Յօդուածներ

«Դադրեցուցէ՛ք Հերթական Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Քիմ Քարտաշեան Դիմած Է Ճօ Պայտընին

«Դադրեցուցէ՛ք Հերթական Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Քիմ Քարտաշեան Դիմած Է Ճօ Պայտընին

- «Դադրեցուցէ՛ք Հերթական Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Քիմ Քարտաշեան Դիմած Է Ճօ Պայտընին - Ռեն Ի Սիուեն. Ընդհանուր Ձգտումներ Ունեցող Մարդոց Համար Չկան Խոչընդոտներ Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քիմ Քարտաշեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ըրած է կանխելու հայերու նոր  ցեղասպանութիւնը: Շարժապատկերի արտադրիչ, դոկտոր Էրիկ Էսրայիլեանի հետ յօդուածին մէջ ան կը գրէ, թէ ժամանակն է, որ Ամերիկան (եւ աշխարհը) քայլեր ձեռնարկէ հայերը Ազրպէյճանէն...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Զ. –

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Զ. –

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» hատորին մէջ տեղ գտած բանաստեղծութեանց վերնագրերն անգամ բարացուցական են, կը մատնեն անոնց բնոյթը. «Աւերումի գիշեր», «Թաղում», «Արիւն», «Անդրշիրիմեան աղաղակ», «Մեռելոցի օր», «Խաւար», «Ծարաւ», «Չարչարանքի երազ», «Հոգեվարքի իրիկուն», «Մահերգ»: Բանաստեղծին «մարմարեայ» կամ «երկաթեայ» ոճը, որուն վարժուած էինք իր նախորդ գիրքերուն միջոցով, զգալիօրէն մեղմացած է հոս, իսկ շանթերն ու արիւնի հեղեղները նուազած են բաւական: Մինչեւ իսկ...

Սան Սթեֆանոն Եւ Պերլինը` Նաեւ Այսօր

Սան Սթեֆանոն Եւ Պերլինը` Նաեւ Այսօր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստան միակ երկիրը չէ, որուն շահերն ու ապահովութիւնը յաճախ խաղալիք դարձած են հզօր պետութիւններու ծրագիրներուն խաչաձեւման, անոնց միչեւ բախումին: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, այսինքն` մեր ժողովուրդի մարդկային եւ քաղաքական իրաւունքներու վերականգնումի պայքարի զարթօնքէն ասդին, Հայաստան, անկախ հանրապետութեան հռչակումէն առաջ եւ ետք, դառն փորձառութիւններ ապրած է այս իմաստով: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ մեր ժողովուրդը, այսինքն` քաղաքական ղեկավարութիւնը, ինքզինք...

«Արա Խաչատուրեանի Թիավարութիւնն Ի Լիբանան» Եւ Աւելին…

«Արա Խաչատուրեանի Թիավարութիւնն Ի Լիբանան» Եւ Աւելին…

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Լոյս աշխարհ եկաւ Լիբանանի Պէյրութ քաղաքին մէջ 1964 թուականին` յարկին տակ ընտանիքի մը, ուր ան անկայունութենէ եւ ապահովութեան պակասէ կը տառապէր: Աշակերտականի իր առաջին քայլերն առաւ ու գիրերը գրեց ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան դպրոցին մէջ` անդամակցելով եւ վառվռուն անդամ մը դառնալով նաեւ ՀԵԸ-ի սկաուտութեան: Վերջինիս մէջ աւելի ներկայութիւն էր, քան` առաջինին: Տարածաշրջանին մէջ այդ թուականներուն հոս ու հոն պատերազմ մը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՀ Մարդասիրական Ականազերծման 12-րդ Խումբը Հալէպի Հանտարաթ Շրջանին Մէջ  Տեղական Իշխանութիւններուն Յանձնեց 135 Հազար Քառ. Մ Ականազերծուած Տարածք Հալէպի մէջ ՀՀ մարդասիրական ականազերծման հերթական 12-րդ խումբի աշխատանքը կեդրոնացած էր Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հանտարաթ բանակավայրին մէջ: Հայրենի սակրաւորներու կողմէ 2023-ի մարտէն օգոստոս ամիսներուն իրականացած ականազերծման աշխատանքէն ետք մաքրուած տարածքը յանձնուեցաւ Հալէպի տեղական իշխանութեան: Այս բովանդակութեամբ յանձնումի եւ ստանձնումի...

«Ուզեցի Մեր Ժողովուրդի Անծայրածիր Պատմութիւնը Եւ Կենցաղը, Փոքր Մէկ Մասը Հաւանաբար Պատմել Իմ Վրձինովս», Նշան Տէր Գալուստեան

«Ուզեցի Մեր Ժողովուրդի Անծայրածիր Պատմութիւնը Եւ Կենցաղը, Փոքր Մէկ Մասը Հաւանաբար Պատմել Իմ Վրձինովս», Նշան Տէր Գալուստեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Մուսա Լերան արմատներով  յայտնի նկարիչ Նշան Տէր Գալուստեանի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնակատարութեան առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան: Ան ծնած է Պէյրութ եւ իր պատանեկութիւնը անցուցած է Այնճարի մէջ: Ան արդէն իսկ փոքր տարիքէն ցուցաբերած է սէր արուեստի հանդէպ եւ...

Հայաստան-Սփիւռք Երիտասարդական Յարաբերութիւններ

Հայաստան-Սփիւռք Երիտասարդական Յարաբերութիւններ

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Դոկտոր, միջազգային օրէնքի ու մարդկային իրաւանց մասնագէտ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրին մէջ միշտ չէ, որ երիտասարդական յարաբերութիւնները համապատասխան ու արժանի ուշադրութեան եւ վերլուծութեան կ՛արժանանան: Սոյն յօդուածը լուսարձակի տակ կը փորձէ առնել Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդութեանց փոխյարաբերութիւններու ընդհանուր պարունակը, ներկայ իրավիճակը, մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները` նպատակ ունենալով հայ ազգի այս երկու կենսական բաղադրիչներուն յարաբերութիւնները ամրապնդող առաջարկներ ու գաղափարներ տրամադրել:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժինին Մէջ Բացուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Լսարան Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան լսարանին, ուր ուսանողները կարելիութիւն պիտի ունենան խորապէս ծանօթանալու Սուրիոյ մշակոյթին: Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութիւնը,  Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, մօտ 100 գիրք նուիրեց լսարանին: Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան կարեւոր համարեց այսպիսի լսարանի մը բացումը: Անոր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Հայկական Տպարանները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախ հինէն ի վեր հոգեւոր կեանքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն եղած է, եւ արցախցիք հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած են: Արցախի մէջ հրատարակչութեան եւ պարբերական մամուլի զարգացումը պայմանաւորուած էր Շուշիի արդիւնաբերական, արհեստագործական եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու հանգամանքով: Տնտեսական զարգացումը նպաստեց մշակութային զարթօնքին: Շուշի հայ տպագրութեան կարեւորագոյն օճախ դարձաւ: Հայ գիրքի տպագրութիւնը սկիզբ առած է հայրենիքէն հեռու` Վենետիկի մէջ,...

Ակնարկ.  Արցախի Ապաշրջափակման Համար Ընթացող Հակամարտութիւնը

Մարդասիրական Օգնութեան Հարցը Չի Քաղաքականացուիր, Այլ Ինքնին Քաղաքական Է

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մեծ տէրութիւնները Բերձորի միջանցքի արգելափակման եւ անոր վերաբացման հրամայականին մասին խօսելու ընթացքին անպայման կը խօսին «մարդասիրական այլ ճամբաներու», մասնաւորաբար Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբու բացման մասին: Արցախի մարդասիրական կացութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 16 օգոստոսի նիստի ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտնեց. «Անհրաժեշտ են քայլեր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը թoթափելու համար` մասնաւորաբար, դադրեցնել Լաչինի միջանցքի արգելափակումը...

Սթափելու Ժամանակը

Լաւ Օրերու Սպասումով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրուեցաւ Սամուէլ Շահրամանեան, որ տասը օր առաջ հրաժարականի պատրաստուող նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ նշանակուած էր պետական նախարար` վարչապետը փոխարինող պաշտօն: Սամուէլ Շահրամանեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Արցախի Ազգային ժողովի հինգ խմբակցութիւններէն չորսը: Հինգերորդը` Սամուէլ Պապայեանի Միասնական հայրենիք կուսակցութիւնը, որ 33 պատգամաւոր հաշուող խորհրդարանին մէջ ունի ինը պատգամաւոր, առաջադրեց իր ղեկավարին թեկնածութիւնը: Թեկնածութիւնը մերժուեցաւ, որովհետեւ Սամուէլ...

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ  Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական  Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

Դիմադրող Հակահոսանքի Ձեւաւորման Արժէքային Հիմքերը

ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Երիտասարդական Հարցերու Պատասխանատու Ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի հայութիւնը, արցախահայութեան կը սպառնայ ցեղասպանութեան վտանգ, Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւնները մոլեգնաբար կը կործանեն հայկական պետականութիւնը եւ ազգային ինքնութեան հիմնասիւները: Իշխող վարչախումբը միտումնաւոր կերպով պարտուողականութիւն, անտարբերութիւն, պառակտուածութիւն եւ անզօրութիւն կը տարածէ հայութեան լայն խաւերուն մէջ: Հայ ժողովուրդը բնաջնջել ուզող թշնամիներուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատելու անիրատեսական քաղաքականութեան անուան տակ Հայաստանը թրքական վիլայէթի վերածելու առաջին...

Ծրագրենք Ու Գործենք Այնպէս, Որ Նոր Սերունդը Տենչայ Եւ Որոշէ Ապրիլ Ազգային Կեանքով, Համազգայինի Ոգիով, Համազգային Տեսլականով

Ծրագրենք Ու Գործենք Այնպէս, Որ Նոր Սերունդը Տենչայ Եւ Որոշէ Ապրիլ Ազգային Կեանքով, Համազգայինի Ոգիով, Համազգային Տեսլականով

Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի 95-Ամեակի Նշում ՇԱՂԻԿ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ Մարդկային կեանքի ընթացքին, տարիներու թաւալումը, անձկալի տխրութիւն առթելու փոխարէն, յարմար պատեհութիւն պէտք է հանդիսանայ` քննելու անցածին արժէքը, պատահածներուն բերած նպաստը, փորձառութիւններու հարստութիւնն ու անոնցմէ բխող իրագործումները, որոշիչ դեր խաղացած մարդոց, գործօններու եւ կառոյցներու բացած կենսուղիներն ու անոնց ունեցած ազդեցութիւնը, ապրուած իւրաքանչիւր հանգրուանի եւ միջավայրի ներդրումը` անհատական ինքնութեան եւ հաւաքական...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Ե.-

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Ե.-

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Քիչ Մը Կազդոյր Եւ... Սրտի Տրոփումներ Լէյզենի բուժարանին մէջ կը շարունակուէր Սիամանթոյի դարմանումը: Վայրը լեռնային էր ու անտառապատ, գեղատեսիլ ու ծաղկառատ: Բանաստեղծը ի գործ կը դնէր իր ամբողջ կամքն ու ճիգը` վրայէն թօթափելու համար թոքախտի հետքերը: Ան բուժարանին մէջ տեւաբար բանտարկուած չէր մնար անշուշտ: Ամէն պատեհ առիթով կ՛ուղեւորուէր դէպի Լոզան ու Ժընեւ` ընկերներու եւ բարեկամներու հանդիպելու համար: Այդ...

Հայկական Ամերիկան

Հայկական Ամերիկան

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Չորս դիս Երեւանեան պլպլակ կը փնտռեմ... «Կլենտէլում» ենք, իւրաքանչիւր քայլափոխ հայերէն կը բուրէ... կարգ մը փողոցներու անունները, վաճառատուներու հայերէն ցուցանակները, սրճարաններու եւ ճաշարաններու կերակրատեսակները, անցորդներու զրոյցը, թանկարժէք ինքնաշարժներու շրջագայութիւնն ու սեւազգեստ  երիտասարդներու պոռչտուքները: Հանրայայտ վաճառանիշով հանրախանութներու ոչ միայն յաճախորդները, այլեւ վաճառողներն ու սպասարկողները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ արեւելահայերէն կը խօսին: Արտագաղթը, այլ խօսքով` հայրենաթափումի աւազանը հոս է ու կը շարունակուի:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ահազանգերը` Դարձեալ «Ջուրի Ձայն»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախէն մինչեւ Հայաստան իրերայաջորդ ահազանգերը օր-աւուր կ՛ահագնանան, աճող հնչեղութեամբ կը տարածուին վտանգ նախատեսող մեկնաբանութիւնները, սակայն Երեւանի իշխանաւորներուն համար այս բոլորը դարձեալ կը մնան «ջուրի ձայն»: Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ ազերիական յարձակումներն ու կրակոցները դարձած են սովորական: Պատկերասփիւռի կայանի մը լրագրողը կապ հաստատեր էր սահմանային գիւղի մէկ բնակիչին հետ, իմանալէ ետք, թէ դարձեալ քանի մը ժամ տեւողութեամբ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Ա.

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Խորհրդակցական հաւաք-հանդիպումի մը ներկայացնելու աշխատանքով փորձեցի տեղեկութիւններ կեդրոնացնել  եւրոպական երկիրներու հայկական համայնքներու մասին: Դժբախտաբար աշխատանքիս արդիւնքը խորքային չեղաւ, անկատար մնաց եւ չանցաւ մակերեսայինի սահմանը: Այսուհանդերձ, յաջորդաբար մամուլով հրատարակութեան կու տամ զայն` կարծելով, որ անտեղեակներ գէթ գաղափար մը կը կազմեն անոնց  մասին: (Յատուկ կապեր չունենալուս` չեմ ներառած Ռուսիան, Ուքրանիան, Պալթեան երկիրները, նաեւ` Կովկասի հանրապետութիւնները): 1.- Շուէտ.- Հայութեան թիւը կը...

Ամէն Մի Հայ Հայաստան Է… (Խորը Մտածում Այս Օրերի Համար)

Ղարաբաղը Ականատեսի Վկայութեամբ` Անցեալ Դարի Երկրորդ Կէսին

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ 1975 թուականին Հայաստանի Ռադիոյի ժողգործիքների համոյթի փոքր կազմը երեք մենակատարների հետ միասին, իմ ղեկավարութեամբ, երկու համերգի համար մեկնեց Ազրպէյճան: Առաջին համերգը կայանալու էր Շուշիում, երկրորդը` Պաքուի մէջ: Կէս գիշեր էր, երբ տառապալից վիճակով հասանք 19-րդ դարի երկրորդ կէսի եւ 20-րդ դարի առաջին տասնամեակին լաւագոյնս ճանաչուած, հայ մշակոյթի կենտրոն համարուող, փոքր Փարիզ անունով յայտնի Շուշի: 1920 թուականին Ազրպէյճանի կողմից...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Մենք Եւ Այս Աշխարհը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մենք եւ այս աշխարհը: Բայց անպայման... ՄԵ՛ՆՔ: Անկեղծօրէն յաճախ այս մասին երկար կը մտածեմ: Անոր համար այսօր պահանջը զգացի արտայայտուելու: Մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Չեմ փորձեր, ոչ ալ կը ցանկամ գրիչս լալկան վազքի մը մէջ նետել: Նաեւ չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս յանկարծ ներքին ձայն...

«Ո՞վ Չի Սիրեր Պէյրութը»

«Այս Դպրոցը Կրկին Պիտի Բանաք…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Նիկոսիա, Կիպրոս: Օգոստոս ամսուան կիրակի օրերէն մէկն էր: Եղանակը` շատ տաք... Կիպրոսի մէջ ամրան տօթէն փախչելու համար անհրաժեշտ է կա՛մ ծով ուղղուիլ, կա՛մ ալ` գիւղական շրջանները, որպէսզի զովանաս: Կիպրոսի գիւղերը նոյնքան գեղեցիկ են, որքան` ծովեզերեայ շրջանները: Եթէ այս երկու կարելիութիւններէն մէկուն չընդառաջես, երեւի այդ պարագային պէտք է մտածել այլ ելքի մը մասին: Արտան` կողակիցս, եւ ես այդ...

Page 239 of 1111 1 … 238 239 240 … 1,111

Արխիւներ