
Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան ծնած է 29 յուլիս 1872-ին, Պոլիս:
Երկրորդական ուսումը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, 1886-91: Պատանեկան տարիներուն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գիտութեան հանդէպ ու երազած է դառնալ գիւտարար անուանի գիտնական:
1892-93 տարիներուն ուսանած է Ֆրանսայի Մոնփելիէ քաղաքի բժշկական համալսարանին մէջ:
1893-96 ուսանած է Փարիզի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ ստացած է բժշկական վկայական:
1896-1902 աշխատած է նոյն հաստատութեան հիւսուածաբանութեան բաժնին մէջ, ուր աշխատած է նեարդային համակարգի հիւսուածքներու ուսումնասիրութեամբ: Ան գործած է մեծ փրոֆեսէօր Մաթիաս Տիւվալի հովանիին տակ, որ մեծապէս գնահատած է բժիշկ Մանուէլեանի` նեարդային հիւսուածաբանութեան ուսումնասիրութիւններն ու յայտնաբերած գիտական նորութիւնները եւ զանոնք յիշատակած է իր պատրաստած հիւսուածաբանութեան դասագիրքին մէջ:
Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան 1900-1901 արժանացած է Փարիզի համալսարանի բժշկական հիմնարկի դափնեկիրի մրցանակին:
1902-ին եւ 1905-1909, վարած է Փարիզի համալսարանի բժշկական հիմնարկի հիւսուածաբանութեան եւ մանրէաբանութեան դասընթացները:
1909-ին վարած է Փարիզի հիւանդանոցի կազմախօսութեան ամպիոնի գործնական դասընթացը:
24 ապրիլ 1922-ին Փարիզի Գիտութեանց ակադեմիային ներկայացուցած է «Հիւսուածաբանական-մանրէաբանական հետազօտութիւններ. ընդհանուր անդամալուծութիւն, Թրիփոնիմ մանրէի գոյութիւնը ուղեղային կեղեւի ջղային բջիջներուն խորշանիւթին (cytoplasm) մէջ» ուսումնասիրութիւնը:
1923-ին յայտնաբերած է կատաղութեան հիւանդութեան ժահրը` օգտագործելով իր հնարած բջիջները եւ մանրէները գունաւորելու նորագոյն թեքնիքը:
27 դեկտեմբեր 1926-ին Փարիզի Գիտութեանց ակադեմիային ներկայացուցած է «Ախտաբանական անդամալուծութիւն. ինչէ՞ն յառաջ կու գայ լորձունքին ժահրոտութիւնը` կատաղութենէ բռնուած անասուններուն մօտ» շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը:
25 ապրիլ 1927-ին խօսած է կատաղութեան հիւանդութեան ժահրի մասին Կատաղութեան միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցած է Փարիզի Փասթէօրեան հիմնարկին մէջ, մեծ գիտնականներու ներկայութեան:
Ամբողջ 46 տարի` 1902-1948, յարատեւութեամբ աշխատած է Փարիզի Լ. Փասթէօրի անուան հիմնարկին մէջ` իբրեւ ախտաբանական հիւսուածաբանութեան եւ մանրէաբանութեան հիմնարկի վարիչ: Նոյն տարիներուն նոյն հաստատութեան մէջ եղած է գործնական դասընթացի ղեկավարը:
Կատաղութեան ժահրի եւ նեարդային համակարգի վրայ աշխատած է 25 տարի: Մասնագիտացած է կատաղութեան հիւանդութեան մէջ:
Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան Փասթէօրեան հաստատութեան մէջ աշխատած է մայր երակի (aorta) խոցերուն, պրկախտի (tetanus), կատաղութեան (rabies) եւ ջղային բջիջներուն ախտաբանական մասնայատուկ երեւոյթներու վրայ: Ան կատարած է նաեւ մայր երակի տորորումին (aneurism) ախտաբանական անդամազննութիւնը:
Ան եղած է անզուգական բժշկական թեքնիկագէտ մը: Յաջողած է բժշկագիտութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երեւան հանել մարմնի հիւսուածքներուն տրփախտի (syphilis) spirochid մանրէն` օգտագործելով գունաւորելու նորագոյն եւ լաւագոյն թեքնիքը:
Հեղինակն է շուրջ 100 գիտական աշխատասիրութիւններու, որոնք կը վերաբերին կեդրոնական նեարդային համակարգի եւ ախտաբանական հիւսուածաբանութեան հետ առնչուող հիւանդութիւններու:
Եղած է հմուտ, բազմաբեղուն գիտնական, նաեւ` հմուտ կազմակերպիչ եւ մանկավարժ: Ան նշանաւոր է իր բծախնդրութեամբ, ինքնագործութեամբ եւ կատարելագործութեամբ: Ան իր պատանեկան երազը իրականացուցած է` շնորհիւ իր բնածին տաղանդին, անվհատ աշխատանքին եւ ինքնավստահութեան: Ան իր օրերուն դարձած է մեծ հեղինակութիւն վայելող բժիշկ եւ գիտնական:
Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան իր գործակիցներուն կողմէ նկարագրուած է հետեւեալ բառերով. անձնուէր, անշահախնդիր, փափկանկատ, բարեկամ, կրակոտ, ուժգին խօսող, պարզ գրող, մեծ գիտնական. հակառակ հայ ըլլալուն` ֆրանսերէն գրած է շատ մաքուր եւ յստակ:
Փարիզի «Անահիտ» պարբերաթերթը օրին անդրադարձած է բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի արժանիքներուն եւ անոր կատարած գիւտերուն: «Անահիտ»-ին մէջ տեղ գտած են բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի մասին ֆրանսացի երեք մեծ բժշկական հեղինակներու` Dr. Pierre Seguin-ի, Dr. Arnold Netter-ի, Dr. A. Brindeau-ի գնահատական յօդուածները:
«Անահիտ» պարբերաթերթը
Հոն յիշատակուած է նաեւ բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի ուսումնասիրութիւններուն ցուցակը:
Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան եղած է նաեւ հասարակական գործիչ: Օգնութեան հասած է Թուրքիոյ եւ Փարիզի հայութեան եւ իր միջոցներով անոնց հասցուցած է անհրաժեշտ հումք եւ պիտոյք:
Անձամբ պատրաստած է ծաղիկ հիւանդութեան պատուաստ եւ բուժիչ շիճուկ, որոնք դրած է հայութեան տրամադրութեան տակ:
Եղած է Ֆրանսայի Մանրէաբաններու միջազգային ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Փարիզի Հայ բժիշկներու ընկերակցութեան անդամ:
Զբաղած է նաեւ գրական աշխատանքով եւ ստեղծագործութիւններով:
1948-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած է բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի «Ստուերներ եւ լոյսեր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Ան մահացած է 1948-ին, Փարիզ:
Մոնրէալ, 20 ապրիլ 2023
————–
Աղբիւրներ`
1.- «Անահիտ», հանդէս մտածման եւ արուեստի, բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան, մարտ-ապրիլ, 1930, Փարիզ:
2.- Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020: