենայնիւ, նախարարութեան կողմէ գործադրուեցան կարելի բոլոր ջանքերը` մեր մատաղ սերունդի ու երիտասարդութեան կրթութեան իրաւունքը պաշտպանելու եւ անգամ նմանօրինակ ծանր պայմաններու մէջ ուսումնական գործընթացը սկսելու ուղղութեամբ», նշեց Ն. Մկրտչեան:
Դպրոցի տնօրէն Լենա Աւանեսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ դպրոցը սիրով կրկին իր դռները բացաւ առաջին դասարանցիներու եւ բոլոր աշակերտներուն առջեւ` այս անգամ աւելի մեծ յամառութեամբ սկսելով ուսումնական տարին:
«Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այնպէս, ինչպէս մինչեւ օրս աշխատած ենք: Այս ուսումնական տարին պիտի աշխատինք աւելի մեծ եռանդով, յամառութեամբ ու հաստատակամութեամբ», աւելցուց Լ. Աւանեսեան:
Ծնող Աննա Գրիգորեան նշեց, որ իր առաջնեկը այս տարի կը յաճախէ առաջին դասարան: «Շատ յուզուած ենք, միեւնոյն ժամանակ` շատ մտահոգուած: Անկախ ամէն ինչէն` բոլորս հաւատքով լեցուած ենք եւ բոլորիս յոյսը Աստուած է: Բոլորս կ՛երազենք, որ մեր բալիկները խաղաղ երկնքի տակ յաճախեն դպրոց ու լաւ կրթութիւն ստանան, ինչպէս` աշխարհին մէջ ապրող միւս բալիկները», աւելցուց Ա. Գրիգորեան:
Արցախցիները Ամէնօրեայ Իրենց Կեանքով Յամառութեան Դաս Կու Տան Աշխարհին. Ցուցահանդէս` Նուիրուած Արցախի Անկախութեան
Արցախցիները ամէնօրեայ իրենց կեանքով յամառութեան դաս կու տան աշխարհին: Վերջերս կայացաւ ցուցահանդէս` նուիրուած Արցախի անկախութեան 32-ամեակին:
Արցախի անկախութեան 32-ամեակը Երեւանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ նշուեցաւ Արցախ աշխարհի տեսարժան վայրերն ու կեանքը ներկայացնող նկարներու ցուցադրութեամբ:
Ցուցահանդէսին բացումը յայտարարուեցաւ սրբազանին աղօթքով: «Այսօր, իրապէս, Արցախը տկար է, կորսնցուցած է իր դիմադրողականութիւնը, բայց գիտենք, որ մեր հոգին յօժար է, ունի տեսլական, կրնայ տեսնել ապագան եւ ունակ է ճանչնալու հայու ինքնութիւնը», ցուցահանդէսի բացման ընթացքին յայտնեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան վստահեցուց, թէ ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այժմ ստեղծուած դժուար իրավիճակէն արցախցին կը կարողանայ ելք գտնել. «Արդէն երրորդ տարին է, երբ մենք այս կարեւոր օրը կը տօնենք այլ պայմաններու մէջ, երբ գրեթէ ինը ամիս մեր հարիւր քսան հազար հայրենակիցները կը դիմադրեն ծանր ու անտանելի պայմաններուն, եւ ամէնօրեայ իրենց կեանքով յամառութեան դաս կու տան աշխարհի տարբեր անկիւններու մեր հայրենակիցներուն»:
44-օրեայ պատերազմի մասնակից Գոռ Յակոբեանը յորդորեց օր առաջ ինքնակազմակերպուիլ, որպէսզի անկախութեան տօնը նշուի այնպէս, ինչպէս կը նշուէր մինչեւ 2020 թուականի արիւնոտ սեպտեմբերը:
Վարագավանքը Ոչնչացման Եզրին Է, Իսկ Տիգրանակերտի Պատմական Պարիսպները Մնացած Են Բախտի Քմահաճոյքին
Վանի հայկական Վարագավանք վանական համալիրը ամբողջական ոչնչացման եզրին է, կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր»-ը:
Վարագավանքի եկեղեցիներուն մեծ մասը արդէն գոյութիւն չունի: Այն, ինչ որ մնացած է, միայն պատերն են եւ քարերը: Համալիրէն մասամբ պահպանուած մնացած է միայն եկեղեցի մը, որ նոյնպէս փլուզման եզրին է:
Ներկայիս եկեղեցին կը գտնուի գիւղաբնակ 63 տարեկան քիւրտի մը հոգածութեան տակ:
Կը նշուի, որ վանական համալիրը որեւէ իշխանութեան օրօք չէ վերանորոգուած եւ պետութեան կողմէ մատնուած է անտիրութեան:
Միայն Վանի մէջ կան առաւել քան հարիւր եկեղեցիներ, որոնցմէ վերանորոգուած են միայն Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Արտամետի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները:
Նշենք, որ Վարագավանքը կառուցուած է Է. դարուն` պատմական Վասպուրական նահանգի Վան քաղաքի հարաւարեւելեան հատուածին` Վարագայ լերան արեւմտեան լանջին: Նախապէս եղած է Վանի արքեպիսկոպոսին նստավայրը:
Միւս կողմէ` փետրուարին տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժէն տուժած Տիգրանակերտ քաղաքի պատմական պարիսպներուն 30 հատուածներուն մէջ ի յայտ եկած են վնասուածքներ, որոնց մասին իրազեկած է Տիգրանակերտի մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան ընկերակցութիւնը:
Զեկոյցը ներկայացուցած է քարաթափումները, հորիզոնական եւ ուղղահայեաց ճեղքերը, յենարաններու վնասուածքները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, սակայն ցարդ նշուած հատուածներուն մէջ վերականգնումի աշխատանքները չեն սկսած: