Սեպտեմբեր ամսուան առաջին այս օրերուն դարձեալ փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ հասնելու այս ամսուան, եւ թող լուսաւորուին բոլոր հոգիները անոնց, որոնք առյաւէտ բաժնուեցան երկրաւոր այս կեանքէն:
Սեպտեմբեր ամիսը, ինչպէս գիտենք, կը յատկանշուի կրթական դարբնոցներու վերաբացումով եւ ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկով, Խաչվերացի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներով:
Մինչեւ Քրիստոսի խաչելութիւնը խաչը պատժամիջոց էր` յանցագործները պատժելու եւ մահատանչ ընելու: Քրիստոսի խաչելութիւնը փոխեց խաչին հանդէպ ժողովուրդին ընկալումը: Խաչը դարձաւ Սուրբ Խաչ, որովհետեւ խաչելութիւնը զուգորդուեցաւ գողգոթայի գաղափարին հետ, չարչարանքին ու տառապանքին: Բայց այդ արհաւիրքը ամբողջ վասն Աստուծոյ էր, վասն հաւատքի եւ խորհրդանիշն էր մարդկութեան մեղքերուն համար կեանքի գնով հատուցելու աստուածային կամքին:
Հետեւաբար խաչը դարձաւ չընկրկելու եւ դէպի լոյս խոյանալու ձգտումի խորհրդանիշը: Խաչը սկզբունքին եւ հաւատքին կառչած մնալն է: Խաչը չարչարանքները յանձն առնելն է` ի խնդիր այդ հաւատքին ու արժէքներուն պահպանման: Երբեմնի պատժամիջոցը դարձաւ պաշտամունքի արժանի խորհրդանիշ: Ահա թէ ինչո՛ւ խաչակնքելը մաս կազմեց մեր եկեղեցական արարողութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ խաչակնքելը նախորդեց եւ եզրափակեց մեր իւրաքանչիւր աղօթքը` առ մեր Երկնաւոր Հայրը:
Սուրբ Խաչի տօնը, սակայն, ունի նաեւ ազգային իմաստ ու խորհուրդ: Հայաստանեայց առաքելական ուղղափառ սուրբ եկեղեցին յատուկ Խաչի տօն նշանակած է Խաչվերացը` իբրեւ մեր գլխաւոր տաղաւարներէն մէկը, իսկ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնով իմաստաւորուած է Քրիստոսի խաչափայտէն բեկորներու գտնւումը հայրենիքին մէջ: Պատմական Հայաստանի Վարագայ վանքը խորհրդանիշն է այդ գիւտին եւ սուրբ խաչի խորհուրդի ազգայնացումին: Մեր ժողովուրդը նաեւ ապրած է ազգային գողգոթա ու խաչելութիւն: Բայց Քրիստոսի հետեւողութեամբ խաչին յաջորդած է անմարմին գերեզմանը, Սուրբ Յարութիւնը` քրիստոնէութեան մեծագոյն խորհուրդը:
Այսօր մեր հաւաքական կեանքին մէջ խաչ բարձրանալու հաւաքական ուխտի անհրաժեշտութեան իսկական կարիքն ու պահանջը ունինք: Դիւրին գործընթացներուն չյանձնուելու հաւաքական կեցուածքը, ազգային ու բարոյական արժէքներուն կառչած մնալու հաւատամքը, մեր իրաւունքներէն չզիջիլու, մեր հողերը չյանձնելու, մեր մշակոյթը պահելու, մեր հոգեւոր ժառանգութեան տէր մնալու դժուարին առաքելութիւնը ունինք:
Այսօր 9 ամիսէ ի վեր շրջափակուած ու տագնապալի վիճակի մէջ է Արցախը, գողգոթա մըն է այսօրուան իրավիճակը, եւ խաչուող, չարչարուող ու նահատակուող կայ ամէն օր ու ամէն տեղ: Արցախն ու յատկապէս ՀԱՅը, որ նորանոր զոհեր եւ վիրաւորներ կու տայ, տուն տեղ կը կորսնցնէ, գործազուրկ կը մնայ, գաղթական կը դառնայ, բայց եւ այնպէս կը տոկայ, կը մնայ այնտեղ, կը նախընտրէ բարձրանալ Գողգոթան ու խաչուիլ` պահպանելու համար այն, ինչ որ հայութեան կը պատկանի` իբրեւ անցեալ, իբրեւ ժառանգութիւն, իբրեւ հաւատք, իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ ազգային կեանք, իբրեւ հայութիւն: Խաչին ու չարչարանքին, սակայն, պիտի յաջորդէ յարութեան յոյսն ու վերականգնումը: Սովին ու մահուան վտանգին պիտի յաջորդեն անպայման` արշալոյսը, ծիածանն ու խաղաղութիւնը:
Վերջապէս, անձնակեդրոն, կամայական, եսասէր, անապատացած ու տմարդի մեր կեանքին մէջ ո՞վ պիտի յորդորէ ու թելադրէ մեզ` այսօրուան աշխարհային, գազանային, աւերիչ ու քանդիչ մեր ընթացքէն ու կեանքէն վեր բարձրանալու: Ո՜վ Տէր, ապերախտ, ամբարտաւան, ստախօս ու մատնիչ մարդիկը հեռու պահէ մեր հայ ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր կեանքէն… Օգնէ՛ մեզի, Տէ՜ր Աստուած, որ ճշմարիտ ԽԱՉԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ու ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ վերադառնան բոլոր հայերը:
Յիսուս իր խաչը տուաւ մեզի` որպէս փրկութեան միակ միջոց: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Ա.Բ.Գ. տուաւ ուծացումէ ու ձուլումէ պաշտպանուելու համար: Հայկ նահապետն ու Վարդան Մամիկոնեանը իրենց նետն ու սուրը կտակեցին անվախ ու ազատ ապրելու համար: Մեր բոլոր սուրբերը լուսաւորեցին մեր հոգիները` իրարու հետ սիրով, միաբան ու աստուածավախ կեանք մը ապրելու խաչի հովանիին ներքեւ: Նահատակ հերոսներն ու ազատամարտիկները ՀԱՅՐԵՆԻՔ կտակեցին ՄԱՐԴՈՒ ՊԷՍ ԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ Ո՛Չ ՍՏՐՈՒԿԻ… Աւելի՛ն. ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀՈՂԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱՆՄԵՂ ՈՒ ԱՐԴԱՐ ԱՐԻՒՆՈՎ ԿՆՔԵՑԻՆ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՁՐԻԱԲԱՐ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ՏԱԼՈՒ…
Արդ, մօտենանք այդ սրբութեանց յարգանքով, իսկ խաչին ու Խաչեալին` երկիւղածութեամբ:
Նիկոսիա, 4 սեպտեմբեր 2023