ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Վերադառնանք Հողին: Սիամանթոյի գրչին տակ Հողը կ՛ուզէ, որ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ գոյանայ իր ցանուցիր զաւակներուն միջեւ: Կը սրտապնդէ զանոնք, կը յուսադրէ: Ան կը պահանջէ, որ բոլո՜րը, բոլո՛րը միանան պայքարի գումարտակներուն, այլապէս ամոլները պիտի այրիանան, նորածինները իրենց խանձարուրներուն մէջ իսկ պիտի խեղդուին, դիակները պիտի յօշոտուին, տաճարները պիտի քանդուին ու այգեստանները պիտի մոխրանան… Ուրեմն պէտք է աճապարել` «Նիզակները ցցած ու կուրծքերը բացած», առա՛նց վարանելու, «որովհետեւ,- կ՛ըսէ Հողը,- միայն ե՛ս գիտեմ, թէ արիւնի ի՜նչ անագորոյն սահանքներ իմ եօթը խաւերուս աղջամուղջներուն խորը սուզուելով` հաստատութեանս հիմունքները անողորմաբար ողողեցին»…
Սակայն, հակառակ Հողին հնչեցուցած այս ահազանգին, «հազարաւորներ ու Հազարաւորներ դեռ չէին կրցեր իրենց քայլերը վճռել»: Անոնք թափօրով կը հեռանային Հող-Հայրենիքէն: Այսինքն կար զանգուած մը, որ վերապահ էր պայքարի գաղափարին նկատմամբ, հակամէտ էր գլուխ ծռելու թշնամիին անողորմ սուրին առջեւ: Ստրկամտութի՜ւն: Ահա՛ Պատգամաբեր մը, որ խօսքն անոնց ուղղելով` կ՛ըսէ.
Ձեզի եմ, դէպի յե՛տ, դէպի յե՛տ, դէպի յե՛տ արշաւենք,
Մեր թմրութենէն եւ մեր սարսափէն առնաբար սթափելով,
Եւ թող մեր տեղափոխուող ծովի զարհուրանքը թշնամիները խիզախէ,
Թող մեր ակռաները զանոնք յօշոտեն եւ մեր բռունցքները վայրագօրէն հարուածեն.
Թող մեր ձեռքերը ճամբաներու հրաքարերովը զինուին,
Թող մեր քայլերը հնչեն եւ մեր վրէժի եւ քաղցի աղաղակը որոտայ,
Թող մեր կարաւանը մեր յառաջապահ եղբայրները պատնիշէ…
(Հատուածը առած եմ «Զղջումին թափօրը» գլուխէն: Ի դէպ, Վահան Թէքէեանն ալ շատ հաւնած էր այս գլուխը ու` համոզում յայտնած, որ` «Յղացումի եւ արտայայտութեան կրկնակ տեսակէտներէն գլուխ-գործոց մըն է, որ ապագային հայ բանաստեղծութեանց հաւաքածոներուն մէջ իր շքեղ տեղը պիտի գրաւէ» (Տե՛ս «Շիրակ» ամսաթերթ, Աղեքսանդրիա, 1905 մայիս):
Կը տեսնուի, որ Սիամանթօ կը յանձնարարէ իր ժողովուրդին կռուիլ ձեռնտու ամէն միջոցներով, մինչեւ իսկ «ճամբաներու հրաքարերով»… Այս պատկերը մեզի կրնայ յիշեցնել պաղեստինցիներու մերօրեայ դիմադրութիւնը` Այսրյորդանանի գրաւեալ հողերուն վրայ…
Երջանկացա՜ւ Հողը, ի վերջոյ, որովհետեւ`
Հիմա բովանդակ թափօրը վճռական` հորիզոնէ հորիզոն` դէպի Հողը կը խոյանար,
Մինչդեռ ատելութեան եւ սիրոյ եւ զղջումի արցունքները անոնց աչքերէն կը հոսէին…
Այդ տարիներուն մեր յեղափոխական կազմակերպութիւնները որդեգրած էին «տեռոր»-ի գործելաոճը: Մահապատիժով կը սպաննուէին բոլոր անոնք (հայ թէ ոչ հայ), որոնք դաւաճանական արարքի մէջ կը գտնուէին կամ կը վնասէին յեղափոխական գործին: Ուրեմն հրապարակի վրայ կային ահաբեկիչներ (տեռորը գործադրողներ) եւ դաւաճաններ (որոնք տեռորի պիտի ենթարկուէին): «Հայորդիներ»-ու շարքին մէջ մարդկային այս երկու հակադիր խմբաւորումները առանձին քերթուածներով գտած են իրենց տեղը:
Սիամանթոյի համար ահաբեկիչները «Ճշմարտապետութեան ճամբուն վրայ յայտնուած» ու «արդարակշիռ եւ երկաթեղէն անպարտելի ձեռքերով» հերոսներ են, որոնց յանկարծական երեւումը «բոլոր վասակները հողեց եւ մարդակեր ամբոխներ քարացուց»: Ահաբեկիչները «ինքնիշխան եւ գերագոյն դատաւորներն են բոլոր արիւնաբերան բռնապետներուն»: Անոնց «բռունցքին հարուածներուն տակ մատնիչներուն կզակները կը կափկափեն»… («կափկափել» կը նշանակէ ակռաները իրարու զարնել, կրճտացնել):
Իսկ դաւաճաննե՞րը… Բանաստեղծը իր թունաւոր ժահրը կը թափէ անոնց գլխուն եւ կ՛ուզէ զանոնք պատժել ի՛ր իսկ ձեռքերով.
Այսօր, ատելութեամբ` կայծակնահիւս խարազանս ձեռքերուս մէջն ամրապինդ,
Եւ հրաշէկ երկաթներովս, որչա՜փ կ՛ուզէի ձեր դիակներն ե՛ս խարանել, ո՜վ դաւաճաններ…
Ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ խարանել եւ ե՛ս կ՛ուզէի մուրճերուս եւ կռաններուս կատաղութեանցը տակ,
Ձեր ոսկորներն եւ ձեր եղեռնագործի ճղճիմ գանկերն աւազներո՜ւ նման փշրտել…
Ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ գարշապարներուս տակ առնել, ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ մահացնել եւ ե՛ս վերստեղծել,
Ե՛ս կ՛ուզէի զձեզ աստուածաբար հազար անգամ վերստեղծել եւ ե՛ս կ՛ուզէի
զձեզ հազար անգամ գերեզմանել…
Ու տակաւին`
Ա՜հ, մահը գթութիւն է ձեզ համար եւ խարոյկներուն հուրը` մարտիրոսի փա՜ռք,
Ձեր օրրանը ցեխը եղած է եւ ձեր օթեւանը ճահիճներու ժահրը պէտք է ըլլայ,
Աքցաններով ձեր միսը, հիւլէ առ հիւլէ, ժլատօրէն, ժուժկալօրէն պէտք է քերծել,
Եւ տարիներով, կաթիլ-կաթիլ, բաժին հանել, ձեր արիւնէն, նախճիրակեր բորենիներու ծարաւին…
(«Դաւաճաններ»)
*
Իր առաջին երկու քերթողագիրքերը իրենց գաղափարներով ու խոկումներով յստակ պատկերացում մը կու տան արդէն Սիամանթոյի ազգային աշխարհայեացքին մասին: Ինք ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՅՔԱՐԻ կողմնակից է: Կը հաւատայ զէնքի ու բռունցքի ուժին: Կ՛ուզէ, որ խորտակենք բանտերու դռները ու կալանաւորները «յափշտակենք» հոնկէ` յետոյ համբուրելու համար անոնց ճակատները («Բանտերու խորերէն»):
Սակայն, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդը շրջապատող քաղաքական անբարենպաստ պայմանները (Արեւմտահայաստանը` համիտեան բռնակալութեան տակ, Արեւելահայաստանը` ցարական ճնշումներու ենթակայ), բանաստեղծը արդեօ՞ք յոյսեր կը կապէր Եւրոպային…
Ո՛չ, ինք, որ Եւրոպա կ՛ապրէր, կեղծ ու ստապատիր կը նկատէր Արեւմուտքի մերձեցումը հայոց տառապանքին: «Որբերու ճակատագրէն» քերթուածին մէջ ան կը գրէր, որ անոնք` եւրոպական տէրութիւնները կամ անոնց ներկայացուցիչները, «կեղծ ժպիտով, մահաբոյր խոստումով եւ ծածկամիտ նայուածքով» կը մօտենան մեզի, մեր որբուկներուն: Անոնց «բուրվառին մէջ մեր արիւնն էր, որ խունկի փոխան կը ծխար», «իրենց սկիհը մեր արցունքովը լեցուած էր», եւ թէ անոնք` «Քրիստոսին խօսքը ծամածռեցին ստրկութեան օրէնքներն օրհնաբանելով»…
*
Սիամանթոյի առաջին երկու հատորներուն, բայց նաեւ` անոնց յաջորդող հետագայ միւս գործերուն մէջ եւս, առհասարակ, տիրապետող է կարմիր գոյնը: Կոտորա՜ծ, արի՜ւն, վրէժխնդրութի՜ւն, յեղափոխութի՜ւն, զնտաննե՜ր, կախաղաննե՜ր եւ մասամբ նորին: Այս թեման տարե՛րքն է բանաստեղծին, դաշն եւ գոռ մռնչիւններով: Հայութեան անպատմելի տառապանքներն ու ողբերգութիւնները կլանած են զինք ամբողջովին:
Կայ սակայն բանաստեղծութիւն մը «Հայորդիներ»-ու Գ. շարքին մէջ, ուր մեր դիմաց կը կանգնի բոլորովին տարբե՜ր Սիամանթօ մը, հովուերգա՜կ բանաստեղծ մը, որ կարմիրի փոխարէն` անգամի մը համար ընտրած է նարնջագոյնը (ցորեանի դաշտերուն երանգը) ու մեզի կ՛ընծայէ բնութեան ու ստեղծարար աշխատանքի հրաշալի պատկերներ` բոլորովին նորոգեալ բառամթերքով, այնքան նման` Դանիէլ Վարուժանի ապագայ «Հացին երգը»-ին: Այս բանաստեղծութիւնը կը կոչուի «Սովամահ»:
Եօթը էջանի գլուխ մըն է այս: Սիամանթօ իր տողերը կը սկսի ոգեկոչելով` հայրենի դաշտերը, մրգաստաններն ու արօտները, բուրաստաններն ու պտղալից այգիները, հրեղէն արշալոյսը, ջրաղացին ձայնը, ձորէն հոսող գետակները… Կարդա՛նք.
Առուները մամուռներու մետաքսին մէջէն մանկահասակ մերկութիւններու
նման կը հոսին…
Եւ բուխերիկներէն, ատրուշաններու հանգոյն, առաւօտեան ծուխը իր խունկը կը ծխէ:
Մարմարիրան եւ գեղանի հարսեր, կուժը ձեռուընին, աղբիւրներու
ադամանդին կ՛երթան…
Ուրիշներ վարդի թուփին կը մօտենան, սոխակին հետ իրենց նորածին սէրն երգելու:
Յուռթի հունձքերու եւ աւետարանական եւ երջանիկ եղանակն է որ կը ծնի:
Բնութիւնը յղի է եւ երկրագործները իրենց հանճարի ճիգէն եւ պտուղէն գինով`
Դաշտերուն շուրջը կը խռնուին: Գերանդիները ուսերուն վրայ, յոյսերու պէս կը շողան:
Անդաստանը պիտի սկսի: Հունձքերու օրհնութեան արշալոյսն է այսօր:
Ակա՛նջ տուէք բանաստեղծին մաղթանքին, ուր նոյնիսկ զանց չէ առնուած… թշնամին.
Աղօթք մը, բնութեան համար, բարերար բնութեան համար, շրթունքներէն թո՛ղ թռչի,
Թո՛ղ հողը իր բիւրապատիկ ցորեանը պարգեւէ մեզ եւ աշխարհի
չորս ծայրերու մարդկութեան,
Ե՛ւ դրացիին, ե՛ւ բարեկամին, ե՛ւ թշնամիին, ե՛ւ չարին, ե՛ւ անծանօթին…
Ամէն քաղց թող յափրանայ եւ ամէն ծարաւ թող պայծառ ջուրէն իր պապակն յագեցնէ…
Բանաստեղծը կ՛երջանկանա՜յ` ի տես բնութեան արգասաւորումին: Կ՛ոգեւորուի` տեսնելով, որ «հասկերը զիրար կը համբուրեն», «մանգաղները կը շարժին ու ոսկեվառ ծովե՜ր, ծովե՜ր, ծովե՜ր են, որ կը հնձուին», որաները (=ցորենի խուրձ) կը դիզուին իրարու վրայ… Պիտի սկսի կալերու օրհնաբա՜շխ աշխատանքը: Եւ այս բորորը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` «օրէնքը, նպատակը, մաքրութիւնը եւ մեծութիւնը չհասկցուած կեանքին»…
Բայց… այլեւս հունձք չկայ, հնձող չկայ, սերմնացան չկայ, վարելահող չկայ: Անօթի մնացեր են եզները, բուսականութիւնը մեռեր է, աքաղաղն իսկ այլեւս չ՛երգեր: «Արշալոյսն ալ կարծես, ցեղիս արիւնին նման, հողին խորերն է իջեր…», իսկ ջրաղացը «ապարդիւնօրէն թափուր դագաղի մը նման կը դառնայ…»: Նորածինները անօթի են, մայրերու ստինքները` ցամքած:
ՍՈՎ կը տիրէր հայրենի դաշտերուն մէջ…
Հալէպ
(Շար. 4)