ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Շուշիի մէջ կրթական, մշակութային եւ բարեգործական շարք մը ընկերութիւններ հիմնուեցան, որոնք բոլորանուէր գործունէութիւն ծաւալեցին, դպրոցներ բացին, գիրքեր հրատարակեցին, դասընթացքներ կազմակերպեցին եւ աշակերտներու օժանդակութիւններ տրամադրեցին ու թատերական ներկայացումներու ձեռնարկեցին: Կատարուեցան նաեւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ:
* * *
Դպրոցասէր հայուհեաց ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1864-ին, Շուշիի մէջ, Պետրոս Շանշեանի եւ Պերճ Պռոշեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ստեփանոս արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ: Ընկերութեան անդամագրուեցան աւելի քան քառասուն կանայք:
Ընկերութեան նպատակն էր իգական սեռի դպրոցներ հիմնել եւ զարկ տալ աղջիկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան:
Ընկերութեան եւ յատկապէս Համբարձում ու Մարիամ Հախումեաններու նախաձեռնութեամբ Շուշիի եւ Վարանդայի ու Դիզակի գիւղերուն մէջ օրիորդաց դպրոցներ բացուեցան:
Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս Մուրատեան հանգամանօրէն նկարագրած է կիներու գործունէութիւնը, նշելով որ քառասուն ազնիւ կիներէն իւրաքանչիւրը մէկ աղջիկ որդեգրած է` հագուստի, ուսման եւ մնացեալ անհրաժեշտ ծախսերը հոգալու համար:
Թեմակալ առաջնորդ Ստեփանոս արքեպիսկոպոս իր կարգին երկու աղջիկ` Անուշ Ռաֆայէլեան եւ Մինա Ալեքսանեան, որդեգրեց:
Համբարձում եւ Մարիամ Հախումեաններ իրենց հինգ սենեակէ բաղկացած ընդարձակ տունը իբրեւ վարժարան աղջիկներու տրամադրութեան տակ դրին:
Մարիամ Հախումեան, որ Մելիք Շահնազարեաններու գերդաստանէն էր, իր տան մէջ եօթը կարիքաւոր աղջիկներ կը դաստիարակէր:
Դպրոցասէր հայուհեաց ընկերութեան անդամուհիներ Մարգարիտ Մելիք Շահնազարեանց, Հռիփսիմէ Օհանեանց, Աննա Զուրաբեանց, Եղիսաբէթ Հասան Ջալալեանց եւ Մանուշակ Խանդամիրեանց բարեգործական բոլորանուէր աշխատանքներու լծուած էին: Անոնց անմիջական մասնակցութեամբ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրուէր գաւառներու դպրոցներուն եւ կարիքաւոր աշակերտութեան: Անոնք նաեւ կը նպաստէին դասագիրքերու տպագրութեան ու տարածման եւ դասախօսութիւններ ու միջոցառումներ կը կազմակերպէին:
* * *
Շուշիի մշակութային միութիւնը հիմնուեցաւ 1869-ին, գեղանկարչուհի Մարգարիտ Ալեքսանեանի նախաձեռնութեամբ:
Մշակութային գործունէութիւն ծաւալեց գլխաւորաբար արուեստի բնագաւառէն ներս:
Մարգարիտ Ալեքսանեանի նախասիրութիւնը կ՛երթար ձեռագործութեան: Ան հրապուրուած էր հայ եկեղեցւոյ ծիսական եւ յատկապէս Տաթեւի վանքին մէջ պահուող հին զգեստներով: Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի զգեստէն եւս հոն կը պահուէր: Իւրայատուկ էր յատկապէս սուրբին ուրարը:
Մարգարիտ սկսաւ ասեղնագործութեամբ զբաղիլ: Ան միութեան անդամներուն նախաձեռնութեամբ բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ հաւաքեց եւ Շուշիի թեմական դպրոցին կից նկարչական արհեստանոց բացաւ: Արուեստանոցի սաներէն Ստեփան Աղաջանեան եւ Միքայէլ Արուտչեան հետագային արուեստի վաստակաւոր գործիչներ դարձան:
Շուշիի մշակութային միութիւնը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէր դպրոցներուն եւ գեղարուեստական գրականութեան հրատարակութեան:
* * *
Հասարակական գործիչ Համբարձում Առաքելեանի նախաձեռնութեամբ 1880-ին Շուշիի մէջ հիմնուեցաւ Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան անդրանիկ ճիւղը:
Առաքելեան, «Ղարաբաղի հայոց հոգեւոր թեմական դպրանոցի 75-ամեակը» գիրքին «Իմ յիշողութիւնները» գլուխին տակ կը նշէ. «1880 թ. դեկտեմբերին հիմնեցի Շուշում Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան անդրանիկ ճիւղը, որը նոր էր բացել իր գործունէութիւնը Թիֆլիսում»:
Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան Շուշիի ճիւղի վարչութեան նախագահը եւ միաժամանակ գանձապահն ու քարտուղարը Լէոն էր: Այնուհետեւ նախագահ դարձաւ գնդապետ Իվան Քալանթարեան, փոխ նախագահ` բժիշկ Մարգար Առստամեան:
Այս մասին Առստամեան կը գրէ. «1881 թուի դեկտեմբերի 23-ի դրութեամբ Ղարաբաղի թեմի առաջնորդ Անդրէաս արքեպիսկոպոսը հաղորդում է Խորհրդին թէ թեմական դպրոցի տեսուչ Համբարձում Առաքելեանը, գտնելով 26 անդամներ, ընդհանուր ժողովի է հրաւիրել նրանց եւ դեկտեմբերի 22-ին այդ ժողովը բաղկացած 19 անդամներից, ընտրել է իրան»:
Ընկերութեան հիմնական գործունէութիւնը սկսաւ 1882-ի աշնան. անդամներուն թիւը տարուէ տարի բազմացաւ եւ 1889-ին հասաւ 160 հոգիի: Գործօն անդամներ էին Դաւիթ Ադամեան, Ջաւադ իշխանեան, Սահակ Թադեւոսեան եւ Համբարձում Առաքելեան:
Ընկերութեան անդամները մանկավարժական եւ հրատարակչական գործունէութիւն ծաւալեցին: Անոնց նիւթական միջոցներով 1881-ին Շուշիի Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանի տպարանէն լոյս տեսաւ Նիկողայոս Տէր Աւետիքեանի «Քնար խօսնակ» գրական ժողովածուն: Ինքնատիպ այդ հրատարակութեան մէջ զետեղուեցան ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործեր` ռուս եւ եւրոպացի հեղինակներէ` Պուշկին, Լերմոնտով, Կէօթէ, Շիլլէր եւ Պայրըն: Ժողովածուին հեղինակը եւ խմբագրական մարմինի անդամները` Համբարձում Առաքելեան, Իվան Քալանթար եւ Մարգար Առստամեան, կիրթ ու զարգացած անձնաւորութիւններ, գործերու ընտրութեան մէջ առաջին հերթին նկատի առած էին անոնց գաղափարական բովանդակութիւնը:
Ընկերութեան անդամներէն Համբարձում Առաքելեանի եւ Սիմոն Հախումեանի նախաձեռնութեամբ 1882-ին հրատարակուեցաւ «Գործ» ամսագիրի առաջին համարը:
Սիմոն Հախումեան 1880-1882-ին դասաւանդած է Շուշիի թեմական եւ օրիորդաց դպրոցներուն մէջ, իսկ 1885-ին դասաւանդած է Թիֆլիսի դպրոցներուն մէջ եւ նաեւ հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով մասնաւոր դասընթացքներ կազմակերպած է: Ան աշխատակցած է նաեւ «Մշակ», «Տարազ», «Արձագանգ» եւ «Մուրճ» պարբերականներուն:
Համբարձում Առաքելեան 1887-ին վարչութեան նախագահ եղաւ եւ բազմաբովանդակ դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ Արցախի տարբեր գիւղերու մէջ: Անոր մանկավարժական աշխուժ գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ յատկապէս Շուշիի թեմական դպրոցի տեսչութեան տարիները` 1881-էն 1882: Նոյն ժամանակ Թեմական դպրոցին մէջ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեցին գիտութեան տարբեր բնագաւառներու ներկայացուցիչներ` Ղազարոս Աղայեան, Ալեքսանդր Յովհաննիսեան, Յակոբ Խոջամիրեան, Նիկողայոս Տէր Աւետիքեան, Իշխան Իշխանեան, Ոսկի Թաւրիզեան եւ Սիմէոն քահանայ Տէր Իսրայէլեան:
Շուշիի մասնաճիւղին տնօրինած միջոցները կը ծախսուէին դպրոցներու բարեկարգման ու գրադարան-ընթերցարան հիմնելու նպատակներուն, ինչպէս նաեւ կարիքաւոր աշակերտներու օգնութիւն տրամադրելով: Դպրոցին համար նիւթական միջոցներ ապահովելու նպատակով հանգանակութիւն կատարուեցաւ: Վարչութեան ջանքերով գրադարան-ընթերցարան բացուեցաւ:
Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան անդամներուն թիւը 1890-ին հասաւ 212-ի:
Շուշեցի խումբ մը երիտասարդներ 1893-ին իրենց հաւաքած գումարներուն մէկ մասը վարչութեան յանձնեցին` գիրքեր, ամսագիրներ եւ պարբերականներ հրատարակելու համար:
Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութիւնը նաեւ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալեց եւ աղէտներու ժամանակ օժանդակութիւն տրամադրեց ժողովուրդին: Այսպէս, 1892-ի ժանտախտի ժամանակ ընկերութիւնը 400 ռուբլիի նպաստ, 275 ռուբլի արժողութեամբ նուէրներ եւ դեղեր բաժնեց Շուշիի եւ Զանգեզուրի գաւառներու բնակչութեան: Նիւթական լայն օժանդակութիւններ տրամադրուեցան նաեւ Արեւմտեան Հայաստանէն Շուշի տեղափոխուածներուն:
* * *
Թատերական ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1890-ական տարիներուն շուշեցի խումբ մը երիտասարդներու կողմէ:
Ընկերութեան սիրողներու խումբը Շուշիի Խանդամիրեան թատրոնի դահլիճին մէջ 1 փետրուար 1897-ին ներկայացուց Ժորժ Օնէի «Դարբնապետ» կատակերգութիւնը:
«Մշակ» պարբերականը կը գրէր. «Սիրողների խումբը, Հայոց բարեգործական ընկերութեան տեղական ճիւղի օգտին, փետրուարի 1-ին, Խանդամիրեանցի թատրօնական դահլիճում, ներկայացրեց Ժորժ Օնէի Դարբնապետ կատակերգութիւնը: Ահա երրորդ տարին է, ինչ Բարեգործական ընկերութեան ժողովը նախահաշուի մէջ մտցնում է մուտքը` արուելիք ներկայացումից…: Այս տարի, ուրախալի է ասել, գլուխ եկաւ ներկայացումը, որին մասնակցեցին մօտ քսան սիրողներ»: Հաւաքուած գումարը կը հաշուէր աւելի քան 300 ռուբլի:
* * *
Թանգարանային եւ հնագիտական ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1896-ին, Շուշիի Թեմական եւ Ռէալական դպրոցներու քանի մը ուսուցիչներու նախաձեռնութեամբ:
Ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն հետ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարեցին Արցախի գիւղերուն մէջ եւ շինութիւններու մնացորդներ, անօթներ, հին դրամներ, զէնքեր, զարդարանքներ, մատանիներ, սափորներ, եկեղեցական մատեաններ, գորգեր, գեղեցիկ մանուածներ եւ զանազան գործիքներ յայտնաբերեցին:
Անոնք նաեւ թեմական դպրոցի եւ ռէալական ուսումնարանի աշակերտներու ուժերով յայտնաբերուած խաչքարերը, արձանագրութիւնները, արցախցիներու արհեստներու, ծիսակատարութիւններու եւ ժողովրդային այլ սովորութիւններու, ազգագրութեան ու պատմութեան վերաբերեալ գտնուած հնութիւնները, ձեռագիր մատեանները, Շուշիի մէջ հրատարակուած պարբերականներու համարները ցուցադրեցին:
* * *
Ռուսական կառավարութեան հայահալած քաղաքականութեան պայմաններուն տակ, 1896-ին հայկական դպրոցները փակուեցան, իսկ Շուշիի մէջ գործող ընկերութիւններուն մշակութային գործունէութիւնը արգիլուեցաւ եւ սահմանափակուեցաւ միայն աղքատախնամ գործերով:
Կառավարութեան թոյլտուութեամբ 1905-ին դպրոցները վերաբացուեցան, իսկ հասարակական ընկերութիւններուն կրթանպաստ գործունէութիւնը վերականգնեցաւ: