Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան Եւ Սփիւռք

Սեպտեմբեր 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Այսօր հայ քաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունի այն մօտեցումը, որ` «Հայրենիքը հեռուէն կարելի չէ սիրել»: Այս խօսքերը եւ նոյնանման արտայայտութիւններ ուղղակի սփիւռքի կազմակերպութիւններուն ուղղուած քննադատական սլաքներ են, որոնք անպակաս կը մնան այսօրուան հայ քաղաքական գործիչներու բերաններէն: Այս երեւոյթը աւելի եւս զարգացած է այս քանի մը տարուան ընթացքին, որովհետեւ հայկական սփիւռքը աչքերնուն  փուշ նկատելով` անոնք իրենց քաղաքական բոլոր ձախողութիւնները կը բեռցնեն անոր ուսերուն: Այս իրողութիւնը նորութիւն մը պէտք չէ ըլլայ ընթերցողին համար` նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան երբեմնի «սփիւռքի նախարարութիւն» կոչուած կառոյցի փակումը, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանով ապրող ու շնչող լաւագոյն տարրերուն հայրենիքի սահմաններէն դուրս վտարուիլը:

Այն անձնաւորութիւնները, որոնք վերոյիշեալ տեսակէտը կ՛ուզեն պաշտպանել, կը դիմեն այն հիմնաւորման, որ կ՛ըսէ, թէ անոնք, որոնք հայրենիքի սահմաններէն դուրս կը բնակին, չեն գիտեր եւ չեն զգար ամէն օր Հայաստանի քաղաքացիին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու պահանջները: Հաւանաբար այս գաղափարը ճիշդ սեպուէր 1800-ական թուականներուն, բայց այսօր, երբ աշխարհը օժտուած է հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդիականացուած ու նորարար ձեւերով, ատիկա կը մնայ կեղծ պատճառաբանութիւն:

Եթէ ուսումնասիրենք աշխարհաքաղաքական լաւ դիրքեր բռնած պետութիւնները, որոնք ներկայիս համաշխարհային հարցերու քննարկման սեղանին կը նստին բարձր աթոռներու վրայ, ապա անպայման կը գտնենք իւրաքանչիւրին հպատակ ընդարձակ սփիւռք մը:

Լաւագոյն քննարկման առարկայ պէտք է ըլլան մեր թշնամիներն ու հակառակորդները, եւ ճիշդ հոնկէ ալ սկսինք: Թուրքիան ունի հսկայական սփիւռք, մեծամասնութեամբ Եւրոպայի, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Այս երկիրներուն մէջ թրքական սփիւռքը կը ծաւալէ բաւական աշխուժ գործունէութիւն, որ կ՛իրագործուի Թուրքիոյ դեսպանատուներուն աջակցութեամբ: Այդ աջակցութիւնը կ՛ըլլայ նիւթական ներդրումով, որպէսզի կառուցուին դպրոցներ, մզկիթներ կամ կեդրոններ, կամ ալ պարզապէս օգտագործելով պետական խողովակները` միջնորդի դեր խաղալով:

Ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը այսքան դրամագլուխ կը տրամադրէ այս սփիւռքին  եւ անոր դերակատարութիւնը բարձրացնելու առումով աշխատանք կը տանի, եթէ իր քաղաքականութեան նպաստ չի բերեր անոր գոյութիւնը: Շատ պարզ է. Թուրքիան արտասահմանի մէջ բնակող այդ թուրքերը կը պահէ իրեն մօտիկ եւ այն վայրկեանին, երբ Եւրոպայէն հակաթրքական քաղաքականութեան նշոյլը նոյնիսկ նշմարէ, ակնթարթային արագութեամբ այդ ամբողջ ժողովուրդը ոտքի կը հանէ, եւ ինչպէս թուրքին մասնագիտութիւնն է, ջարդ ու փշուր, քար ու քանդ կ՛ընէ տուեալ երկիրը:

Եւ ուրեմն Եւրոպայի ղեկավարները, շատ լաւ գիտակցելով այս ներքին ուժին վտանգը, որ ամէն վայրկեան կրնայ շանթահարել ու մոխիրի վերածել իրենց երկիրները, շատ մեծ զգուշութեամբ կը մօտենան այն նիւթերուն, որոնք կը հետաքրքրեն թուրքերը, եւ թրքամէտ քաղաքականութիւն կը վարեն, որպէսզի իրենց երկիրները մնան կանգուն: Ասոր փաստերէն մէկն ալ այն է, որ երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրապարակաւ «Խենթ» կ՛անուանէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, այս վերջինս փոխանակ սաստելու եւ սպառնալու անոր` կը գոհանայ շնորհակալական նամակ մը գրելով:

Էրտողան մատներու արանքով կը խաղայ Եւրոպայի ղեկավարներուն հետ` շնորհիւ իր ընդարձակ սփիւռքին:

Այժմ քննենք աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէնէն աշխուժ, հզօր եւ ազդեցիկ սփիւռքը` հրէական սփիւռքը: Հրեայ ժողովուրդը դարեր շարունակ հայրենիք չունենալուն պատճառով ստեղծեց զօրաւոր սփիւռք մը` նոյնացնելով կրօն ու ազգայնականութիւն եւ կերտելով դրամատիրական շատ ընդարձակ ցանց մը` որ կը գործէ գրեթէ ամէն երկրի մէջ: Իսկ այսօր, քանի մը տասնամեակներու պետութիւնը, որ կը կոչենք Իսրայէլ, արդէն իսկ կը դասուի իբրեւ աշխարհի ամէնէն կարեւոր եւ ազդեցիկ պետութիւններէն մէկը եւ կը մասնակցի աշխարհի վեհաժողովներուն` իբրեւ գերիշխող ուժ:

Այս բոլորը կրնային իրագործուիլ միայն ու միայն սփիւռքեան տարիներու գոյատեւման եւ հանճարեղ կազմակերպութեան շնորհիւ:

Ինչ կը վերաբերի մեր` հայկական աշխարհին, հայկական սփիւռքը, հակառակ մեծամասնութեան մօտ գոյութիւն ունեցող շփոթին, 1915-ի Ցեղասպանութեան պատճառով չէ, որ ստեղծուած ու կազմակերպուած է, այլ անիկա շատոնց ներկայութիւն եղած է: Առաւել, այս սփիւռքը եղած է լայնածաւալ եւ աշխարհով մէկ ծանօթ ուժ: Նոյնիսկ 18-րդ դարուն գերմանացի փիլիսոփայ Էմանուել Քանթ գրած է. «Այս հայերուն մէջ կ՛իշխէ վաճառականութեան զարմանալի ոգի մը. անոնք ներառուած են առեւտուրի մէջ` ճամբորդելով Չինաստանի սահմաններէն Կինէա, ուր կը գտնուի Քրիւզոէի (Crusoé) ապաստանը: Հայը մտացի եւ ճարտարամիտ ժողովուրդ մըն է` իւրայատուկ արմատներով, որ կրնայ փոխադրուիլ հիւսիսէն արեւելք, հարաւէն արեւմուտք` հին աշխարհին մէջ, եւ գտնել իսկական հիւրընկալութիւն որեւէ շրջանի մէջ, ուր կ՛որոշէ կանգ առնել»:

Ուրեմն այս ամէնը տեսնելով` կարելի չէ ըսել, որ սփիւռքը կարեւոր ազդակ մը չի ներկայացներ պետութեան մը հզօրացման աշխատանքին մէջ: Ընդհակառակն, ան կարելի է նկատել արտաքին գործոց նախարարութեան ամենազօր եւ սարսափելի զէնքերէն մէկը, մանաւանդ երբ տրամադրութեանդ տակ ունիս հայկական սփիւռքի նման լաւ կազմակերպուած, հզօր եւ ազգասէր ուժ մը: Կը մնայ միայն անոր գոյութեան ու անոր հետ գործակցութեան հրամայականը ընդունիլ եւ անյապաղ անցնիլ աշխատանքի:

Միայն այսպէս է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կարողանայ ինքզինք փրկել ներկայ անփառունակ վիճակէն եւ վերստին արժանանալ պապենական հողերուն:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք. երրորդութիւն մը` վասն ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի:

 

 

Նախորդը

Մարդիկ Գո՞հ Են Իրենց Աշխատանքէն Եւ Վճարումէն

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?